Հրատարակութեան թուական: 4 Նոյեմբեր 2026 06:28
 ~ Վերջին թարմացում: 4 Նոյեմբեր 2026 06:33
read.ReadTime

Ցուրտ Ա

Օդը ցո՞ւրտ է, յար­գե­լի ըն­թերցող։ Ցո՞ւրտ է կեան­քը, աշ­խարհը, սի­րածի խօս­քը։ Այ­լեւս ցո՞ւրտ է անոր սիր­տը ձե­զի հան­դէպ։ Ցրտա­ցա՞ն ձեր բա­րեկա­մական զրոյցնե­րը։ Առան­ձին չէք։ Այ­սօր, աշ­նան այս ցուրտ երե­կոյին, երբ ձեր հա­ւատա­րիմ թեր­թի հետ բռնած էք նաեւ լե­մոն, կա­սիա կամ մե­խակ բու­րող բա­ժակ մը թէյ՝ ես կ’առա­ջար­կեմ, որ մենք «ցուրտ» բա­ռի ջերմ պատ­մութեամբ աւար­տենք օրը, քան­զի հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ քիչ չեն այն բա­նաս­տեղծնե­րը, վար­դա­պետ­նե­րը, կամ՝ աշուղնե­րը, որոնք ցմրուր քա­մեր են կեան­քի սարսռեց­նող,- եր­բեմն ալ մա­հաբեր,- ցուրտը։ Ուստի, դուք այժմ քիչ մը եւս տաք ջուր դրէք ձեր գա­ւաթի վրայ, ծած­կո­ցով մը պա­րու­րե­ցէք ձեր իրա­նը- եթէ փա­փաքիք, ապա մենք վա­յելենք սրտա­մօտիկ զրոյց մը քա­նի մը սի­րավառ գրո­ղի հետ։
Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը
Պատկերը մեծցնել
Ցուրտ Ա