Այս քնարը ցուրտ
Շաբաթ մը առաջ յարգելի ընթերցող, վայելած էինք «ցուրտ» բառի ջերմ պատմութիւնը։ Կը յիշէ՞ք, 5րդ դարուն արդէն ցրտացեր էր մեր լեզուն։ Ան ունէր «ցուրտ»ով շինուած 50 հատ ածանց բառ, տասնեակ մը արտայայտութիւն, աւելին՝ Աստուածաշունչէն ի վեր գործածուող պատկերալից փոխաբերութիւններ, ինչպէս՝ «ցուրտ խօսք», «ցուրտ խոստովանութիւն», «ցուրտ նայուածք»։ Մենք սարսռալով տեսեր էինք նաեւ, թէ ձեռագիր մատեան ընթօրինակած այրերը մեզմէ ներողութիւն կը խնդրէին «անհեթեթ» գրուածքի համար, քանզի խուցերը շատ ցուրտ էին։ Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, տեսնենք, թէ հակառակ բազմաթիւ գարուններու, հակառակ ազգիս վրայ ծագած քանի մը արեւ օրերու, բազմաթիւ բանաստեղծներ,- սրտաբեկ, թոքախտաւոր, յուսալքուած,- հասկցան, որ «ցուրտ» աւարտ մը կը սպասէ իրենց՝ հոգիին մէջ մարելով յոյսի վերջին նշոյլը։ Արդ, առնենք բաժակ մը տաք թէյ,- մեխակով, կասիայով կամ լեմոնով համեմուած,- եւ վայելենք «ցուրտ» բառի ջերմ պատմութիւնը։
Լալիս եմ ցուրտ մշուշի մէջ
Վահան Տէրեանի ծննդեան օրը, 9 Փետրուարը ցրտաշունչ էր անկասկած Կովկասի Գանձա գիւղի մէջ։ Նոյնչափ ցուրտ էր 6 Յունուարը Օրէնբուրգի մէջ, Ռուսիոյ խորերը, ուր մահացաւ բանաստեղծը։ Ցրտայուշ պատմութիւններ։ Արդեօք, Տէրեանը իր կեանքի երկու ցուրտերու միջեւ ջերմ օր մը ապրեցա՞ւ։ Չենք գիտեր։ Բայց «ցուրտ» բառը դրոշմուած մնաց անոր քնարերգութեան մէջ։ «Մթնշաղի անուրջներ» ժողոուածուի մէջ մենք 19 անգամ սարսափեցանք, երբ Տէրեանը մեզի դիտել տուաւ այդ բառով շինուած անհիւրընկալ պատկերներ. Տէրեանի համար ցերեկն էր ցուրտ, աշխարհն էր ցուրտ, յուսահատութիւնն էր ցուրտ։ Ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Պատասխանը տողիկ մըն է. «Ցուրտ աշխարհում ո՚չ ոք, ո՚չ ոք...»։ Այդ ժողոուածուի մէջ մենք թափանցեցինք Տէրեանի ներաշխարհին, դիտեցինք արտաքին աշխարհը անոր աչքով. «Կրակներս անցան, / Ցուրտ ու մէգ է միայն», «Ցուրտ է դարձեալ, մութ՝ իմ ուղին», «Մի ցուրտ, հոգեմաշ յուսահատութիւն», «Ես՝ ցուրտ մշուշում»…։ Մենք, յարգելի ընթերցող, Տէրեանին կը պարտինք նաեւ պատկերալից արտայայտութիւններ. «ցուրտ կապար», «ցուրտ լոյս», «ցուրտ աչքեր», «շողերը ցուրտ»…։ Իսկ «…ցուրտ ցերեկներից յաւիտեան դժգոհ» բանաստեղծի վերջին խօսքերէն մէկը եղաւ՝ «…Ու մեղմ լալիս եմ ցուրտ մշուշի մէջ»։
Ցուրտ ձեռք մը քնարս կը զարնէ
Պոսֆորը ունէր գաղջ ափեր, Ալէմտաղը՝ ջինջ զեփիւռ, իսկ մեծավայելուչ ապարանքներով զարդարուած Փրինքիփօ կղզին՝ մշտադալար սոճիներ… Ահա այդ բնութեան մէջ ապրեցան պոլսահայ բանաստեղծները։ Աւաղ, այդ տեսարաններէն ո՚չ մէկը մխիթարութիւն տուաւ քաղաքի թոքախտաւոր տղոց, որոնց տարիքը մեր մէկ երրորդն էր, յարգելի ընթերցող։ Միսաք Մեծարենցը «Քուն» քերթուածի մէջ ահա այսպէս նկարեց իր հոգին. «Ցուրտ աշուն մը սարսռագին / Կը հեւայ իմ հոգւոյս մէջ»։ Ապա, տղան պատուհանէն դուրս նայեցաւ. ցուրտ քամիներու եղանակն էր. «Մութ ստուերներ, ծաւի լոյսեր ցիրուցան՝ / Ցուրտ սարսուռով…»։ Իսկ դուք կ’ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ո՚ր ձեռքը կը նուագէր Զարիֆեանի քնարը… «Հոգիս քնա՜ր մ՚է անհուն, / Որուն վրայ՝ ցուրտ, դժնէ, / Ձեռք մը, ամէն իրիկուն, / Մութ կտորներ կը զարնէ»։
Ցուրտ համբոյրը
Մատթէոս Զարիֆեանը Փրինքիփօ եկած է կազդուրուելու։ Իր ամարանոցի պատուհանէն ամէն իրիկուն, մայրամուտին, Մարմարա ծովը կը դիտէ ու կը մտածէ. կեանքը թօշնած վարդ մըն է՝ համբոյրի մը կարօտ. «Ա՜հ, ամէն կեանք այսպէս է, / Երբ որ աշունը կու գայ, / Գլուխը հակ կը սպասէ / Ցուրտ համբոյրին մօտակայ... »։ Մինչ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը սէր կը բնտռէ աշնան հովերու մէջ. «Ինչու՞ հովիկ, անգու՜թ հովիկ, / Ցուրտ համբոյրներ կու տայ ձեզի. / Մոռցաւ՞ արդեօք իւր սէր գողտրիկ / Եւ իւր գգուանք փայփայելի»։ Պետրոս Դուրեանը,- Փետրուար էր, իր վերջին Փետրուարը-, Սկիւտարի ցուրտ սենեակին մէջ գրի առաւ «Իմ ցաւը» ոտանաւորը, ուր դուք կը գտնէք ջերմ եւ ցուրտ բառերու գեղեցկագոյն հակադրութիւնը. «Ջերմ համբոյրով մը դեռ չ՚այրած / Սա ցուրտ ճակատս դալկահար»։
Դուրեանի ցուրտ լռութիւնը
Պետրոս Դուրեանը ցուրտին ըմբոստ տղայ էր։ Ցուրտը պատճառ եղաւ, որ ան իր սիրածի քնքշութենէն զրկուի. «Սիրել. Ես ուզեցի քնարով մի՝ / Լոկ սիրել… / Եւ սրտակցիլ սիրողաբար։ / Նա մօտեցաւ յուշիկ՝ ըսաւ. / — Քնարդ է ցուրտ սիրտ, եւ սէրդ՝ ցաւ», 1871։ Տղան կը տեսնէր, թէ ցուրտ աւարտ մըն է իր կեանքի վերջակէտը. «Գրկեմ սրտովս արդ ցուրտ հող»։ Սէրը երազ էր։ Ապա, ի՞նչ. «Երազէ վերջ գրկել ցուրտ շիրի՜մ...»։ Իսկ օր մը Դուրեանը նամակ մը գրեց Պ. Ա. Լուսինեանին, ուր լռութիւնն իսկ ցուրտ էր. «Ա՜հ, խիստ վսեմ կը շարժիք, եղբայր իմ, եւ կը ներէք միշտ վեհանձնութեամբ մը թաղուած հոգւոյս ցուրտ լռութեանը», Սեպտ 9, աշնան ցուրտ օր մը, 1871։
Սրտիս ցուրտ անդունդը
6 Յունիս 1911 թուականի ամրան՝ կարծես բոլոր ժամանակներէն աւելի գեղեցիկ էր Բրգնիկը։ Այդ օր Չպուգքարեան ընտանիքի մէջ ծնաւ Դանիէլի եւ Արաքսիի առաջին զաւակը՝ Վերոնիքան։ Սակայն, շքեղ բնութեան շքեղ արտաքինը ուրախութիւն չէր կրնար տալ 27 տարեկան Դանիէլին։ Անոր սիրտը «ցուրտ անդունդ» մըն էր, իսկ միակ մխիթարութիւնը՝ նորածին աղջնակը. «Վարուժնակիս ։ Ժպտէ՚ ինծի, որ ցուրտ անդունդը սրտիս / Արշալոյսո՚վ բռնկի»։ Ապա եկաւ Դեկտեմբերը։ Պայծառափայլ իրիկուն մըն էր։ Դանիէլը դաշտերը դիտեց, հորիզոնը եւ երկինքը, ապա գրեց հայկական բանաստեղծութեան գոհար տողիկներէն մէկը. «Մենաւոր ։ Դեկտեմբերի պայծառափայլ իրիկուն. / Երկնքին տակ, ադամանդի նման ցուրտ»։
Մահու ցուրտ ճառագայթը
Յարգելի ընթերցող, հայկական գրականութեան մէջ,- եւ սա ի՚նչ տխուր երեւոյթ է բառի մը պատմութեան մէջ,- մահը եկաւ յարմար «ցուրտ» բառին։ Մինչդեռ հայը կրնար վայելել անոր շնորհած ձիւնը, կրնար գովերգել ամանորի ցուրտին ճարճատող խառոյկները, պարզպէս կարելի էր ցուրտը ընդունիլ, որպէս գարնան տաք օրերու նախօրեակը։ Բայց, այդպէս չզգաց հայ բանաստեղծը։ 19-րդ դարու մեր քնարերգակները յօրինեցին անհիւրընկալ արտայայտութիւններ։ Դանիէլ Վարուժանը ըսաւ «Ցուրտ Ոչինչ», Պետրոս Դուրեանը տրտնջաց՝ «Ցուրտ հող», Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը արտասուեց՝ «Ննջէ մահուն ընդ ցուրտ շիրմաւ», իսկ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը ողբաց՝ «Ամպասքօղ արեւուն ցուրտ լուսով»։ Յարգելի ընթերցող, արտօնեցէք նաեւ որ յիշեմ Փարիզի մէջ, ֆրանսական հիւանդանոցի մը պաղ մահճակալի վրայ մահուան սպասող, միայնակ ու լքուած, 38 տարեկան Վազգէն Շուշանեանը՝ թոքախտաւորներու հոյլին պատկանող մէկ այլ գրիչը։ Վազգէնը երկու բառով նկարագրեց իր անխուսափելի աւարտը. «Ցուրտ դամբարան»։ Իսկ, կը յիշէ՞ք ըմբոստ Դուրեանն էր, որ հաւատաց, թէ լոկ «մոմով մը վտիտ» ինք պիտի մնար կենդանի. «Իմ մահը ։ Եթէ սնարս իմ տիպար / Մոմ մը վտիտ ու մահադէմ / Ո՜հ, նշուլէ ցուրտ ճառագայթ, / Գիտցէ՚ք որ դեռ կենդանի եմ»։
Եռանդուն ցուրտը
Եթէ Զապէլ Եսայեանի գրիչը չըլլար, «ցուրտ» բառը մեզ ջերմացնող խօսք մը երբեք չէր ունենար։ Դուք գիտէ՞ք, թէ 1928 թուականի ձմրան, Երեւանը ի՚նչ կերպարանք ունէր։ Տիկին Եսայեանը տեսաւ եւ նկարագրեց «Պրոմեթեոս ազատագրուած» գիրքին մէջ։ Կարելի չէ այդ «հրաշք», «պայծառ» եւ «շքեղ պերճանքի» օրերը վերապրիլ, սակայն կարելի է Եսայեանի տպաւորութիւնները ընթերցել, ուր ցուրտը մեզի կը յայտնուի, որպէս երազային եւ քնարական պատկեր. «Հրաշքը այն է որ ահա այս ձիւնապատ եւ ցուրտ քաղաքին վրայ արեւը կերեւայ եւ կը շողշողայ պայծառութեամբ եւ համատարած սպիտակութիւնը կը փոխուի անօրինակ եւ շքեղ պերճանքի մը… Լոյսերը վառուած են եւ քաղաքը իր սովորական եռանդուն կեանքը կ’ապրի անսովոր ձմեռին եւ ցուրտին տակ»։
Այս կիթառը ցուրտ
Հայկական գրատպութեան մէջ, յարգելի ընթերցող, կարծես կարկամած է «ցուրտ» բառը։ Դուք այսօր մեր ցուրտ լեռնաշխարհի հրատարակչատուներու կամ գրախանութներու մէջ կը գտնէք լոկ երեք գիրք, որ «ցուրտ» բառը կը կրէ իր շապիկին վրայ։ Երկու նորերը Երեւանի մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւններ են. «Չորս մարդ ցուրտ սենեակում», թատերախաղ, եւ «Ցուրտ թախիծներ», քնարական բանաստեղծութիւններ։ Իսկ անդրանիկ գիրքը… Ան քիչ մը քաջութիւն կը պահանջէ, որ մէկը կարենայ կողքը բանալ եւ ընթերցել։ Այժմ սպառած՝ այլեւս հազուագիւտ դարձած հրատարակութիւն մըն է ան՝ 1909 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած 16 էջնոց պրակ մը, ուր կան Կիլիկիոյ աղէտին, Սիսի եւ Ատանայի ողբերգութիւններուն նուիրուած քերթուածներ։ Այդ ժողոուածուի առաջին բանաստեղծութեան մէջ «Սառած քնար» գրական պատկերին քով դուք կը տեսնէք «Վշտահարի ցուրտ սուգ» արտայայտութիւնը։ Երկրորդ քերթուածը ձեզի կու տայ «Ցրտահար համբոյրներ», իսկ վերջին էջի մէջ կ’ողբայ սրտաճմլիկ երկտող մը. «Ո՜հ մութը լոկ կ’օրրէ վերելքս տխրաշեշտ / Սողոսկումով «Ցուրտ ծիծաղին» հոլաթեւ»։ Այժմ, դուք գոցեցէք գրքոյկը, ումպ մը խմեցէք ձեր տաք թէյէն, ապա նկատեցէք գիրքի համեստ թղթակազմի վրայ յայտնուած անունը. «Ցուրտ կիթառ»։
Բաղնիքը ցուրտ է
Ժամանակը եկաւ, որ յարգելի ընթերցող, մենք երգով մը աւարտենք այսօրուան զրոյցը։ Յաջորդ յօդուածի մէջ կը խոստանամ ձեզի մէկ այլ ջերմ պատմութիւն մը պատրաստել։ Մինչեւ այդ օրը, դուք շարունակեցէք սէր եւ ջերմութիւն գտնել հայկական քնարերգութեան էջերու մէջ։ Ահա մեր հրաժեշտի երգը. «Բաղնիքը ցուրտ է», Տերսիմի շրջան, գրառող՝ Միհրան Թումաճեան (Կոմիտասի աշակերտներէն), աղբիւրը՝ չմշկածագցի Մամա Ջալալեան եւ անոր հարսը։
Բա՜ղնիքը, բաղնիքը,
ցուրտ է, կը մսիմ ամա՜ն
Կաւ չկայ, կաւ չկայ,
գլոխիս քսիմ ամա՜ն։
Իրկունը, իրկունը,
աղայիս տ՚ըսիմ, ամա՜ն։
Այ աղջիկ, ջան աղջիկ,
վառեցիր ինծի,
Ըրիր-չըրիր խաբեցիր ինծի,
Ըրիր-չըրիր խաբեցիր ինծի,
ամա՜ն։




