Օրուայ թոհուբոհի մէջ շատ անգամ չենք նշմարեր, մինչեւ որ յստակ իրողութիւնը ապտակի մը նման ինքզինք չպարտադրէ։ Այդպէս եղաւ թերթ վաճառող կրպակներու բացակայումը քաղաքի փողոցներէն։ Անցեալները պատահմամբ նկատեցի թէ Փանկալթըի մեթրօկայանի մօտակայքի կղպակին մէջ ոչ մէկ թերթ կար։ Անցեալին անոնք իրենց տան ապրուստը կ՚ապահովէին թերթ ծախելով։ Ոմանք թերթի կողքին կ՚ունենային զանազան իրեր, բայց իրենց հիմնական վաճառածը թերթերն էին միայն։
Օրաթերթերը այս քաղաքին մէջ ունին իրենց յատուկ աւանդութիւններով լեցուն պատմութիւն մը։ Անշուշտ որ ժամանակի պարտադրութիւնները ահագին բաներ փոխեցին այդ աւանդութեան մէջ։ Տպագրութեան դրութիւնները արդիականացան, լուսանկարները քլիշէի դրութեամբ թուղթին յանձնող վարպետները անհետացան, ինչպէս որ անհետացած էին գրաշարները։
Թերթերը իրենց ներկայացուցած քաղաքական դիմագիծով պահեցին հին աւանդութիւնը։ Վերջապէս օրը հասաւ եւ այդ աւանդութիւնն ալ ի հիմանէ փուլ եկաւ։ Նախ դրամատէր մեծ ընկերութիւններ ներխուժեցին մամլոյ շուկան եւ իւրացուցին երկրի յայտնի թերթերը։ Այդ դրամատէր խմբակները թերթերու կողքին իւրացուցին նաեւ հեռուստակայաններ եւ գոյացուցին մետիայի հզօր ուժ մը։ Այդ ուժը տրամադրեցին քաղաքականութեան, շատ անգամ ալ իշխող կուսակցութեան քարոզչութեան ծառայող հսկայ մեքենայի մը։
Սուր էր անոնց մրցակցութիւնը իրարու հանդէպ։ Այդ մրցակցութիւնով սկսան տպագիր մամուլի ցրելու համացանցին մէջ ալ մենատիրութիւններ ստեղծել։ Կրպակներու վրայ ճնշում բանեցուցին՝ «Եթէ այս ինչ խումբի թերթերը ծախես, մեր թերթերը չես կրնար վաճառել» ըսելով։
Նման միջավայրի մէջ էր որ 30 տարի առաջ ասպարէզ իջաւ հայոց երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթը։ 1996-ին «Ակօս»ը կարելի էր ճարել նաւամատոյցներու կամ հանրաշարժի կանգառներու մօտակայ բոլոր կրպակներէն։ Ինչպէս տեղական թերթերը, այսօր «Ակօս»ն ալ հասանելի է հայաշատ թաղերու նպարավաճառներէն միայն։
Երկրի տպագիր մամուլի մատնուած դժուարութիւնները նոյնութեամբ ի զօրու դարձան «Ակօս»ի հաշւոյն ալ։ Ընթերցողներու նոր նախասիրութիւնը դարձաւ թերթերուն հետեւիլ բջջային հեռախօսի էկրնաններէն։ Զուգահեռաբար նուազեցան գովազդները եւ ազդերը։
Այս ենթապատկերին վրայ կը պատրաստուինք «Ակօս»ի հիմնադրութեան 30-ամեակը նշելու։ Ակամայ կը յիշենք այն չարագուշակները, որոնք հազիւ ամիսներու տեւողութեամբ կեանք կը նախատեսէին անոր հիմնադրութեան եւ առաջին համարի հրապարակման օրերուն։ Եթէ յետադարձ ակնարկով դիտենք անցնող 30 տարիները, արդար հպարտութեամբ կրնանք ողջունել այս թերթին ծագման միտքը յղացողները։
«Ակօս» եղաւ այնպիսին, որուն առաքելութիւնը լոյս սփռեց ո՛չ միայն պոլսահայութեան, այլեւ ամբողջ հայաշխարհին՝ Հայաստան եւ ի սփիւռս։
Կասկած չկայ որ «Ակօս» կը շարունակէ իր առաքելութիւնը տակաւին երկար տարիներ ծառայելով հայերէն ընթերցող զանգուածին, յատկապէս ալ երիտասարդ սերունդին։


