Ոչխարը վստահիլ գազանին
Իմ սիրելի բարեկամ, ողբացեալ Սարգիս Չերքեզեանի պատմած անեկդոտը յիշեցի, երբ լսեցի Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ գումարուած Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի մանրամասնութիւնները։
Չերքեզեան կը պատմեր թէ միամիտ հովիւը կը դիմէ գայլերու վոհմակի աւագին։ «Գայլ եղբայր, շտապ գործ մը ունիմ, քեզմէ խնդրեմ որ ոչխարներուս հսկես մինչեւ իմ վերադարձը»։ Այս լսող գայլը կը պատասխանէ մեծ ոգեւորութեամբ. «Խնդրեմ հովիւ եղբայր, դուն գնայ գործդ տես, ես կը հսկեմ ոչխարներուդ։ Ձագերուս ալ կը պատուիրեմ անոնք ալ թերահաս գառները կը հսկեն»։
Լրահոսը կը հաղորդէ Տաւոսի մէջ Թրամփի նախաձեռնութեամբ կազմուած խաղաղութեան դաշինքի մասին։ Դաշինք՝ որուն կ՚անդամակցին Օրպանը եւ Նեթանյահուն, ներկայացնելով Հունգարիան եւ Իսրայէլը։
Ալիեւի նախագահութեամբ Ատրպէյճանը եւս դաշինքի անդամ է։ Քանի որ երկար տարիներ առաջ «Անգամ մըն ալ Տաւոս չեմ երթար» ուխտած էր Թուրքիոյ նախագահը, այս անգամ Թուրքիան կը ներկայացնէր Արտաքին Գործոց Նախագահ Հաքան Ֆիտանը։
Ափսոսանքով տեսանք թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս միացած է այդ ցանկին, ընդառաջելով Թրամփի անհատական հրաւէրին։
Հիմա եկէք վստահ եղէք թէ գազանը պիտի պահէ անմիտ չոպանի յանձնած ոչխարներու հօտը։ Նոյն տրամաբանութեամբ հաւատացէք թէ Թրամփի գլխաւորած աւազակախումբը խաղաղութիւն պիտի շնորհէ Կազզայի կամ Քոպանիի վշտահար բնակչութեան։
Ոչ ան, ոչ այս…
Ամօթալի զաւեշտ մըն է, որ կը բեմադրուի եւ բովանդակ աշխարհն ալ մատնուած է հանդիսատեսի դիրքին։
Մերօրեայ թագաւորները ծաղրանքով ու ծիծաղով կը ներկայանան համաշխարհային մարդկութեան։ Չեն խպնիր մարդկանց աչքերուն նայելով նման ելոյթներ ունենալու։
Վերեւ նշուած չարագործները հասկցանք, բայց Փաշինեան ո՞ր խելքին ծառայելով կը միայնակ այս խմբակին։ Արդեօք Թրամփի հրաւէրը մերժելու դժուարացա՞ւ ու ակամայ մասնակցեցաւ չարեաց դաշինքին։
Լուրջ դատողութեամբ դժուար է այս երեւոյթը արդարացնել, նոյնիսկ բացատրել։ Մանաւանդ երբ լրացուցիչ բացատրութիւնը կու գայ Թրամփի խօսքերով, ուր նշուած է կանոնադրութեան մէջ. «Երկարատեւ խաղաղութիւնը կը պահանջէ շահապաշտ դատողութիւն»։
Ահա այս մերձեցումն է, որ ի մի բերած է Խաղաղութեան Դաշինքի մասնակիցները։ Իսկ շահի ինչպիսի՞ ակնկալութիւններ ունի Հայաստան, եթէ ոչ խուսափիլ Թրամփի բարկութենէն, որ կրնայ յառաջանալ իր կողմէ կատարուած հրաւէրի մերժումով։
Պարտինք իմանալ թէ նման աւազակապետերու պահանջները անվերջ են եւ կարելի չէ անոնք ցվերջ գոհացնել առանց մեղսակցելու այդ նոյն աւազակապետի հաւանական յանցագործութիւններուն։
Արդարեւ ոչխարներու փրկութիւնը միայն անհնազանդութեամբ կարելի է, ոչ թէ հլու հնազանդ ուղղուիլ դէպի զենարան։

