Ողջոյն յաղթական դիմադրութեան
Նախորդ տարուայ Սեպտեմբերի առաջին կէսին, մօտ 500 հազար բնակչութիւն ունեցող Սուրիոյ քրտաբնակ Քոպանէ քաղաքը վերջապէս ազատագրուեցաւ 135 օր շարունակուող հերոսական դիմադրութեան մը շնորհիւ։ Թշնամիին ետ մղուած օրը քաղաքի բնակչութիւնը կը հաշուէր քանի մը հարիւրով։ Այդ քանի մը հարիւրը մարտնչող հայդուկներն էին միայն, եւ ի գին ամէն դժուարութեան եւ զրկանքի, այդ հայդուկներու կողքին կենալու կամք դրսեւորած քաղաքացիներ։
Յաղթանակը մեծ ոգեւորութիւն պատճառեց քիւրտ ժողովուրդին, եւ անոնք իրենց քաղաքներուն մէջ փողոց իջան քաղաքի ազատագրումը տօնելու համար։ Թուիթըրի պատգամներէն մէկուն մէջ կ՚ըսուէր թէ «քիւրտ ցուցարարները առաջին անգամ տօնական հրթիռները ուղղաձիգ կ՚արձակեն»։ Չէ որ մենք սովոր ենք տօնական ուրախութիւններու յատուկ այդ հրթիռներուն դէպի ոստիկանները, հորիզոնական արձակման։
Անշուշտ յաղթանակի լուրը ամենամեծ արձագանգը գտաւ Ուրֆայի Սուրուճ կամ քրտական անուանումով Փէրսուս գաւառին մէջ։ Այդ գաւառը գտնուելով անմիջապէս սահմանին վրայ, ապաստան եղած էր մեծ թիւով գաղթականներու, որոնք բարի լուրը լսելով խուժեցին փշաթելերու անցման կէտը, բայց զինուրները արգիլեցին իրենց անցքը։ Նոյն պահուն հայթուկներն ալ կը խուսափէին ժողովուրդի զանգուածային վերադարձէն։ Անոնք փորձառութեամբ գիտէին, որ Իսլամ Պետութեան ահաբեկիչները նախքան նահանջելը պայթուցիկ սարքերով ծուղակ լարած կ՚ըլլան փողոցներու կամ տուներու մէջ։
Ի դէմ այս բոլորին, վերադարձողները ափսոս որ բոլորովին կործանած քաղաք մը պիտի գտնեն իրենց դիմաց։ Հեռուստակայանները պատկերներ կը սփռեն, ուր անվնաս մնացած տուն մը իսկ չերեւիր։ Բայց ի դէմ բոլոր չարակամներուն, այժմէն կարելի է կանխատեսել որ այդ քաղաքը պիտի վերակառուցուի որպէսզի իր ուրախութիւնով խորհրդանշան մը ըլլայ այդ քանի մը հարիւր նուիրեալ մարտիրոսներուն, որոնք հերոսաբար պաշտպանեցին ոչ միայն համեստ ու աննշան քաղաք մը, այլ բովանդակ մարդկութեան խորտակուած արժանապատուութիւնը։ Իրաւ ալ Քոպանէի յաղթանակի կարեւորագոյոն նշանակութիւնը կը յայտնուի յատկապէս մարդուն չարիքի դէմ, չարիքի դրամական եւ անոր հետ կապուած զէնքի հզօրութեան դէմ ձեռքբերած յաջողութիւնով։ Այս իմաստով ալ ազգային կամ կրօնական բոլոր տարբերութիւններէ վեր է մղուած պայքարին իմաստը։
Որքան ալ վերջին հանգրուանին իրենց ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելով որոշ դիրքի փոփոխութիւններ արձանագրեցին, ԱՄՆ եւ Եւրոպայի զարգացած երկիրները ծանր պատասխանատուութեան մը տակ կը մնան։ Անոնք էին որ ներքին խառնակութիւնները իսկոյն վերածեցին զինեալ բախումի, զէնք ու զինամթերք շռայլելով Ասատի դէմ ապստամբող Սուրիոյ Ազատ Բանակին։ Յիշենք որ այսօր բոլորին սարսափ պատճառող Իսլամ Պետութիւնը այդ բանակի բաղադրիչներէն մէկն էր։ Իրենց հասնող նիւթական օգնութիւնը որքան ալ ըստ երեւոյթի կը հոսէր Սաուտի Արաբիոյ կամ անոր անմիջական աջակից փոքր իշխանութիւններու միջոցաւ, բոլորս գիտենք որ այդ հարստութեան ետին արեւմտեան մեծ դրամատիրութիւնը եւ անոր մարդասպան կազմակերպութիւնները կը գտնուին։
Ուրեմն թոյլ տուէք լիաթոք ողջունենք Քոպանէի հերոսական դիմադրութիւնը եւ յաղթանակը։

