Վերայցելելով Եսայեանի գրականութիւնը՝ գրագիտուհիին ծննդեան տօնին առթիւ
Յօդուածը կը գրեմ յիշատակելով Վիրճինիա Ուոլֆի (ծ. 1882) եւ Զապէլ Եսայեանի (ծ. 1878) ծննդեան տարեդարձները, որոնք կը նշուին յաջորդաբար յունուար եւ փետրուար ամիսներուն։ Շատերու համար Զապէլ Եսայեան արեւմուտքի մէջ Վիրճինիա Ուոլֆի նոյնացուող գրող մըն է։ Այնուամենայնիւ, Եսայեանի դժնդակ կեանքը, Ուոլֆինին հետ բաղդատելով, յաճախ ընդգծուած կարեւոր նիւթ մըն է։ Վերջապէս, Ուոլֆ մենաշնորհ կեանք մը ապրած է՝ թէկուզ երկու աշխարհամարտերու առանցքին, եւ բնաւ չէ աքսորուած իր ծննդավայր Լոնտոնէն։ Աւելին, Ուոլֆ ոչ միայն անգլիոյ գրականութեան, այլ նաեւ արդիապաշտ շարժումին եւ Արեւմտեան ամբողջ գրականութեան կանոնին հիմնասիւներէն մին է։ Իսկ Եսայեանի գործերը՝ ըլլան անոնք գրողին մայրենիով թէ՛ թարգմանաբար, սահմանափակ են, եւ չենք կրնար հաստատել, որ անոնք բաւարար չափով ուսումնասիրուած են մինչ օրս։ Այսուհանդերձ, քննելով Եսայեանի կենսագրականը, Օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրող հայ կնոջ մը՝ ուսման համար Փարիզ փոխադրուիլը ինքնին մեծ իրադարձութիւն մըն է, որ երբեմն նոյնիսկ Եւրոպական ակադեմական շրջանականերու մէջ զարմանք կը յառաջացնէ։
Այս զարմանքին ականատես եղայ քանի մը տարի առաջ՝ Փարիզի մէջ մասնակցած գիտաժողովներէս մէկուն ընթացքին։ Սիմոն Տը Պուվուարի եւ Վիրճինիա Ուոլֆի մասնագէտներ ի մի խմբած այս գիտաժողովին, համեմատական մօտեցումով ներկայացուցի Պուվուարի, Ուոլֆի եւ Եսայեանի գործերուն մէջ գտնուող էքֆրասթիք պատումները (ekphrastic narratives, տեսողական արուեստի բանաւոր նկարագրութիւնը՝ որպէս գրական գործիք)՝ դիտել տալով, թէ ինչպէ՛ս գեղագիտական այս գրական ոճը երեք կիներու ընդմէջէն կը դառնայ ընկերային արձագանք եւ քննադատութիւն։ Գիտաժողովին կայանալը Եսայեանի ալմա մադերին մէջ ոչ մէկ բան կը փոխէր անշուշտ. դահլիճին մէջ գրեթէ ոչ ոք գաղափար ունէր Զապէլ Եսայեանին մասին։ Նախքան գրութիւններուն խորքը մտնելս, հակիրճ կենսագրական տեղեկութիւն տուի, իսկ ներկաներուն մեծամասնութիւնը զարմացնողը եղաւ Օսմանեան տիրապետութեան տակ հայ կնոջ մը այդ ժամանակահատուածին ընթացքին ուսումի համար Սորպոն ճամբորդելը՝ նամանաւանդ, որ նոյնի՛սկ Վիրճինիա Ուոլֆը Օքսֆորտ կամ Քէմպրիճ չէ կրցած ուսանիլ՝ Անգլիոյ խիստ օրէնքներուն ներքեւ։
Թերեւս կը խորհիք, որ այս անեկդոտը կը պատմեմ իբրեւ հպարտութեան աղբիւր կամ որպէսզի պատկերացնէք, թէ որքա՜ն հպարտ զգացի Եսայեանով՝ տեսնելով զանազան երկիրներէ եկած բազմաթիւ ակադեմիկոսներու զարմացած դէմքերը այս տեղեկութեան վրայ։ Սակայն՝ ընդհակառակը։ Ամբողջական պատկերին նայելով՝ այս հպարտանալու աղբիւր չէր, այլ՝ վշտանալու: Երբ Տը Պուվուարի եւ Ուոլֆի գրական վերլուծումները կ՚արծարծուէին, ինքզինքիս հարց կու տայի, թէ Եսայեանի միակ ուշագրաւ հանգամանքը անոր Սորպոն ուսանի՞լն էր այդ ժամանակահատուածին։ Այս հարցումս տուի նաեւ դահլիճին՝ ժպիտը դէմքիս։ Այդ պահէն անմիջապէս ետք ներկաներէն ոմանք սկսան փնտռել Եսայեանի թարգմանուած գործերը, եւ ինծի ուղղուած հարցումները դարձաւ ուսումնասիրութեանս շուրջ՝ «Հոգիս աքսորեալ» վէպին, եւ ընդհանրապէս Եսայեանի գրականութեան շուրջ:
Ի դէպ, թերեւս պէտք չէր ապշէի, որովհետեւ նոյնիսկ մեր ընկերութեան մէջ կը գտնուէին ուսումնասիրողներ, որոնք նախընտրած են Եսայեանը վերլուծել կարծրատիպ ֆեմինիստական դիտանկիւնէն։ Այս մօտեցումը կ'ընդունէր Եսայեանի ապրած վկայութիւնները, սակայն, երբ խօսքը վերաբերէր անոր գործերուն ուսումնասիրութեան, որոնց մեծ մասը արդարեւ լոյս չէին տեսած պատշաճ կերպով, աւելի կարեւորութիւն կը տրուէր անոր «կիներուն մասին իբրեւ կին ի՛նչ գրած ըլլալուն» եւ «կանանց իրաւունքներուն համար ի՛նչ ըրած ըլլալուն», որովհետեւ Եսայեանը վերածած էին ներկայիս ստեղծուած «Օսմանեան տերապետութեան տակ հայ կիներու ֆեմինիզմի ռահվիրայ» ըմբռնումին, որուն մասին անդրադարձած եմ նախորդ յօդուածիս մէջ եւս։ Այլ խօսքով, այս մօտեցում մըն էր, որ Եսայեան դասական արեւմտեան ֆեմինիզմի հետ նոյնացնելէն շատ անդին չէր երթար։ Այդ գիտաժողովին նպատակս Եսայեանի գրականութեան մէջ բանաւոր եւ տեսողական արտայայտութեան հատման կէտերը քննարկելն էր. այս քննարկումը անձնապէս ինծի համար կարեւոր էր՝ Եսայեանի գրականութեան մէջ նոր հայեացք մը բանալու եւ ո՛չ թէ՝ Պովուարի կամ Ուոլֆի հետ հաւասարութեան մը ձգտելու։
Զապէլ Եսայեանը կը տեսնեմ ոչ միայն լոկ հայրիշխանութեան դէմ կիներուն գոյութիւն տալ ձգտող գրող մը, այլ գրող մը, որ ներսէն վկայած է գաւառներու եւ Պոլսոյ մէջի մասնատումը՝ նախքան պատահիլն ու պատահելէն ետք՝ այս վկայութեան ետին փնտռելով ընկերային գոյութիւն մը։ «Հոգիս աքսորեալ» վէպին մէջ, այն հատուածները, ուր նկարչուհի Էմմա դարձեալ Պոլիս կը վերադառնայ, տունը ցուցասրահի կը վերածէ եւ իր գործերը դիտելով այս փոխյարաբերութիւնը բանաւոր կերպով կը բացատրէ, կը յայտնուին իբրեւ գեղարուեստական քննադատութիւն մը այն պայքարներուն, որոնց մաս եղած է Եսայեան եւ այն հանդիպումներուն, որոնք ունեցած է հայ մտաւորականութեան հետ 1915-էն ետք։ Հետեւաբար, գործ մը, ուր բանաւոր եւ տեսողական նկարագրութիւնները նման կարեւորութիւն ստացած են անձնական եւ ընկերային վիճակներու մեկնաբանութեան մէջ, սահմանափակելը լոկ նկարչուհի Էմմայի ռոմանթիք պատկերներու թէ՛ հեղինակին անարգանք եւ թէ՛ պատումին կարեւորագոյն մասի անտեսում պիտի ըլլար։
Հայրիշխանական համակարգին մէջ ստեղծագործելը աշխարհի ամէնէն հանրածանօթ կին գրողներու հասարակաց հարցերէն մէկը եղած է։ Նոյնն է Ուոլֆին եւ Եսայեանին պարագան։ Այնուամենայնիւ, հակառակ աքսորուած ըլլալուն, Եսայեանի գրել շարունակելն ու ընտանիքին հոգ տանիլը, գաւառի եւ Պոլսոյ մէջ ապրած վկայութիւններով ընկերային հետեւութիւնները (social reduction, կեանքի մէջ դիտարկման, վերլուծութեան եւ ընկերային ազդանշաններու, վարքագիծերու ու ծածուկ դրդապատճառներու մեկնաբանման գործընթացն է, որուն նպատակն է խաբէութենէն ճշմարտութիւնը բացայայտել) գրական բանուածքին մէջ մշակելու կարողութիւնը, Զապէլ Եսայեանի գրականութիւնը ինքնին կարեւոր տեղ մը կը տանի: Հոս, Եսայեանը նոր տեսակէտով մը հասկնալու համար, անհրաժեշտ է յիշել կարեւորութիւնը Պոլսէն գաւառ երկարող իր վկայութիւններուն եւ պատմական, ընկերային ու մշակութային արձագանքներուն՝ անոր գործերը կիներու խնդիրներուն մասին ունեցած տեսակէտներուն դիտանկիւնէն գնահատելու կողքին: Կը հաւատամ, որ երբ Եսայեանի գործերուն մօտենանք նման բազմակողմանի քննութեամբ, աւելի լաւ պիտի հասկնանք Եսայեանի ֆեմինիզմի ըմբռնումը, եւ այս ըմբռնումը պիտի նպաստէ բոլոր հայ կիներու գրութիւններուն եւ Եսայեանի ուսումնասիրութիւններուն:
թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեան

