«Ես երկու հայր ունիմ. մէկը Կոմիտասն է»
Մեր օրերու աղմկոտ աշխարհին, որտեղ ամէն ինչ կը փոխուի վայրկեաններու արագութեամբ, երբեմն կը ծնուին երախաներ, որոնց մատները շօշափելով դաշնամուրի ստեղները՝ կրնան կանգնեցնել ժամանակը։ Այդ բացառիկ երախաներէն Անի Նելլին՝ ութամեայ հրաշք աղջնակը, որու մատները երբ կը հպուին դաշնամուրի ստեղներուն՝ արդիւնքին պարզապէս երաժշտութիւն չի հնչեր, այլ կը պատմէ, կը շնչէ, լոյս կը տարածէ։ Անի Նելլին իր փոքրիկ ձեռքերուն ունի այն ուժը, որ բնութիւնը հազուադէպ կը վստահի մարդկանց՝ պատկերաւոր լսողութեան, զգացողութեան եւ գեղեցկութիւն ստեղծելու կախարդական կարողութիւնը։ Երբ ան կը նստի դաշնամուրի առաջ, կարծես կը բացուի մի այլ դռնով մի այլ աշխարհ. այնտեղ, որտեղ Շոփենը կը ժպտի նոտաներու արանքէն, իսկ Մոցարտը կը յանձնէ անոր իր անմահ մեղեդիներու գաղտնիքները։ Անոր մատներու տակ ծնուող իւրաքանչիւր հնչիւն կարծես բիւրեղ է, որ կ՚ընկնի լսողի սրտի վրայ եւ կը հանգչի այնտեղ՝ թողնելով նուիրական, մեղմ տպաւորութիւն։ Բայց ամենակարեւորն այն է, որ այս ամէնուն մէջ Անի Նելլին կը մնայ նոյն մանկական մաքրութեամբ ու պարզութեամբ լի աղջնակը՝ աչքերը լի հրաշքի հանդէպ հաւատով։ Ան պարզապէս կը սիրէ երաժշտութիւնը՝ այնպէս, ինչպէս ուրիշ երախաները կը սիրեն արեւը կամ ծաղկաւոր դաշտերը։ Եւ հէնց այդ սիրով կը նվաճէ աշխարհի սրտերը։
Հայոց տաղանդի աճող ներկայութիւնը համաշխարհային բեմերուն
Անի Նելլիի ճանապարհը չի սահմանափակուիր միայն հայկական բեմերով։ Ան կը քայլէ Եւրոպայի ամենատարբեր մայրաքաղաքներու երաժշտական մեծ դահլիճներուն՝ հետը տանելով իր հայրենիքի շունչը։ Ֆրանսիայի, Իտալիայի, Աւստրիայի, Անգլիայի, Լեհաստանի ու այլ երկրներու բեմերուն ան կը հնչեցնէ իր հոգիի թրթիռը եւ այնտեղէն կը վերադառնայ յաղթանակի բոյրը շալակած:
Մասնակցած է տարբեր միջազգային մրցոյթներու՝ Հայաստանի «Կամեռտոն_Սոլիստ» կատարողական արուեստի IV միջազգային մրցոյթին զբաղեցուցած է չորրորդ տեղը, իսկ «GeneralBass» Պարոկօ դաշնամուրի միջազգային մրցոյթին արժանացած է երկրորդ մրցանակին, Ֆրանսայի՝ «Nouvelles Etoiles » միջանզգային մրցոյթի՝ առաջին մրցանակին, Իտալիոյ՝ «Colafemmina Pinao Competition» միջազգային դաշնամուրի մրցոյթին՝ առաջին մրցանակին, Նիդեռլանդներուն՝ «Royal Maas» միջազգային երաժշտական մրցոյթին՝ առաջին մրցանակին, Իսպանիայի՝ «Franz Liszt Center» 5-րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթին՝ առաջին մրցանակին, Աւստրիայի մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ՝ «Vienna Gala Fest» մրցոյթին՝ «Gold» մրցանակի, Անգլիայի՝ «Vivaldi» Միջազգային երաժշտական մրցոյթին՝ բացարձակ առաջին մրցանակի, Սերբիայի «ULJUS» 12-րդ միջազգային դաշնամուրի մրցոյթին՝ առաջին մրցանակին, Լեհաստանի՝ «Mozart» միջազգային երաժշտական մրցոյթին՝ «Platinium» մրցանակի, Աւստրիայի Զալցպուրկ քաղաքի՝ «Grand Prize Virtuoso» մրցոյթին՝ առաջին մրցանակին:
Կը պատմէ Անին՝ Անիէն
Ես Անի Նելլին եմ։ Իմ սերմը դրուած է Արեւմտեան Հայաստան՝ Ախուրեանի ափին, հազար ու մի եկեղեցիներու ու սիրոյ քաղաք Անիին, ուր 2016 թուականի Նոյեմբերին ճամբորդութեան մեկնած էին ծնողներս։ Ամիսներ անց՝ 2017 թուականի Օգոստոս 11-ին, ծնուեցայ ես՝ Հայաստան։ Եւ դարձայ վերջին 400 տարուայ ընթացքին հօրս տոհմի՝ հայրենիքին ծնուած առաջին զաւակը։
Հայրս՝ Կարէն Մելիքեան, արմատներով իրանահայ է, մասնագիտութեամբ՝ երաժիշտ, պատմաբան եւ տնտեսագէտ։
Մայրս՝ Աննա Պետրոսեան, ծնուած է Երեւան, ունի նախիջեւանեան արմատներ։ Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, արծաթագործ։ 2021 թուականէն, երբ 5 տարեկան էի, սկսեցի յաճախիլ Երեւանի Չայկովսկու անուան երաժշտական մասնագիտացուած դպրոց՝ ընտրելով դաշնամուրի բաժինը։ Այժմ կը սորվիմ նոյն դպրոցի 3-րդ դասարանը։ Իմ ուսուցչուհին՝ Իրինա Գրիգորեանը, անփոխարինելի դեր է ունեցած եւ կը շարունակէ ունենալ իմ երաժշտական աճի ու ձեւաւորման մէջ։ Անոր նուրբ, հոգատար եւ խորապէս մասնագիտական մօտեցումն այն հողն է, որտեղ սերմանուեցաւ եւ աճեց իմ սէրը դէպի երաժշտութիւնը։ Իրինա Գրիգորեանի իւրաքանչիւր դաս միայն տեխնիկա կամ գիտելիք չէ. այդ ներշնչանք է, հաւատք, անսահման համբերութիւն եւ անբացատրելի ջերմութիւն։ Անոր շնորհիւ ես ոչ միայն կը սորվիմ նուագել, այլեւ կը սորվիմ լսել, զգալ եւ ապրիլ երաժշտութեամբ։ Անոր նուիրուածութիւնը դարձաւ իմ արուեստի ամենաուժեղ եւ ամուր հիմքը։
Կենի եւ սիրոյ լաւագոյն արդիւնքը
Անի հայոց երբեմնի մայրաքաղաքը, որտեղ ապրած ու գործած են ժամանակի շատ անուանի ու ազդեցիկ հայեր՝ ամենաուղիղ օրհնութիւնն է Անի Նելլիի ծնունդի, քանզի անոր մօր արգանդը Անի այցէն ետք պտղաբերեց: Ծնողներու աչքերով տեսած լոյսն ու հաւատը ամրացած է Անիի ամէն մի ընկալման մէջ: Այդ է այն նուրբ, բայց միեւնոյն ժամանակ զօրեղ ուժը, որ անոր կը դարձնէ Հայաստանի փայլուն տաղանդը միջազգային բեմերուն։
Կը պատմէ Անի Նելլիի մայրը՝ Աննան
Անիէն երկու դրուագ կ՚ուզեմ պատմել, որոնք ամենէն տպաւորիչն են: 6 տարեկանին Արամ Խաչատրեանի «Անդանտինօ»-ն կը սորվէր: Ամէն օր դպրոց երթալուս (դպրոցի ճամբուն կը գտնուի Արամ Խաչատրեանի արձանը) կը կանգնէինք Արամ Խաչատրեանի արձանի դիմաց, Անին կը զեկուցէր ընթացքը: Կարծես կը զրուցէր մաեստրոյի հետ: Ու այդ ամենայն լրջութեամբ կ՚ընէր: Առաջին վայրկեաններուն ինձ կը թուէր՝ կը կատակէ: Նոյնիսկ մարդիկ կը շրջուէին ու կը նայէին, որովհետեւ այնքան լուրջ կ՚ընէր այդ ամէնը: Կարծես Խաչատրեանին կը տեղեկացնէր, թէ այս տողը այսպէս նուագած է, մէկ այլ նոտա այլ կերպ նուագած է, սխալուած է անգամ պարապմունքին ու կը խոստանար, որ յաջորդ պարապմունքին կը շտկէ սխալը։ Մէկ ամիս ամէն Աստուծոյ օր արձանի առաջ կը կանգնէր ու կը ներկայացնէր ամբողջ պարապմունքի ընթացքը։ Արդիւնքին Փարիզի մէջ առաջին մրցանակին արժանացաւ։
Միւսը՝ երեք տարեկան էր, մեր տանը ընդունուած բան կար՝ ամէն օր դասական երաժշտութեան ժամ ունէինք։ Մէկ, երկու ժամ կը միացնէինք հայ եւ համաշխարհային դասականներու երաժշտութիւնը ու կը լսէինք։ Կոմիտասի երեկոներէն մէկն էր, Վարդապետի երգերն կը լսէինք, Անին իր հայրիկի գիրկն էր, ես ալ դիմացը նստած էի: Լսեց Կոմիտասի երգերը, յետոյ ըսաւ. «Գիտէ՞ք՝ ես երկու հայր ունիմ: Մէկը դուն ես, միւսը՝ Կոմիտասն է»: Մենք քարացանք։
Դասասենեակէն մինչեւ համաշխարհային բեմ՝ ուսուցչի ձեռքը
Անին այսօր կը նուագէ աշխարհի բեմերուն, եւ այդ յաղթանակների երանգներու մէջ աննկատ, բայց յստակ կը լսուի նաեւ անոր ուսուցչի ձեռագիրն ու հոգին։ Անոր մատներու տակ հնչող իւրաքանչիւր ճշգրիտ հարուած, իւրաքանչիւր նրբագոյն դինամիկա, իւրաքանչիւր դադար ուսուցչի տարիներու աշխատանքի արդիւնք են։ Անոր ուսուցիչը այն մարդն է, որմէ սկիզբ առած է Անիի նուաճած ճանապարհը։ Այդպիսի ուսուցիչները պարգեւ են ոչ միայն իրենց աշակերտին, այլ նաեւ ազգին։ Անոնք են, որ կը պահեն ու կը փոխանցեն հայկական երաժշտութեան բարձր որակը, սերունդներ կը կրթեն, եւ օր մը իրենց սաներով կը գրաւեն համաշխարհային բեմերը։ Անին այսօր Հայաստանի հպարտութիւնն է։
Իսկ անոր յաղթանակներու ամէն մի էջին անտեսանելի տառերով գրուած է. «Սա նաեւ իմ ուսուցչի յաղթանակն է»։
Կը պատմէ Անի Նելլիի ուսուցչուհին՝ Իրինա Գրիգորեանը
Անին հրաշալի եւ տաղանդաշատ աղջիկ է, որ երաժշտական ուղիի առաջին իսկ քայլերէն կրցած է խորութեամբ զգալ ու իւրացնել դաշնամուրային արուեստի ամբողջ կատարողական գեղեցկութիւնը։ Հէնց սկզբէն ան մեծ նուիրումով եւ հետեւողականութեամբ յաղթահարած է թէ՛ տեխնիկական դժուարութիւնները, թէ՛ կատարողական խնդիրները։ Ամէն անգամ՝ թէ համերգային բեմին, թէ միջազգային մրցոյթներուն, Անին ցուցադրած է իր վառ եւ հաւասարակշռուած դաշնակահարային վարպետութիւնը՝ հաստատելով իր կայուն առաջընթացը։ Անին ոչ միայն աշխատասէր եւ պատասխանատու աշակերտուհի է, այլեւ խելացի, ուշադիր ու նպատակասլաց երիտասարդ երաժիշտ։ Կը մաղթեմ անոր երբեք չդադարիլ սնիլ իր սիրտը եւ հոգին երաժշտութեան հանդէպ, շարունակել նոյն նուիրումով առաջ երթալ եւ հասնիլ նոր՝ առաւել նշանակալի բարձունքներու։ Այս երկու ու կէս տարիներու ընթացքին Անին բազմիցս արժեւորած է իր տաղանդն ու աշխատասիրութիւնը՝ միջազգային մրցոյթներուն նուաճելով առաջին մրցանակներ եւ ոսկէ մետալներ, որոնք արժանի գնահատանք են անոր աշխատանքի ու առաջադիմութեան համար։
Ի վերջոյ՝
Անի Նելլիի իւրաքանչիւր ելոյթ, իւրաքանչիւր նուագուած հնչիւն մեզ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի ապագան միայն անցեալին նայող ժողովուրդին չէ, այլ այն երկիրը, որ ծնունդ կու տայ նոր լոյսերուն։ Անոր ճանապարհը դեռ նոր կը սկսի, բայց արդէն հիմա պարզ է, որ այս փոքրիկ աղջիկը կը կրէ այն պատասխանատու ժառանգութիւնը, որ թողած է հայու կենը։ Անոր նուագի մէջ կայ այն յոյսը, որ մեր ժողովուրդն իր մշակոյթով, իր արուեստով ու իր տաղանդներով միշտ կ՚ունենայ իր արժանի տեղը աշխարհին։ Անի Նելլին կու գայ ապրեցնելու այն հաւատը, որ Հայաստանը մեծացնելու համար միշտ բաւական է մէկ ճշմարիտ տաղանդ, մէկ լոյս, մէկ երախայ, որուն ներսը կը փայլէ մեզմէ իւրաքանչիւրի յոյսը։

