«Ատելութիւնը անհրաժեշտ է
գործածել խնայողաբար, քանզի
նրա կարիքաւորները բազում են»։
Շատոպրիան
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Ատելութիւնը զգացում է, որու բաղադրիչներն են նողկանքը, արհամարհանքը, տհաճութիւնը եւ այլն, ինչ որ հակադրուած է սիրոյ եւ յարգանքին, իսկ հիւանդ հանրութեան մէջ, տարբեր պատճառներով, ան կը ծնի բռնութիւն, թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ երբեմն իշխանութեան հեղինակութեամբ։
Իմաստունները կը պնդեն, թէ որեւէ մէկուն սիրելու համար անհրաժեշտ չէ ստոյգ պատճառ, բաւական է, որ իրար համակրեն, մինչդեռ, ատելու համար անհրաժեշտ են պատճառներ, ապացուցելու փաստեր։
Ատելութիւնը կ՚ըլլայ անհատական, խմբակային, ինչպէս իշխանութիւն-ընդդիմութիւն, մինչեւ իսկ ազգային մակարդակի, օրինակ հայ-թուրք, հայ-ազերի դարաւոր փոխադարձ ատելութիւնը, օրինակները բազմազան են։ Քաղաքակիրթ երկրներու մէջ ցոյցեր կ՚ըլլան տարբեր տեսակի բռնութեան եւ ատելութեան դէմ։ Մեր երկրին այն կ՚արդարացուի եւ քաջալերուի հասարակութեան մի մասի կողմէն եւ երբեմն կը փորձէ մասնակից ըլլալ։ Անհերքելի է, որ ատելութիւնը եւ բռնութիւնը միասին որեւէ խնդիր լուծելու հնար չեն, բայց ցաւօք թաւշեայ իշխանափոխութենէն ետք՝ դարձան համատարած օրինաչափութիւն՝ մանրակրկիտ ծրագրուած ընդդիմադիր ղեկավարներու կողմէ։ Ան անընդմէջ առկայ է ԱԺ նիստերու ընթացքին եւ յատուկ միջոցներով ուղղուած է մեր պետականութեան դէմ։ Անոր հիմնական պիտակն ու բառապաշարն է՝ դաւաճան, անապագայ, հող ծախող, ապիկար, թուրք եւ այլ բազում խտացուած ու մշակուած բառեր, որոնց միակ նպատակը քաղաքական հաւասարակշռութեան համակարգային խախտումն է։ Ոմանք յամառօրէն չեն մասնակցիր ընտրութիւններուն, բայց նաեւ չեն հաւատար անոր արդիւնքներուն, այդ եւս հոգեկան բաւարարութեան առիթ է եւ անոնք դեռ չեն հասկցած, որ ատելութիւնը չի կրնար ըլլալ տարբեր խաւերու ու քաղաքական խմբաւորումներու միջեւ յարաբերութիւններու գործիք եւ նպատակին հասնելու արդար միջոց։ Բացառուած է։
Երիցս զարմանալի, անընդունելի եւ ողբալի է, որ եկեղեցականները զինակոչի ենթարկուած են վերոնշեալ կացութեան պայմաններուն։ Ըստ իրենց կոչումի եւ երդումի համաձայն՝ փոխանակ սէր, հաշտութիւն եւ բարոյականութիւն քարոզելու, կը սերմանեն մոլի հակապետական վրէժ եւ ատելութիւն։ Տեղին է յիշել արք. Աջապահեանը եւ եպ. Գալստանեանը, որոնք միակը չեն, որոնք զօրավարի դիրք բռնած են, ամենուրէք քարոզին եւ ցոյցերուն մասնակցելով կը գոռան, թէ արդի ՀՀ այլեւս Հայաստան չէ, այլ թրքերը կը հրամայեն վարչապետին, եւ այնքան կուրացած են իրենց մոլուցքի ոլորանի մէջ, որ կոչ կ՚ընեն գրոհել եւ բռնութեամբ իշխանափոխութիւն իրագործել։ Ի դէպ անցած օրերուն Տաւուշի առաջնորդը մեծ միթինք կազմակերպած էր բնաբան ունենալով՝ չորս գիւղերը յանձնելու արարքին դիմադրել եւ ամէն գնով վիժել։ Այդ երկուքի անունը յիշեցի, բայց բազում են նմանները Հոգեւոր Բարձրագոյն Խորհրդի (ՀԳԽ) անդամներով մէկտեղ, չմոռանալով ճակատին խաչ կրողը, որ ոչ միայն արգէլք չի դներ եւ կը հանդարտեցնէ այդպիսի կղերին, այլ քաջալերէ եւ ինքը եւս անոնց կը միանայ մեր պետականութեան հիմքերը խախտելուն։ Հայ մամուլի մի տեսակ կայ, ի սփիւռս աշխարհի, որ պարբերաբար կը ներկայացնէ հոգեւոր արժէքներէն հեռու այդ հոգեւորականներու յօդուածները, որ ունին իրենց ընթերցողները եւ խմբագիրները։ Աւելորդ չէ յիշեցնել տասներկու դար առաջ եղած ոճիրը, երբ Սիւնեաց աշխարհի հովուապետ Ստեփանոս եպիսկոպոսին սպանեց եւ գլխատեց հայ կին մը, որուն ան բանադրած էր անյայտ պատճառներով։ Ինչպիսի՜ անկում։
Արդէն հինգերորդ տարին է, բուռն ատելութիւնը եւ բռնի վերաբերմունքը իշխանութեան, իմա՛ պետական կառոյցի նկատմամբ դարձած է ապրելակերպ ոմանց համար, եւ հակապետական արարքները միայն բանաւոր կամ գրաւոր խօսքով չեն վերջանար եւ այդ ատելութեամբ յագեցած խօսքերը ակամայէն կը տանին դէպի գործողութիւն, զինուած յարձակումներ, մինչեւ իսկ մահափորձ՝ վարչապետի նկատմամբ, թէպէտ վիժուած։
Ակնյայտ է, որ բոլոր յարձակումները՝ բանաւոր թէ զինեալ, պետութեան հիմքերը խախտելու նպատակ ունին եւ կը ղեկավարուին ոչ միայն ներսէն, այլ նաեւ դուրսէն եւ ոչ միայն արտաքին ուժերու կողմէ, այլ նաեւ երկիրը թալանած եւ հեռուներուն հաստատուած մեր տարագիր նախկիններու կողմէ՝ վերադարձի յոյսերով։
Ատելութեան մէկ այլ անսպառ աղբիւր է Արցախի ողբալի կորուստի փաստը եւ անոր հրաժարուած եւ ՀՀ ղեկավարութեան միջեւ եղած յարաբերութիւնները։ Հեռու մնալով այդ ողբալի կորուստի պատճառներէն եւ մեղաւորներէն, քանզի բարդ ու խճճուած է, չեմ կարող չնշել, որ հարիւր հազարէն աւել տեղահան ազգակից հիւրընկալուած է ՀՀ։ Հնարաւորին սահմանումով պէտք էր ապահովել բնակարանով, լուծել անոնց զանազան տեսակի կենսական կարիքները, իմա՚ հաշմանդամներ, դպրոցականներ, զառամեալ եւ կենցաղային հազար ու մէկ խնդիրներ, որուն յանձնառու եղաւ իշխանութիւնը, եւ սակայն ոչ միայն գնահատականի չարժանացաւ, այլ նաեւ դժգոհութիւնները անպակաս են։ Ճիշդ է եւ իրաւ, որ արցախցին օտար չէ եւ մենք պարտաւոր ենք օժանդակել ամէն ինչով՝ կարելիութեան սահմանով, բայց նախկին փրկիչներու կեդրոնական կոմիտէն բարձր կը գոռայ թէ՝ «Սատար ենք կանգնելու Արցախի ժողովրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան»։ Կ՝ուզէի գիտնալ, թէ խորհրդարանի մէջ Արցախի դրօշ ծածանող փրկիչները եւ Էջմիածինը ինչո՞վ, ի՞նչ վերաբերմունքով կամ ստոյգ քայլերով սատար եղան այդ տառապեալներուն, երբ վերոնշեալ եպիսկոպոսը բարձր ձայնով կը գոռար, թէ իրենք եռագոյնը պիտի ծածանեն ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Նախիջեւանի վրայ։
Եկ, վարդապետ, ու մի՛ խենթանար։
Սեն Ռաֆայէլ