ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ

ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ յիշատակուեցաւ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախորդ 14 Փետրուար Շաբաթ օր հոգեհանգստեան արարողութիւնով մը յիշատակուեցաւ Հայոց Թուրքիոյ 49-րդ Պատրիարք երանաշնորհ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Բաղիշեցի։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ ՎԱՏԻՓ կազմեց տնտեսական յանձնախումբը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի զուիցերիական դրամատունէ ներս անձնական հաշիւներուն հրապարակման նոյն օրը ՎԱՏԻՓ հարթակը կը գումարէր իր հերթական նիստը, Պոլսահայ հասարակութեան պատկանող վաքըֆներու հաշիւները վերադասաւորելու համար։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ ՀայՃար կ՚արդարացնէ իր առաքելութիւնը

Իսթանպուլահայ մերօրեայ ապրումներու մէջ հաճելի սովորոյթ մը դարձած է ՀայՃարի հովանաւորութեան ներքեւ Զաքարիա Միլտանօղլուի բանախօսութիւնները։ Այսպէս Միլտանօղլու նախորդ Ուրբաթ օր Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Մօտիկ ու հեռու հարեւան՝ Հայաստան» խորագրով։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն-9 - Վանայ Բերդը

Մեր հերոսները՝ Ասլանն ու ֆարհատը այս անգամ կը տեսնենք Վասպուրական աշխարհի սրտին վրայ, հին շրջաններուն Տոսպ, կամ Շամիրամակերտ ալ կոչուած Վան քաղաքը շքաւորող հսկայ քարաժայռի ստորոտին, ուր մեր հերոսները կուսակալ փաշայի կողմէ տրամադրուած առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ պիտի ծանօթանային Վանայ բերդին ու շրջակայքի հնութիւններուն։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Շրջագայող շիրմաքարեր

ՀայՃար միութիւնը շարժման անցաւ շիրմաքարը Պաղլարպաշըի Հայոց Գերեզմանատունը փոխադրելու համար։ Նշենք որ Պալեան գերդաստանի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կը հանգչին այդ գերեզմանատան մէջ եւ աշխատութիւններ կան այդ հատուածը կոթող դամբարանի մը վերածելու համար։ Այս մասին շփումներ կատարուեցան Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետարանի հետ։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Սինօփի Հովերը

Մեր օթօպիւսը Անգարայի տափաստաններէն կը յառաջանայ դէպի Սեւ Ծով։ Որպէս մեծ հայրիկիս ծնած քաղաքը, ընտանիքէս շատ քիչ բան գիտեմ Սինօփի մասին։ Ճանապարհի ընթացքին գոց սորվիլ աշխատած բեմագրութիւններս մոռցած եմ, ծովն ու հովը կը հանդարտեցնեն զիս։ Դիմաւորել եկողները կը գտնեն զիս։ Այլեւս ժամանակաւոր տունս եմ։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Երթ դէպի ընտրեալ նոր պատրիարքի մը

6 Յունուար Ս. Ծննդեան տօնի առթիւ Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ ընդունեց համայնքային հաստատութիւններու վարիչներու շնորհաւորութիւնը։ Փոխանորդ սրբազանը այս առթիւ յայտնեց թէ արդէն մօտաւորապէս ամիս մը առաջ դիմում կատարած են պետական մարմիններուն նոր պատրիարքի մը ընտրութեան ձեռնարկելու համար։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Մեր մօտիկ- հեռաւոր գիւղը

Վաքըֆգիւղցիներ կը պատրաստուին 7 Դեկտեմբերին կայանալիք հիմնադրութեան հանդէսին։ Այս անգամ հիմնուածը եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ բազմանպատակ սրահ մը, քահանայի յատուկ բնակարան մը, 8 սենեականի հիւրանոց մըն է։ Այս հիւրանոցի աւարտումով գիւղի օթեւանելու յարմար սենեակներու թիւը կը բարձրանայ 20-ի, ուր կարելի է աւելի քան 40 ուղեւորներ հիւրընկալել։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ Փառաւոր դարադարձի մը աւարտը

Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը աւարտին հասաւ Պոլսահայ համայնքի վերնախաւին կողմէ երկար տարիներէ ի վեր մոռցուած ազգային պարահանդէսով մը, իսկ շարքին վերջակէտը դրուեցաւ փոփ երաժշտութեան փառաւոր համերգով մը, մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած եւ երիտասարդութեան կողմէ պաշտուած երգիչ Թաթայի, որուն կ՚ընկերակցէին իր երաժիշտներն ու պարախումբը։
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ  Խորհրդածութիւններ «Ցեղասպանութեան Ինստուտուտ»ի շուրջ

Հանրածանօթ մտաւորական Իսմայիլ Պէշիքճի ընկերակցութեամբ Տիյարպէքիրի նախքին քաղաքապետ՝ Օսման Պայտէմիրի եւ խումբ մը քիւրտ քաղաքական գործիչներու ու ակադեմականներու, այցելեց Երեւան։ Պէշիքճի վերադարձին ցեղասպանութեան նիւթով ստորագրեց յօդուած մը, զոր յապաւումներով կը ներկայացնենք ստորեւ։