Բարի լուր մըն ալ Դպրեվանքէն կու գայ

Նախորդ շա­բաթ ման­րա­մաս­նութիւննե­րով փո­խան­ցած էինք Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թիւնը։ Ըստ որու թա­ղակա­նու­թիւնը տի­րացած էր Օր­թա­գիւ­ղի բար­ձունքին շատ ար­ժէ­քաւոր հո­ղատա­րած­քի մը սե­փակա­նու­թեան։ Այս ան­գամ նման ու­րախ լուր մը կը հաս­նի Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի շրջա­նակ­նե­րէն։ Ար­դա­րեւ Դպրե­վան­քի պատ­կա­նող հո­ղատա­րածք մը աւար­տե­լով դա­տական բո­լոր հանգրո­ւան­նե­րը լուրջ հա­տու­ցում մը ապա­հոված է հայ­կա­կան հիմ­նադրա­մին։

Այս մա­սին Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի խնա­մակալ­նե­րը կը պատ­րաստո­ւին յա­ջորդ շաբ­թու մէջ բո­վան­դա­կալից յայ­տա­րարու­թիւնով մը նիւթը փոխանցել հասարակութեան։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ