«Մարդ պէտք է արտայայտուի»

Հախվերտեանի «Բա­րիլոյս Տի­կին Արուս» ծա­նօթ եր­գի բա­ռերուն մէջ կայ «Մարդ պէտք է ար­տա­յայ­տո­ւի» հաս­տա­տու­մը։ Մարդկա­յին անզսպե­լի իրա­կանու­թիւնը, շնոր­հիւ հա­մացան­ցի պար­գե­ւած կա­րելիու­թիւննե­րուն, նոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րով սկսած է նոր գե­տին մը գտնել։

Այս ծի­րէն ներս մեր ան­մի­ջական առօ­րեային առա­ջին մուտք գոր­ծո­ղը եղաւ «Սա­պէս» փոտ­գէսթը ( podcast)։ Ան Մա­յիս 2019 էն ի վեր տա­րի մըն է կ՚ար­ձա­նագ­րո­ւի եր­կու պոլ­սա­հայ երի­տասարդնե­րու կող­մէ, արեւմտա­հայե­րէն լե­զուով։ Գա­ղափա­րը առա­ջին յղա­ցողը եղաւ Շա­րա Մա­րաշ­լեան, որ կը սի­րէր podcast-iհե­տեւիլ, չէր հան­դի­պած արեւմտա­հայե­րէն օրի­նակի մը ու որո­շեց վե­րաց­նել այդ բաց­թո­ղու­մը։ Գոր­ծակցե­լով արո­ւես­տա­սէր Սա­րեմ Ք. Շե­շեթեանի հետ, մշա­կեցին «1 նիւթ 3 հիւր» կա­ղապա­րի մէջ քննար­կել հայ­կա­կան գե­ղարո­ւես­տի վե­րաբե­րեալ նիւ­թեր։ «Սա­պէս»ի զրոյցնե­րուն կա­րելի է հե­տեւիլ spotify, i-podcast են,instagram եւ facebook, youtube-ի վրայ SabesBolis հա­շիւ­նե­րէն։ Ցարդ մշա­կուած է չորս նիւ­թեր, 12 հիւր եւ podcast, որոնք ու­նե­ցած են 2000 ունկնդրու­թիւն՝ 700 ունկնդիր­նե­րու կող­մէ։ Այդ ունկնդիր­նե­րը հա­ղոր­դումնե­րուն կը հե­տեւին աւե­լի քան 20 տար­բեր եր­կիրնե­րէ։ Շա­րա Մա­րաշ­լեան եւ Սա­րեմ Ք. Շե­շեթեան յա­ւակ­նութիւն չու­նին լա­ւագոյ­նը ըլ­լա­լու։ Անոնք կը բա­ւարա­րուին արեւմտա­հայե­րէն ար­տա­յայ­տո­ւելու նոր եղա­նակ մը, նոր մի­ջոց մը կեան­քի կո­չելով ու այսպի­սով սա­տարե­լով լե­զուի գո­յատեւ­ման։

Արեւմտա­հայե­րէն ար­տադրու­թեան մի այլ փորձ է «Աս­պանդակ» նա­խագի­ծը, որ կեան­քի կո­չուած է Նա­րօտ Էր­քոլ եւ Վար­դան Էս­դուգեանի կող­մէ։ «Աս­պանդակ» հա­մացան­ցի վրայ կը տո­ղան­ցէ իւ­րա­քան­չիւր շա­բաթ տե­ղադ­րո­ւած եր­կու նոր ձայ­նագրու­թիւնով, ուր հե­ղինակ­նե­րը միտ­քեր կը փո­խանա­կեն այժմէական զա­նազան զար­գա­ցումնե­րու մա­սին։ Հե­տաքրքրա­կան է որ «Աս­պանդակ»ի փոտ­գեստնե­րը եւս ու­նին ունկնդիր­նե­րու ըն­դարձակ զան­գուած մը, աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէն։ Ու­սուցո­ղական կարծրա­տիպ­նե­րէն ձեր­բա­զատո­ւած այս հա­ղոր­դումնե­րը լսե­լով ունկնդի­րը կը մատ­նո­ւի այն դիր­քին թէ, կար­ծես ականջ տո­ւած է կող­քի սե­ղանի մը զրոյ­ցին, որ բա­ւակա­նին հե­տաքրքրա­կան միտ­քեր կ՚ար­ծարծուին խոր ան­մի­ջակա­նու­թեան մը մէջ, ու ինք ներ­քա­շուած է այդ զրոյ­ցին։ «Աս­պանդակ»ի հա­ղոր­դումնե­րուն կա­րելի է հե­տեւիլ https://www.facebook.com/asbantag/, https://www.instagram.com/asbantag/ եւ asbantag@gmail.com կայ­քի մի­ջոցաւ։

«Ի՞նչ կայ չկայ» ալի­քը Թե­լեկ­րա­մի (Telegram) գրա­ռումնե­րու հար­թակ մըն է, ուր ամէն օր կը բաժ­նեն արեւմտա­հայե­րէն լե­զուա­կան խա­ղեր եւ հար­ցումներ, հե­տաքրքրա­կան տե­ղեկու­թիւններ, օգ­տա­ւէտ աղ­բիւրներ, յղումներ եւ արեւմտա­հայե­րէն պատ­գամնե­րով կպչուկներ։ Կը փոր­ձեն կի­րառել ըմբռնե­լի եւ դիւ­րա­մատ­չե­լի բո­վան­դա­կու­թիւն ու լե­զու, որ­պէսզի ալի­քը հե­տաքրքրա­կան ըլ­լայ բո­լորին հա­մար։ Հար­թա­կին հա­մահիմ­նա­դիր- հե­ղինակ­ներն են՝ Շա­հէն Արա­պօղ­լեան (Պէյ­րութ), Սե­ւան Ղա­րիպեան (Երե­ւան) եւ Սա­րին Ագ­պաշ (Պո­լիս)։ Եթէ կ՚ու­զէք բա­ժանոր­դագրո­ւիլ՝ https://t.me/WesternArmenian։ Կապ՝ inchgachga@gmail.com։

Սա­րին Աք­պաշ ու­նի նաեւ հե­ղինա­կային ալիք մը Youtube-ի մէջ՝ «Աթոռ Անահ­տայ» անու­նով, ուր կը զե­տեղէ արեւմտա­հայե­րէն լե­զուա­կան, ու­սուցողական տե­սաերիզ­ներ, որուն յղումն է https://www.youtube.com/channel/UCQ6JIGv0gJ3HwD4bPo1BRwg?view_as=subscriber

Հե­տաքրքրա­կան է տես­նել թէ նման նա­խաձեռ­նութիւններ ինքնա­բերա­բար կը ստեղ­ծեն հա­մագոր­ծակցու­թեան աւե­լի լայն շրջա­նակ մը։ Ար­դա­րեւ «Սա­պէս» որ աւե­լի ձայ­նագրու­թիւննե­րու կի­րար­կում մըն է, ու­նի իրեն յա­տուկ երաժշտա­կան խորհրդան­շան (Ճին­կըլ) որ պատ­րաստո­ւած է Սա­րօ Ուսդա­յի կող­մէ։ Իսկ Սա­րօ Սի­մոնեան պատ­րաստած է խորհրդան­շա­նը (լո­կօ)։ Նոյնպէս Արէն Սել­վիօղ­լու ալ ձե­ւաւորած է «Աս­պանդակ»ի խորհրդանշանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ