Ճրագը ես վառ կը պահեմ

Տակա­ւին թա­­նաքը թաց է այն եր­­կու գիր­­քե­­­րուն, որոնք լոյս տե­­սան «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարէն եւ կը պատ­­մեն Մու­­սա Լե­­րան հա­­յերու Թուրքիոյ մէջ նո­­ւազ ծա­­նօթ կամ առ­­հա­­­սարակ ան­­ծա­­­նօթ պատ­­մութեան մութ էջե­­րը։ Սեր­­տար Քո­­րու­­ճո­­­ւի գիր­­քե­­­րէն մէ­­կը կը կրէ «Նա­­հան­­գը Ին­­կաւ» խո­­րագի­­րը եւ կը պատ­­մէ Ան­­տիոքը եւ շրջա­­կայ­­քը նե­­րառող Իս­­քենտե­­րու­­նի սան­­ճա­­­քի Թուրքիոյ կցուելու պատ­­մութիւ­­նը։

Երկրորդ հա­­տորը, որ կը կրէ «Ժո­­ղովուրդի Եր­­թը» խո­­րագի­­րը կը խօ­­սի Կիլիկեան հայութեան իրենց հայ­­րե­­­նի եր­­կի­­­րը լքե­­լու եւ դէ­­պի օտա­­րու­­թիւն գաղ­­թե­­­լու ոդի­­սակա­­նը։ Եր­­կու գիր­­քե­­­րը պատ­­ճառ դար­­ձան որ մենք ալ անդրա­­դառ­­նանք Վա­­քըֆ­­լը գիւ­­ղի կար­­կա­­­ռուն դէմ­­քե­­­րէն մէ­­կուն «Չա­­քը» ածա­­կանով ծա­­նօթ Թով­­մաս Քես­­քի­­­նի կեան­­քի պատ­­մութեան։ Պատ­­մա­­­կան այս վկա­­յու­­թիւնը կը պար­­տինք ինք եւս «Չա­­քը» ածա­­կան ժա­­ռան­­գած որդւոյն Յով­­հաննէս Քես­­քի­­­նի։

Վա­­քըֆ­­լը գիւ­­ղի Չա­­քը Պա­­պու­­կը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԵՍՔԻՆ

Շատ փոքր տա­­րիքին որ­­բա­­­ցած էր իր եր­­կու քոյ­­րե­­­րով։ Քե­­ռին խնա­­մած էր որ­­բե­­­րը։ Մա­­նուկ տա­­րիքին սկսած էր հո­­ղագոր­­ծութեան։ Դպրոց չէր կրցած եր­­թալ։

1939-ին երբ միամեայ Հա­­թայի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կը որո­­շէ Թուրքիոյ միանալ, Մու­­սա Լե­­րան հա­­յերը կը մտա­­հոգո­­ւին իրենց անվտան­­գութեան մա­­սին։ Կը լքեն դա­­րերէ ի վեր իրենց պատ­­կա­­­նող ար­­տերն ու պար­­տէզնե­­րը եւ կը գաղ­­թեն դէ­­պի Լի­­բանան։ Հայրս այդ ժամանակ 13 տա­­րեկան էր։ Աղ­­քա­­­տու­­թեան, թշո­­ւառու­­թեան զրկան­­քի տա­­րիներ էին։ Քե­­ռին որո­­շած էր մնալ հայ­­րե­­­նի երկրի վրայ։ Մինչ այդ գաղ­­թող բեռ­­նա­­­տար­­նե­­­րը դի­­տելու հա­­մար փո­­ղոց ելած քոյ­­րե­­­րը ամէն ինչէ ան­­տե­­­ղեակ ճամ­­բու եզ­­րին ձեռք կը շար­­ժէին գա­­ցող­­նե­­­րուն։ Այս կառ­­քե­­­րէն մէ­­կուն մէջ ճամ­­բորդող­­նե­­­րը «Այս աղ­­ջիկնե­­րը չթո­­ղենք թուրքե­­րուն» ըսե­­լով կը գրկեն ու իրենց հետ կը տա­­նին քոյ­­րե­­­րը։ Հայրս դառն իրո­­ղու­­թիւնը կ՚իմա­­նայ, երբ աշ­­խա­­­տան­­քէն կը վե­­րադառ­­նայ։

1939-էն ետք կա­­պը խզո­­ւած է քոյ­­րե­­­րոն հետ։ Այլսեւս բո­­լորո­­վին միայ­­նակ է այս աշ­­խարհի վրայ։ Տա­­րիներ կ՚անցնին, ինք կը մեծ­­նայ եւ ապա կը նշա­­նուի։ Սա­­կայն չար բախ­­տի բեր­­մամբ նշա­­նածը անակնկալ կեր­­պով կը հի­­ւան­­դա­­­նայ ու մա­­հանայ։ Մայրս կը վկա­­յէր թէ հօրս նշա­­նածը գիւ­­ղի ամե­­նագե­­ղեցիկ աղ­­ջիկնե­­րէն մէկն էր։ Նշա­­նածի մա­­հով ան­­գամ մը եւս կը ճա­­շակէ չար բախ­­տի ապ­­տա­­­կը։ Աւե­­լի ուշ կ՚ամուսնա­­նայ մօրս հետ ու մենք կը ծնինք։

Ման­­կութե­­նէն որ­­բա­­­նալը եւ քոյ­­րե­­­րէն բաժ­­նո­­­ւիլը խոր հետ­­քեր թո­­ղու­­ցին իր վրայ։ ընդհան­­րա­­­պէս չէր ժպտար։ 1973-ին երբ քոյ­­րե­­­րը անակնկալ կեր­­պով այ­­ցե­­­լեցին մեզ մեր տու­­նը դրախ­­տի վե­­րածո­­ւեցաւ։ Ման­­կութեան տա­­րինե­­րուն կորսնցու­­ցած քող­­րե­­­րուն 34 տա­­րի վերջ հան­­դի­­­պած էր։ Ես ալ հոն էի, բայց չեմ կրնար նկա­­րագ­­րել հան­­դիպման այդ պա­­հը։ Առանց բառ մը իսկ ար­­տա­­­սանե­­լու փաթ­­թո­­­ւած էին իրա­­րու եւ հեծկլտա­­լով կու­­լա­­­յին մեծ ու­­րա­­­խու­­թեամբ։ Առա­­ջին ան­­գամ կը տես­­նէի հօրս ար­­տա­­­սու­­գը։

Հայրս այդ աղ­­քա­­­տու­­թեան մէջ շո­­ւարած էր թէ ինչպէս հիւ­­րա­­­սիրէ քոյ­­րե­­­րը։ Խոյ մը մոր­­թեց, սե­­ղան­­ներ բա­­ցուե­­ցան՝ կեր ու խում, խինդ ու ծի­­ծաղ եւ ար­­տա­­­սուգ բո­­լորը իրար խառ­­նուած շատ շուտ սպա­­ռեցան հա­­շուած 15 օրե­­րը։ Նոյնպէս ան­­բա­­­ցատ­­րե­­­լի էր անոնց ետ­­դարձի պա­­հը։

Այս հանդտպւկմէն վերջ ան­­գամ մը եւս իրար չտե­­սան։ Նախ մեծ հօ­­րաք­­րոջս մա­­հուան լու­­րը հա­­սաւ։ Գլու­­խը ծրեց մե­­զի յայտնի չը­­րաւ ար­­ցունքնե­­րը։ Յե­­տոյ իմ հար­­սա­­­նիքի գի­­շերն էր հրա­­ւիրեալ­­նե­­­րէն մէ­­կը նա­­մակ մը եր­­կա­­­րեց հօրս Լի­­բանա­­նէն ղրկո­­ւած էր։ Ու­­րա­­­խացաւ։ Կար­­դամ ըսե­­լով ին­­ծի տո­­ւաւ նա­­մակը։ Այս ան­­գամ փոքր քրոջ մա­­հուան գոյ­­ժը կը պատ­­մէր եկող նա­­մակը։ Նա­­մակին հետ լու­­սանկար մըն ալ ղրկած էին։ Եր­­կու կաթիլ ար­­ցունք նկա­­տեցի աչ­­քե­­­րուն։ Խա­­ւարե­­ցաւ հարսնի­­քի ու­­րա­­­խու­­թիւնը։ Այդ գի­­շեր ընդմիշտ դէ­­պի աչ­­քե­­­րը ան­­հուն հա­­րած տա­­րուե­­ցաւ խոր յի­­շատակ­­նե­­­րու։

Ան բա­­ռին բուն իմաս­­տով բա­­նուոր մըն էր։ Հա­­ցը քա­­րէն հա­­նող­­նե­­­րէն։ Քար­­կոտ մըն էր, քա­­րի վար­­պետ մը։ Մեծ ձեռ­­քե­­­րովը կը տա­­շէր ձեւ կու տար ամե­­նաամուր քա­­րերուն իսկ։ Տու­­ներ կը սար­­քեր քա­­րով, պար­­տե­­­զի պա­­տեր։ Ցե­­րեկ­­նե­­­րը ու­­րիշնե­­րուն հա­­մար կ՚աշ­­խա­­­տէր իսկ գի­­շեր­­նե­­­րը իր տան հա­­մար։ Բա­­նուո­­րու­­թեան վաս­­տա­­­կով փոք­­րիկ պար­­տէզ մը եւ քա­­նի մը ոչ­­խար գնած էր։ Մենք ոչ­­խարնե­­րու հետ նոյն սե­­նեակը կը մնա­­յինք։ Սե­­նեակի մէջ­­տե­­­ղէն ցան­­կա­­­պատով մը բաժ­­նած էր ոչ­­խարնե­­րը մեզ­­մէ։

1997-ին գիւ­­ղի եկե­­ղեցին պի­­տի վե­­րակա­­ռու­­ցո­­­ւի։ Հայրս այ­­լեւս ծե­­րացած էր, բայց դուրսէն եկած վար­­պետներն ալ, երբ կար­­գը հա­­սաւ գմբէ­­թին «Մենք չենք կրնար գմբէթ սար­­քել» ըսե­­լով թո­­ղեցին գա­­ցին։ Հայրս դար­­ձեալ առաջ եկաւ եւ իր ցուցմունքնե­­րով երի­­տասարդնե­­րոն հետ կա­­ռու­­ցեց գմբէ­­թը։

Ան­­գամ մը գիւ­­ղի մէջ թա­­ղում կար, երի­­տասարդներս գա­­ցած ենք շի­­րիմը փո­­րելու։ Յան­­կարծ յայտնո­­ւած էր ժայռ մը, որը չենք կրցած կոտ­­րել։ Ճա­­րահատ հօրս դի­­մեցինք։ Իջաւ փո­­սը, նախ մաք­­րեց քա­­րին երե­­սը, զգու­­շօ­­­րէն երակ մը փնտռեց այդ ժայ­­ռին վրայ եւ այդ երա­­կը գտնե­­լէն վերջ ալ մուրճի ուժգին մէկ հա­­րուա­­ծով ժայ­­ռը բաժ­­նեց եր­­կուքի։

Փո­­թոր­­կոտ էր, կը հայ­­հո­­­յէր, կեան­­քը այդպէս ձե­­ւաւո­­րած է զինք։ Իսկ երբ առան­­ձին մնար մեղմ ու քնքուշ եր­­գեր կ՚եր­­գէր։ Ընդմիշտ աշ­­խա­­­տեցաւ մա­­հուան հետ հան­­դի­­­պումն ալ աշ­­խա­­­տան­­քի պա­­հուն եղած էր։ Սրտի յան­­կարծա­­կի կա­­թուա­­ծով մը հրա­­ժեշտ առաւ մեզ­­մէ։ Ես այ­­սօր իր տնկած ծա­­ռերու շու­­քին տակ անոր ճրա­­գը վառ պա­­հելով նոյն տխուր եր­­գե­­­րը կ՚երգեմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ