Պատերազմի անդրադարձը գրականութեան մէջ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պատե­­րազմնե­­­րը իրենց բնոյ­­­թին բեր­­­մամբ, հա­­­մապար­­­փակ պա­­­տումնե­­­րով կ՚անցնին պատ­­­մութեան էջե­­­րուն։ Կը խօ­­­սուի յաղ­­­թա­­­­­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու կամ պար­­­տութիւմննե­­­րու մա­­­սին։ Կը յի­­­շուին հրա­­­մանա­­­տար­­­նե­­­­­­­րը, անոնց քա­­­ջագոր­­­ծութիւննե­­­րը կամ ռազ­­­մա­­­­­­­վարա­­­կան յատ­­­կութիւննե­­­րը։ «Հա­­­նիպալ որ Քար­­­թա­­­­­­­ճան նո­­­ւաճեց, գո­­­նէ խո­­­հարար մը չու­­­նէ՞ր իր կող­­­քի­­­­­­­ն» կը հարցնէ անո­­­ւանի թա­­­տերա­­­գիր Պեր­­­թոլտ Պրեխտ։ Ո՛չ, պատ­­­մագրու­­­թեան մէջ կ՚ան­­­տե­­­­­­­սուին ան­­­հատնե­­­րը։ Չեն խօ­­­սուիր անոնց սխրանքնե­­­րը։ Քան­­­զի պատ­­­միչնե­­­րը հո­­­վանա­­­ւորող­­­նե­­­­­­­րը իշ­­­խաններն են, այլ ոչ անոնց քա­­­ղաքա­­­կան նկրտումնե­­­րուն հա­­­մար զո­­­հուած­­­նե­­­­­­­րը։

Ար­­­դա­­­­­­­րեւ պա­­­տերազմնե­­­րու բո­­­լոր մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րը, ան­­­կախ թէ յաղ­­­թա­­­­­­­կան տուն վե­­­րադար­­­ձան թէ պար­­­տո­­­­­­­ւած, եւ նոյ­­­նիսկ չար­­­ժա­­­­­­­նացան վե­­­րադառ­­­նալ, անխտիր հե­­­րոս­­­ներ են բո­­­լորն ալ։ Այդ առու­­­մով ալ ար­­­ժա­­­­­­­նի են պատ­­­շաճ յի­­­շատակ­­­ման։ Այդ պա­­­հուն գոր­­­ծի կը լծո­­­ւի գրա­­­կանու­­­թիւնը եւ կը վե­­­րաց­­­նէ հե­­­րոս­­­նե­­­­­­­րը ան­­­տե­­­­­­­սանե­­­լի դար­­­ձուցած քօ­­­ղը, ըն­­­թերցո­­­ղին կը մա­­­տու­­­ցէ ան­­­տե­­­­­­­սուած հե­­­րոս­­­նե­­­­­­­րու ամ­­­բողջու­­­թեան մէջ հա­­­մարո­­­ւած, հե­­­տեւա­­­բար աննկատ մնա­­­ցած իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր կեանք, երազ, յոյս ու հա­­­ւատ­­­քէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցած մար­­­դը։

Ար­­­ցա­­­­­­­խեան առա­­­ջին պա­­­տերազ­­­մի աւար­­­տին ինք եւս զի­­­նուո­­­րական Անդրա­­­նիկ Ար­­­շա­­­­­­­կեանն էր որ «Մահ չի­­­մացեալ մահ, մահ իմա­­­ցեալ ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թիւն» խո­­­րագ­­­րեալ երկհա­­­տորա­­­նի աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեամբ ըն­­­թըեր­­­ցո­­­­­­­ղին ներ­­­կա­­­­­­­յացուց ոչ միայն ռազ­­­մա­­­­­­­ճակա­­­տին ին­­­կածնե­­­րու, այլ իրենց սե­­­փական տան մէջ զո­­­հուած խա­­­ղաղ բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րու ող­­­բերգու­­­թիւնը։ «Երբ սկսայ այս աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան, մա­­­զերուս մէջ թել մը իսկ սպի­­­տակ չկար, աւար­­­տին բո­­­լորո­­­վին ալե­­­հեր էի» պատ­­­մած էր Ար­­­շա­­­­­­­կեան։ Անոր պա­­­տումնե­­­րը բո­­­լորո­­­վին վա­­­ւերագ­­­րա­­­­­­­կան բնոյթ ու­­­նէին։ Հե­­­ռու էին գրա­­­կան յու­­­զումնե­­­րէ, զգա­­­ցողա­­­կան ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րէ։

Այս պա­­­հուն մեր ձեռ­­­քին ու­­­նինք Ար­­­ցա­­­­­­­խեան մե­­­րօրեայ պա­­­տերազ­­­մին հա­­­տուա­­­ծային մէկ վկա­­­յագ­­­րութիւ­­­նը։ Լու­­­սի­­­­­­­նէ Աւե­­­տիսեանի խմբագ­­­րա­­­­­­­կան եւ հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­կան ջան­­­քե­­­­­­­րով լոյս տե­­­սած այս 80 էջա­­­նի գողտրիկ գիր­­­քին մէջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած են Հայ Միտ­­­քի Դպրոց հա­­­յագի­­­տական կեդ­­­րո­­­­­­­նի արեւմտա­­­հայե­­­րէնի դա­­­սըն­­­թացքի սա­­­ներուն պատ­­­մո­­­­­­­ւածքնե­­­րը։ Անոնք նիւթ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան 2020 թո­­­ւի ար­­­ցա­­­­­­­խեան պա­­­տերազ­­­մին հե­­­րոսա­­­կան, յու­­­զիչ, յի­­­շար­­­ժան ու նո­­­ւիրա­­­կան դրո­­­ւագ­­­նե­­­­­­­րը։

Լիանայ Գրի­­­գորեան, Ան­­­ժե­­­­­­­լա Մկրտի­­­չեան, Ին­­­գա Քա­­­լան­­­թա­­­­­­­րեանի մտայ­­­ղա­­­­­­­ցումնե­­­րը խմբագ­­­րած ու հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան պատ­­­րաստած է Լու­­­սի­­­­­­­նէ Աւե­­­տիսեան։

«Նոր Հե­­­րոսա­­­պատում» պատ­­­մո­­­­­­­ւածքնե­­­րու հա­­­ւագա­­­ծոյի կա­­­րեւոր յատ­­­կութիւնն է արեւմտա­­­հայե­­­րէնի դա­­­սական ուղղագ­­­րութեամբ մա­­­տու­­­ցումը։ Ան­­­շուշտ այստեղ կ՚ար­­­ժէ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել «գեր­­­դա­­­­­­­սական» եզ­­­րը, քա­­­նի որ ակ­­­նարկո­­­ւած ուղղագ­­­րա­­­­­­­կան կա­­­նոնը կը հա­­­ւակ­­­նի մես­­­րո­­­­­­­պեան գրե­­­լաոճի կի­­­րար­­­կումին։ Այս երե­­­ւոյ­­­թը բնա­­­կանա­­­բար աշ­­­խարհա­­­բառ եւ մա­­­նաւանդ ալ արե­­­ւելա­­­հայե­­­րէն ըն­­­թերցո­­­ղի մօտ պի­­­տի յա­­­ռաջաց­­­նէ ըն­­­կալման որոշ դժո­­­ւարու­­­թիւններ, որոնց հա­­­մար էջա­­­տակե­­­րուն տրո­­­ւած է լրա­­­ցու­­­ցիչ բա­­­ցատ­­­րութիւններ։ Եւ ոչ միայն այդքա­­­նը։ Գիր­­­քը մե­­­զի կ՚առա­­­ջար­­­կէ ծա­­­նօթա­­­նալ նոր բա­­­ռերու կամ կրճա­­­տումնե­­­րու։ Օրի­­­նակ կրնանք թո­­­ւել «ՃԱԾ»ը, որ կրճա­­­տումն է Ճեպ Ար­­­ձա­­­­­­­գանգ Ծած­­­կա­­­­­­­գիր բա­­­ցատ­­­րութեան, ու կը հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ qr-code դրու­­­թեան։ Այդ մի­­­ջոցաւ գիր­­­քը կը դառ­­­նայ նաեւ ձայ­­­նա­­­­­­­ւոր։

Լու­­­սի­­­­­­­նէ Աւե­­­տիսեան այս հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան մէջ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած է իր իսկ բա­­­ցատ­­­րութեամբ «Առաջ­­­նորդող սահ­­­մա­­­­­­­նումներ ի նպաստ դա­­­սական ուղղագ­­­րութեան կա­­­նոնարկման»։ Այս մա­­­սին ան բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կալից կեր­­­պով անդրա­­­դար­­­ձած էր «Երբ յայ­­­տա­­­­­­­ծուում է Մաշ­­­տո­­­­­­­ցեան տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւնը» գրքին մէջ, 2018-ին։ Այդ կա­­­նոնը կը մեր­­­ժէ գի­­­րերու գիւ­­­տէն դա­­­րեր անց մեր տա­­­ռերուն աւե­­­լացո­­­ւած «օ» եւ «ֆ» ձայ­­­նե­­­­­­­րը, նա­­­խապա­­­տուու­­­թիւն տա­­­լով գրա­­­բարեան «աւ» ին։ Կ՚ար­­­ժէ այս նիւ­­­թի շուրջ աւե­­­լի ծա­­­ւալուն կեր­­­պով խորհրդա­­­ծել, որուն հա­­­մար «Ակօս»ի յա­­­ջորդ թի­­­ւերուն մէջ արա­­­տայայ­­­տո­­­­­­­ւելու յօ­­­ժարու­­­թիւն յայտնած է նաեւ գրա­­­բառա­­­գէտ Լու­­­սի­­­­­­­նէ Աւե­­տիսեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ