Գործողութիւնը յաջողած, պատանդները մահացած

Նախորդ եր­­կուշաբ­­թի Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան ելոյթ ու­­նե­­­նալով կը խոս­­տա­­­նար չո­­րեք­­շաբթի օր ու­­րախ լու­­րեր փո­­խան­­ցել Թուրքիոյ հա­­սարա­­կու­­թեան։ Այդ պա­­հուն ոչ ոք գի­­տէր՝ թէ ինչ կրնայ ըլ­­լալ այս ու­­րախ լու­­րը։ Իսկ չո­­րեք­­շաբթի օր բարձրա­­խօս­­նե­­­րու դի­­մաց Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան յայ­­տա­­­րարեց կար­­ծես թէ սպա­­սուած աւե­­տիսը «Լու­­սին կ՚եր­­թանք» ըսե­­լով։ Ապա ման­­րա­­­մաս­­նեց Թուրքիոյ անջրպե­­տը նո­ւաճե­­լու ուղղու­­թեամբ մշա­­կած ծրա­­գիր­­նե­­­րը, այդ բո­­լորը կա­­պելով նաեւ տա­­րեթի­­ւերու։ Ըստ այդ աւե­­տիսին ար­­դէն շու­­տով պի­­տի ու­­նե­­­նայինք սե­­փական ու­­ժե­­­րով կա­­ռու­­ցո­­­ւած աստղա­­նաւ, որ լու­­սին վայ­­րէջք պի­­տի կա­­տարէ առանց աստղա­­նաւոր­­դի։ Իսկ 2023-ին թուրք աստղա­­նաւորդ մը ոտք պի­­տի դնէ լու­­սին։

Երկրի օրա­­կար­­վը զբա­­ղած էր նա­­խագա­­հի այս անսպա­­սելի լու­­րով, երբ վրայ հա­­սաւ Ըրա­­քի հիւ­­սի­­­սային հա­­տուա­­ծի քրտա­­կան ինքնա­­վար մար­­զի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած զի­­նեալ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան մը ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։ Ըստ փո­­խան­­ցո­­­ւած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու կա­­տարո­­ւածը պա­­տանդներ փրկե­­լու աշ­­խա­­­տու­­թիւն մըն էր, որ աւար­­տե­­­ցաւ 13 պա­­տանդնե­­րու մա­­հով։ Դար­­ձեալ ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հա­­մաձայն Թուրքիոյ օդա­­յին ու­­ժե­­­րը 42 կոր­­ծա­­­նիչ­­նե­­­րով ռմբա­­կոծած են տա­­րած­­քը եւ ապա յայտնա­­բերած են պա­­տանդնե­­րու դիերը։

Պե­­տական մար­­միննե­­րու յայ­­տա­­­րարու­­թեամբ պա­­տանդնե­­րը վեր­­ջին պա­­հուն սպան­­նո­­­ւած են զի­­րենք գե­­րավա­­րող ՓՔՔ-ի ահա­­բեկիչ­­նե­­­րու կող­­մէ։ Միւս կող­­մէ ՓՔՔ-ի շրջա­­նակ­­ներն ալ կը հեր­­քեն այս պնդու­­մը եւ կ՚ըսեն թէ պա­­տանդնե­­րը մե­­ռած են ռմբա­­կոծ­­ման հե­­տեւան­­քով։ Նոյ­­նիսկ ԱՄՆ Պետքար­­տուղա­­րու­­թիւնը յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ընե­­լով ըսած էր թէ եթէ ստու­­գո­­­ւի պա­­տանդնե­­րու ահա­­բեկիչ­­նե­­­րու կող­­մէ սպան­­նո­­­ւելու մա­­սին պնդումնե­­րը իրենք ամե­­նաբարձր կեր­­պով պատ­­րաս են մե­­ղադ­­րե­­­լու կա­­տարո­­ւածը։ Ան­­շուշտ այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը սառ ցնցու­­ղի ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ երկրի քա­­ղաքա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մօտ, որոնք ծան­­րօ­­­րէն դա­­տապար­­տե­­­ցին կա­­տարո­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը եւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու Ան­­գա­­­րայի ներ­­կա­­­յացու­­ցի­­­չը հրա­­ւիրե­­ցին Արտ Գործ Նա­­խարա­­րու­­թիւն այս մա­­սին պե­­տու­­թեան դժգո­­հու­­թիւնը յայտնե­­լու հա­­մար։

Նշենք որ Ճօ Պայ­­տը­­­նի ընտրու­­թե­­­նէն այս կողմ բա­­ւակա­­նին ցուրտ են Ան­­գա­­­րա-Ուա­­շինկդն յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը եւ առայժմ ապար­­դիւն կը մնան Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու այդ լա­­րուա­­ծու­­թիւնը մեղ­­մացնե­­լու ուղղեալ ջան­­քե­­­րը։ Պա­­տանդնե­­րը փրկե­­լու հա­­մար կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած գոր­­ծո­­­ղու­­թեան ձա­­խողու­­մը նաեւ փո­­թոր­­կեց ներ­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, քա­­նի որ ընդդի­­մադիր­­ներ կա­­տարո­­ւածի պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը կը բեռցնէ իշ­­խող կա­­ռավա­­րու­­թեան, իսկ ան ալ դար­­ձեալ չի վա­­րանիր այս խնդրի մէջ ալ ընդդի­­մադիր­­նե­­­րը մե­­ղադ­­րե­­­լու իր սո­­վորա­­կան ռազ­­մա­­­վարու­­թե­­­նէն։ Ան­­դին կը մնայ ցա­­ւալի այն իրո­­ղու­­թիւնը թէ զո­­հուած­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը մին­­չեւ այս օր կը պա­­հէին փրկու­­թեան յոյս մը եւ այդ յոյ­­սը ի սպառ վե­­րացաւ շնոր­­հիւ քա­­ղաքա­­կան այլ եւ այլ նա­­խասի­­րու­­թիւննե­­րու։ Այս հանգրուանին վեր­­լուծա­­բան­­ներու կար­­ծի­­­քով Էր­­տո­­­ղանի խոս­­տա­­­ցած աւե­­տիսը այս գոր­­ծո­­­ղու­­թեան յա­­ջողու­­թեամբ պսա­­կուե­­լու յոյ­­սով էր եւ ձա­­խողու­­թեան պա­­րագա­­յին վեր­­ջին պա­­հուն հնա­­րուած լուր մը ըլ­­լա­­­լով դի­­մեցին «Աստղ կ՚եր­­թանք» կար­­ծե­­­ցեալ լրա­­տուու­­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ