ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Դստիկոն

– Հո­րիզո­նական։ Չոր­րորդ տող։ «Յարկ»։ 7 գիր։ Դժո­ւար հար­ցում...։ Աս­պա­րէզ օրա­թեր­թի շա­բաթօ­րեայ խաչ­բառն է որ կը փոր­ձեմ լու­ծել։ Այս փոք­րիկ զբա­ղու­մը գի­շերա­յին ժա­մերուն իր սի­րահար­նե­րուն կու տայ ըն­տիր եւ հա­զուա­գիւտ բա­ռերու հան­դի­պելու քաղցր անակնկա­լը- «Յարկ»։ Եօթը տառ։ Ի՞նչ է ար­դեօք...։

Իս­կա­պէս դժո­ւար հար­ցում է ան, եթէ բիւ­զանդա­գէտ չէք, կա՚մ ծա­նօթ չէք հայ­կա­կան (կամ յու­նա­կան) հին մա­տենագ­րութեան։ Բա­րեբախ­տա­բար, երկրորդ քա­ռակու­սիին մէջ յայտնո­ւած է «ս» գի­րը, իսկ վեր­ջին եր­կու տու­փիկնե­րու մէջ ար­դէն կան «ո» եւ «ն»։ Անոնք կը յու­շեն պա­տաս­խա­նը- «Դստի­կոն»։ Ան­խուսա­փելիօրէն կը հարցնեմ. Հայ ըն­թերցո­ղը վեր­ջին ան­գամ ե՞րբ եւ ու՞ր հան­դի­պեցաւ անոր, կամ՝ ո՞վ գոր­ծա­ծեց զայն։ Մայ­րե­նիի յի­շողու­թիւնը մեզ կը տա­նի այն դա­րերը, երբ բըւ­զանդա­կան քա­ղաքա­շինու­թիւնը հայ­կա­կանին վրայ իշ­խե­լու եւ անոր բա­ռեր տրա­մադ­րե­լու յա­ւակ­նութիւ­նը ու­նէր։

«Դստի­կոն» գո­յակա­նը ու­նի յու­նա­կան ծա­գում- δίστεγον։ Կազ­մո­ւած է եր­կու բա­ռէ. «δίς» («դիս», երկրորդ) եւ στέγη («ստե­ղի», տա­նիք)։ ուստի ան կը նշա­նակէ «տան ծած­քը, վեր­նա­յարկ, վեր­նա­տուն, երկրորդ յարկ», թատ­րոննե­րու մէջ՝ երկրորդ յար­կի պատշգա­մը։ Մեր լե­զուին մէջ ու­նե­ցած է ընդհա­նուր իմաստ՝ «տան յար­կը, յար­կա­բաժին»։

«Դստի­կոն» բա­ռը նման է վեր­նա­տան մը։ Շատ չենք գոր­ծա­ծեր զայն (բա­ցառու­թիւն է Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը) ու շատ ան­գամ անոր մէջ կը պա­հենք հնու­թիւններ։ Այս ըն­տիր բառն ալ իր պատ­մութեան մէջ կը պա­րու­նա­կէ լե­զուա­կան ըն­տիր ար­ժէքներ։ Ժա­մանա­կակից հայ հե­ղինա­կը զայն կը գոր­ծա­ծէ երբ կը խօ­սին դա­սական աշ­խարհի մա­սին, կամ իր ստեղ­ծա­գոր­ծութեան կ՚ու­զէ հնա­դարեան բոյր մը տալ։ Ահա այսպէս է «դստի­կոն»ի գոր­ծա­ծու­թիւնը Բագ­րատ Այ­վա­զեանի «Աշոտ Եր­կաթ» վէ­պին մէջ (1894, Թիֆ­լիս), ուր դէպ­քե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան 10րդ դա­րու մէջ։ «Բզնու­նեաց [Վա­նայ]… ծո­վը հան­դարտ ծփում էր, նրա ալիք­նե­րը վա­զում էին առաջ ու մար­դու սրտի մէջ ցա­նում մի տե­սակ վշտի ու թախ­ծի սեր­մեր։ Այդ ժա­մանակ էր, որ Հե­ղինէն՝ Գա­գիկ ար­քա­յի դուստրը, նուրբ շղար­շը գցած ու­սին, դուրս եկաւ դստի­կոն եւ նա­յեց դէ­պի ծո­վը, դէ­պի հե­ռուում կա­պոյ­տին տո­ւող լեռ­նե­րը»։ Աշոտ թա­գաւո­րէն յե­տոյ Բզնու­նեաց ծո­վու ափե­րուն վրայ աշ­խարհ եկաւ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին։ Սուրբի «Մա­տեան Ող­բերգու­թեան» ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ «դստի­կոն» բա­ռը կը նկա­րագ­րէ այն մար­դոց, որոնք բնա­կարան­նե­րու վեր­նա­յար­կե­րը ապաս­տա­նած էին, որով­հե­տեւ մա­հը մտած էր քա­ղաք ու սկսէր էր բո­լորին հա­լածել. «Ոչ միայն զառ­միկս եւ զխառ­նի­ճաղանջս / այլ եւ զթա­գաւորս, հզօրս եւ ահա­գինս / Փա­խու­ցա­նեն, հա­նեն, տա­րագ­րեն / Ի դստի­կոն յար­կի ապա­րանիցն բարձրու­թեան / Եւ կամ ի բա­ցի բնա­կեցու­ցա­նեն»։ («Մա­տեան Ող­բերգու­թեան», բան ԿԹ.)

«Դստի­կոն»ը մեր լե­զուի լու­սանցքնե­րուն մէջ բնա­կու­թիւն գտած հիւր մըն է։ Բա­ւական ամօթ­խած՝ ան շատ չի խօ­սիր, ամէն տեղ երե­ւալ չի սի­րէր։ Փո­խանակ հե­տաքրքրո­ւած ըլ­լա­լու ներ­կա­յի ան­ցուդար­ձե­րով՝ կը նա­խընտրէ իր յի­շատակ­նե­րուն մէջ ամ­փո­փուած մնալ։ Ասոր հա­մար է, որ զայն կը տես­նենք 1985ին Երե­ւանի մէջ լոյս տե­սած «Դի­ցաբա­նական Բա­ռարան»ի մէջ, ուր կա­րօտով կը խօ­սի իր ան­ցեալէն յի­շատակ յու­շարձա­նի մը մա­սին, երբ կը ներ­կա­յաց­նէ Փոքր Ասիոյ Պեր­գա­մա քա­ղաքին մէջ կա­ռու­ցո­ւած Զեւ­սի զո­հարա­նը. «Մար­մա­րեայ զո­հարա­նը կա­ռու­ցո­ւել էր մ.թ.ա. 2րդ դա­րում։ 115 մար­մա­րէ սա­լերից բաղ­կա­ցած մեծ ֆրի­զից պահ­պա­նուել են մին­չեւ 50 աս­տո­ւած­նե­րի եւ նոյնքան գի­գանտնե­րի քան­դակներ։ 20 աս­տի­ճան ու­նե­ցող սան­դուղքը տա­նում է երկրորդ դստի­կոն, որ­տեղ գտնո­ւում է փոքր ֆրի­զը»։ Իսկ Մկրտիչ Աղաւ­նունին «Հա­յաս­տա­նի հին վան­քեր եւ եկե­ղեցի­ներ սուրբ երկրին մէջ» (Երու­սա­ղէմ, տպ. Սրբոց Յա­կոբեանց, 1931) աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ բա­ռը գոր­ծա­ծեց վանք մը նկա­րագ­րե­լու հա­մար. «Պա­տու­հաննե­րը կա­մարա­ձեւ են, սիւ­նե­րուն խո­յակ­նե­րը զա­նազան ձե­ւեր ու­նին։ Արե­ւելեան պա­տերն ամ­բողջ են. կողմնա­կի մա­սերը կը մնան։ Եկե­ղեցին՝ հա­մաձայն իր շի­նու­թեան, ժա­մանա­կին, կը թո­ւի թէ իր նա­ւին վրայ ու­նէր դստի­կոն մը»։

Իսկ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, այժմ կ՛ու­զէք լսել «դստի­կոն» բա­ռի հայ­կա­կան առա­ջին գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Եր­կու վկա­յու­թիւններ են անոնք, որոնք պա­հուած են Աս­տո­ւածա­շունչի Գործք Առա­քելոց գիր­քի մէջ։ Ահա այդ վկա­յու­թիւննե­րը. «Լո­ւացին զնա եւ եդին ի դստի­կոնի անդ», «Ան­կաւ յեր­րորդ դստի­կոնէն ի վայր»։ Հրա­չեայ Աճա­ռեանը հաս­տա­տած է, թէ բա­ռի փո­խառու­թիւնը թէեւ շատ հին է, սա­կայն տե­ղի չէ ու­նե­ցած Ս. Գիր­քի թարգմա­նու­թեան ժա­մանակ, քան­զի յու­նա­կան օրի­նակի մէջ «դստի­կոնէ բա­ռի տեղ կան այլ բա­ռեր։

«Դստի­կոն» բա­ռը ու­նի՞ ար­դիական գոր­ծա­ծու­թիւն։ Հա­զիւ մէկ հատ, ան ալ «Գրա­կանու­թիւն 8» դա­սագիր­քի մէջ, որ­պէս «հա­յերէ­նի քիչ գոր­ծա­ծուած բառ», աշա­կերտնե­րուն ուղղո­ւած «դժո­ւար» հար­ցում։ Լսե­ցէ՛ք ու­շադրու­թեամբ. «Ի՞նչ է նշա­նակում դստի­կոն»- Ա. Օձիք, Բ. Էժա­նագին զարթ, Գ. Վեր­նա­հարկ, վեր­նա­տուն, Դ. Սրբիչ։ Մա­տիտ­նե­րը ձգե­ցէք, ժա­մանա­կը լրա­ցաւ, հար­ցումին պա­տաս­խանն էր... «վեր­նա­տուն, վեր­նա­յարկ»։

Ըն­տիր գե­ղեց­կութիւն է «դստի­կոն» բա­ռի ներ­կա­յու­թիւնը հա­յոց լե­զուի մէջ։ Ինչպէս վեր­նա­տուն մը իր խորհրդա­ւոր մթու­թեան մէջ հե­տաքրքիր երե­խանե­րուն կու տայ ըն­տա­նեկան հնու­թիւններ յայտնա­բերե­լու առի­թը, նոյնպէս «դստի­կոն» բա­ռը ըն­թերցո­ղին կ՛ուղղէ հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան հա­զուա­գիւտ էջե­րը, զոր սա­կաւա­թիւ մար­դիկ կը հա­մար­ձա­կին թեր­թել։ Ուստի լաւ է ժա­մանակ առ ժա­մանակ բարձրա­նալ երկրորդ յարկ ու կա­տարել նո­րանոր գիւ­տեր։ Մնա­ցէք խա­ղաղ՝ մին­չեւ մեր յա­ջորդ գիւտը։