Ժամանակակից բանաստեղծը եւ ժամանակը. Պետրոս Հոկտանեան
«Իմ եւ քո արանքում
Մի երգ կայ.
Տիեզերք կայ
Իմ եւ քո արանքում…»
Պետրոս Հոկտանեան
Ժամանակակից հայկական պոէզիան վերջին ժամանակներուն կ՚ապրի էական վերաձեւաւորում։ Ան հեռացած է հռետորական պաթոսէն, մեծ նարատիվներէն եւ հաւաքական ձայնէն՝ աւելի ու աւելի կեդրոնանալով անհատի ներքին փորձառութեան եւ լեզուական խտութեան վրայ։ Այս փոփոխութեան ներսը կ՚առանձնանան հեղինակներ, որոնց համար պոէզիան ոչ թէ պարզապէս գրական ժանր է, այլ ինքնաճանաչման եւ ժամանակի հետ ներքին երկխօսութեան միջոց։ Այդ հեղինակներէն է Պետրոս Հոկտանեանը։
Ծնած է 1983 թուականին Երեւան։ Աւարտած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանը՝ ստանալով նկարիչ-մանկավարժի կրթութիւն։ Տեսողական մտածողութիւնը, կերպարային զգայնութիւնը եւ տարածութեան հետ աշխատելու կարողութիւնը զգալիօրէն ներգործած են անոր գրական լեզուի վրայ։ Գրել սկսած է դեռ պատանեկան տարիներուն։ Անոր ստեղծագործական ուղին ձեւաւորուած է աստիճանաբար։
Պետրոս Հոկտանեանի գրականութիւնը արդի հայ գրականութեան համատեքստին հանդէս կու գայ որպէս չհնչեցուած, բայց հաստատակամ ներկայութիւն։ Անոր պոէզիան չի ձգտեր աղմուկի կամ սիմվոլիկ բարդ կառուցուածքներու։ Այն յաճախ կ՚ընթերցուի որպէս ներքին խօսք։ Իսկ ահա անոր լեզուն դիտաւորեալ զերծ է հռետորական ծանրութենէն։ Ան կ՚աշխատի կարճ տողերով, պարզ բառերով, որոնք սակայն կը կրեն զգայական լիցք։ Պետրոս Հոկտանեանի հիմնական թեմաներն են՝ մարդը իր միայնութեան մէջ, ժամանակի անշրջելիութիւնը, սիրոյ եւ կորուստի միջեւ մշտական կապը ու ինքնութեան փխրուն զգացումը՝
«Որ կողմ նայում եմ՝ օտար դէմքեր են,
ոտնահետքեր են յաջորդող իրար,
օտարի՛ շուրթից հնչող երգեր են,
օտար մտքեր են՝ անմի՛տ ու տկա՛ր։
Որ կողմ նայում եմ՝ օտար շէնքեր են,
օտարազգիներ օտարաբարբա՛ռ,
տագնապ ներշնչող վարք ու բարքե՜ր են,
օտա՛ր կարգեր են ապրողիս համար։
Այսքանից յետոյ ես ո՞նց անթեղեմ,
ինձ ներսից կրծող ցաւն այս մոլագա՜ր,
էլ ի զօրու չեմ լռել, համբերել,
երբ ինքը՝ ցաւն է անգամ ինձ օտա՛ր»։
Կարեւոր է փաստն առ այն՝ այս թեմաները չեն ներկայացուիր որպէս գաղափարախօսութիւն, այլ որպէս ապրուած վիճակներ։ Հէնց այդ պատճառով անոր պոէզիան յաճախ կ՚ընկալուի ոչ թէ ընթերցուող, այլ ապրեցուող։ Պետրոսի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, դուրս գալով գրքային լռութենէն, շարունակած է իր կեանքը երաժշտութեան մէջ՝ դառնալով հայկական էստրադայի տարբեր երգիչներու ու երգչուհիներու կողմէ կատարուող երգերու խօսք։ Բաբկէն Չոպանեանի, Սամվէլ Թոփալեանի, Արման Նաւասարդեանի եւ այլոց ձայնով ու շնչով Պետրոս Հոկտանեանի գրական ստեղծագործութիւնները դարձուցած են կենդանի խօսք՝ դուրս բերելով անոնք գրքի լռութենէն եւ տեղափոխելով բեմի ու հանրային լսման տարածք։
Եթէ Պետրոս Հոկտանեանի պոէզիան մէկ զգացում ըլլար, ո՞րը կ՚ըլլար հարցին դերասան եւ ասմունքող Սամվէլ Թոփալեանը այսպէս պատասխանեց. «Հոկտանեանի պոէզիան կարօտի հետ կապուած զգացողութիւն է՝ կորուստի, կարօտի, սպասումի։ Այս թեւը կը բռնեմ, որովհետեւ իր պոէզիային երջանիկ պահերը կ՚ենթադրեմ՝ աւելի քիչ են, բայց ոչ փոքր։ Իսկ այդ երջանիկ պահերը եթէ անգամ քիչ են՝ անոնք շատ լիարժէք են։ Յամենայն դէպս, եթէ մի բառով ըսեմ՝ կարօտը կ՚ըլլայ»։
Հարցազրոյց Պետրոս Հոկտանեանի հետ
Ժամանակակից մարդը ձեր պոէզիայի մէջ սուբյե՞կտ է, թէ՞ վկայ։
Կախուած է այն հանգամանքէն, թէ ինչպէս կ՚ընկալուի իմ պոէզիան ընթերցողներուս կողմէ, այսինքն՝ եթէ ընթերցողը իմ տողերուն կը տեսնէ իրեն, կ՚ապրի նկարագրուած զգացումները, ապա ան սուբյեկտ է։ Եթէ ընթերցողը իմ տողերուն չի տեսներ իրեն, պատկերածս ապրումները չեն դպչիր հոգիին, կը նշանակէ, որ ան վկայ է՝ վկայ ուրիշի ապրումներուն։
Ինչպէ՞ս ժամանակը կը փոխէ բառի բարոյական պատասխանատուութիւնը։
Գիտէ՛ք, բարոյականութիւնը, անոր չափանիշները ամէն մէկուն համար, յատկապէս մեր օրերուն, տարբեր են, հետեւաբար ես չեմ կրնար բոլորի անունին տալ բարոյականութեան սահմանումը կամ առանձնացնել չափանիշները։ Մեր օրերուն անգամ խախտուած են, այսպէս կոչուած, բոլորի համար ընդունելի համարուող բարոյականութեան չափանիշները։ Ես ունիմ ինձ համար սահմանուած չափանիշներ, ունիմ բարոյականութեան սահմանումը ինձ համար, որոնք ժամանակի ընթացքին չեն փոխուիր, որովհետեւ անոնք ինձ համար կարմիր գծեր են, որոնց հատումը անթոյլատրելի է։ Այսպիսով, ես կը կրեմ պատասխանատուութիւն իմ բառի, արարքներու համար մշտապէս, ի դէպ, պատասխանատուութեան զգացումն ալ այսօր հազուադէպ հանդիպող բան է, ինչպէս կ՚ըսուի՝ «մարդիկ մոռցած են այս պարզ ճշմարտութիւնը…»։
Արդեօք ամէն ինչ կարելի՞ է գրել, եթէ պատրաստ ես անոր հետեւանքներուն։
Նայած, թէ դուք ի՛նչ նկատի ունիք ամէն ինչ ըսելով, բայց ես չեմ գրեր ուղղակի գրելու համար կամ ինչ-որ մէկուն ինչ-որ բան ցոյց տալու համար, ես կը գրեմ այն, ինչ կը զգամ, իսկ իմ զգացածը, չեմ կարծեր, թէ ինչ-որ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ որեւէ մէկուն համար։
Ի՞նչ կը կարծէք՝ կա՞յ ճշմարտութիւն, որուն գրականութիւնը իրաւունք չունի դպչելու։
Գրականութիւնը պէտք է խօսի միայն ճշմարտութեան լեզուով, բայց պարտադիր չէ, որ խօսի միայն ճշմարտութեան մասին, մեր կեանքը միայն ճշմարտութենէն բաղկացած չէ, չէ՞։ Գրականութիւնը՝ առանց կեղծելու, առանց արհեստականութեան պէտք է պատկերէ այն, ինչ բնորոշ է մարդուն ու կեանքին՝ կլոպալ առումով։
Գրող ըլլալը ձեզ համար ընտրութի՞ւն է, թէ՞ անխուսափելի վիճակ։
Արդէն ըսի, որ ես չեմ գրեր ինչ-որ բան ցոյց տալու համար, ես կը գրեմ զգացածս, հետեւաբար այն ինձ համար անխուսափելի վիճակ է։ «Գրող»-ը մասնագիտութիւն չէ, որ մեծնայի ու ընտրէի այդ «մասնագիտութիւնը»։
Արդեօք ստեղծագործողը դատապարտուա՞ծ է մինակութեան, թէ՞ ան պարզապէս այլ կերպ կը շփուի աշխարհի հետ։
«Եթէ մարդը տարբեր է, ապա դատապարտուած է միայնութեան։ Անոր հանդէպ դաժան են»,-կ՚ըսէ Օլտոս Հաքսլին իր «Չքնաղ նոր աշխարհ»-ի մէջ։ Ես ալ կ՚ըսեմ, որ բոլորս ալ մինակ ենք այս աշխարհին, որովհետեւ մարդիկ տարբեր են։ Աշխարհի հետ ամէն մէկը կը շփուի իր ձեւով՝ իր արժեհամակարգին, սկզբունքներուն, բարոյական նորմերուն համապատասխան։
Պոէզիան բացատրութի՞ւն կը պահանջէ, թէ՞ ներկայութիւն։
Ներկայութիւն։ Շատ պարզ պատճառով, որովհետեւ դուն չես կրնար բացատրել ուրիշի զգացածը։
Եթէ ունենայիք հնարաւորութիւն հանդիպելու մարդկութեան պատմութեան որեւէ պոէտի հետ՝ որո՞ւ հետ կ՚ուզէիք հանդիպիլ եւ ինչէն կը զրուցէիք անոր հետ։
Քանի որ իմ ձեռագիրը յաճախ կը նմանցնեն Համօ Սահեանի ձեռագրին, հէնց անոր հետ կը ցանկանայի հանդիպիլ, որ անոր կարծիքն ալ իմանայի այդ մասով։ Կը զրուցէինք բացառապէս մեր մասին։
Ձեր տեքստերուն յաճախ կը զգացուի ներքին խօսք, երբեմն՝ ցաւի սահմանին։ Ի՞նչն է ձեզ համար անկեղծութեան չափը։
Իմ համոզումով՝ ան չափ չունի, դուն կա՛մ անկեղծ ես, կա՛մ՝ չէ, միջին վիճակ չկայ։
Ո՞րն է տարբերութիւնը՝ գրելը թուղթի համար եւ գրել լսարանի համար։
Եթէ դուն կը գրես այն, ինչ կը զգաս, եթէ դուն կը գրես, որովհետեւ չես կրնար չգրել, չեմ կարծեր թէ այդ ժամանակ դուն կը մտածես՝ սա կը գրեմ թղթի, միւսը՝ լսարանի համար։ Ի հարկէ, կ՚ըլլան դէպքեր, երբ զգացածս կիսատ կը մնայ, չեմ կարողանար տալ լսարանին։
Ի՞նչ կը մաղթէք «Ակօս»-ի ընթերցողին։
Ողջախոհութիւն, ազնուութիւն, պատասխանատուութիւն եւ բարի ժամանց գիրքերու հետ։ Հնարաւորինս շատ ժամանակ անցկացրէք գիրքերու ու բնութեան հետ, շատ կարդացէք։
Ամփոփելով՝
Պետրոս Հոկտանեանը ներկայիս հայ գրականութեան փիլիսոփայական, զգայական կողմնորոշման գրող մըն է, որ մէկ խօսքով, մէկ լռութեամբ, մէկ յուզումով կը փորձէ ընկալել եւ փոխանցել մարդկային կեանքի որոշակի խորը հատուածները։

