արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը կորսնցուց իր կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկը
Մահ՝ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի
Կան դէպքեր, որոնք ծանրօրէն կը ցնցեն ամբողջ հաւաքականութիւն մը, բայց ժամանակի հոլովոյթով օրակարգի վրայ իրենց վիճակած առաջին գիծը հետզհետէ կը զիջեն այլ զարգացումներու։
Կան նաեւ դէպքեր, աւելի ճիշդ անձեր, որոնք շատ աւելի երկար կը պահեն այդ ցնցումը իրենց էութեան մէջ եւ չեն կրնար ձերբազատուիլ ինքնութիւնը պատած մղձաւանջէն։
Այդպէս եղած էր մեր ժամանակներու արեւմտահայերէն կարեւորագոյն բանաստեղծ բժիշկ Իգնա Սարըասլանի պարագային, Քովիտ 19-ի համավարակէն ետք։
Ան երկար ժամանակ ազդուեցաւ համավարակի օրերուն պարտադրուած տնային կալանքէն եւ պայմաններու բնականոնացումէն ետք ալ մերժեց փողոց դուրս գալ, ծայրայեղ զգուշութեան բերմամբ։
12 Փետրուարը իր ծննդեան օրն էր, 1945-ին եւ հազիւ երկու օր անց ան հրաժեշտ առաւ կեանքէն ու սիրելիներէն։ Թերեւս մահուան օրն ալ իր կարգին ունէր խորհրդանշական իմաստ, քանի որ կը զուգադիպէր Սուրբ Վալանթինի յիշատակման հետ։
Իգնա Սարըասլանի մահով արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը կորսնցուց իր կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկը, որ երկար տարիներ սատարած էր ընտիր բանաստեղծութիւններ տալով հայ ընթերցողին։
Արեւմտահայ գրողներու փաղանգի մը կրտսերագոյնը կը համարուէր, քանի որ իր գրչեղբայրները, ինչպէս կ՚ըսուի «Մարմարա»ի սոց ցանցային հրապարակումին մէջ, իբրեւ աշնան տերեւներ վաղուց իջած էին հող եւ այժմ կը շարունակուի տերեւաթափը եւ կու գայ անոնց միանալու 81-ամեայ երիտասարդ եղբայրը Հատտէճեանի, Ճիւմպիւշեանի, Զահրատի, Ֆըչըճըեանի եւ այլոց։
Իգնա Սարըասլանի կորուստը ծանր պիտի արժէ մերօրեայ գրասէրներու համար, մանաւանդ այն պահուն, երբ երկնակամարի վրայ չերեւիր զինք փոխարինող նոր անուններ։
Այս առիթիւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան Վարչութիւնը ցաւակցութեան նամակ մը ուղղարկեց.
«ՀԳՄ Վարչութիւնը խոր վշտով կը ցաւակցի պոլսահայ յայտնի սիրուած բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի մահուան կապակցութեամբ։ Ան պոլսահայ գրականութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն էր, որ իր իւրայատուկ մտածողութեամբ վառ գոյն էր առհասարակ սփիւռքահայ գրականութեան քարտէզին։ Անոր գրականութիւնը կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ գրականութեան սիրահարներուն»։

