«CALFA»-էն նոր ծրագիր
Փարիզի հայ սփիւռքի ժառանգութիւնը կը վերածուի թուային քարտէզի
Փարիզի սրտին մէջ գտնուող Սամուէլեան գրատան մամուլի արխիւները, որոնք հայ մշակութային ժառանգութեան կենսական յուշարձաններէն են, արհեստական բանականութեան (AI) միջոցաւ կը վերածուին թուային քարտէզսի։ «Calfa»-ն եւ իր գործընկերները թեւակոխած են նոր փուլ մը՝ բացայայտելու 20-րդ դարու Փարիզի հայկական խանութները, միութիւններն ու ընկերային կեանքը։
1930-ին հիմնադրուած եւ աւելի քան ութսուն տարի ուսումնասիրողներու, լրագրողներու եւ պատմաբաններու համար հանդիպման վայր ծառայած Սամուէլեան արեւելեան գրատունը (Librairie orientale Samuélian) այժմ թուային վերափոխման կիզակէտին կը գտնուի։ Սամուէլեան գրատան արխիւները թուայնացնելու ծրագիրը, որ սկսած էր 2024-ին, կ՚ընդլայնէ իր ծիրը՝ թուային քարտէզագրման միջոցաւ հետապնդելու հայկական հետքերը Փարիզի պատմական խճանկարին մէջ։
Թերթերու ծանուցումներէն դէպի քաղաքի թուային քարտէզ
Ծրագրին առաջին փուլով պահպանութեան տակ առնուած է 1920-էն 1975 թուականներուն հրատարակուած հայկական թերթերու հսկայական հաւաքածոյ մը՝ 10.000-էն մինչեւ 15.000 էջ ծաւալով։ Այս արխիւը, որ կը պարունակէ Ֆրանսայի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած աւելի քան 70 տարբեր անուն թերթեր, իր մէջ կը պահէ հայ սփիւռքի ընկերային եւ մշակութային յիշողութիւնը։
Այս թերթերը ընթերցելու ժամանակ «Calfa»-ի խումբը նկատած է միութիւններու, առեւտրային հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու մեծ թիւով հասցէներ։ Անոնք որոշած են այս տուեալները վերածել Փարիզի քարտէզի մը, որ ցոյց կու տայ այդ վայրերու փոփոխութիւնը ժամանակի ընթացքին։ Ծրագրին նոր՝ «Փարիզ» գլուխը կը նպատակադրէ ներկայացնել քաղաքին մէջ հայ համայնքի բնակութիւնն ու տնտեսական գործունէութիւնը՝ սկսեալ 20-րդ դարասկիզբէն։
Համագործակցութիւն «BnF DataLab»-ի եւ արհեստական բանականութեան հետ
Ծրագրին ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն ալ կը վերաբերի արհեստագիտական ոլորտին։ Կը մշակուի արհեստական բանականութեան (AI) յատուկ նախատիպ մը՝ արխիւներուն մէջ գտնուող ծանուցումները ուսումնասիրելու եւ պատմական հայկական առեւտրային հաստատութիւնները յայտնաբերելու համար։ Ընդառաջ այս աշխատանքին՝ գործընկերութիւն հաստատուած է Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի նորարարութեան բաժինին՝ «BnF DataLab»-ի հետ։
Արհեստական բանականութեան նախատիպը մեքենաբար պիտի վերլուծէ թերթերու էջերուն մէջ գտնուող ծանուցումները եւ, այդ տեղեկութիւններու լոյսին տակ, քարտէզագրէ 20-րդ դարու «Հայկական Փարիզ»-ը։ Այսպէսով, անցեալի դերձակները, տպարանները, բժշկական գրասենեակներն ու սրճարանները իրենց տեղը պիտի «վերա»գտնեն թուային միջավայրի մէջ։
Համագործակցութիւններ
Ծրագիրը կը միաւորէ գիտութեան եւ մշակոյթի աշխարհի կարեւոր հաստատութիւններ։ «Calfa»-ի գլխաւորած այս ծրագրին համագործակցողներն են՝ BnF (Ֆրանսայի Ազգային գրադարան), EPITA (LRE տարրալուծարան, «DECIDON» ծրագիր), Inalco (DALiH ծրագիր), Հայաստանի Ազգային գրադարան։
Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (Հայ համայնքներու բաժանմունք) եւ Սամուէլեան ընտանիքի արժէքաւոր աջակցութեամբ։
Ֆիզիքական քայքայումէն դէպի թուային հասանելիութիւն
Մօտ տասնամեակ մը առաջ Սամուէլեան գրատան փակումէն ետք, հոն գտնուող թերթերու հաւաքածոները սկսան ենթարկուիլ ժամանակի ազդեցութեան, իսկ որոշ փաստաթուղթեր դարձան չափազանց փխրուն՝ ձեռքով բռնելու համար։ Շնորհիւ «Calfa»-ի մշակած «Օփթիքական գիրերու ճանաչման» (OCR/HTR) բարձր ճշգրտութեան արհեսատգիտութեան՝ այս փաստաթուղթերը ոչ միայն կը փրկուին անհետացումէ, այլեւ կը վերածուին որոնելի եւ խմբագրելի թուային բնագրերու, բաց՝ ակադեմական հետազօտութիւններու։
Ստացուած տուեալները եւ թուայնացուած էջերը հասանելի պիտի դառնան ամբողջ աշխարհին՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի գլխաւոր գիտական գրադարանին (FSL) միջոցաւ։ Այսպէսով, 20-րդ դարու հայ սփիւռքի առօրեան եւ Փարիզի փողոցներուն վրայ անոր ձգած հետքերը պիտի փոխանցուին ապագայ սերունդներուն։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելեցէք «CALFA»-ի կայքէջը։

