PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ուրացող պետութիւնը

Հրանդ Տինքի դատավարութեան իւրաքանչիւր նիստ կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցի մը կը վերածուէր Պէշիքթաշի հրապարակին վրայ։ Զօրակցութեան համար դատարանի առջեւ եկողները յաճախ կը վանկարկէին՝ «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տայ»։ Ազգայնական շրջանակներու կողմէ սաստկութեամբ մերժուած կարգախօս մըն էր այս։ Անոնք յամառօրէն կը պնդէին որ պետութիւնը ոճիր չի գործեր։ Այդ նոյն շրջանակները այսօր ալ կը շարունակեն նոյն պնդումը, տեսնելով հանդերձ Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ ամէն օր պատահած սպանութիւնները։

Թուրքիոյ մէջ աւանդոյթ մըն է ուրացումը։ Ցեղասպանութիւն պիտի կատարէ, ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ պիտի ընէ իր բնօրրանէն եւ ապա փաստել պիտի ջանայ թէ ըրածը ցեղասպանութիւն չէ։ Տակաւին տարիքը չբոլորած մանուկներ, եօթամեայ, ութամեայ պատանիներ կամ եօթանասուն ամեայ տարեցներ պիտի սպաննէ ու ապա հեռուստաէքրաններով պիտի յայտարարէ թէ սպանուածները ահաբեկիչներ են։ Նոյնը պիտի ընէ լրագրողներու օրինակին ալ։ Բազմաթիւ լրագրողներ պիտի բանտարկէ ու ապա պիտի պնդէ թէ այս բանտարկուածները կը մեղադրուին ո՛չ թէ լրագրողութեան, այլ ահաբեկչութեան համար։

Երանի այս բոլորին պատահած պահուն մենք ականատեսներ չըլլայինք։ Այլ՝ օրինակի համար այս դէպքերը 100 տարուայ հեռաւորութիւնով մը դուրսէն դիտէինք ու ծիծաղէինք նման անիմաստ ուրացումին դէմ։ Ծիծաղէինք այդ ուրացումին հաւատացող տգիտութեան։ Ի՛նչ գիտնամ օրինակ նողկանքով խառն ծիծաղ մը դրօշմուէր շուրթերուն, երբ կարդայինք Գերմանիոյ Վարչապետ Մերքէլի կամ ԱՄՆ Նախագահ Օպամային յայտարարութիւնները։ «Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իրաւունք ունի» կ՚ըսեն անոնք առանց նկատի ունենալու Թուրքիոյ այժմու իշխանութեան մինչեւ կոկորդը ահաբեկչութեան ցեխին թաթխուած ըլլալու իրողութիւնը։ Այս ալ իր կարգին ուրացումի երեւոյթ մը չէ՞ միթէ։ Այդ քաղաքական գործիչներու վարած երկիրներուն մէջ հասարակական միտքը եւ մամուլը քաջ կը գիտակցին Թուրքիոյ մէջ եղած դարձածներուն։ Անոնք փաստացի տուեալներով իրենց ընթերցողներուն կը փոխանցեն Թուրքիոյ պետութեան հարեւան երկրի՝ Սուրիոյ մէջ միջամուխ եղած ահաբեկչութիւնը։

Ի զուր տեղ չէ որ կը պնդենք թէ ուրացումը աւանդութիւն ունի այս երկրին մէջ։ 17-25 Դեկտեմբերին թուարկուած դրամաշորթութեան գայթակղութիւնը մեծ ճարպիկութեամբ քօղարկուեցաւ նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Ոչ կօշիկի տուփերու մէջ դիզուած միլիոնաւոր տարադրամները, ոչ ննջասենեակներէն յայտնաբերուած դրամհամրիչ գործիքները, ո՛չ ալ Էրտողանի իր որդւոյն խուճապի մէջ հրահանգած «շուտ դրամները տունէն դուրս հանէ՛, հեռացո՛ւր» ազդարարութիւններու ձայնագրութիւնը փաստ համարուեցան։ Ընդհակառակը, այս բոլորը երեւան հանողները մեղադրուեցան կառավարութեան դէմ դաւադրութիւնով։ Նոյնը պատահեցաւ Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան (ՄԻԹ) բեռնատարերուն պարագային։ Դատախազներ յայտնաբերեցին թէ մարդկային օգնութիւն անուան տակ զէնք ու զինամթերք կը փոխանցուէր Սուրիոյ մէջ իշխանութեան դէմ ապստամբած արմատական իսլամներու դէմ։ Գողը անգամ մը եւս գողութեան պահուն բռնուած էր, բայց այնպիսի աղմկեց որ, զինք բռնողները բանտարկուեցան։

Այս համայնապատկերին մէջ երբեք զարմանալի չէ հեռուստաշօուի մը զանգահարելով Տիյարպէքիրի մէջ սպանուած մանուկներու համար գթութիւն պաղատողը հայրենադաւ համարուի եւ ենթարկուի դատական հարցաքննութեան։