ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հայերիս սրտերում կռունկը այլ՝ կարծես անբացատրելի տեղ մը ունի գրաւած։ Այս խոշորամարմին թռչունը յայտնի է իր 15 տեսակներով, որոնցմէ շուրջ երեքը Հայաստանում կը հանդիպին։ Ցաւօք՝ նրանց գոյութիւնն այսօր վտանգուած է. ճահիճներու չորացման եւ խոպան հողերու իւրացման պատճառով նրանց թուաքանակը խիստ կրճատուած է, եւ առանձին տեսակներ իսպառ անհետացման սպառնալիքի տակ կը գտնուին։
Հայերիս մօտ հինէն սովորութիւն կայ՝ կռունկ սպաննելը մեծ մեղք մըն է։ Կ՚ըսեն թէ երբ որսորդն իր հրացանը դէպի կռունկը կ՚ուղղէ, ան իսկոյն չքնաղ հարսի մը կը վերածուի՝ նորածին մանչը կրծքին։
Անշուշտ, որ այս պատկերը, որպէս պաշտամունքային մնացորդ, աղերս կը ձգէ Սուրբ Աստուածամօր կերպարին հետ։ Եւ, ինչպէս յայտնի է, Աստուածամօր կերպարն իր հերթին աղերսներ ունի Մայր դիցուհի Անահիտի հետ։ Այսօր արդէն անյայտ է թէ ինչպէս կը կապուէր կռունկի հաւանական պաշտամունքը Անահիտի պաշտամունքի հետ։ Բայց ահա հետաքրքիր աւանդազրոյց մը կռունկի մասին։
Վան քաղաքէն գրեթէ հինգ քիլօմեթր հարաւ փոքրիկ վանք մը կար։ Տեղադրուած լինելով լճափէն քիչ մը տարածութիւն այն կողմ՝ Ծվստան եւ Արտամետ գիւղերու միջեւ՝ այն վեր կը խոյանար բլրակի գագաթէն՝ տէր լինելով հիասքանչ տեսարանի մը։
Ծովահայեաց Սուրբ Աստուածածնայ կը կոչուէր այդ վանքը։ Ուսումնասիրողներու մի մասը կ՚ըսէ որ Աստուածամօր անունով վկայակոչուած վանքերէն ու եկեղեցիներէն մեծ մասը Անահիտ մայր դիցուհու տաճարներու հիմքին վերայ կառուցուած են։
Ծովահայեաց Ս. Աստուածածնան շինուած էր անտաշ քարէն, իր շուրջն ունէր պարսպաշար, որմէ ներս կար մէկ եկեղեցի եւ մէկ գաւիթ, շուրջը՝ քանի մը սենեակ։ Եկեղեցին ունէր երկու փոքր ու նեղ պատուհան եւ արեւմտեան կողմին դուռ մը, որ կը բացուէր գաւթի մէջ։
Գաւիթը, որի մէջ մկրտութեան աւազան կար, խիստ պարզ շինութիւն մըն էր, որ իւր փայտէ սիւներու տակ ունէր քարէ գեղեցիկ խարիսխներ, զոր մնացած էին հին շինութենէն։
Դեռեւս 1916-ին, երբ Լալայեան կը նկարագրէր վանքը, ըսած էր թէ որպէս վանքի շինութեան քար գործածուած տապանաքարի վրայ ՌԾԲ (1502) թուականը կայ՝ նշելով, սակայն, որ կառոյցը հազիւ երկու դարուայ պատմութիւն ունենայ։
Ծերունիները կ՚ըսէին, - կը շարունակէր Լալայեան, - Արտամետցի Դաւիթ եպիսկոպոս Նուրոյեանը եւ Պաղտասար վարդապետ Զերիֆեանը միասին մօտ մէկ ու կէս դար առաջ վերաշինած են այս եկեղեցին, որ մօտ երեք դար աւեր մնացած էր։ Եկեղեցին վերաշինուած էր նախկին առաքելաշէն տաճարի տեղում։
Ինչեւէ... Օր մը վանքի հնձուորներէն մին կը վիրաւորէ կռնկայ մը ոտքը։ Ճարահատեալ այն կը բերէ կու տայ վանահօր։ Բարեպաշտ վանահայրը կը հանդիմանէ հնձուորը, զի կռնկան վիրաւորել կամ սպաննելը մեծ մեղք է։ Վանահօր խնամքէն ետքը աս կռունկը կ՚ապաքինի, եւ վանահայրը նրան բաց կը թողնէ։
Օրեր կ՚անցնեն։ Անգամ մը վանահայրը պատարագ պիտի մատուցանէ, կը նայէ, որ գինի չկայ՝ ո՛չ վանքում, ո՛չ մօտակայքում։ Վանահայրը շուարած կը մնայ։
Անսպասելի կու գայ ծանօթ կռունկը եւ կտցում պահած երեք ողկոյզ խաղողը կու տայ վանահօր։ Վանահայրը կ՚օրհնէ կռնկանը, ողկոյզ մը կը ճմլէ եւ այդու պատարագ կը մատուցանէ, միւսը կը թաղէ խորանի սեղանի տակ, վերջինն ալ կը բաժնէ հիւանդներուն միջեւ, որք կ՚ուտեն եւ անմիջապէս կ՚ապաքինուեն։
Այս հրաշքէն ալ ամիսներ կ՚անցնին։ Անգամ մըն ալ՝ նորէն հունձի ժամանակ, դաշտում կաթսայի մէջը հնձուորներու համար մեծ ճաշ պատրաստելիս կ՚ըլլային։ Ահա կը տեսնան թէ իրենց բարեկամ կռունկը կաթսայի վերեւը անհանգիստ պտոյտ կու գայ, եւ ահա կայծակի պէս իրեն կը ձգէ կաթսայի մէջը։
Երբ նրան կը հանեն կաթսայի մէջէն, կը տեսնեն, որ այնտեղ մի աժդահայ օձ մտած է։ Այդժամ կը հասկնան, որ կռունկը տեսած էր օձը եւ այսոցիկ փորձած էր թունաւորուելուց փրկել հնձուորները։
Ահաւասիկ սիրելի կռունկի այս անձնուիրութիւնէն ետքը Ծովահայեաց Ս. Աստուածածնայ վանքը Կռնկան վանք վերանուանուած է։
...«Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ, Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս», - ականջիս կը հասնէ Վարդապետի անաղարտ ձայնը, եւ կը սահեն տողերը՝«Թողել եմ ու եկեր մըլքերս ու այգիս, Քանի որ ա՜խ կ՚անեմ, կու քաղուի հոգիս, Կռո՛ւնկ, պահ մի կացի՛ր, ձայնիկըդ ի հոգիս, Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս...»։ Եկո՜ւր, Կռո՛ւնկ, եկո՜ւր...