4Օգոստոսի երեկոյեան ժամերուն Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ ցնցուեցաւ աննախադէպ ուժգնութեամբ պայթումով մը։ Պայթումը այնքան ուժգին էր, որ զգացուեցաւ նաեւ հեռաւոր Կիպրոս կղզիի վրայ իսկ։ Հեռուստակայաններ երբ հաղորդեցին այդ պայթումի պահը, արդէն տեսարանը կը վկայէր կատարուածի սաստկութիւնը։ Արդարեւ շատեր կ՚ըսեն թէ պայթումէն ազդուած է մայրաքաղաք Պէյրութի տարածքին 60 տոկոսը։
Պայթումը տեղի ունեցաւ նաւահանգիստի շտեմարաններուն մէջ, ուր կայ նաեւ զանազան պայթուցիկ սարքեր, յատկապէս ռազմական նիւթերու շտեմարաններ։ Յաջորդ օրուայ տուեալներու համաձայն մահացողներու թիւը հարիւրէն աւելի է, իսկ վիրաւորեալները աւելի քան 4 հազար։ Չի բացառուիր, որ զոհերու թիւը ալ աւելի բարձրանայ մի քանի հարիւրի, քանի որ տակաւին կարելի չէ եղած աւերակի վերածուած շինութիւններու լիակատար խուզարկումը։ Մինչ այդ հիւանդանոց փոխադրուածներու մէջ ալ կան ծանրապէս վիրաւորուածներ։
Պայթումի պատճառի մասին զանազան կարծիքներ կամ վարկածներ կը շրջագայէն։ Առաջին հերթին բոլորին մտքին մէջ կար Իսրայէլեան յարձակումի մը վարկածը, քանի որ այս երկիրը տակաւին մքտ անցեալին սպառնալիքներ տեղացուցած էր Լիբանանի հասցէին։
Վարկած մըն է նաեւ պայթումին ելեկտրական խանգարումի մը հետեւանքով տեղի ունենալը։ Սակայն շատեր դիտելով կրկնակի պայթումները շատ ալ հաւանական չեն գտներ այս վարկածը։ Միւս կողմէ 7 Յուլիսին դատարանը վճիռ պիտի արձակէր նախագահ Հարիրիի սպանութեան նիւթին շուրջ։ Ոմանք վճռի նիստին եւ պայթումի միջեւ ալ զուգահեռներ կը կազմեն։ Սակայն հետզհետէ աւելի համոզիչ կը թուի ամոնիում սուլֆաթով բեռնաւորուած եւ Պէյրութի նաւահանգիսը լքուած նաւու մը պայթած ըլլալու վարկածը։
Պայթումը որքան ալ տեղի ունեցած ըլլայ ծովափնեայ շրջանը, վնասուած են նաեւ հայկական հաստատութիւնները։ Եկեղեցի, խմբագրատուն, դպրոց եւ ակումբ հայկական զանազան շինութիւններ նիւթական վնաս ապրած են պայթումի հետեւանքով։
Զոհերու կարեւոր մէկ մասը մահացած է իր տան մէջ։ Մեր ստացած տեղեկութիւններով ստուգուած է 6 հայերու մահացումը։ Իսկ վիրաւորեալներու մասին յստակ տեղեկութիւնները ներկայ պահուն կը բացակային։
Վնասուած կառոյցներէն մէկն է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքը եւ յարակից բաժինները։ Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց եկեղեցին եւ ապա փողոց ելլելով շփուեցաւ ժողովուրդին հետ, անոնց փոխանցելով իր հայրական բարեմաղթանքները։
Լիբանան արդէն վերջին ամիսներուն մատնուած էր քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի։ Պայթումը ալ աւելի մաշեցնող ազդեցութիւն ունեցաւ հասարակութեան հոգեբանութեան վրայ։
Երբ առաջին հերթին կը խօսինք զոհերու եւ վիրաւորեալներու մասին, պէտք չէ մոռնալ որ նաւահանգիստի այս կործանումով կրկնակիօրէն պիտի տուժէ երկրի տնտեսութիւնը։
Աշխարհի զանազան երկիրներ պայթումին եւ մարդկային զոհերու համար ցաւակցական պատգամներ փոխանցեցին երկրի իշխանութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մարդասիրական օգնութեամբ գոյացած աւերը թեթեւացնելու համար։
Այս առթիւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ալ ցաւակցութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի անձին մէջ բովանդակ Լիբանանահայութեան։ Հայաստանի կառավարութիւնը եւս խոստացաւ մարդասիրական օգնութիւն, թէ համայն Լիբանանի եւ թէ լիբանանահայ համայնքին։
Վնասուած ազգային կառոյցներու մէջ է Շաղզոյեան կեդրոնի շէնքը, ուր կը գտնուի ՀՅԴ կեդրոնական վարչութեան գրասենեակները, «Ազդակ» թերթի խմբագրատունը, Վանայ Ձայն ռատիօ կայանը։