Զեկոյց Ի Մասին Եկեղեցեաց Մէջ Արարողութեանց Կատարման

Ծանօթ է, թէ Քո­րոնա հա­մավա­րակի տա­րածու­մը կան­խարգե­լու նպա­տակաւ վեր­ջին ան­գամ կա­ռավա­րական որո­շու­մով հրա­պարա­կուած սահ­մա­նափա­կումնե­րը 17 Մա­յիս 2021, Եր­կուշաբ­թի, ժա­մը 05.00-էն սկսեալ են­թարկո­ւած են բա­րեփոխ­ման։ Այս առու­մով Պատ­րիար­քա­րանի Դի­ւանը Հո­գեւո­րակա­նաց Դա­սուն ու­ղարկած 17 Մա­յիս 2021 թո­ւակիր եւ 12611 հա­մար զե­կոյ­ցով հա­ղոր­դած էր Ն.Ա.Տ.Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Սրբա­զան Հօր տնօ­րինու­թիւննե­րը ի մա­սին եկե­ղեցի­ներու մէջ ժա­մեր­գութիւններ կա­տարե­լու եւ Սուրբ Պա­տարագ­ներ մա­տու­ցե­լու կա­պակ­ցութեամբ։

Վեր­ջերս առող­ջա­պահա­կան պա­տաս­խա­նատու մար­միննե­րու ցուցմունքնե­րուն ուղղու­թեամբ 31 Մա­յիս 2021 թո­ւին առ­նո­ւած պե­տական պաշ­տօ­նական որո­շումնե­րով նա­խապէս դրո­ւած սահ­մա­նափա­կումնե­րը վերստին են­թարկո­ւած են փո­փոխու­թիւննե­րու։ Հե­տեւա­բար Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան տնօ­րինու­թեամբ ստո­րեւի կէ­տերը կը յանձնուին մեր եկե­ղեցի­ներու հո­գեւոր հո­վիւ­նե­րուն եւ վար­չութեանց նկա­տառ­ման, առ ի գոր­ծադրու­թիւն։

1. Ընդհա­նուր գի­ծեր

Ծա­նօթ է, թէ առող­ջա­պահա­կան ու գի­տական մար­միննե­րու որո­շած կա­նոն­նե­րուն հնա­զան­դե­լու պայ­մա­նաւ ար­տօ­նուած է սրահ­նե­րու նման հան­րա­յին հա­ւաքա­կան ներ­կա­յու­թեան սահ­մա­նուած վայ­րե­րու օգ­տա­գործման պա­րագան՝ պայ­մա­նաւ որ գոր­ծա­ծուէին առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապեր (եիւզ մաս­քէ­սի) ու պա­հուէր ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թեան պայ­մա­նը։ Հա­կառակ այս բո­լորին, ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է նաեւ, թէ հա­մավա­րակը չէ վեր­ջա­ցած եւ մեր պաշ­տա­մունքը եւ այլ արա­րողու­թիւններ կը կա­տարո­ւին եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Առ այդ, նկա­տի ու­նե­նալով ֆի­զիքա­կան հե­ռաւո­րու­թեան պայ­մա­նը, եկե­ղեցի­ներէ ներս տա­րողու­թեան սահ­մա­նափա­կումներ կա­տարո­ւած էին նա­խապէս։ Այս կի­րար­կումը կը մնայ ան­փո­փոխ։

Այս առու­մով կ՚ապա­ւինինք մեր հա­մայնքի ան­դամնե­րու հաս­կա­ցողու­թեան։ Հար­ցը կա­պուած է հա­ւատա­ցեալ­նե­րու առող­ջա­պահու­թեան նկատ­մամբ մեր ու­նե­ցած լուրջ մտա­հոգու­թեան հետ։ Եկե­ղեցի­ներ ու դռնե­րը հարկ եղած կան­խազգու­շա­կան մի­ջոց­նե­րով իսկ բա­նալ չի նշա­նակեր թէ ո՚չ մէկ վտանգ գո­յու­թիւն ու­նի այ­լեւս, որ պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ նոր վա­րակումնե­րու։

2. Եկե­ղեց­ւոյ տա­րողու­թեան պահ­պա­նու­թեան մա­սին

Իւ­րա­քան­չիւր թա­ղային խոր­հուրդ պէտք է եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ հրա­պարա­կէ ֆի­զիքա­կան հե­ռաւո­րու­թիւնը ապա­հովե­լու նպա­տակաւ նա­խապէս կա­տարո­ւած սահ­մա­նափա­կումնե­րու ուղղու­թեամբ ճշդո­ւած տա­րողու­թեան թի­ւը։

Թա­ղային խոր­հուրդներ, կազ­մա­կեր­պիչներ պէտք է հար­կա­ւոր հսկո­ղու­թիւնը կա­տարեն ճշդո­ւած թի­ւերու պահ­պա­նու­թեան հա­մար։

Նաեւ Ս. Մկրտու­թեան, Ս. Պսա­կի խորհրդա­կատա­րու­թեանց եւ յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թեան տէ­րերը պէտք է նկա­տի ու­նե­նան սոյն հրա­պարա­կուած թի­ւերը։

3. Հա­ւաքա­կան պաշ­տա­մունքի մաս­նակցու­թիւն

Մեր հա­ւատա­ցեալ­նե­րը եկե­ղեցի­ներու ուխտի օրե­րուն կա­տարե­լի ժա­մեր­գութիւննե­րուն ու մա­տու­ցե­լի Սուրբ Պա­տարագ­նե­րուն կրնան մաս­նակցիլ վե­րոյի­շեալ կէ­տերուն հնա­զանդ մնա­լու պայ­մա­նաւ։

Կի­րակի օրեր՝ եկե­ղեցի­ներէն քա­լելու հե­ռաւո­րու­թեամբ բնա­կող հա­ւատա­ցեալ­ներ մա­տու­ցե­լի Սուրբ Պա­տարագ­նե­րուն կրնան մաս­նակցիլ դար­ձեալ վե­րոյի­շեալ կէ­տերուն հնա­զանդ մնա­լու պայ­մա­նաւ։

Բնա­կանա­բար եկե­ղեցի­ներ մեր հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն առ­ջեւ բաց կը մնան մո­մավա­ռու­թեան եւ ուխտի աղօթքներ կա­տարե­լու հա­մար։

4. Ս. Պսա­կի մա­սին

Եկե­ղեցի­ներուն մէջ Սուրբ Պսա­կի արա­րողու­թիւննե­րը կրնան կա­տարո­ւիլ ազ­գա­կան­նե­րու, ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու եւ բա­րեկամ­նե­րու մաս­նակցութեամբ, այն պայ­մա­նաւ որ նկա­տի առ­նո­ւին, եկե­ղեցի­ներէ ներս ֆի­զիքա­կան հե­ռաւո­րու­թիւնը ապա­հովե­լու նպա­տակաւ նա­խապէս կա­տարո­ւած տա­րողու­թեան սահ­մա­նափա­կումնե­րու պա­րագան։ Բաց աս­տի, պէտք է միշտ նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թիւնն ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը։

Խնդակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար դար­ձեալ կը թե­լադ­րո­ւի բա­ւարա­րուիլ լոկ ներ­կա­յու­թեամբ՝ հե­ռու մնա­լով ձեռ­նո­ւելէ։

5. Ս. Մկրտու­թեան մա­սին

Եկե­ղեցի­ներուն մէջ Ս. Մկրտու­թեան խորհրդա­կարու­թիւննե­րը կրնան կա­տարո­ւիլ ազ­գա­կան­նե­րու, ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու եւ բա­րեկամ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ, այն պայ­մա­նաւ որ նկա­տի առ­նո­ւին, եկե­ղեցի­ներէ ներս ֆի­զիքա­կան հե­ռաւո­րու­թիւնը ապա­հովե­լու նպա­տակաւ նա­խապէս կա­տարո­ւած տա­րողու­թեան սահ­մա­նափա­կումնե­րու պա­րագան։ Բաց աս­տի պէտք է միշտ նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թիւնն ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը։

Ս. Մկրտու­թեան պա­րագա­յին ծնող­ներ պէտք է նկա­տի ու­նե­նան, թէ մա­նու­կը ֆի­զիքա­պէս մօտ պի­տի ըլ­լայ քա­հանա­յին, կնքա­հօր ու կնքա­մօր, այ­սինքն հար­կադրա­բար խախ­տուած պի­տի ըլ­լայ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թիւն պա­հելու պայ­մա­նը։

Խնդակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար դար­ձեալ կը թե­լադ­րո­ւի բա­ւարա­րուիլ լոկ ներ­կա­յու­թեամբ՝ հե­ռու մնա­լով ձեռ­նո­ւելէ։

6. Յու­ղարկա­ւորու­թեանց մա­սին

Եկե­ղեցի­ներուն մէջ յու­ղարկա­ւորու­թեանց արա­րողու­թիւննե­րը կրնան կա­տարո­ւիլ ազ­գա­կան­նե­րու, ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու եւ բա­րեկամ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ, այն պայ­մա­նաւ որ նկա­տի առ­նո­ւին, եկե­ղեցի­ներէ ներս ֆի­զիքա­կան հե­ռաւո­րու­թիւնը ապա­հովե­լու նպա­տակաւ նա­խապէս կա­տարո­ւած տա­րողու­թեան սահ­մա­նափա­կումնե­րու պա­րագան։ Կը թե­լադ­րո­ւի, ցա­ւակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար բա­ւարա­րուիլ հե­ռակայ դրու­թեամբ կամ ներ­կա­յու­թեամբ միայն, հե­ռու մնալ նաեւ ձեռ­նո­ւելէ։ Նկա­տի ու­նե­նալով առող­ջա­պահա­կան ան­պա­տեհու­թիւնը, ար­տօ­նելի չէ ցա­ւակ­ցա­կան տո­մարի ար­ձա­նագրութիւ­նը ան­ձամբ կա­տարել (մա­տիտի ձեռ­քէ ձեռք պտը­տիլը), այլ՝ կազ­մա­կեր­պիչ հաս­տա­տու­թեան պաշ­տօ­նէին ձե­ռամբ։

Կու գանք մե­րազն հա­ւատա­ցելոց ազ­նիւ ու­շադրու­թեան յանձնել, թէ նոր զար­գա­ցումնե­րու լոյ­սին տակ կա­տարե­լի նոր տնօ­րինումներ կը յայ­տա­րարո­ւին ըստ կա­րեաց։ Կ՚աղօ­թենք որ Աս­տո­ւած իր հո­վանին ան­պա­կաս ընէ մեր բո­լորին վրա­յէն ու այս ար­տա­կարգ վի­ճակը իր վեր­ջը գտնէ եւ մենք վե­րագտնենք մեր բնա­կանոն հո­գեւոր կեան­քը շա­րու­նա­կել ըստ նա­խըն­թա­ցի։

Դի­ւան Պատ­րիար­քա­կան Աթոռոյ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ