Տպաւորութիւններ կանանց երկօրեայ համագումարէն

ԳԱՅՈՒՇ ՉԱԼԸՔՄԱՆ ԿԱՒՐԻԼՈՖ

Երկու տա­րի առաջ էր, երբ ըն­կերներ իմաց տո­­ւին թէ զիս ալ ու­­ղարկել կ՚ու­­զեն Պէյ­­րութ, Մի­­ջինա­­րեւել­­քի եւ Հիւ­­սի­­­սային Ափ­­րի­­­կէի Կա­­նանց Բ. Հա­­մագու­­մա­­­րին մաս­­նակցե­­լու հա­­մար։ Մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ ըն­­դա­­­ռաջե­­ցի այդ հրա­­ւէրին։ Առա­­ջին ան­­գամ 2013-ին, ճիշդ ալ «Կե­­զի» զբօ­­սայ­­գիի դէպ­­քե­­­րու նա­­խօրեակին Տի­­յար­­պե­­­քիրի մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած էր այս խո­­րագ­­րով հա­­մագու­­մար մը, որուն երկրորդ փու­­լին եւս մաս­­նակցե­­լու հրա­­ւէր կը ստա­­նայի։ Իս­­կոյն գրա­­դարա­­նէն վար արի Պէյ­­րութի վե­­րաբե­­րեալ բո­­լոր նիւ­­թե­­­րը եւ սկսայ յատ­­կա­­­պէս լի­­բանա­­նահայ պատ­­մութիւ­­նը ու­­սումնա­­սիրե­­լու կամ գո­­նէ վե­­րաքաղ մը ընե­­լու աշ­­խա­­­տու­­թեան։ Ապա վրայ հա­­սաւ պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակը, որու հե­­տեւան­­քով ան­­ցեալ մէկ ու կէս տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին քա­­նի մը ան­­գամ յե­­տաձ­­գո­­­ւեցաւ նա­­խագի­­ծը։ Լի­­բանա­­նի ներ­­քին ան­­կա­­­յու­­նո­­­թիւննե­­րու մէջ վեր­­ջա­­­պէս հա­­սաւ հրա­­ւէրի յստա­­կացու­­մը։ Թուրքիայէն գա­­ցող պա­­տուի­­րակու­­թիւնը նո­­ւազած էր 15-էն եօթ­­նի։ Նման կրճա­­տում եղած էր այլ եր­­կիրնե­­րու հա­­մար ալ, որուն պատ­­ճա­­­ռաւ փո­­խանակ 200-ի, 100 կի­­ներ հրա­­ւէր ստա­­ցան։

Մինչ այդ Պէյ­­րութէն իւ­­րա­­­քան­­չիւր օր կը ստա­­ցուէր «Այստեղ վի­­ճակ­­նե­­­րը շատ վատ են» ըսող լսումներ։ Միւս կող­­մէ ըն­­տա­­­նեկան ու ըն­­կերնե­­րու ան­­մի­­­ջական շրջա­­նակէն ալ կ՚են­­թարկո­­ւէի «Ի՞նչ գործ ու­­նիս, ին­­չո՞ւ կ՚եր­­թաս»ի նման ճնշումնե­­րու, որոնք մերթ ընդ մերթ կը պղտո­­րէին նաեւ վճռա­­կամու­­թիւնս։ Բայց վեր­­ջին պա­­հուն հրա­­ժարե­­լով անի­­րաւու­­թիւն ըրած պի­­տի ըլ­­լա­­­յի այսքան սուղ պայ­­մաննե­­րու տակ եր­­թա­­­լու իրա­­ւունքէն զրկո­­ւած ան­­ծա­­­նօթի մը հան­­դէպ։ Ոչ, ես այդ չէի, կա­­րելի չէր նման անի­­րաւու­­թիւն մը գոր­­ծել։

29 Յու­­լի­­­սին երես­­փո­­­խան­­նե­­­րէ, կու­­սակցու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան մէջ պար­­տա­­­կանու­­թիւն ստանձնած ըն­­կերնե­­րէ, ան­­կախ ֆե­­մինիստ գոր­­ծիչնե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խումբով մը ուղղո­­ւեցանք Պէյ­­րութ։

Յա­­ջորդ առա­­ւօտ ճշդո­­ւած ժա­­մուն մեկ­­նարկեց «Մի­­ջինա­­րեւել­­քի եւ Հիւ­­սի­­­սային Ափ­­րի­­­կէի Կա­­նանց Բ. Հա­­մագու­­մար»ը։ Կ՚ափ­­սո­­­սայի տես­­նե­­­լով թէ հա­­մագու­­մա­­­րի մաս­­նակցող միակ հայն եմ։ «Երա­­նի Հա­­յաս­­տա­­­նէն ալ պա­­տուի­­րակու­­թիւն մը ըլ­­լար» մտա­­բերած պա­­հուս նկա­­տեցի «Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան յե­­ղափո­­խու­­թիւնը պի­­տի իրա­­կանաց­­նենք կա­­նանց միաս­­նութեամբ» կար­­գա­­­խօսը, որ գրուած էր քրտե­­րէն, ասո­­րերէն, արա­­բերէն, պարսկե­­րէնի կող­­քին նաեւ հա­­յերէ­­նով։ Պա­­տին վրայ մայ­­րե­­­նիով գրո­­ւած մէկ նա­­խադա­­սու­­թիւնը իսկ բա­­ւական եղած էր զիս պա­­տող մե­­նակու­­թեան զգա­­ցու­­մի փա­­րատ­­ման։

Թէեւ հա­­մագու­­մա­­­րը կը կա­­յանար Պէյ­­րութ, բայց ինչպէս վե­­րոն­­շեալ վեր­­տա­­­ռու­­թիւնը, բազ­­մա­­­թիւ ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու մէջ նկա­­տելի էր թուրքիացի քիւրտ կա­­նանց քա­­ղաքա­­կան պայ­­քա­­­րի փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րու մէջ ձե­­ւաւո­­րուած փափ­­կանկա­­տու­­թիւնը։ Արա­­բական եր­­կիրնե­­րէ եւ Պարսկաս­­տա­­­նէ եկած կի­­ներու ելոյթնե­­րու հա­­սարա­­կաց եզ­­րը կը ձե­­ւաւո­­րուէր կրօ­­նական պար­­տադրանքնե­­րու տակ քա­­ղաքա­­ցիական հա­­մակար­­գի մը բա­­ցակա­­յու­­թեան վրայ։ Իսկ ֆե­­մինիստ առա­­ջարկնե­­րով ներ­­կա­­­յացող­­նե­­­րը, խնդի­­րը կնոջ իրա­­ւունքնե­­րու սահ­­մա­­­նու­­մով ըն­­կա­­­լող­­նե­­­րը ընդհան­­րա­­­պէս քիւրտ կա­­նայք էին։

Պա­­ղես­­տի­­­նի պա­­տուի­­րակու­­թեան սահ­­մա­­­նէն ետ ղրկո­­ւիլը ստո­­ւեր թո­­ղուց հա­­մագու­­մա­­­րին։ Կարգ մը եր­­կիրնե­­րէ եկած ատե­­նախօս­­ներ իրենց ելոյթնե­­րով եկած երկրի պե­­տական պաշ­­տօ­­­նակա­­տարի մը տպա­­ւորու­­թիւնը գո­­յացու­­ցին։ Ոմանք ալ տա­­րուած էին իրենց կրօ­­նական, դա­­ւանան­­քա­­­յին նա­­խապա­­շար­­նե­­­րով։ Այսպէս երբ կ՚ակ­­նարկո­­ւէր Իրա­­նի մէջ կնոջ իրա­­ւունքնե­­րու ոտ­­նա­­­կոխ­­ման նիւ­­թին, Հա­­րաւա­­յին Լի­­բանա­­նէն շիա կին մը կ՚առար­­կէր ըսե­­լով թէ Իրա­­նի կի­­ներու վա­­յելած ազա­­տու­­թիւնը Լի­­բանա­­նի մէջ երա­­զելն իսկ ան­­կա­­­րելի է։

Կի­­ներու պայ­­քա­­­րին հա­­մաշ­­խարհայ­­նացման ձօ­­նուած հա­­մագու­­մա­­­րի կա­­րեւոր բաց­­թո­­­ղումնե­­րէն մէկն ալ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի կա­­նանց բա­­ցակա­­յու­­թիւնն էր։ Կա­­րեւոր էր այս ներ­­կա­­­յու­­թիւնը, քա­­նի որ կնո­­ջական աշ­­խոյժ դի­­մադ­­րութե­­նէ զուրկ եւ իրա­­րու հա­­կադ­­րո­­­ւած եր­­կու պե­­տու­­թիւննե­­րու կի­­ներ, այս հա­­մագու­­մա­­­րով պի­­տի գտնէին երկխօ­­սու­­թեան դաշտ մը, որ նոյ­­նիսկ կրնար ճամ­­բայ բա­­նալ որոշ չա­­փով փո­­խըմբռման, եւ ին­չու չէ, նաեւ ապա­գայի բա­րեկա­մու­թեան մը առա­ջին քայ­լե­րուն։ Ան­շուշտ իմ այս տես­լա­կանը ներ­կայ պայ­մաննե­րու մէջ կա­րելի է անհնար ու երա­զային գտնել։ Բայց միշտ հա­ւատա­ցած եմ թէ այ­րիշխան յար­ձա­կողա­կան ոգին զսպե­լու կա­րող միակ ու­ժը կա­նանց միաս­նա­կան պայ­քարն է։

18 եր­կիրնե­րէ 100 կի­ներու մաս­նակցու­թեամբ կա­յացող հա­մագու­մա­րի աւար­տին որո­շուե­ցաւ ջան­քե­րը միաւո­րելու նպա­տակաւ հա­մագոր­ծակցու­թեան խա­րիս­խի մը կազ­մութիւ­նը։ Հա­մագու­մա­րի աւար­տա­կան յայ­տա­րարագ­րի մէջ կա­յացած որո­շումնե­րը Հիւլյա Օս­մա­նաղաօղ­լո­ւի թարգմա­նու­ղեամբ ձե­ւաւո­րուե­ցան հե­տեւեալ կեր­պով։

-Կը յայ­տա­րարո­ւի «Մի­ջինա­րեւել­քի եւ Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէի կա­նանց Ժո­ղովրդա­վարա­կան Հա­մագոր­ծակցու­թիւն»ի շու­տա­փոյթ հիմ­նադրու­մը։ Հա­մաշ­խարհա­յին մար­դու իրա­ւունքնե­րու ու ազա­տու­թիւննե­րու, ժո­ղովրդա­վարու­թեան եւ լրիւ հա­ւասա­րու­թեան հիմ­քե­րու վրայ հա­սարա­կու­թիւն մը ձե­ւաւո­րելու հե­ռան­կա­րով ռազ­մա­վարու­թիւն մը պի­տի մշա­կուի։

-Սոյն նպա­տակ­նե­րուն հա­մար վե­ցամ­սեայ աշ­խա­տաշրջա­նով շրջա­նային յանձնա­խումբ մը պի­տի կազ­մո­ւի։

-Կի­ները ստրկաց­նե­լու, վա­ճառե­լու, տգի­տու­թեան մատ­նե­լու, շա­հագոր­ծե­լու, աք­սո­րելու, բռնա­բարե­լու, մե­կու­սացնե­լու եւ նման յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու դէմ պայ­քա­րող բո­լոր կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու հետ շփման մի­ջոց­ներ պի­տի որո­նուին։

-Պայ­քար պի­տի մղո­ւի բռնա­տիրա­կան, այ­րիշխան հա­մակար­գե­րու կի­ները ան­տե­սող դիր­քո­րոշումնե­րուն դէմ։

-Յի­շատա­կել ազ­գա­յին խորհրդա­նիշ դար­ձած կի­ներու վաս­տա­կը։

-Զու­գա­հեռ­ներ կազ­մել շրջա­նային, ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։ Ցան­ցե­րու մի­ջոցաւ իրա­զեկել տա­րուած պայ­քա­րի ըն­ձե­ռած փոր­ձութիւննե­րը։

-Պայ­քա­րիլ կրօ­նական, գա­ղափա­րական կամ ազ­գա­յին ամէն տե­սակի չա­փազան­ցութեան դէմ։

Եր­կօ­րեայ հա­մագու­մա­րի աւար­տին սկսան իմ Պէյ­րութեան օրե­րը։ Նա­խապէս ալ, նիս­տե­րէ ետք ըն­կերնե­րով ելած գի­շեր­նա­յին պտոյտնե­րու ըն­թացքին նկա­տած էինք քա­ղաքը պա­տող սու­գի հո­գեբա­նու­թիւնը։ Տե­ղացի­ներու հան­դի­պիլ հա­մարեա ան­կա­րելի էր քա­ղաքին այն վայ­րե­րը, որոնք կը դի­տուէին իբ­րեւ զբօ­սաշրջա­կան գօ­տի։ Կը հան­դի­պէինք մարդկանց, որոնք մեզ նման կամ գոր­ծի բեր­մամբ, կամ ալ պար­զա­պէս զբօս­նե­լու նպա­տակով եկած են ընդհան­րա­պէս հա­րեւան եր­կիրնե­րէ։ Լի­բանա­նեան թղթադ­րա­մի ար­ժեզրկու­մը օտար երկրա­ցինե­րու հա­մար առիթ մը դար­ձած կ՚երե­ւի։ Տե­ղացին դէ­պի նա­ւահան­գիստ նա­յելով կ՚ապ­րի նա­խորդ Օգոս­տո­սի մեծ պայ­թումին սար­սա­փը։ Իսկ մենք, զբօ­սաշրջիկ­ներս՝ Ռաու­շէի ժայ­րե­րու տե­սարա­նով հրա­պու­րո­ւած, անընդհատ նկա­րուե­լով զբա­ղած ենք։

Կի­րակի օր հիւ­րա­նոցէն տե­ղափո­խուե­ցայ սի­րելի բա­րեկամ­ներս Սիլ­վա եւ Ալէքս Քէօշ­կե­րեան­նե­րու բնա­կարա­նը։ Ըլ­լայ իրենց հետ, ըլ­լայ Հաճ­նայ կամ Պուրճ Հա­մու­տի բա­րեկամ­նե­րուս մօտ լսե­ցի նոյն կամ նման մտա­հոգու­թիւններ։ Լսե­ցի «Քախ­րա­պա» եւ «Իշ­տի­րաք» բա­ռերը, որոնց իմաս­տը ըն­կա­լելն ան­գամ դժո­ւար էր ին­ծի հա­մար։ Մէ­կը կը մատ­նանշէր պե­տու­թեան մա­տակա­րարած ելեկտրա­կան հո­սան­քը, իսկ միւ­սը քա­ղաքա­ցինե­րուն իրենց մի­ջոց­նե­րով, կե­ներա­թորի դրու­թեամբ ար­տադրո­ւած հո­սան­քը։ Ըմ­պե­լի ջու­րի եւ դե­ղորայ­քի հա­սանե­լու դժո­ւարու­թիւննե­րու կող­քին յա­րատեւ դար­ձած սղա­ճը ալա­ւելի կը դժո­ւարաց­նէ Լիաբա­նանի ժո­ղովուրդի առօ­րեան։ 4 Օգոս­տո­սը Պէյ­րութի իմ վեր­ջին օրն էր, եւ նաեւ տա­րելի­ցը նա­խորդ տա­րուայ մեծ պայ­թումին։ Այդ նոյն օր Իս­րա­յէլ կրկին սկսած էր ռմբա­կոծել երկրի հա­րաւա­յին տա­րածքնե­րը։

Այս պայ­մաննե­րու մէջ շատ են ու­նե­ցածը ծա­խելով գաղ­թի ճամ­բան բռնած լի­բանան­ցի­ները։

Իսկ անոնց թո­ղած վայ­րե­րը փո­խադ­րո­ւող­նե­րը, ինչպէս յա­ճախ կը պա­տահի, փո­խանակ քա­րը քա­րին վրայ դնե­լու, ալա­ւելի կը քան­դեն ար­դէն եղածն իսկ։

Եթէ յի­շենք Պոլ­սոյ Կե­տիկ­փա­շա կամ Թար­լա­պաշը թա­ղամա­սերը, շատ աւե­լի յստակ կա­րելի է պատ­կե­րաց­նել Պէյ­րութի մէջ կա­տարո­ւածն ալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ