Նոր տարին դիմաւորել նոր գիրքերով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ուսուցչաց Հիմ­նարկը տա­րեվեր­ջի օրե­րուն թափ տո­ւած է իր հրա­տարակ­չա­կան գոր­ծունէու­թեան։ Այսպէս նա­խորդ տա­րուայ վեր­ջին օրե­րուն հիմ­նարկի մա­տենա­շարէն ­լոյս տե­սաւ շատ հե­տաքրքրա­կան հա­տոր մը, որ իր բնոյ­թով ար­ժա­նի է լուրջ ան­դրադար­ձի։ «Երեք Թա­տերա­խաղեր» անուն գիր­քը ըն­թերցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նէր Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի կող­մէ հա­յերէ­նի թարգմա­նուած երեք գոր­ծեր։ Հա­րոլտ Բին­թե­րի «Վա­րին­նե­րը», Միւրրէյ Շիս­կէ­լի «Վագ­րը» եւ Ուի­լեամ Սա­րոյեանի «Սիրտս Լեռ­նա­գաւառն է» թատ­րերգու­թիւննե­րը։

Նախ եւ առաջ պար­տինք նշել թէ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան հա­յերէն գրե­լու ձեռ­նարկած առա­ջին տա­րինե­րուն թարգմա­նած էր բազ­մա­թիւ գոր­ծեր, որոնք ու­շադրու­թեան կ՚ար­ժա­նանան իրենց բիւ­րա­հաղորդ ոճով։ Հատ­տէ­ճեանի գրչին իւ­րա­յատ­կութիւնն է այս, որու շնոր­հիւ անո­ւանի գրո­ղի ըն­թերցող­նե­րը կը վե­րածո­ւին մո­լինե­րու, որոնք ընդմիշտ կա­րօտը կը զգան ամե­նօրեանյ աղօթ­քի նման Հատ­տէ­ճեանի տո­ղերը կար­դա­լու։

Պար­տինք նշել որ գրա­կան աս­պա­րէզ մուտքի տա­րինե­րուն Հատ­տէ­ճեան ինք եւս հե­ղինա­կած էր զա­նազան թատ­րերգու­թիւններ, որոնց մէկ մասն ալ բե­մադ­րուած էին ան­ցեալին։

Երա­նի թէ բա­ցի թատ­րերգու­թիւննե­րէ վերստին վե­րահ­րա­տարա­կուին նաեւ Հատ­տէ­ճեանի արեւմտեան գրա­կանու­թե­նէ թարգմա­նած ար­ձակ գոր­ծե­րը եւս։ Այդ գոր­ծե­րէն այս պա­հուն կը յի­շեմ Շթե­ֆան Ցո­ւայ­կի «Ճատ­րակ Խա­ղացո­ղը» նո­րավէ­պը, որ մեծ հա­ճոյ­քով կար­դա­ցած էի տա­կաւին երի­տասար­դութեան տա­րինե­րուս։

Թրքա­հայ հրա­տարակ­չա­կան աս­պա­րէզին մէջ հան­րա­պետա­կան շրջա­նին ան­տե­սուած է թարգմա­նու­թիւննե­րը։ Թէեւ վեր­ջին տա­րինե­րուն հայ հե­ղինակ­նե­րու գոր­ծե­րուն թարգմա­նու­թեան առու­մով աշ­խուժա­ցում մը նկա­տելի է շնոր­հիւ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան, բայց դժո­ւար է նոյ­նը ըսել օտար լե­զու­նե­րէն դէ­պի հա­յերէ­նի թարգմա­նու­թիւննե­րու առու­մով։ Մինչդեռ ԺԹ. դա­րուն յատ­կա­պէս ալ զար­թօնքի շրջա­նին շատ լուրջ աշ­խա­տանք տա­րուած էր այդ ոլոր­տէ ներս։ Նոյ­նիսկ օրա­թեր­թեր թեր­թօ­նի ձե­ւով այդ աւան­դութիւ­նը շա­րու­նա­կեցին մին­չեւ քա­նի մը տաս­նեակ առաջ։

Թարգման­չա­կան գրա­կանու­թեան թե­րացու­մի ետին կայ նաեւ շատ հե­տաքրքրա­կան հա­կասու­թիւն մը։ Հայ ժո­ղովուրդը ամ­բողջ երկրա­գունդի տա­րած­քին իր մայ­րե­նիին զու­գա­հեռ կը տի­րապե­տէ նաեւ օտար լե­զուի մը եւ այս ալ կը նո­ւազեց­նէ թարգմա­նու­թեան կա­րիքը։ Վեր­ջա­պէս հա­յը իր ապ­րած երկրի մէջ դիւ­րաւ կրնայ հաս­նիլ իրեն ծա­նօթ լե­զուով մը գրո­ւած գրա­կանու­թեան, որու հե­տեւան­քով կը նու­ազի նաեւ թարգմա­նու­թեան կա­րիքը։ Այդ առու­մով ալ շա­հեկան է հիմ­նարկի այս հրա­տարա­կու­թիւնը, որ կու գայ կա­րեւոր բաց­թո­ղում մը վե­րաց­նե­լու։

Այս պա­հուն նշենք որ հիմ­նարկը վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց նաեւ Արամ Քամ­պուրեանի յու­շագրու­թիւննե­րու նոր հա­տոր մը՝ «Աշ­խարհի Չորս Ծա­գերէն»։

Դիւ­րին ար­տադրող հե­ղինակ մը ըլ­լա­լով Արամ Քամ­պուրեան իր ու­ղե­ւորու­թիւննե­րու տպա­ւորու­թիւննե­րը ընդմիշտ բաժ­նած է ըն­թերցող­նե­րուն հետ մա­նաւանդ ալ իր դա­սըն­կե­րոջ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի «Մար­մա­րա» թեր­թի սիւ­նակնե­րէն։ այս ներ­կայ հա­տորն ալ ան­ցեալին լոյս տե­սած այդ յօ­դուած­նե­րու գիր­քի մը կա­ղապա­րին մէջ վե­րար­տադրումն է։ Մե­զի հա­մար ու­րա­խալի է Նոր Տա­րուայ առա­ջին օրե­րէն սկսեալ նոր հրա­տարա­կու­թիւննե­րու մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւելու առիթ ու­նե­նալու երե­ւոյ­թը։ Հե­տաքրքրա­կան հա­կասու­թիւն մըն է, այն երե­ւոյ­թը երբ հրա­տարա­կու­թեան դժո­ւարու­թիւննե­րու ալ աւե­լի զգա­լի դար­ձած օրե­րուն ակա­նատես կ՚ըլ­լանք հրա­տարակ­չութեան թափ ստա­նալու ու­շագրաւ երե­ւոյ­թին։ Կ՚երե­ւի այս ալ գրատ­պութեան դժուարու­թիւննե­րու դէմ պայ­քա­րելու յա­տուկ երե­ւոյթնե­րէն մէկն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ