Ճանչնանք մեր բառերը (2)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

2. Ափ եւ ափն

Սկսե­­­լու հա­­­մար ըսեմ, որ ար­­­դի հա­­­յը հա­­­զիւ թէ գիտ­­­նայ, որ մենք ու­­­նե­­­­­­­ցած ենք եւ ու­­­նինք իրա­­­րան­­­ման եր­­­կու տար­­­բեր բա­­­ռեր։ Հայր Կռա­­­նեանը, օրի­­­նակ, կը ճանչնայ մէկ ափ, որ խառն ի խուռն եւ հա­­­ւասա­­­րապէս կը նշա­­­նակէ՝ «ձեռ­­­քի մէ­­­ջը, բուռ, եզերք»։

Մինչդեռ՝

--Մէ­­­կը՝ ափ է, որ թա­­­թի մատ­­­նե­­­­­­­րուն մի­­­ջեւ գտնո­­­ւող տա­­­փարակ մասն է, որ տե­­­ղին հա­­­մեմատ կը կո­­­չուի նաեւ բուռ. «ափ մը ցո­­­րեն» կամ «բուռ մը ցո­­­րեն» նոյ­­­նա­­­­­­­նիշ են. ֆրա­­­սերէն՝ paume, անգլե­­­րէն՝ palm, իտա­­­լերէն՝ palmo։

Այս նշա­­­նակու­­­թեան հե­­­տեւո­­­ղու­­­թեամբ յա­­­ռաջա­­­ցած են հե­­­տեւեալ բա­­­ռերը.

ափի­­­բերան – որ կը նշա­­­նակէ զար­­­մա­­­­­­­ցած, պա­­­պան­­­ձած։

ափ­­­յա­­­­­­­փոյ – որ կը նշա­­­նակէ հա­­­րեւան­­­ցի, վեր ի վե­­­րոյ, հապ­­­ճեպ. արե­­­ւելա­­­հայե­­­րը կ’ըսեն՝ ձե­­­ռաց, արա­­­բերէնն ու թրքե­­­րէնը՝ հա­­­յալ­­­լա։

ափա­­­չափ – ափի մը չա­­­փով, ծա­­­ւալով. ասոր բար­­­բա­­­­­­­ռային ձեւն է՝ ափ­­­չաք։

--Իսկ միւ­­­սը՝ ափն է, որ կը նշա­­­նակէ եզերք, մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­բար ջրա­­­յին տա­­­րածու­­­թեան մը. օրի­­­նակ՝ ծո­­­վուն ափը, այ­­­լեւ գե­­­տին, ու­­­րեմն՝ ծո­­­վափ(ն) եւ գե­­­տափ(ն). ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը՝ գե­­­տափ­­­նեայ, ծո­­­վափ­­­նեայ։

Նաեւ ծայ­­­րա­­­­­­­մաս, օրի­­­նակ՝ փո­­­սի, ձո­­­րի, ջրհո­­­րի. «Առ ափն ջրհո­­­րին» կը նշա­­­նակէ ջրհո­­­րին եզեր­­­քը։ Այ­­­լեւ՝ հե­­­ռաւոր, ան­­­ծա­­­­­­­նօթ, խորթ տա­­­րածքներ, ինչպէս՝ «օտար ափեր»

Այս ար­­­մա­­­­­­­տէն յա­­­ռաջա­­­ցած է քա­­­րափ(ն), որ կը նշա­­­նակէ պար­­­զա­­­­­­­պէս ժայռ, նաեւ՝ գե­­­տի կամ ծո­­­վու եզեր­­­քին կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած քա­­­րային տա­­­րածու­­­թիւն, ուր կը հա­­­ւաքո­­­ւին նա­­­ւէն իջ­­­նողնե­­­րը կամ նաւ բարձրա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը, եւ կը կու­­­տա­­­­­­­կուին ներկրե­­­լի կամ ար­­­տակրե­­­լի ապ­­­րանքնե­­­րը։

***

Գրա­­­բարի մէջ այս եր­­­կուքը յստա­­­կօրէն կը զա­­­նազա­­­նուէին. այսպէս՝

--ափ -ափոյ -յա­­­փէ -ափով. ափք -ափոց -յա­­­փոց -ափովք (ափօք)։--ափն-ափան-յա­­­փանէ-ափամբ. ափունք-ափանց-յա­­­փանց-ափամբք։

Աշ­­­խարհա­­­բարի մէջ ափն կորսնցու­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­լով բա­­­ռավեր­­­ջի «ն» բա­­­ղաձայ­­­նը, եր­­­կուքը ձե­­­ւով նոյ­­­նա­­­­­­­ցած են եւ հա­­­ւասա­­­րապէս կու տան՝ --ափ-ափի-ափէ-ափով. ափեր-ափե­­­րու-ափե­­­րէ-ափե­­­րով։

Ձե­­­ւի եւ հո­­­լով­­­նե­­­­­­­րու նոյ­­­նա­­­­­­­ցումն ալ պատ­­­ճառ դար­­­ձած է, որ կա­­­մաց-կա­­­մաց աղօ­­­տի ասոնց իմաս­­­տա­­­­­­­յին տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը, եւ շփո­­­թուին եր­­­կու բա­­­ռերը ու ըն­­­կա­­­­­­­լուին իբ­­­րեւ մէկ բառ։

«Ափ­­­ն» ձե­­­ւը պա­­­հուած է միայն գե­­­տափ­­­նեայ եւ ծո­­­վափ­­­նեայ ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ