Փարիզ կ՚արտաքսէ երկու ատրպէյճանցի դիւանագէտներ

Հակա­դար­ձե­լով եր­կու ֆրան­սա­ցի դի­ւանա­գէտ­ներ ար­տաքսե­լու՝ Պա­քուի որո­շու­մին, Փա­րիզ որո­շեց եր­կու ատրպէյ­ճանցի դի­ւանա­գէտ­ներ ար­տաքսել Ֆրան­սա­յէն։

Յի­շեց­նենք, որ Պա­քու Ֆրան­սա­յի դես­պա­նատան անձնա­կազ­մի եր­կու ան­դամներ «ան­բաղձա­լի ան­ձեր» յայ­տա­րարած էր՝ պնդե­լով, որ անոնք «իրենց դի­ւանա­գիտա­կան կար­գա­վիճա­կին չհա­մապա­տաս­խա­նող, 1961ի Վիեն­նա­յի հա­մաձայ­նա­գիրին հա­կասող գոր­ծունէու­թիւն» կը ծա­ւալեն։

«Փա­րիզ կտրուկ կեր­պով կը հեր­քէ Ատրպէյ­ճա­նի՝ իր որո­շու­մը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ներ­կա­յացու­ցած մե­ղադ­րանքնե­րը ֆրան­սա­ցի դի­ւանա­գէտ­նե­րուն վե­րաբե­րեալ, որոնք այսպէս կ՛ամ­բաստա­նուին առանց լրա­ցու­ցիչ ման­րա­մաս­նութիւննե­րու», ըսո­ւած է Ֆրան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան հրա­պարա­կած մամ­լոյ հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։

Ֆրան­սա­յի մօտ Ատրպէյ­ճա­նի դես­պա­նը կան­չո­ւեցաւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւն, ուր անոր տե­ղեկա­ցու­ցին փո­խադարձ ար­տաքսման որո­շու­մին մա­սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ