Ասուլիս եռակողմ ձեւաչափով

23Ապրիլ երեքշաբթի երեկոյ, ՏԵՄ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի Բանկալթըի մեթրօկայանի մուտքին կազմակերպած աւանդական յիշատակումէն ետք նոյն թաղի «Նոսթալժի» գրախանութի մէջ կայացաւ 109-ամեակի ձօնուած միջոցառումը։

Այստեղ պատմաբան Թաներ Աքչամ, Բանուորներու Սոցիալիստական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Թունա Էրմեն եւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան զեկոյցներով ներկայացան ունկնդիրներուն։

Թաներ Աքչամ ծանօթացուց «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն նոր լոյս տեսած Արամ Անտոնեանի «Մեծ Ոճիր» անուն գիրքի թրքերէն առաջին թարգմանութիւնը, որ ընթերցողին կը ներկայանայ օսմաներէն՝ «Ճիւրմիւ Ազամ» խորագրով։ Փաստագրական տուեալներով հարուստ այս գիրքը քննարկման նոր ալիք մը պիտի յառաջացնէ ցեղասպանագիտական դաշտի վրայ։

Թունա Էրման եւ Բագրատ Էսդուգեան անդրադարձան ցեղասպանութեան մերօրեայ դրսեւորումներուն, յատկապէս ալ համաշխարհային հասարակութեան, ի մասնաւորի ՄԱԿ-ի անբաւարարութիւններուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ