«Փաշինեան գիտէ սխալներէն դաս քաղել»

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

1991-1997 թո­ւական­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի աւագ խորհրդա­կան, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րի գլխա­ւոր օգ­նա­կան եւ Ազ­գա­յին անվտան­գութեան խոր­հուրդի քար­տուղա­րի պաշ­տօննե­րը վա­րած Ժե­րար Ժ. Լի­պարի­տեան «Հա­յաս­տան-Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւններ» վեր­նագրով գիր­քի թրքե­րէն հրա­տարա­կու­թեան առի­թով Իս­թանպուլ ժա­մանեց:

Մա­յիս 17-ին, Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ զրոյ­ցի մը մաս­նակցող Լի­պարի­տեանի հետ իրա­կանա­ցու­ցած իմ եր­կար հար­ցազրոյ­ցիս առա­ջին մա­սը կը բաժ­նեմ «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն հետ:

Ձեր կար­ծի­քով ին­չո՞ւ Թուրքիա-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կա­նոնա­կանաց­ման գոր­ծընթա­ցը դան­դաղ կ'ըն­թա­նայ: Գոր­ծընթա­ցի ո՞ր կէ­տին վրայ կը գտնո­ւինք ճիշդ:

Կը կար­ծեմ որ ընդհա­նուր առ­մամբ եր­կու կող­մերն ալ հա­մաձայ­նած են, որ նոր­մա­լաց­ման կամ կա­նոնա­կանաց­ման ար­գելք չկայ ինքն իր մէջ։ Ինչ որ կը վե­րաբե­րի Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ դիր­քո­րոշու­մին։ Կը կար­ծեմ որ այ­սօր քիչ մը աւե­լի քան նոյ­նիսկ եր­կու տա­րի առաջ Թուրքիան նոյ­նիսկ իրեն հա­մար դրա­կան կը նկա­տէ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւնը։ Սա ամե­նակա­րեւոր հար­ցը չէ։ Դեռ այնքան ու­րիշ հար­ցեր կան, բայց Թուրքիոյ հա­մար կա­րեւոր է։

Միւս կող­մէն կը մնայ Թուրքիա- Ատրպէյ­ճան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, որ այնտեղ ե՛ւ անձնա­կան յա­րաբե­րու­թիւններ կան ղե­կավար­նե­րու մի­ջեւ ե՛ւ ցե­ղային կա­պերը կան ե՛ւ կան կա­պեր, որոնք սթրա­թեժիկ իմաստ ստա­ցած են, նե­րառեալ ու­ժա­նիւ­թի հար­ցեր եւ այլն։

Ընդհան­րա­պէս 1993 Ապ­րի­լէն ի վեր գոր­ծընթացը կա­պուած է Ղա­րաբա­ղի հար­ցին։ Փաս­տօ­րէն կրնամ ըսել 1992–ի ամա­ռը եկան եւ հա­մաձայ­նե­ցանք որ փրո­թոքոլ պի­տի պատ­րաստենք։ Ես պա­տաս­խա­նատու էի Հոկ­տեմբեր 1992-ին եւ մին­չեւ Փետ­րո­ւար երեք ան­գամ եկայ։ Մենք փրո­թոքո­լը պատ­րաստած էինք, բա­ցի մէկ նա­խադա­սու­թե­նէ, որ ար­դէն ստո­րագ­րո­ւի ու նոր­մա­լանայ մեր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Այն ժա­մանակ մէկ հարց կար, ան ալ պի­տի լու­ծէինք։ Բայց Ղա­րաբա­ղի հար­ցը քիչ մը ծան­րա­ցաւ, երբ Լա­չինէն դուրս հայ­կա­կան ու­ժե­րը Քել­պա­ճարը առին, Թուրքիան ըսաւ որ այդ ար­դէն քիչ մը շատ է։

Վար­չա­պետ Տե­միրե­լը այն ատեն յայ­տա­րարեց որ չի կրնար շա­րու­նա­կել բա­նակ­ցութիւննե­րը։ Այն ատեն Թուրքիան եւ­րո­պական ցո­րեն կը փո­խադ­րէր Հա­յաս­տան օրա­կան 800 թոն­նա։ Ամ­բողջ ձմե­ռը Հա­յաս­տա­նը ատով ապ­րե­ցաւ։ Այ­սինքն Թուրքա­կան ցո­րեն չէր այդ։ Որով­հե­տեւ առաջ գնաց­քով կու գար Աբ­խա­զիայէն։ Այնտեղ պա­տերազմ սկսաւ, գնաց­քը չէր գոր­ծեր, ատոր հա­մար մենք խնդրե­ցինք եւ Թուրքիան տրա­մադ­րեց այդ ճա­նապար­հը եւ ինք իրենց շո­գեկառ­քե­րով կը բե­րէին մին­չեւ Կիւմրի։ Ու­րեմն այդ կար։ Յե­տոյ այդ փո­խան­ցումը կա­պուե­ցաւ Ապ­րիլ 93-ին։ Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը ներգրա­ւուե­ցաւ Ղա­րաբա­ղի հար­ցին։

Ղա­րաբա­ղի հար­ցը 44 օրեայ պա­տերազ­մի պար­տութիւ­նով վեր­ջա­նալէն ետք Թուրքիան ըսաւ այ­լեւս հարց չմնաց։ Բայց Ատրպէյ­ճա­նը սկսաւ ու­րիշ պա­հանջներ դնել եւ Թուրքիան անոր հա­մաձայ­նե­ցաւ։ Այ­սինքն փաս­տօ­րէն Թուրքիան իր քա­ղաքա­կանու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի հետ մօ­տաւո­րապէս տո­ւած է Պա­քուին։ Այդ է իրա­կանու­թիւնը եւ իրենք ալ գի­տեն այս հան­գա­ման­քը։

Ալիեւը եւ իր կա­ռավա­րու­թիւնը շատ ու­շա­դիր կեր­պով կը հե­տեւին որ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ մեր­ձեցման ոեւէ նշան չըլ­լայ։ Ճնշում կը դնեն եւ խոս­տումներ կու տան։ Շատ բա­ներու մա­սին խօ­սուած է։ Սահ­մա­նը բա­նալու մա­սին խօ­սուած է, կա­մուրջը նո­րոգո­ւած է, խօ­սուած է որ ցա­մաքա­յին սահ­մա­նը օտար քա­ղաքա­ցինե­րու հա­մար պի­տի բա­ցուի, դի­ւանա­գէտ­նե­րու հա­մար պի­տի բա­ցուի եւ այլն։ Այնպէս որ խնդի­րը կա­խուած է հի­մա Պա­քուէն։ Փաս­տօ­րէն դժբախ­տա­բար ես չեմ գի­տեր թէ ոեւէ բան կը փո­խուի ապա­գային։ Այս օրերս ամ­բողջ աշ­խարհի մէջ կայ ոչ միայն անո­րոշու­թիւն այլ նաեւ ան­կանխա­տեսե­լիու­թիւն։ Լա­ւագոյն գիտ­նա­կան­նե­րը եւ մաս­նա­գէտ­ներն ալ չեն կրնար այդ հար­ցե­րուն պա­տաս­խան տալ թէ ի՞նչ կրնայ պա­տահիլ։ Այնտեղ տե­սած ենք որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի կա­ռավա­րու­թիւննե­րու մի­ջեւ ան­հա­մաձայ­նութիւններ կան Կազ­զա­յի կա­պակ­ցութեամբ։ Հարց կայ որ Ալիեւը հի­մա որ ելոյթ կ՚ու­նե­նայ, չի յի­շեր որ Թուրքիան որ­քան օգ­նեց պա­տերազ­մին եւ ատի­կա վի­րաւո­րական է Ան­գա­րայի հա­մար։ Ասի­կա մար­դիկ ու­շադրու­թիւն չեն ըներ, բայց այդպէս է։ Նա­խապէս կը յի­շէին, բայց այս վեր­ջին քա­նի մը տա­րինե­րուն, ոչ։ Իսկ առանց Թուրքիոյ օգ­նութեան դժո­ւար է պնդել, որ Ատրպէյ­ճա­նը կը յաղ­թէր 2020 թո­ւակա­նին։

Ինչպէս նշե­ցիք, կ՚ըսո­ւի թէ Ատրպէյ­ճա­նը ար­գելք մը կը հան­դի­սանայ Հա­յաս­տան-Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ։ Եթէ խօ­սինք տա­րածաշրջա­նին մէջ խա­ղաղու­թեան եւ բա­րի դրա­ցիական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կա­րեւո­րու­թեան մա­սին, Հա­յաս­տա­նը ինչպի­սի՞ ճա­նապարհ պէտք է ընտրէ։

Հա­յաս­տա­նը կը կար­ծեմ հի­մա ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թիւն մը ու­նի, որ ճիշդ ճա­նապար­հին է։ Հա­յաս­տա­նը կ՚ըսէ «Մենք պատ­րաստ ենք։ Պայ­մա­նագ­րի բո­լոր կէ­տերը հա­մաձայ­նե­ցուած են»։ Ատրպէյ­ճա­նը պայ­մա­նագ­րէն դուրս հար­ցեր դրած է։ Եր­բեմն վստահ չեմ որ ասոնք լուրջ հար­ցեր են։ Ամե­նէն լուրջ հար­ցը Հա­յաս­տա­նի հա­րաւի այդ իրենց ու­զած անցքն է։ Բայց նոյ­նիսկ այդ կը կար­ծեմ լու­ծե­լի հարց է։ Կը կար­ծեմ որ հի­մա Ատրպէյ­ճա­նը չու­զեր ստո­րագ­րել։ Տար­բեր պատ­ճառնե­րով, որոնց մէկ մասն ալ կապ չու­նի Հա­յաս­տա­նի հետ։

Օրի­նակի հա­մար իմ կար­ծի­քովս Ալիեւը չու­զէր հի­մա ստո­րագ­րել, իր դիր­քը կարծրա­ցուց ան­ցեալ ամա­ռուա­նէ սկսեալ, երբ տե­սաւ որ Թրամ­բը հան­րա­պետա­կան­նե­րու թեկ­նա­ծուն Միացեալ Նա­հանգներ եւ 90 տո­կոս շանս ու­նի որ կ՚ընտրո­ւի։ Մտա­ծեցին որ Թրամ­բը ին­քը կը սի­րէ տիք­թա­թէօր­նե­րը եւ Ալիեւին հետ աւե­լի հեշտ կը հա­մակեր­պի, քան դե­մոկ­րա­տական Հա­յաս­տա­նի հետ։ Առա­ւել եւս որ Ատրպէյ­ճա­նը վստա­հաբար աւե­լի կա­րեւոր եր­կիր է։ Այդպէս որ տես­նենք ինչ կը պա­տահի Թրամ­բի գա­լէն ետք։ Ու­րեմն մէկ բա­ցատ­րութիւն այն է որ, երբ Ալիեւը կը խօ­սի Հա­յաս­տա­նի մա­սին, նո­րանոր պայ­մաններ կը դնէ ու կը ձգձգէ։ Փաս­տօ­րէն ին­քը Թրամ­բի հետ կը բա­նակ­ցի եւ ոչ թէ Հա­յաս­տա­նի հետ։ Իմ բա­ցատ­րութիւններս չի նշա­նակեր, որ ու­րիշ բա­ցատ­րութիւններ չկան։ Բայց կը կար­ծեմ որ այնտեղ որոշ իրա­կանու­թիւն մը կայ։

Օրի­նակ եթէ այսպէս է, ու­րեմն մեծ կռի­ւը այն է թէ հի­մա, ո՞ր եր­կի­րը պի­տի հաս­նի Թրամ­բին։

Բայց Թրամբ ին­քը մեծ ժէոփո­լիթիս­յէն չէ։ Չի հասկնար։ Եւ ոչ ալ կ՚ու­զէ հասկնալ։ Իր մօ­տեցու­մը շատ աւե­լի փո­ղոցա­յին է։ Փո­ղի հետ է կա­պուած։ Եւ կա­պուած է որ, ին­քը կ՚ու­զէ աշ­խարհի բո­լոր թեր­թե­րը ամէն օր իր մա­սին խօ­սին։ Սա հի­ւան­դա­գին երե­ւոյթ է։ Այ­սինքն Պա­պը կը մեռ­նի եւ մար­դը կը տես­նէ որ այդ օր բո­լոր լու­րե­րը Պա­պի մա­սին է եւ կ՚ըսէ՝ «ես պէտք է ըլ­լամ պա­պը», որ­պէսզի գրա­ւէ բո­լոր խո­րագ­րե­րը։ Սա նոր­մալ չէ։ Այս մար­դուն հասկնա­լու հա­մար քա­ղաքա­կան քա­թեկո­րի չի բա­ւեր։ Հո­գեբա­նական երե­ւոյթ է, որը շատ դժո­ւար ու վտան­գա­ւոր բան է Ամե­րիկա­յի եւ աշ­խարհի հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կանու­թիւնը ճիշդ է։ Այնտեղ եր­բեմն կա­րելի է քննա­դատել այս կամ այն քայ­լը որ­պէս թաք­թի­քական ճիշդ կամ սխալ։ Բայց ընդհա­նուր առ­մամբ կրնամ ըսել որ 2020-էն առաջ, այ­սինքն պա­տերազ­մէն առաջ Փա­շինեանը նոյն սխալ­նե­րը գոր­ծեց, ինչ որ Սերժ Սարգսեանը, Ռո­պերթ Քո­չարեանը գոր­ծե­ցին։ Հա­կառա­կոր­դի հետ հա­մաձայ­նութեան չե­կան եւ մաք­սի­մալիստ բա­ներով խօ­սեցան։ Այդ բո­լորն ալ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ու­նին թէ ին­չո՞ւ հա­մար չկրցան տեղ մը հաս­նիլ, կան­խե­լու հա­մար նոր պա­տերազմ մը։

Բայց ի տար­բե­րու­թիւն միւսնե­րուն, Փա­շինեան 2020-էն ետք գի­տակ­ցե­ցաւ իր սխա­լին։ Այս է տար­բե­րու­թիւնը։ Ու­րիշ ի՞նչ կրնանք մտա­ծել Փա­շինեանի մա­սին։ Շատ բան կա­րելի է ըսել դրա­կան ու ժխտա­կան, բայց մէկ բան յստակ է, որ այդ մար­դը սոր­վե­ցաւ։ Եւ այս դա­սը որ մենք պատ­մութե­նէն պէտք է առ­նէինք եւ չա­ռինք, ակնկա­լեցինք որ Ամե­րիկան, Եւ­րո­պան, Ֆրան­սան, Ռու­սաստա­նը պի­տի լու­ծեն մեր հար­ցը։ Կամ անոնք մեր բա­րեկամ­ներն են… Մեր պատ­մութեան մէջ մենք չենք ու­նե­ցած բա­րեկամ։ Ու­րեմն եթէ ան­կախ պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը, Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութիւ­նը, ապա­հովու­թիւնը կրնայ ապա­հովել միայն ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը։ Այս ալ պայ­մա­նաւո­րուած է հա­րեւան­նե­րու հետ լե­զու գտնե­լով։

Եւ այստեղ կու գայ հար­ցը թէ Հա­յաս­տա­նի նման միւսներն ալ, այ­սինք Թուրքիան- Ատրպէյ­ճա­նը կ՚ու­զե՞ն խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տել։ Իսկ իմ պա­տաս­խա­նը հե­տեւեալն է, Թուրքիան եւ Ատրպէյ­ճա­նը այն ինչ որ կ՚ըսեն եւ կ՚ընեն բո­լորո­վին ան­կախ չէ մեր ըսած­նե­րէն։ Տի­նամիք յա­րաբե­րու­թիւն է։ Այ­սինքն մենք ըսե­լով որ Թուրքիան այս է, Ատրպէյ­ճա­նը այդ է ի ծնէ այսպէս են թուրքե­րը, ատրպէյ­ճանցի­ները…Այդ կը նշա­նակէ մեր վրա­յէն պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը քցել ու­րիշնե­րու վրայ։

Բայց մենք սխալ­ներ գոր­ծե­ցինք, 25 տա­րի սխալ քա­ղաքա­կանու­թիւն վա­րեցինք։ Ես գի­տեմ որ Հայ­տար Ալիեւը պատ­րաստ էր բարձր մա­կար­դա­կի որոշ զի­ջումներ ընե­լու ։ Այդ կ՚ըսէր ալ ին­քը։ Ինքնա­վարու­թիւն տա­լու մա­սին։ Ես գի­տեմ որ տղան ալ այդպէս էր երբ որ իշ­խա­նու­թեան եկաւ։ 2003 թո­ւակա­նին երբ նա­խագահ եղաւ, ինք հրա­ւիրեց մեզ Պա­քու եւ երե­քու­կէս ժամ խօ­սած ենք։ Եւ ինք կ՚ըսէր «ի՞նչ տե­սակի ինքնա­վարու­թիւն կրնամ տալ», որ մե­զի եւ իրենց ըն­դունե­լի ըլ­լայ։ Բայց ժա­մանա­կի ըն­թացքին բա­նակ­ցութիւննե­րը տեղ չհա­սան։ 17 տա­րի ան­կէ ետք խաղ խաղ­ցան։ Քո­չարեանը խաղ խաղ­ցաւ։ Ոչ մէկ նպա­տակ չու­նէր լու­ծե­լու։ Մէկ լու­ծում ու­նէր որ, Ղա­րաբա­ղը առ­նէ եւ Մեղ­րին տայ։ Իսկ ատի­կա ար­դէն Հա­յաս­տա­նը կը վե­րածէր գիւ­ղի։ Առանց Մեղ­րիի Հա­յաս­տա­նը գիւղ է, ու­րիշ բան չէ։ Եւ ու­րեմն Հա­յաս­տա­նի նշա­նակու­թիւնը Մեղ­րին է։ Իսկ ին­քը պատ­րաստ էր տա­լու, որ Ղա­րապա­ղը ստա­նայ։ Անի­րական բա­ներ են։ Նախ ոչ մէկ նա­խագահ կամ ղե­կավար իրա­ւունք չու­նի Հա­յաս­տա­նի հող որե­ւէ մէ­կուն տա­լու։ Սահ­մա­նադ­րութեան հիմ­նադրոյթ է։ Չես կրնար։

Ու­րեմն այդ է որ՝ երբ որ Ռու­սաստա­նին կը վստա­հիս, յե­տոյ տե­սանք Ռու­սաստա­նը ի՞նչ ըրաւ 2020-ի պա­տերազ­մին։ Ժա­մանակ կար որ Ատրպէյ­ճա­նը պի­տի յար­ձա­կէր մենք զէնք չու­նէինք, զի­նամ­թերք չէր մնա­ցած, չէր տար, որ­պէսզի ճնշում բա­նեց­նէ։ Ռու­սաստա­նը միշտ ալ մեզ մտա­ծած է, որ մենք իր գրպանն ենք։ Եւ ատոր հա­մար ալ բան մը տա­լու պէտք չու­նի։ Իսկ իր գլխա­ւոր հար­ցը Ատրպէյ­ճա­նի հար­ցերն են։ Ատրպէյ­ճա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւններն են եւ պատ­րաստ է մեզ միշտ ծա­խելու։ Պատ­մութեան մէջ ծա­խած է։ 1827-1828-ին, որ եկաւ Կով­կաս այն ատեն հայ­կա­կան նա­հանգ կար։ 1840-ին փո­խեց Երե­ւանի նա­հան­գին։ Որ­պէսզի հայ­կա­կան աշ­խարհագ­րա­կան տա­րածք չմնայ։ Աւե­լի դիւ­րին էր։ Տա­րինե­րու ըն­թացքին նոյն պատ­մութիւ­նը եղած է։ 1921-23-ին, Ղա­րաբա­ղը ին­քը տո­ւաւ Ատրպէյ­ճա­նին։ Ես չէի, ոչ ալ Չի­նաս­տանն էր, ին­քը Ռու­սաստանն էր։ Ռու­սաստա­նը կը շար­ժի իր շա­հերով, երբ որ հի­մա կը խօ­սին որ Փա­շինեանի պատ­ճա­ռով է, դա ան­լուրջ բան է։ Կրնայ ըլ­լալ որ հա­ւանա­բար Փու­թին Փա­շինեանին չի սի­րեր, ոչ ալ Փա­շինեանը Փու­թի­նին կը սի­րէ, բայց 1997-ի հիմ­նա­կան եր­կու կող­մա­նի պայ­մա­նագիր ստո­րագ­րո­ւած է եր­կիրնե­րու մի­ջեւ, ո՛չ թէ ղե­կավար­նե­րու։ Ղե­կավար­նե­րը իրենց եր­կիրնե­րու անու­նով ստո­րագ­րած են։ Ընդհա­նուր պաշտպա­նու­թեան հինգ եր­կիրնե­րու դա­շին­քը, եր­կիրնե­րով ստո­րագ­րո­ւած է։ Ո՛չ թէ նա­խագահ­նե­րով, վար­չա­պետ­նե­րով եւ այլն։ Այս կը նշա­նակէ որ Ռու­սաստա­նը լուրջ չըն­դունիր ոեւէ ստո­րագ­րո­ւած բա­նը։ Եւ հի­մա վստա­հիլ իրեն կամ ոեւէ երկրի՞։

Արեւ­մուտքին վստա­հիլը աւե­լի վտան­գա­ւոր է, որով­հե­տեւ կը խօ­սին, բայց բան մը չեն ըներ։ Պատ­մութեան մէջ ալ այդպէս է։ Ինը ամիս Լա­չինը պա­շարուեցաւ, ոչ մէ­կը բան մը չը­րաւ։ Թէեւ Անվտան­գութեան Խոր­հուրդի ՄԱԿ-ի հինգ եր­կիրներն ալ ըսին «Պէտք է բա­ցուի», Ատրպէյ­ճա­նը ըսաւ «Այս ձեր գոր­ծը չէ», անոնք ալ բան մըն ալ չը­րին։ Այդ ար­դէն խախ­տում էր 9 Նո­յեմ­բե­րի հրա­դադա­րի յայ­տա­րարու­թեան։

Յե­տոյ Ատրպէյ­ճա­նը յար­ձա­կեց։ Ան խախ­տեց նոյն յայ­տա­րարու­թեան որ հրա­դադար էր։ Բայց ոչ ոք բան մը չը­րաւ։ Ռու­սաստա­նը նստած դի­տեց։ Հար­ցը այն է որ եր­կու տե­սակի պատ­կե­րացում կայ Հա­յաս­տա­նի մօտ։ Մէ­կը այն է որ մենք գո­յու­թիւն չենք կրնար ու­նե­նալ որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն, առանց դուրսէն պաշտպան­ման։ Եւ այդ պաշտպան­նե­րը փնտռած ենք միշտ քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւննե­րէն։ Իրա­նին չենք գա­ցած մեզ պաշտպա­նէ ըսե­լով։ Գա­ցած ենք Ռու­սաստան, Եւ­րո­պա, Ամե­րիկա եւ ասի­կա մեր կրօ­նական մտայ­նութե­նէն է։

Առ­նո­ւազն 18-րդ դա­րէն սկսեալ այս ասանկ է՝ «Քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւննե­րը պի­տի գան, մեզ պի­տի փրկեն»։ Մին­չեւ այ­սօր ալ քիչ մը կայ ատի­կա։ Հայ Դատ ըսո­ւածը անոնց շա­րու­նա­կու­թիւնն է։ Լո­պին որ կ՚ըլ­լայ Ամե­րիկա­յին, Ֆրան­սա­յի մէջ է, բայց ոչ Չի­նաս­տան, ոչ Ճա­փոնիա։

Ու­րեմն կամ ան է որ մենք չենք կրնար պատ­կե­րաց­նել, որ մենք կրնանք այդ տա­րածաշրջա­նին մէջ ապ­րիլ, որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն։ Որով­հե­տեւ պա­շարուած ենք եւ մեզ պի­տի ու­տեն, կը նշա­նակէ որ ան­կախ պի­տի չըլ­լաս։ Ռու­սաստա­նը մեզ պաշտպա­նած է, եթէ մենք մեր ան­կա­խու­թիւնը յանձնած ենք իրեն։ Սո­վետ շրջա­նին ալ հա­մակեր­պած ենք երկրէ ներս տի­րող ինչ վար­չա­ձեւը յար­մարցնե­լով ու­րիշնե­րուն։ Խնդի­րը միայն ար­տա­քին ան­կա­խու­թիւնը չէ, այլ նաեւ Հա­յաս­տա­նը ինչ տե­սակ պե­տու­թիւն պի­տի ըլ­լայ ներ­քին կա­ռու­ցո­ւած­քով։ Ռու­սաստա­նը սո­վետ միու­թեան մէջ ըն­դունած է մեզ կամ առած, մեզ­մէ սե­փական իշ­խա­նու­թիւնը առ­նե­լով։ Մեզ հա­մոզած է որ Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութիւ­նը կա­պուած է Ռու­սաստա­նին։

Կամ այդ է, կամ ալ պի­տի ձե­ւը գտնենք վեր­ջա­պէս այդ մտա­յին բան­տէն դուրս գա­լու եւ ըսե­լու որ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ Որ­քան ատեն որ մենք մեզ կը ներ­կա­յաց­նենք որ­պէս օտա­րի գոր­ծիք, օտա­րի դրա­ծոյ, մեր հա­րեւան­ներն ալ մեզ պի­տի տես­նեն որ­պէս թշնա­մի։ Այ­սինքն չեմ ըսեր որ միայն այդ է։ Բայց ան կ՚ըսէի առա­ջին կէտս որ սա տի­նամիք յա­րաբե­րու­թիւն է։ Մենք բա­ներ ըրինք, որ եթէ չը­նէինք, բա­ներ ըսինք, որ եթէ չը­սէինք դիւ­րին պի­տի ըլ­լար եւ կա­րելի է, Հայ­տա­րէն բա­ցի, Իլ­համ Ալիեւի հետ որոշ հա­մաձայ­նութեան գալ, որ ինքնա­վարու­թիւն ըլ­լայ եւ ան­կա­խու­թիւն չըլ­լայ։ Որով­հե­տեւ ան­կա­րելի բան էր այդ։ Ոչ մէկ եր­կիր չէր ըն­դունած Ղա­րաբա­ղի ան­կա­խու­թիւնը։ Նոյ­նիսկ եթէ ամ­բողջ եր­կիրնե­րը ըն­դունին Ատրպէյ­ճա­նը թոյլ չէր տար։ Իսկ մենք գա­ցինք առա­ւելա­գոյ­նի ետե­ւէն։ Վեր­ջը Ալիեւը ըսաւ «Լաւ։ Վեր­ջը ի՞նչ։ Չեմ կրնար թոյ­լատրել այ­պէս շա­րու­նա­կուի» եւ 20 քա­նի տա­րի ետք գնաց նո­րէն պա­տերազ­մի։ Ու­րեմն մենք պի­տի սոր­վինք որ ինչպէ՞ս պէտք է փո­խենք մեր մտայ­նութիւ­նը, որ մեծ կա­րելիու­թիւն ստեղ­ծենք մեր հա­րեւան­նե­րուն հետ հա­մերաշ­խութեան։ Իսկ եթէ Ատրպէյ­ճա­նի հետ եոլա գնա­ցինք, Թուրքիոյ հետ հարց չի մնար։

Պատ­մութե­նէն ի՞նչ դաս պի­տի առ­նենք, որ չի կրկնենք նոյն սխալ­նե­րը։

Այս հար­ցե­րու մա­սին 50-60 տա­րի է, որ կը մտա­ծեմ։ Ժա­մանա­կի ըն­թացքին եւ վե­րանա­յած եմ պատ­մութեան։ Իմ հաս­կա­ցողու­թիւնն այն է որ պատ­մութե­նէն ի՞նչ դաս պի­տի քա­ղենք։ 2020-ի պա­տերազ­մը ի՞նչ կ՚ըսէ մե­զի։

Փա­շինեանը սոր­վե­ցաւ որ պէտք չէր պա­տերազ­մի եր­թալ։ Պէտք է փո­խել հա­րեւան­նե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւնը եւ լե­զու գտնել։ Միւսնե­րը որոնք քոմ­փո­զիշն են, այն սոր­վե­ցաւ որ թուրքը թուրք է, ատրպէյ­ճանցին ատրպէյ­ճանցի։ Ու­րեմն իրենք գործ չու­նէին, իրենք պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն չու­նէին։

Եւ ու­րիշներ մե­զի չօգ­նե­ցին։ Լաւ, ատի­կա քա­նի՞ ան­գամ։ Սան Սթե­ֆանո­յի, Պեր­լի­նի դաշ­նագրէն ի վեր այն նոյն պատ­մութիւնն է։ Խրի­մեան Հայ­րի­կը գրեց եր­կա­թէ շե­րեփի պատ­մութիւ­նը…։Իսկ երբ որ կ՚եր­թար Խրի­մեանին լրագ­րողնե­րը հար­ցուցին «Հայ­րիկ դուն լե­զու չես գի­տեր բայցի հա­յերէն, ի՞նչ լե­զուով պի­տի խօ­սիս»։ Ըսաւ հե­տեւեալը «Ես հա­մաշ­խարհա­յին լե­զուով՝ լա­ցի, ար­ցունքի լե­զուով պի­տի խօ­սիմ»։

Դուն կ՚եր­թաս Եւ­րո­պա կայ­սե­րապաշտնե­րու եր­կիրնե­րը պի­տի հա­մոզես որ դուն զոհ ես։ Պատ­կե­րացուր որ ի՞նչ դի­ւանա­գիտու­թիւն է, որ կը հիմ­նո­ւի մին­չեւ այ­սօր, որ տե­սէք մե­զի ի՞նչ ըրին։ Սա դի­ւանա­գիտու­թիւն չէ, սա լո­պիինկ է։ Սա լա­ցու­կո­ծու­թիւն է։ Երբ ու­րեմն մեր պատ­մութիւ­նը անոր վրայ գրո­ւի մենք պատ­մութիւն չէ որ կը գրենք, մենք զո­հաբա­նու­թիւն է որ կը գրենք։ Մար­դի­րոլո­ժի է որ կը գրենք։ Եւ ատի­կա կապ չու­նի քա­ղաքա­կանու­թեան հետ։ Մին­չեւ ե՞րբ պի­տի եր­թանք այդպէս։ Հի­մա այդ կռիւն է, որ 30 տա­րի է կը շա­րու­նա­կուի Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Մնա­ցած­նե­րը ման­րա­մաս­նութիւն է։ Ի՞նչ պատ­կե­րացում ու­նինք ապա­գայ Հա­յաս­տա­նի մա­սին։ Ան­կապ պի­տի ըլ­լայ եւ պի­տի պատ­կա­նի այս տա­րածաշրջա­նի՞ն, թէ՝ մենք մէ­կէն կա­խեալ պի­տի ըլ­լանք, որ իբ­րեւ թէ մեզ անվտան­գութիւն տայ, բայց մեզ ան­կա­խու­թիւն չտայ։ Եւ ներ­քին ռե­ժիմ ու­նե­նալու դէպ­քին, ի՞նչ տե­սակ ռե­ժիմ կ՚ու­զենք, ին­քը որո­շէ։ Այս կռիւն է բո­լոր կռիւ­նե­րու ետեւ, բա­ցի ան­կէ որ անոնք որոնք կ՚ու­զեն նո­րէն վե­րադառ­նալ Ռու­սաստա­նին, անոնց հա­մար նաեւ այն բա­նը կայ, որ եթէ այդպէս ըլ­լայ իշ­խա­նու­թեան իրենք պի­տի գան։

Իմ կար­ծի­քովս Փա­շինեանը ճիշդ ճա­նապար­հին է։ Եւ կը փոր­ձէ նոյ­նիսկ մտայ­նութեան մա­սին խօ­սիլ։ Եր­բեմն ճիշտ ձե­ւով չի խօ­սիր։ Եր­բեմն բա­ցատ­րել չի գի­տեր, երբ կը խօ­սի իրա­կան Հա­յաս­տա­նի մա­սին։ Բայց իրո­ղու­թիւնը ճիշդ է։ Ին­քը մտա­ծելու փրո­ցէսին մէջ է, այս հար­ցե­րը ճիշդ տես­նե­լու հա­մար։

Ձեր կար­ծի­քով եթէ Թուրքիա-Հա­յաս­տան սահ­մա­նը բա­ցուի, ասի­կա ի՞նչ տե­սակի ազ­դե­ցու­թիւններ կրնայ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան վրայ։

Նախ որ բա­ցու­մը կը նշա­նակէ նոր­մա­լացում։ Կը նշա­նակէ որ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդին մէջ պի­տի նո­ւազի, այն բա­նը որ Թուրքիան ան­մի­ջական վտանգ է։ Սա հիմ­նա­կան հարց է։ Նոյն ու­ժե­րը, որ այ­սօր ընդդի­մու­թիւն են՝ Դաշ­նակցու­թիւնը, Քո­չարեանը եւ այլն, ըսած­նին այն է որ «Թուրքիան վտանգ է»։ Դաշ­նակցու­թիւնը 1990-1991-ին դէմ էր ան­կա­խու­թեան, ըսե­լով որ եթէ Սո­վետէն դուրս գանք վա­ղը պի­տի գան ու պի­տի ջար­դեն։ Թէ հի­մա պատ­մութիւ­նը ցոյց կու տայ որ այդ չե­ղաւ։ Բայց տա­կաւին չեն սոր­վիր եւ ան­դա­դար կը պնդեն թէ Թուրքիան պի­տի գայ ու մեզ ջար­դէ։

Այս զգա­ցողու­թիւնը ժո­ղովուրդին մէջ կայ, որ միւս ճա­նապար­հին տեղ չհաս­ցուց։ Ով­քեր որ կ՚ըսեն Թուրքիան վտանգ է, իրենց տրա­մաբա­նու­թիւնը հիմ­նո­ւած է այն բա­նի վրայ որ Թուրքիան Ատրպէյ­ճա­նին օգ­նեց։ Որը ճիշդ է։ Թուրքիան բա­րեկամ էր առա­ջին պա­տերազ­մին ալ, օգ­նեց՝ բայց ոչ այն ձե­ւով ինչ որ երկրոր­դին։ Այնտեղ մեծ դեր խա­ղաց։ Ասի­կա սթրա­թեժիկ յա­րաբե­րու­թեան վե­րածո­ւեցաւ։

Ատրպէյ­ճա­նը այ­լընտրանք ու­նի, Թուրքիան այ­լընտրանք ու­նի, մենք այ­լընտրանք չու­նինք։ Կան նո­րէն պատ­մա­կան սխալ գոր­ծեր, կան նո­րէն ընելն է այն, ինչ որ մօ­տաւո­րապէս կ՚ընենք այ­սօր։ Թուրքիոյ պա­րագա­յին, երբ Սեւ­րի 100 ամեակին Հա­յաս­տա­նի նա­խագահ Ար­մէն Սարգսեանը ըսաւ «Սեւ­րը հայ­կա­կան հար­ցի լու­ծումն է», այդ մար­դը բա­ցար­ձակ գա­ղափար չու­նէր, թէ ինչ կը նշա­նակէ այդ բա­ռերը։ Թուրքիոյ մտա­ծելա­կեր­պի մէջ «հայ­կա­կան հարց» բա­ռը ի՞նչ է, «Սեւր»ը ի՞նչ է։ Այդ ձե­ւով դնել հար­ցը կը նշա­նակէ Թուրքիոյ դէմ դի­ւանա­գիտա­կան պա­տերազմ յայ­տա­րարել։ Յե­տոյ վար­չա­պետը ճիշդ նոյ­նը չը­սաւ, բայց ըսաւ «Սեւ­րը կա­րեւոր պատ­մա­կան փաս­տա­թուղթ է»։ Իսկ եթէ ես թուրք ղե­կավար եմ, նոյն ձե­ւով կը կար­դամ, որ ասոնք Սեւ­րի մա­սին մեծ Հա­յաս­տան կ՚երա­զեն։

Աս­կէ երեք օր յե­տոյ Թուրքիոյ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րը ելաւ եւ յայ­տա­րարու­թիւն ըրաւ ու ըսաւ՝ «Այ­լեւս մենք զմեզ կը նկա­տենք հա­կամար­տութեան կողմ»։ Այ­սինքն կող­մե­րը ո՞վ էին՝ Ատրպէյ­ճան, Հա­յաս­տան, Ղա­րաբաղ։ Հի­մա Թուրքիան ըսաւ ես կողմ եմ։ Ո՛չ թէ դաշ­նա­կից եմ Ատրպէյ­ճա­նին, ես ան­կախ կողմ եմ։ Եւ այս յայ­տա­րարու­թիւնը մար­դիկ չհասկցան։

Ես Սեպ­տեմբեր 1-ին, քա­նի մը օր ետք յօ­դուած մը հրա­տարա­կեցի եւ ըսի «Սա չէք հասկնար ի՞նչ կը նշա­նակէ։ Բայց նոյ­նիսկ այն ատեն Թուրքիան Հա­յաս­տա­նի դէմ ուղղա­կի բան մը չը­րաւ։ Միայն Ղա­րաբա­ղի պա­տերազ­մով Հա­յաս­տա­նի դէմ ոչ մէկ քայլ չէ առած սահ­մա­նի վրայ Թուրքիան։ Ու­րեմն այն տրա­մաբա­նու­թիւնը որ «Թուրքը թուրք է եւ այս պի­տի ընէ, այն պի­տի ընէ…»։ Այս նրբու­թիւնը չի տես­ներ որ այդ Թուրքիան Ղա­րաբա­ղի հար­ցով եւ ուղղա­կի Ղա­րաբա­ղի մէջ Հա­յաս­տա­նի դէմ ոեւէ բան չէ ըրած։

(Շա­րու­նա­կելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ