ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
(Տոքթոր ընկերալեզուաբանութեան)
Ինչո՞ւ UNESCO-ն վտանգուած լեզուներու ցանկ մը ունի։
Մայրենի լեզուն՝ մարդկային հիմնական իրաւունք
Որովհետեւ մայրենի լեզուն խորապէս միահիւսուած է անհատի եւ համայնքի մը ինքնութեան, մշակոյթին, եւ ժառանգութեան հետ։ Մայրենի լեզուն գործածելու եւ պահպանելու կարողութիւնը կարեւոր է մշակութային բազմազանութեան եւ անհատական արժանապատուութեան պահպանման համար։ Արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքը կը ներառէ լեզուի ընտրութիւնը, որով պէտք է արտայայտուի։ Այսինքն մէկու մը մայրենի լեզուն փոխանցելու, սորվեցնելու, եւ գործածելու սահմանափակումը կրնայ դիտուիլ որպէս այս հիմնական իրաւունքի խախտում։ Իմացած լեզուով հասկնալու եւ հաղորդակցելու կարողութիւնը էական նշանակութիւն ունի մարդկային այլ իրաւունքներու հասանելիութեան համար, ինչպէս կրթութեան իրաւունքը, արդար դատավարութիւնը, եւ հասարակական կեանքին մասնակցութիւնը։
Ահա թէ ինչո՞ւ ՄԱԿ-ը 1999-ին, Փետրուար 21-ը Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր յայտարարեց: Այս Օրը կը ջատագովէ լեզուական բազմազանութիւնը եւ բազմալեզուութիւնը՝ շեշտելով որ մայրենի լեզուով կրթութիւնը կենսական է որակեալ ուսուցման եւ աւանդական գիտելիքներու սերունդէ սերունդ փոխանցման համար։
Անցեալ յօդուածին մէջ անդրադարձանք լեզուներու մեծաքանակ անհետացումի զանազան պատճառներուն, սակայն մեծագոյն թրթապատճառին պիտի անդրադառնանք հոս՝ մշակութային ձուլում։
Մշակութային ձուլումը՝ վտանգի առաջնահերթ գործօն
Մշակութային ձուլում կը նշանակէ, թէ ընկերութեան մը անդամները ողջ են եւ կ’ապրին իրենց աւանդական հողերուն վրայ, բայց իրենց լեզուն կը տկարանայ, վերջաւորութեան կ’անհետանայ, եւ կը փոխարինուի ուրիշ լեզուով մը:
Պատճառներէն մէկը մեծ թիւով մարդոց ժամանումն է բնիկ ժողովուրդի մը հողամասին վրայ, ինչպէս պատահեցաւ գաղութատիրապետութեան ժամանակ: Աւստրալիա եւ հիւսիւսային Ամերիկան ամէնէն ցայտուն օրինակներէն են: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, փոքրաթիւ ժողովուրդի մը լեզուն՝ իր ռազմական գերակայութեան եւ տնտեսական բարքաւաճման համար, տիրապետութեան խորհրդանիշը կրնայ դառնալ, ինչպէս յաճախ պատահեցաւ եւրոպացիներուն Ափրիկէ ներխուժումէն ետք:
Օրինակի համար, քենեացի հեղինակ Նկուկի ուա Թիօնկօ կը գրէ, թէ իր մայրենի լեզուն գործածող աշակերտը ծեծի կ՚ենթարկուէր եւ իր վիզէն կախուած տախտակի մը վրայ գրուած կ՚ըլլար. «ես ապոյշ եմ», «ես էշ եմ»: Ան պէտք էր անգլերէն խօսէր: Ալասքայի Դլինկլիդ ցեղախումբէն մէկը կը գրէ. «Մինչեւ օրս, երբ Դլինկլիդ խօսիմ, բերանիս մէջ օճառին համը կը զգամ»: Անոր բերանը օճառով կը լուային ամերիկացի ուսուցիչները իր մայրենի լեզուն խօսելուն համար: Հետեւանքը՞: Նսեմութեան եւ ամօթի զգացում մայրենի լեզուին հանդէպ, ամչկոտութիւն, եւ դժկամութիւն մայրենի լեզուն գործածելու:
Երբեմն, սակայն, աշխարհագրական մօտիկութիւնը կարեւոր չէ որ մշակոյթ մը ազդէ ուրիշ մշակոյթի մը վրայ: Այսօր, 21-րդ դարուն թափ առած արեւմտեան սպառողական մշակոյթը թափանցած է բոլոր աշխարհը, եւ տիրապետող լեզուն սորվիլը՝ Սպաներէն հարաւային Ամերիկայի մէջ, Սուահիլի արեւելեան Ափրիկէի մէջ, եւ Անգլերէնը, իրականութեան մէջ ամէնուրեք, կը դիւրացնէ մշակութային ձուլումի ընթացքը:
Ի՞նչ է պատահածը։
Երեք ճակատագրական
հանգրուանները
Լեզուաբաններ, ընկերալեզուաբաններ, եւ ընկերաբաններ կը հաստատեն, թէ վտանգուած լեզու մը կ՚անցնի երեք հանգրուաններէ։
Առաջին հանգրուան՝ մեծ ճնշում կը դրուի ժողովուրդին վրայ տիրապետող լեզուն խօսելու (կրնայ այդ գալ քաղաքական, տնտեսական, կամ ընկերային աղբիւրներէ):
Այս հանգրուանը կ՚առաջնորդէ եկրորդ հանգրուանին՝ երկլեզութիւն: Այսինքն, ժողովուրդը կը սկսի ատակ դառնալու նոր լեզուին, պահելով իր հին/մայրենի լեզուին ատակութիւնը: Յետոյ, յաճախ շատ արագ, այս երկլեզութիւնը կը սկսի տկարանալու եւ հին/մայրենի լեզուն տեղի կու տայ նորին:
Այս հանգրուանը կ՚առաջնորդէ երրորդ հանգրուանին՝ երիտասարդ սերունդը ատակ կը դառնայ նոր լեզուին եւ հին/մայրենի լեզուն ոչ մէկ առընչութիւն կ՚ունենայ անոր նոր պէտքերուն հետ: Այս, յաճախ, զուգահեռ կ՚ընթանայ ամօթի զգացումով ծնողներու եւ զաւակներու մօտ: Ծնողներ կը սկսին աւելի քիչ գործածել հին/մայրենի լեզուն իրենց զաւակներուն հետ կամ անոնց առջեւ: Նոր ծնող մանուկները միայն նոր լեզուն կը սորվին: Տունէն դուրս, փոքրիկները միայն նոր լեզուն կը գործածեն, եւ տասնամեակի մը ընթացքին, ընտանիքի մը երկլեզութիւնը կը փոխուի մէկլեզութեան՝ նոր լեզուն փոխարինելով մայրենին, որ իր կարգին աւելիով կը մօտենայ անհետացումի:
Ընկերալեզուաբաններ քաջատեղեակ են, թէ անկարելի է առաջին հանգրուանին հետ առընչուած ազդակները փոխել եւ պահպանել լեզուն, եւ թէ շատ ուշ է երրորդ հանգրուանին հասած լեզու մը փրկել: Ուերմն, կը մնայ եկրորդ հանգրուանը՝ երկլեզութեան շրջանը, ուր կարելի է ազատել մայրենի լեզու մը:
Կեցուածքի եւ դիրքորոշումներու ազդեցութիւնը
Այս իմաստով, կեցուածք, դիրք, վարք, բարք, ընթացք, վերաբերմունք, կորիզը կը կազմեն վտանգուած լեզուներու հետազօտութիւններուն: Ի՞նչ կը նշանակէ մայրենի լեզուի հանդէպ կեցուածք, եւ ի՞նչ են դրական կամ ժխտական դիրքերու հետեւանքները։
Այսպէս, երբ խօսողներ հպարտ զգան իրենց լեզուով, ուրախանան երբ լսեն իրենց լեզուն, ի'րենք միշտ գործածեն իրենց լեզուն, ստեղծագործեն այդ լեզուով, հաւատան թէ մայրենի լեզուն կարեւոր է իւրայատուկ ինքնութիւն արտայայտելու, ընտանեկան սերտ յարաբերութիւններ կերտելու, պատմական կապեր պահելու, ազգային հպարտութիւն մշակելու, եւ միշտ առիթներ ստեղծեն լեզուն գործածելու, այդ կը նշանակէ, թէ պարագաները նպաստաւոր են լեզուն պահպանելու համար:
Սակայն, երբ մարդիկ ամչնան իրենց լեզուն գործածելու, նախընտրեն մեծամասնութեան լեզուն խօսիլ, մայրենի լեզուն ծաղրանքի նիւթ դարձնեն, եւ յետամնացներու լեզու համարեն զայն, այդ կը նշանակէ, թէ կարելի չէ որ վտանգուած լեզուն երկար գոյատեւէ:
Ժխտական կեցուածքներու
հետեւանքները
Ի՞նչ են ժխտական դիրքերու հետեւանքները։ Թուենք անոնցմէ քանի մը հատը. աւանդական լեզուի ուսուցման բացակայութիւն, ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ մասնակցութեան տկարացում, աւանդական արժէքներէ հեռացում, ինքնութեան տագնապ, մեծ ծնողներու հետ հաղորդակցութեան խզում, պատկանելիութեան զգացումներու կորուստ, տան մէջ մայրենի լեզուին գործածութեան պակաս, լեզուի վտանգում, եւ լեզուի անհետացում։
Ուրեմն, անհրաժեշտ է դրական կեցուածք սնուցանել լեզուներ պահպանելու համար, չէ՞։ Այո, բայց դժբախտաբար, յաճախ դրական կեցուածքներ բացակայ են քաղաքական, ընկերային, եւ տնտեսական պատճառներու համար:
Բացատրենք:
Քաղաքական, ընկերային, եւ տնտեսական տուեալներ
Ընդհանրապէս Ափրիկէի բոլոր կառավարութիւնները լեզուներու զանազանութիւնը կը դիտեն որպէս սպառնալիք ազգային միասնականութեան, որովհետեւ շրջանի պատմութիւնը լի է ցեղային պայքարներով: Մինչեւ օրս, Էրէդրիա, օրինակի համար, կը մերժէ իր լեզուներէն որեւէ մէկը հրչակել որպէս երկրին պաշտօնական լեզուն՝ խռովութեան առաջքը առնելու համար: Որովհետեւ մայրենի լեզուն մօտէն առընչուած է ինքնութեան հետ, փոքրամասնութիւն կազմող լեզու մը զօրացնելու առաջարկները կասկածով կը դիտուին՝ ոչ միայն Ափրիկէի մէջ, այլ նաեւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ:
Լատին Ամերիկայի մէջ, բնիկ լեզուները չեն դիտուիր որպէս սպառնալիք ազգային միասնականութեան, սակայն հոն ալ անտարբերութիւնը կը տիրէ: Փոքրամասնութիւններու լեզուները պաշտօնապէս անտեսուած են կառավարական գրասենեակներուն, լսատեսողական մամուլին, դրամատուներու, առեւտուրի, եւ բարձր ուսման հաստատութիւններուն մէջ: Հետեւաբար, լեզուն կը կորսնցնէ բառամթերք, շարահիւսութեան ձեւեր, դիրք, կանհետանայ կեանքի լուրջ մարզերէն, ոչ մէկը կ՚ուզէ գործածել զայն, եւ ընկերային դիտանկիւնէն դիտուած կը սկսի անհետանալ:
Բերույի քիւէչուայ եւ այմարա լեզուները մէկ միլիոնէ աւելի խօսողներ ունին: Սակայն, այս լեզուները խօսողներուն թիւը հետսհետէ կը պակսի, երբ անոնք տնտեսական պատճառներու համար իրենց գիւղերը ձգելով կը գաղթեն դէպի ծովեզերեայ քաղաքները եւ իրենց լեզուն կը փոխեն Սպաներէնի: Իսկ գիւղերը մնացողները սկսած են իրենց մայրենի լեզուն դիտել որպէս յետամնացութեան նշան եւ խոչընդոտ իրենց տնտեսական բարելաւման համար:
Վստահ կարդացողը արդէն համեմատեց համաշխարհային լեզուներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները աշխարհատարած հայկական գաղութներուն եւ անոնց մայրենիին ճակատագիրին հետ։ ճիշդ է ձեր վերլուծումը։ Այս իմաստով, վստահ կարդացողը նաեւ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ է պատահածը: Ի՞նչ կը պատահի արեւմտահայերէն լեզուին՝ մե՝ր մայրենի լեզուին։
UNESCO-ի վտանգուած
լեզուներու դասակարգումը
Նախ արժեւորենք UNESCO-ի յայտարարութիւնը։ UNESCO-ի Վտանգուած Լեզուներու Ցանկը կը պարունակէ հինգ դասակարգեր՝
1. Խոցելի (Vulnerable): Մանուկներ լեզուն կը խօսին, սակայն անոր գործածութիւնը կրնայ սահմանափակուած ըլլալ որոշ մարզերու (օրինակ՝ տան մէջ միայն)։
2. Անպայման Վտանգուած (Definitely Endangered): Մանուկներ այլեւս լեզուն չեն սորվիր որպէս իրենց մայրենի լեզուն տան մէջ։
3. Սաստիկ Վտանգուած (Severely Endangered): Լեզուն կը խօսուի միայն մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն ու աւելի մեծ սերունդներուն կողմէ. ծնողներու սերունդը կարելի տակաւին հասկնայ զայն, բայց չի խօսիր զայն մանուկներուն հետ կամ իրար միջեւ։
4. Ծայրայեղ Վտանգուած (Critically Endangered): Խօսողները մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու սերունդէն են եւ աւելի մեծ, եւ անոնք լեզուն մասամբ եւ հազուադէպօրէն կը խօսին։
5. Մեռած (Extinct): Այլեւս խօսող չկայ. մեռած կը համարուի եթէ 1950-ականներէն ի վեր ծանօթ խօսող չէ եղած։
Հետաքրքրական էր UNESCO-ի լեզուներու վտանգումի հինգ դասակարգերէն արեւմտահայերէնի եկրորդ դիրք՝ Անպայման Վտանգուած, դասաւորումի ստեղծած հակազդեցութիւններուն հետեւիլ՝ նախ ընդվզում եւ ժխտում, յետոյ համաձայնութիւն, եւ վերջապէս յանձնըւում եւ անտարբերութիւն: Ընկերալեզուաբանական դիտանկիւնէն դիտուած՝ բոլորն ալ մտահոգիչ կեցուածքներ կը համարուին: Ինչո՞ւ:
Նախ, երկու յստակացում՝
Առաջին, UNESCO-ի յայտարարութիւնը կը պարունակէ 100 տարուայ ժամանակամիջոց մը (հազուագիւտ են այդ լեզուները, որոնք իրենց բոլոր խօսողները կորսնցուցած են անակնկալօրէն կամ մէկ պատահարով)։ Այսինքն, սոյն յայտարարութենէն ետք, արեւմտահայերէնը՝ դասուած որպէս Անպայման Վտանգուած, տակաւին մօտաւորապէս 100 տարուայ կեանք ունի:
Եկրորդ, UNESCO-ի յայտարարութիւնը նախազգուշացում մըն է, որ հիմնուած է երեք տուեալներու վրայ՝
1. խօսողներու տարիք,
2. խօսողներու թիւ, եւ
3. սերնդական փոխանցում։
Եթէ լուրջի առնուի նախազգուշացումը եւ լեզուապահպանումի լուրջ, արհեստավարժ, եւ հաւաքական քայլեր ի գործ դրուին, ինչպէս քաթալան, պասք, հաուայերէն, եւ մաուրի լեզուները, որոնք գրեթէ անհետացած էին բայց այսօր կ՚ապրին, կարելի է UNESCO-ի յայտարարութիւնը որպէս նախազգուշացում նկատել եւ աշխատիլ որպէսզի արեւմտահայրէնը միւս 2922 լեզուներու ուղին չբռնէ մինչեւ այս դարուն վերջը:
Լեզուներու եւ կենսուլորտային այլազանութիւն
Ներկայիս, չափահասներ գիտեն եւ փոքրեր կը սորվին, թէ ո՝րչափ անհրաժեշտ է պահպանել եւ խնամել բնութիւնը, աշխարհի անտառները, կենդանիներու տեսակները, եւ կենսուլորտային այլազանութիւնը: Նմանապէս, ժամանակ է որ գիտակցինք, թէ որչափ անհրաժեշտ է ո՝չ միայն պահպանել եւ խնամել աշխարհի լեզուները, այլ նաեւ պահպանել եւ խնամել արեւմտահայերէնը՝ մե'ր մայրենի լեզուն։
Ինչպէ՞ս։
Պատասխանը յաջորդիւ։
Քուէյթ, Մայիս 2025