Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են տասնեակ թիրախներ, որոնք իբր կապուած են միջուկային ծրագրի եւ ռազմական կառոյցներու հետ։ Այսպէս օրինակ, թիրախներ խոցուած են Թեհրանի, Թաւրիզի, Սպահանի, Իլամի մէջ։ Յարձակման ենթարկուած է նաեւ Նեթենզի միջուկային կառոյցը։
Իսրայէլ յարձակած է իրանեան Պանտար Ապպաս քաղաքին մէջ գտնուող ռազմածովային կայանի վրայ, յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները ։
Համացանցի մէջ այտնուած են Իսրայէլի հարուածի հետեւանքով տեղի ունեցած պայթումի տեսանիւթեր։
Իրանի քաղաքացիներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին Իսրայէլի կողմէ Իրանին հասցուած հարուածները յանցագործութիւն որակած է եւ յայտարարած, որ Իսրայէլին «դառն եւ սարսափելի ճակատագրի» կը սպասէ։
Իսրայէլեան բանակի մամուլի քարտուղարի յայտարարութեան համաձայն՝ Իրանին հասցուած առաջին հարուածներուն մէջ աւելի քան 200 իսրայէլեան ՌՕՈւ ինքնաթիռ ներգրաւուած եղած է, կործանիչներն աւելի քան 330 զինամթերք նետած են։
Այաթոլլա Խամենէի նոր հրամանատարներ նշանակեց
Իրանի պետական հեռուստատեսութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով զոհուած է Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Մոհամմատ Պաղերին։ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդն ալ հաստատած է իր հրամանատար Հոսէյն Սալամիի մահը։
Այսուհետեւ Գերագոյն առաջնորդի հրամանագրով Հապիպոլլահ Սայարին նշանակուած է Իրանի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի ժամանակաւոր պետ, զօրավար Վահիտին՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար ըլլալով։
Սայարին նախապէս Իրանի բանակի փոխ հրամանատարն էր։
Այաթոլլա Ալի Խամենէին կոչով դիմած է իր ժողովուրդին
«Իրանի վսեմ ժողովուրդ,
Սիոնիստական ռեժիմն այսօր առաւօտեան իր կեղտոտ եւ արիւնոտ ձեռքը երկարեց մեր սիրելի երկրի դէմ նոր յանցագործութեամբ՝ առաւել քան երբեւէ բացայայտելով իր չար էութիւնը եւ թիրախ դարձնելով բնակելի կեդրոնները։
Ռեժիմը պէտք է սպասէ խիստ պատիժի։
ԻԻՀ Զինուած ուժերու հզօր ձեռքը, Աստծոյ կամքով, անոր հանգիստ պիտի չտայ։
Թշնամիի յարձակումներու հետեւանքով շարք մը հրամանատարներ եւ գիտնականներ նահատակուած են։ Անոնց փոխարինողներն ու գործընկերները, անյապաղ անցած են իրենց պարտականութիւններու կատարման։
Սիոնիստական ռեժիմը այս յանցագործութեամբ իր համար պատրաստեց դառն եւ ցաւալի ճակատագիր, որ հաստատ պիտի ստանայ»։:
Նաթանիահուն դիմեց իսրայէլացիներուն
Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահու դիմելով իր ժողովուրդին. «Մենք հարուածեր ենք Իրանի միջուկային ուժերու բարձրագոյն հրամանատարները եւ գիտնականները։ Իսրայէլացիները պէտք է պատրաստ ըլլան երկար ժամանակ մնալու ապաստարաններու մէջ։
Ես կոչ կ՚ընեմ իսրայէլացի ժողովուրդին առաւելագոյն զգուշութեամբ հետեւելու հրամանատարութեան հրահանգներուն։
Կայ մեծ հաւանականութիւն, որ դուք ստիպուած պիտի ըլլաք երկար ժամանակ մնալ ապաստարաններու մէջ։ Վստահ եմ, որ դուք ձեզի կ՚ապահովէք սնունդով, հագուստով եւ այլն» ըսաւ։