ԳՈՀԱՐ Գրադարանը եւ Փարամազը

ՔԱՏԻՐ ԱՔԸՆ

ԳՈՀԱՐ Գրա­դարա­նը

Մա­յիս ամ­սուն կա­րեւոր մա­սը Պէյ­րութի մէջ ան­ցուցի: Նա­խապէս բազ­միցս այ­ցե­լած քա­ղաքը այս ան­գամ միայ­նակ շրջե­լու եւ ման­րա­մասն ճանչնա­լու առի­թը ու­նե­ցայ: Ար­խիւնե­րու վրայ նա­յելուս պա­տահա­կանօ­րէն վե­րահա­սու եղայ ԳՈ­ՀԱՐ Գրա­դարա­նին: Բա­րեկամս Ալեք­սի աղ­ջի­կը՝ Ծո­վակ, հոն կ՚աշ­խա­տէր: Հայ եր­գա­րան­նե­րու եւ բա­ռարան­նե­րու վրայ մաս­նա­գիտա­ցած կեդ­րոն մը ըլ­լա­լը իմ այ­ցե­լու­թեանս ըն­թացքին հասկցայ:

ԳՈ­ՀԱՐ-ի այ­ցե­լու­թեան պա­հուն իմ ու­ղե­ցոյցն էր հե­տազօ­տող Կա­րօ Տէ­րու­նեան: Խա­չատու­րեան ըն­տա­նիքին պատ­կա­նող շէն­քին եր­կու յար­կե­րուն մէջ ար­դի եւ ժա­մանա­կակից ոճով գրա­դարան եւ կազ­մա­տուն մը տե­սայ: Ներ­քե­ւի յար­կին մէջ աշ­խա­տող վար­պետնե­րը, ըն­տա­նեկան ար­մատնե­րով Ատա­նա, Մա­րաշ եւ Այնթա­պէն կա­նայք եւ մար­դիկ սի­րով ող­ջունե­ցին զիս: Ին­ծի հետ իրենց տա­րած­քին թուրքե­րէնով խօ­սեցան:

Աշ­խարհի տար­բեր վայ­րե­րէն գրե­թէ փճա­ցած գիրք/գրքոյկներ անոնց վար­պետ ձեռ­քե­րուն մէջ էջ առ էջ նո­րոգուելով ու կազ­մո­ւելով վե­րի յար­կի գրա­դարա­նին մէջ տեղ կը գտնեն: Հա­յերէն ձե­ռագիր­ներ, Կի­լիկիոյ Թա­գաւո­րու­թիւն եւ Հայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վկա­յու­թիւննե­րու վրայ 1,000-էն աւե­լի գիր­քե­րու կող­քին, 2,300-է աւե­լի հա­յերէն եր­գա­րան­ներ, 500-էն աւե­լի բա­ռարան­ներ պա­րու­նա­կող այս գրա­դարա­նին ամե­նահին գիր­քը թո­ւագ­րո­ւած է 1633-ի:

Գրա­դարա­նը նաեւ 3,500-էն աւե­լի երաժշտա­կան ժա­պաւէն­ներ, CD, DVD եւ LP ու­նի: Հաս­տա­տու­թեան անու­նը ձօ­նուած է Խա­չատու­րեան եղ­բայրնե­րու մօր՝ տի­կին Գո­հարին: Այս անու­նով հիմ­նո­ւած, հիւ­րա­համերգնե­րով աշ­խարհի չորս կող­մե­րը շրջա­գայած, Թուրքիոյ մէջ ալ հա­մերգներ տո­ւած մեծ սիմ­ֆո­նիկ նո­ւագա­խումբը 5 տա­րի առաջ իր առա­քելու­թիւնը աւար­տեց: Հի­մա այդ անու­նը Պէյ­րութի մէջ այս գրա­դարա­նի շնոր­հիւ կ՚ապ­րի:

Փա­րամա­զի թատ­րերգու­թիւնը

Մեր շրջա­գայու­թեան վեր­ջին օրե­րուն Կա­րօ, «հի­մա քե­զի հա­մար անակնկալ մը ու­նիմ» ըսե­լով 5 տա­րի առաջ Ամե­րիկա­յի Շի­կակօ քա­ղաքը, հին գրա­խանու­թէ մը յայտնա­բերո­ւած, մաք­րո­ւելով նո­րէն կազ­մո­ւած գրքոյկ մը դրաւ սե­ղանին վրայ: Գիր­քը Փա­րամա­զի թատ­րերգու­թիւն մըն էր:

Գրքոյ­կին առ­աջին էջե­րու վրայ բո­վան­դա­կու­թեան եւ ե՞րբ գրո­ւելուն, ո՞ւր բե­մադ­րո­ւելուն վե­րաբե­րեալ տե­ղեկու­թիւններ ու­նե­նալը նոր յայտնու­թիւն մըն էր ին­ծի հա­մար։ Կա­րօն այս գրքոյ­կի PDF տար­բե­րակը աւե­լի ետք ու­ղարկեց:

Փա­րամա­զի թատ­րերգու­թիւննե­րու մա­սին «Հայ Յե­ղափո­խական Փա­րամազ» գիրքս պատ­րաստե­լու ժա­մանակ իմա­ցած էի։ Այս տե­ղեկու­թիւնը կու գար հա­յերէն նա­մակի մը թարգմա­նու­թե­նէն։ Գրքիս վեր­ջին էջե­րուն մէջ այս նա­մակին բնա­գիրին եւ թարգմա­նու­թեան ալ տեղ տո­ւած էի:

Փա­րամա­զի Վա­նեցի կու­սակցա­կան բա­րեկամ մը նա­մակ գրե­լով տե­ղեկու­թիւն կու տար. «Ձեր ‘Ձեռ­քե­րը Վե­րեւ»-ը Գունտաք­ճեան Աղջկանց Դպրո­ցին օգ­տին մէկ ան­գամ խա­ղալով 30 լի­րա եկա­մուտ ապա­հովե­ցինք: Ներ­կա­յացում մըն ալ կա­յացաւ Օս­մա­նեան նա­ւատոր­մին աջակ­ցե­լու հա­մար»:

Հե­տեւա­բար գի­տէի որ Փա­րամազ թատ­րերգու­թիւն գրած է, բայց տե­ղեակ չէի այս մէ­կէն: Թատ­րերգու­թեան PDF-ը թարգմա­նելու հա­մար Ժնե­ւի մէջ ապ­րող բա­րեկա­միս՝ Կա­րապետ Ելե­կենին ղրկե­ցի: Իր­մէ եկած պա­տաս­խա­նը կը պար­զէր թէ թատ­րերգու­թեան ձե­ռագիր երեք օրի­նակ­նե­րը Ամե­րիկա ու­ղարկո­ւած են, 1919-ին ալ տպո­ւած։ Տպագ­րո­ւած գրքին կող­քին կը նշո­ւի «Երաժշտա­խառն թատ­րերգու­թիւն» ծա­նօթագ­րութիւ­նը։ Բայց այստեղ ակ­նարկո­ւած երաժշտու­թիւնը սահ­մա­նուած է եր­կու կամ երեք ան­քամ հնչող ժո­ղովուրդա­կան եր­գով։ Դար­ձեալ տպա­գիր գրքի նա­խաբա­նէն կ՚իմա­նանք թէ գիր­քի նիւ­թը քա­ղուած է փաս­տա­ցի իրո­ղու­թե­նէ եւ 1912-ին Տի­յար­պե­քիրի Արէ­քեան Վար­ժա­րանի մէջ բե­մադ­րո­ւած է տե­ղական բար­բա­ռով։ Պա­տու­մի հե­րոսն է Կա­րապետ Աղա կեր­պա­րը, որ իր դստեր հետ միասին լու­մա­յափո­խու­թիւնով կը զբա­ղէր բարձր տո­կոս­ներ պա­հան­ջե­լով։ Ան այսպէ­սով կը սնան­կացնէր տա­րածաշրջա­նի հայ գիւ­ղա­ցինե­րը եւ հարստու­թիւն կը դի­զէր անոնց կա­լուած­նե­րը գրա­ւելով։ 

Կա­խաղա­նին վրայ քաջ, 
մի­ջազ­գայնա­կան եւ թատ­րերգակ

Անի­րաւ դա­տաքննու­թեան ար­դիւնքով մա­հապատ­ժի դա­տապար­տո­ւած Փա­րամազ (Մատ­թէոս Սար­գի­սեան) եւ 19 ըն­կերնե­րը Պէ­յազիտ Հրա­պարա­կին վրայ կա­խաղան բարձրա­ցուե­ցան 15 Յու­նիս 1915 թո­ւակա­նին։ 110 տա­րիներ ան­ցան այդ դէպ­քէն եւ տա­սը տա­րիներ փա­րամազ­նե­րու վե­րաբե­րեալ իմ գիր­քի հրա­տարա­կու­թե­նէն:

10 տա­րուայ ըն­թացքին այս նիւ­թի վրայ շատ բա­ներ գրո­ւեցան, ըսո­ւեցան: Սա­կայն սո­ցիալիս­տա­կան ձա­խի մեծ մա­սը Մարքսի Կու­գէլմա­նին գրած նա­մակին ար­տա­յայ­տա­ծին նման այս նիւ­թը «լռու­թեան գաղտնիք»ով ան­տե­սեց: Որով­հե­տեւ ազ­գայնա­կանու­թեամբ պղծո­ւած սո­ցիալիզ­մի տար­բե­րակ­նե­րը մեր երկրին մէջ ալ բա­ւական ազ­դե­ցիկ են:

Այս հո­ղերուն մէջ սո­ցիալիս­տա­կան շար­ժումի պատ­մութեան նո­րէն անդրա­դառ­նա­լու առիթ տո­ւող այս աշ­խա­տան­քը հե­ղափո­խական փո­փոխու­թիւն ստեղ­ծած ըլ­լա­լով, նիւ­թը օրա­կար­գին մէջ պա­հելու եւ Փա­րամա­զի 110-րդ մա­հուան տա­րելի­ցին «Հո­վին Բե­րածը Հո­վը Կ՚առ­նէ» անու­նով թատ­րերգու­թեան հե­ղինա­կի ինքնու­թեամբ յի­շել ու­զե­ցի:

Փա­րամա­զի եւ բա­րեկամ­նե­րուն յի­շատակ­նե­րը ան­մո­ռաց ըլ­լայ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ