Համշէնցիները կորսնցուցին իրենց մշակութային դեսպանը

ՀԻԿՄԵԹ ԱՔՉԻՉԵՔ

Կորսնցու­ցինք մեր բա­րեկամ լրագ­րող, հրա­տարա­կիչ Սեր­կէյ Վար­դա­նեանը, որ ճանչցանք համ­շե­նական լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի հե­տազօ­տու­թիւննե­րով։ Երե­ւանի մէջ ապ­րող Վար­դա­նեանը եր­կար ատե­նէ ի վեր կը բու­ժո­ւէր քաղցկե­ղի պատ­ճա­ռով։

Հայ­կա­կան ժո­ղովրդա­կան մշա­կոյ­թի եւ լե­զուի վրայ աշ­խա­տանքնե­րով ծա­նօթ Սեր­կէյ Վար­դա­նեան, Աբ­խա­զիայի եւ Սո­չիի համ­շէնցի­ներուն հետ ծա­նօթա­նալէն ետք, իր աշ­խա­տանքնե­րը կեդ­րո­նացուց Համ­շէ­նի լե­զուի եւ մշա­կոյ­թին վրայ։ 1984-1987 տա­րինե­րուն 1944-ին Պա­թու­մէն Ղա­զախստան եւ Ղրղզստան աք­սո­րուած համ­շէնցի­ներուն մա­սին դաշ­տա­յին աշ­խա­տանքներ կա­տարեց։

Վար­դա­նեանին հետ 2005-ին բա­րեկամ­նե­րուս հետ հրա­տարա­կած «Վո­վա Համ­շե­ցու խաղ - Համ­շէ­նի եր­գեր» ալ­պո­մի առի­թով ծա­նօթա­ցանք Տի­րան Լոք­մա­կէօզեանի մի­ջոցով։ Վար­դա­նեանը այդ օրե­րուն մեծ աշ­խա­տան­քով գրե­թէ մի­նակ կը հրա­տարա­կէր «Ձայն Համ­շե­նական» ամ­սա­թեր­թը։ Մեր ծա­նօթու­թե­նէն առաջ Վո­վա ալ­պո­մին եր­գե­րուն մա­սին գնա­հատա­կան­ներ տե­ղադ­րած էր Ձայն Համ­շե­նակա­նին մէջ։ Ծա­նօթա­նալէն ետք Վո­վա ալ­պո­մին եր­գե­րու եւ Համ­շէն լե­զուի ու մշա­կոյ­թի մա­սին եր­կար-եր­կար նա­մակակ­ցութիւն ու­նե­ցանք։ 2008-ին Նա­րեկա­ցի Արո­ւես­տի Ինստի­տու­տի հրա­ւէրով հա­մերգ տա­լու հա­մար Երե­ւան եր­թա­լով Սեր­կէյ Վար­դա­նեանին հետ դէմ առ դէմ հան­դի­պելու առիթ ու­նե­ցանք։ Միասին եղած այդ շա­բաթը կեան­քիս ամե­նէն զգաց­մունքա­յին շրջան­նե­րէն մէկն էր։ Սեր­կէ­յը Այ­շէ­նուր Քո­լիվա­րի հետ իր տու­նը հիւ­րընկա­լեց մեզ։ Յե­տագայ տա­րինե­րուն Համ­շէն ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րուն յատ­կա­ցող ակա­դեմա­կան Լու­սի­նէ Սա­հակեանին հետ ալ անոր շնոր­հիւ ծա­նօթա­ցանք։ Այդ օրէն սկսեալ մեր բա­րեկա­մու­թիւնը զար­գա­նալով շա­րու­նա­կեցաւ։ 2010 եւ 2011 տա­րինե­րուն եր­կու տա­րի յա­ջոր­դա­բար Վար­դա­նեանը եւ Սա­հակեանը մեր հիւ­րերն էին Թուրքիոյ մէջ։ Առա­ջին տա­րի Փո­սօֆէն Թուրքիա մտան, Հո­փայի համ­շէնցի­ներու Պիլ­պի­լան եայ­լա­յի մէջ դի­մաւո­րեցինք զի­րենք։ Ան­կէ Արթվին գիւ­ղէն Սեւ Ծո­վու ափին Քե­մալ­փա­շայի մեր ըն­տա­նեկան յար­կին տակ հիւ­րընկա­լեցինք։ Քե­մալ­փա­շայի մէջ մե­զի պոլ­սէն մեր բա­րեկամ­ներ Սե­դա եւ Բագ­րատ Էս­տուգեան­ներն ալ միացան։ Ետ­քը հա­մաճա­րակին կորսնցու­ցած համ­շէնցի բա­րեկամ լրագ­րող սի­րելի Ատ­նան Կեն­ճի ու­ղեկցու­թեամբ Համ­շէն եւ Չամ­լը­համ­շէ­նը շրջե­ցինք։ Այ­տե­րի, Համ­շէ­նի ապա­րանքնե­րը, ձո­րերը, Զիլ­քա­լէն տե­սանք։ Ասի­կա անոնց առա­ջին ճամ­բորդու­թիւնն էր Համ­շէ­նի շրջան, առա­ջին շփու­մը թուրքիացի համ­շէնցի­ներուն հետ։ Զգաց­մունքա­յին վայրկեան­ներ էին։ Յա­ջորդ տա­րի եկած ատե­նը Կի­թօ եայ­լա­սը մնա­ցինք։ Ամ­պարլը եւ Չաթ եայ­լա­ները ու Էլե­ւիթ գիւ­ղը շրջե­ցանք։ Էլե­ւիթ գիւ­ղին մէջ Սուրբ Խա­չիկոր վան­քը այ­ցե­լեցինք։ Ետ­քը Խաչ­քար լեռ­նե­րուն հա­րաւա­յին ստո­րոտ­նե­րուն մին­չեւ 1915 կա­րեւոր հայ­կա­կան բնա­կավայր մը եղած Խո­տոր­ջուր (Իս­փիր Սը­րաքո­նաք­լար) գա­ցինք։ Խո­տոր­ջուրի մէջ հի­մա մզկիթ ըլ­լա­լով գոր­ծա­ծուող եկե­ղեցին շրջե­ցանք։ Հին, աւե­րակ տու­նե­րու պա­տերուն գոր­ծա­ծուած քա­րերու վրայ Հայ­կա­կան այ­բուբե­նով գրո­ւած գրու­թիւննե­րը տրտմու­թեամբ լու­սանկա­րեցին։ Սեր­կէ­յը հե­տեւեալ տա­րինե­րուն ալ Թուրքիա՝ Արթվին եւ Ռի­զէի մէջ Համ­շէն շրջան­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւններ ու­նե­ցաւ, նոր բա­րեկա­մու­թիւններ ձեռք բե­րաւ, իր հե­տազօ­տու­թիւննե­րը շա­րու­նա­կեց։

Վար­դա­նեանը իր աշ­խա­տանքնե­րուն մշա­կու­թա­յին եւ պատ­մա­կան ար­ժէ­քը գիտ­ցող, չա­փազանց խնա­մատար, ու­շա­դիր եւ բա­րոյա­կան սկզբունքնե­րու հա­կած հե­տազօ­տող մըն էր։ Գտած ամէն տե­ղեկու­թիւն եւ փաս­տա­թուղթ կը գրան­ցէր, ար­խիւ, համ­շէ­ներէն բառ մը, դար­ձո­ւածք մը կամ խօ­սակ­ցութիւ­նը, իմաս­տը, հա­մատեքստը բազ­մա­թիւ ան­գամ կը հարցնէր, եթէ հնա­րաւոր է տար­բեր ան­ձեր եւ աղ­բիւրնե­րէն կը հաս­տա­տէր։ Ման­րա­մաս­նութիւններն ու տար­բե­րու­թիւննե­րը կա­րեւոր էին անոր հա­մար։ Համ­շէ­նի պատ­մութիւ­նը, համ­շէնցի­ներու էթ­նիկ եւ մշա­կու­թա­յին ան­ցեալը եւ այս մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու ան­ցած ճա­նապար­հը լաւ գի­տէր։ Այնպէս որ Վո­վա ալ­պո­մին մէջ տեղ գտած «Ասա Ան­տէր Ասա» (ըսէ՛ ղա­րիպ ըսէ՛) անուն գոր­ծին, իր գրան­ցո­ւած բա­ռերէն տար­բեր բա­ռեր ալ պա­րու­նա­կելը նկա­տած էր, այս բա­ռերը նա­խապէս չէր լսած։ Նոյն շրջա­նին նոր ալ­պո­մի պատ­րաստու­թեան ատե­նը «Ալի Աշուն Կու գայ» անուն գոր­ծին բա­ցակա­յող քա­ռեակ­նե­րուն հա­մար իմ օգ­նութեան եկողն ալ Սեր­կէյ աղ­բարն էր։ Փնտռած անա­նուն քա­ռեակ­նե­րը Սեր­կէ­յին Ղա­զախստա­նի համ­շէնցի­ներէն ձեռք բե­րած, Ղա­զախստա­նի մէջ Համ­շէնցի­ներէն մէ­կուն Հո­փա Չա­ւուշլու գիւ­ղը իր ազ­գա­կան­նե­րը այ­ցե­լելուն ամէն­քը միասին եր­գե­լով գրան­ցո­ւած յի­շատակ մը քա­սետին մէջ առ­ջեւս ելած էր։ Այ­շէ­նուր Քո­լիվա­րի եր­գած շատ սի­րուած «Նոր Հարս Էլ­լիմ Ին­շալլահ» անուն գործն ալ նո­րէն Սեր­կէ­յին Ղա­զախստա­նի համ­շէնցի­ներէն հա­ւաքած ու մե­զի հաս­ցուցած երգ մըն է։

Սեր­կէյ Վար­դա­նեանը, կ՚ու­զէր համ­շէնցի­ներու Երե­ւանի մէջ մշա­կու­թա­յին դես­պա­նի նման գոր­ծել։ Այսպէս համ­շէ­նի բար­բա­ռի եւ մշա­կոյ­թին հետ առնչո­ւած ամէն գի­տելիք, հրա­տարա­կու­թիւն, երաժշտա­կան ալ­պոմներ հա­ւաքել եւ զա­նոնք Հա­յաս­տա­նի հան­րութեան տրա­մադ­րել։ Ռա­տիօ եւ հե­ռուստա­տեսու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ Համ­շէ­նի եր­գե­րը մէկ առ մէկ կը ներ­կա­յաց­նէր ու կը վեր­լուծէր։ Համ­շէ­նի բար­բա­ռի եւ մշա­կոյ­թի փաս­տագրման, Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­նուցման եւ սի­րուե­լուն, Համ­շէ­նի եր­գե­րու Հայ երա­ժիշտնե­րու կող­մէ կա­տարու­մին մէջ սի­րելի Սեր­կէյ Վար­դա­նեանը շատ կա­րեւոր ներդրումներ ու­նե­ցած է։

Յար­գանքով եւ կա­րօտով կը յի­շեմ զինք։

Պար­կատզ տա­կէ ծա­ղիկ էլ­լի։ Աս­տո­ւած լու­սո­վէ բատտա։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ