ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Խապրիկ Սաու Փաուլոյէն

11հա­զար քի­լօմեթր։ Հսկայ հե­ռաւո­րու­թիւն մը, որ յաղ­թա­հարե­լու հա­մար կը հար­կադրո­ւինք 13 ժա­մուայ թռիչ­քի մը։ Հե­ռաւո­րու­թիւննե­րը չէ­զոքաց­նող հետզհե­տէ վե­րաց­նող սար­քե­րու շնոր­հիւ է, որ այս տո­ղերը օրըս­տօ­րին կը հաս­նին ըն­թերցո­ղի ու­շադրու­թեան։

Հե­ռաւո­րու­թեան վեր­ջա­կէտն է Պրա­զիլի Սան Փաու­լօ քա­ղաքը։ Ժա­մանած ենք Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա, ըն­դա­ռաջե­լով «Ակօս»ի ուղղո­ւած հրա­ւէրի։ «Փիօի» պար­բե­րակա­նի նա­խաձեռ­նութեամբ կա­յացաւ եր­կօ­րեայ փա­ռատօն մը՝ «Պատ­մութիւն եւ մա­մուլ» ընդհա­նուր խո­րագ­րի ներ­քեւ։

Հրա­ւիրո­ւած էին յատ­կա­պէս այ­լա­խոհ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչներ։ «Ակօս»ը դա­սուած էր «Ուա­շինկթըն փոսթ», «Նիւ Եորք Թայմս» կամ «Հա­րեց»ի նման ան­կախ թեր­թե­րու կող­քին։ Ար­դա­րեւ նկա­տեցինք որ ժա­մանող պա­տուի­րակու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը տե­ղեակ էին «Ակօս»էն եւ անոր առա­քելու­թե­նէն։

Մե­զի հա­մար խիստ իմաս­տա­լից էր բազ­մութիւն լսա­րանին դի­մել հա­յերէ­նով, որ մեծ ձեռնհա­սու­թեամբ նոյն պա­հուն կը թարգմա­նուէր փոր­թուկա­լերէ­նի եւ անգլե­րէնի։

Որ­պէս զրու­ցա­վար ներ­կայ էին լրագ­րող Լո­ւիճի Մազ­զա եւ վա­ւերագ­րա­կանի հե­ղինակ Քա­սիանա Տէր Յա­րու­թիւնեան։ Ըն­դա­ռաջե­լով իրենց հար­ցումնե­րուն առի­թը ու­նե­ցանք նկա­րագ­րե­լու լրագ­րո­ղական աս­պա­րէզի, ի մաս­նա­ւորի ալ «Ակօս»ի դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րուն մա­սին խօ­սելու։ Որ­քան ալ կը խօ­մէինք Թուրքիոյ պայ­մաննե­րուն մա­սին, նիւ­թը ինքնա­բերա­բար կը ծա­ւալէր եւ կ՚ընդգրկէր հա­մաշ­խարհա­յին խնդիր­նե­րը եւ մա­նաւանդ անոնց մա­մու­լի մի­ջոցաւ ցո­լաց­ման եղա­նակը։

Մեր խօս­քի պա­հուն եկած ար­ձա­գանգնե­րը կամ ձայ­նակցու­թեան նշան­նե­րը կ՚ապա­ցու­ցէին թարգմա­նու­թեան ան­թե­րի կա­տարու­մը, որ ստանձնած էր տի­կին Քե­թի Շա­հինեան։

Եռօ­րեայ փա­ռատօ­նի աւար­տէն ետք առի­թը ու­նե­ցանք ծա­նօթա­նալու Սաու Փաու­լօ քա­ղաքին։ Հա­ճելի զու­գա­դիպու­թիւն էր որ մեր ներ­կա­յու­թեան օրե­րուն մեկ­նարկեց նաեւ Սաու Փաու­լո­յի պիենա­լէն։ Այսպէս վա­յելե­ցինք՝ նոյ­նիսկ կա­րելի է ըմ­բոշխնե­ցինք գե­ղարո­ւես­տա­կան ճոխ խնճոյք մը։ Սկսե­լով պիենա­լէի ցու­ցադրա­վայ­րէն, ամէն ինչ ման­րա­մասն ու­սումնա­սիրուած մտայ­ղա­ցումնե­րու ար­դիւնքն էր։ Վա­յելե­ցինք յատ­կա­պէս ազ­գագրա­կան բնոյ­թով ճոխ եւ հա­րուստ արո­ւես­տա­կան ար­տադրու­թիւններ։ Իբ­րեւ քան­դա­կագոր­ծութեան փայ­տա­կերտ նմոյշներ, տպա­ւորիչ էին տե­ղացի հնդիկ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը։

Ու­նե­ցանք յա­ւելեալ երեք ազատ օրեր, որոնց ըն­թացքին մե­զի ու­ղե­ցոյց եղաւ ծա­նօթ անձնա­ւորու­թիւն մը՝ յան­ձին Նո­րայր Շա­հինեանի։ Ան մաս­նա­գիտու­թեամբ ճար­տա­րագէտ է եւ հմուտ մաս­նա­գէտ մը լու­սանկար­չա­կան արուես­տին։ Ար­դա­րեւ այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ մենք վա­ղուց ծա­նօթա­ցած էինք իրեն եւ հե­տեւած անոր Արեւմտեան Հա­յաս­տա­ն եւ Կի­լիկեան շրջա­կայ­քի ու­ղե­ւորու­թիւննե­րուն։

Այս առ­թիւ մենք յա­ճախ առի­թը ու­նե­ցանք յի­շատա­կելու թեր­թիս հա­յերէն էջե­րուն աւագ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանը, «Արաս»ի հիմ­նա­դիր Եդո­ւարդ Թով­մա­սեանը եւ դեռ բա­զում անուններ։

Նո­րայ­րը բա­ռի եղաւ նաեւ իր տան մտեր­մութեան մէջ տե­ղացի հայ հա­մայնքէն երի­տասարդնե­րու հետ ընթրիք մը կազ­մա­կեր­պե­լու իր ըն­տա­նեկան եր­թի­քին տակ։

Տա­կաւին ու­նինք հան­դի­պումնե­րու ծրա­գիր, որոնց մա­սին կը խօ­սինք յա­ջորդ համարով։