ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Վերյիշելով ջուլհակութիւնը

Ջուլհակութիւնը Հրաչ Կէօզիւպէյուքեանի ժառանքն էր իր հօրմէն։ Հայրը այս արուեստը սորված էր Հալէպ՝ գաղթակայանի վերապրած կիներէ։ 1977-ին, Հրաչ Պէյրութէն կը տեղափոխուի Քալիֆորնիա, ուր իր հօր հետ կը շարունակէ գորգի նորոգութեան գործը։ Երբ Հրաչը իր հաւաքածոյէն գորգեր հանեց եւ սկսաւ մեզի համար անոնց պատմութիւնները մէկիկ-մէկիկ «կարդալ», նկատեցի, որ որքա՜ ն պակասը ունինք նման հիմնական գիտութեան մը եւ թէ որեւէ ջանք պիտի չբաւարարեցնէ այս բացը գոցելուն։ 1920-ականները եղան այն ժամանակաշրջանը, երբ հայ կանայք դադրեցան ջուլհակներ ըլլալէ։ Խորարմատ գիտելիքներու սերունդէ սերունդ փոխանցումը ընդհատուեցաւ ու հայ կիներու ձեռքէն խլուեցաւ հիւսելու գիտութիւնը Ասոր յաջորդեց ճարտարարուեստականացումը եւ այնուհետեւ՝ գաղթականութիւնն ու աժան աշխատուժը։

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

«Երբ կ՚ըսենք, որ աւանդական գորգ հիւսելը մէկ տարի կ՚առնէ եւ եղանակային է, ի՞նչ կը նշանակէ։ Գարնան սկիզբը պէտք է ոչխարը խուզեն, ձմեռուան կիսուն չեն կրնար խուզել, չէ՞։ Գարնան սկիզբը պիտի խուզեն։ Երբ օդերը պիտի սկսին նոր տագնալ, պիտի խուզուի։ Օդերը կը տագնան, ձիւները կը հալին եւ առուակները հոսելու կը սկսին։ Խուզեցին, հոսող, մաքուր ջուրի մէջ պիտի լուացուի գարնան։ Ամառը եկաւ։ Լուացուած բուրդը պէտք է սանտրուի։ Սանտրուի, հաւասար ըլլայ։ Տունին ոչխարները ընդհանրապէս տունին աղջիկն է, որ կ՚արածէ, որովհետեւ դիւրին գործ է. էրիկ մարդիկ հողագործութիւնը կ՚ընեն՝ ծանր գործերը։ Ամէն մէկ տուն ունի տասը-տասնհինգ ոչխար։ Աղջիկը այդ սանտրուած բուրդերը մէկ ծրար կ՚առնէ, ոչխարները կ՚առնէ, իլիկը կ՚առնէ, մէկ օրուան մէջ թէ՛ ոչխարները կ՚արածէ եւ թէ՛ բուրդը կը մանէ։ Եկաւ աշուն։ Պտուղները հասած են։ Ծաղիկներուն թուփերը մեծցած են։ Ծառերու պտուղներուն կեղեւները հասուն են, անոնք պիտի հաւաքեն, պիտի ներկեն։ Ձմրան կիսուն չեն կրնար ներկել, որովհետեւ այդ պտուղները չկան։ Ամառուան կիսուն պտուղները չեն հասած։ Գունարկութիւն չկայ։ Աւանդութիւն է այս գիտելիքը, որ ժառանգուած է սերունդէ սերունդ։ Եկաւ ձմեռը, դուրսի գործերը վերջացան։ Ձիւն տեղաց, պաղ է դուրսը։ Իրենք [կիները] աշնան ամբողջ ձմեռուան պաշարը ներս բերած են, բուրդը՝ ամէն ինչ եղած թելերը պատրաստ՝ ներկուած է, դուրսի գործ չկայ, ներսը նստած է ձմրան այդ պաղուն, օճախը վառած է, գորգը կը հիւսէ՝ մինչեւ յաջորդ գարնան սկիզբը...»

Ջուլհակութիւնը Հրաչ Կէօզիւպէյուքեանի ժառանքն էր իր հօրմէն։ Հայրը այս արուեստը սորված էր Հալէպ՝ գաղթակայանի վերապրած կիներէ։ 1977-ին, Հրաչ Պէյրութէն կը տեղափոխուի Քալիֆորնիա, ուր իր հօր հետ կը շարունակէ գորգի նորոգութեան գործը։ Ան Նորթրիճի մէջ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հայագիտական ամպիոնին մէջ դասաւանդած է հայկական գորգագործութիւն նիւթը։ Ներկայիս ան կ՚ապրի Լոս Անճելոս եւ կը նկատուի ջուլհակութեան թիւ մէկ մասնագէտներէն մին՝ հայկական ջուլհակութիւնը ունենալով իր կիզակէտը։

Լոս Անճելոսի մէջ, Հրաչ ստեղծած է անասուններով, բոյսերով եւ գորգերով գերիրապաշտ աշխարհ մը ՝ Կիլիկիան յիշեցնող լեռնային աշխարհագրութեան մը մէջ։ Ճերմակ աղաւնիներուն եւ պտղատու ծառերուն մէջէն, բլուրին հենած տան ամէնէն թանկարժէք ունեցուածքները գորգերն են։ Կէօզիւպէյուքեանի խօսքով, հայկական գորգերը ծածկագիր լեզու մը ունին եւ ամբողջ կեանք մը բաւարար չէ զայն գաղտնազերծելու համար։ «Հայկական գորգերը խորհրդացուցական նախշերով լեցուն են։ Աւելի քան 50 տարիէ ի վեր կ՚ուսումնասիրեմ զանոնք եւ կը հաւատամ, որ մեր նախնիները գիր-գրականութիւն չեղած ժամանակ ունեցած են այս իմաստութիւնը, գիտութիւնը. տիեզերական օրէնքները գիտէին. ինչո՞ւ. որովհետեւ առաջին երկրագործները եղած են։ Հետեւաբար երկրագործութիւն պէտք է իմանային՝ ե՛րբ պէտք է ցանեն, հնձեն, հերկեն, լուսնի հանգրուանները հետեւին… Երբ նայինք պարսկական գորգերուն, կը տեսնենք վարդ, մեխակ եւ այլն, հոն գաղտնի պահուած վերացական բան մը չկայ, իրապաշտ է։ Հայերը [ջուլհակութեան մէջ] գաղափարագրութեան միջոցով կ՚արտայայտէին, ինքզինքնին կ՚արտայայտէին եւ ինքնակենսագրական կը պատմէին»։

Երբ Հրաչը իր հաւաքածոյէն գորգեր հանեց եւ սկսաւ մեզի համար անոնց պատմութիւնները մէկիկ-մէկիկ «կարդալ», նկատեցի, որ որքա՜ ն պակասը ունինք նման հիմնական գիտութեան մը եւ թէ որեւէ ջանք պիտի չբաւարարեցնէ այս բացը գոցելուն։ Ան գորգին տուած միայն մէկ նայուածքով կրնայ անոր ամբողջ պատմութիւնը տեսնել։ Եւ աւելի՛ն, ան կրնայ նաեւ կռահել գորգագործին փորձառութեան սահմանն ու տարիքը։ «Գորգին ետեւի հիւսքին կը նայինք, ետեւի հիւսուածքը, կողմի սիւները, քանի հատ միջնաթել ունի, հիւսքին հանգոյցին դիրքը, [այս բոլորը] ինծի կ՚ըսեն, որ ո՛ւր շինուած է եւ ո՛ր ժամանակաշրջանէն է։ հիւսքին թեքնիքը ուսումնասիրելով, կրնանք կարդալ ընտանեկան պատմութիւնը՝ զաւակներուն թիւը, անոնց պսակուած ըլլալը… այլ խօսքով ջուլհակը իր ինքնակենսագրականը կը հիւսէ»։

1920-ականները եղան այն ժամանակաշրջանը, երբ հայ կանայք դադրեցան ջուլհակներ ըլլալէ։ Խորարմատ գիտելիքներու սերունդէ սերունդ փոխանցումը ընդհատուեցաւ ու հայ կիներու ձեռքէն խլուեցաւ հիւսելու գիտութիւնը Ասոր յաջորդեց ճարտարարուեստականացումը եւ այնուհետեւ՝ գաղթականութիւնն ու աժան աշխատուժը։

«Մանաւանդ հայկական գորգերու պարագային, երբ 1920-ականներէն ետք, Համայնավարութեան ժամանակ, այս աւանդութիւնը կեցաւ։ Հայ գորգ հիմնարկը հաստատուեցաւ, գիւղացիները բերին՝ գորգ հիւսող աղջիկները [բերին], ըսին աշխատանոցներուն մէջ պիտի հիւսէք։ Իսկ [Միջին Արեւելքի] պարագային, գաղթակայաններուն մէջ մնացին, եւ այդ ինչ որ սերունդէ սերունդ կը շարունակուէր կեցաւ։ Հետեւաբար այդ գորգերը, որոնք նախքան 1920-ական թուականները [աշխատցուած են] այլեւս գոյութիւն չունին։ Այդ ժառանգութիւնը 1920-ականներուն Արեւմտահայաստանի տարբեր պարագաներու, Արեւելահայաստանի տարբեր պարագաներու տակ դադրեցաւ»։

Յաճախ կը մոռցուի, որ հայերս հողագործ ժողովուրդ եղած ենք։ Հայոց պատմութեան մասին գրողներ եւ խօսողներ այնպէս մը կը պատմեն, որ կարծես հայեր միայն Պոլսոյ մէջ եղած ըլլային։ Խորքին մէջ, հայը, ըլլալով հարաւային Կովկասի եւ հիւսիսային Միջագետքի բնիկ եւ բնակեցուած, քաջատեղեակ է բոյսին, հողին, հանքանիւթին եւ կլիմային (գաւառին)։ Ինչպէս կը նկարագրէ գորգագէտ Հրաչը, անոնց համար ջուլհակութիւնը տարուան եղանակներուն նման բնական ընթացք մը ունեցող արուեստ մըն էր։ Մեր գորգագործութեան մասին այսօրուան մեր տգիտութիւնը հազարումէկ փաստերէն մէկն է՝ մեր ամենահիմնական գիտութիւններէն զրկուած ըլլալնուս։

(Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան)