Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կը գտնուի Փարիզի Սանթէ բանտին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Լը Ֆիկարօ»-ն:
Սարքոզի դարձաւ Ֆրանսայի առաջին նախկին նախագահը, որ կը բանտարկուի: Ան դատապարտուած է հինգ տարուան բանտարկութեան:
Մեղադրուելով Լիպիայէն ստացուած միջոցներով իր 2007 թուականի ընտրարշաւը ֆինանսաւորելու ծիրին մէջ յանցաւոր դաւադրութեան մէջ` Սարքոզի կը պնդէ իր անմեղութիւնը:
Ան իր պատիժը կը կրէ բանտի մը մէջ, ուր պահուած են 19-րդ դարէն ի վեր ամէնէն յայտնի կալանաւորներէն մէկ քանին: Անոնց շարքին են գնդապետ Ալֆրետ Տրէյֆիւսը, որ սխալմամբ դատապարտուած է դաւաճանութեան համար` հրեայ ըլլալուն պատճառով, եւ վենեզուելացի զօրավար Քարլոս «Շնագայլը», որ քանի մը յարձակումներ գործած է ֆրանսական հողի վրայ:

