Կարէն Տէմիրճեանի ժառանգութիւնը

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Եւ ջանքերիդ հա­մար եւ
հոգ­սե­րիդ բա­զում

Բա­նաս­տեղծն իր սրտի վեր­ջին
խօսքն է ասում

-Որ­պէսզի հար մնար նաիրեան ոգին,

Քեզ պէս հո­վիւ էր պէտք մեր յաս ան­տէր հօ­տին….

Հա­մօ Սա­հեան

Կե­նսագ­րա­կան

ՀՀ Ազ­գա­յին հե­րոս, ակա­նաւոր պե­տական-քա­ղաքա­կան եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ Կա­րէն Սե­րոբի Տէ­միր­ճեանը ծնած է 1932 թ. Ապ­րի­լի 17-ին՝ Երե­ւան, Վա­նէն եւ Կա­րինէն եկած գաղ­թա­կան­նե­րու ըն­տա­նիքին։ Դեռ դպրո­ցական տա­րինե­րէն աչ­քի ին­կած է իր լրջու­թեամբ եւ յատ­կա­պէս՝ տեխ­նի­կական գի­տու­թիւննե­րու նկատ­մամբ հե­տաքրքրա­սիրու­թեամբ։ 1949թ. աւար­տած է Երե­ւանի՝ ներ­կա­յիս Խրի­մեան Հայ­րի­կի անո­ւան միջ­նա­կարգ դպրո­ցը։ 1949-1954 թթ. ու­սա­նած եւ գե­րազան­ցութեամբ աւար­տած է Երե­ւանի Կ. Մարքսի անո­ւան փո­լիթեք­նի­քական ինստի­տու­տի մե­խանի­կական ֆա­կուլտե­տը՝ ստա­նալով ճար­տա­րագէտ-մե­խանի­կի մաս­նա­գիտու­թիւն, 1961թ.՝ Խորհրդա­յին Միու­թեան Կո­մու­նիստ Կու­սակցու­թեան կեդ­րո­նական կո­միտէի առըն­թեր Մոս­կո­ւայի բարձրա­գոյն կու­սակցա­կան դպրո­ցը։ 1954-1955 թթ. աշ­խա­տած է Լե­նինկրա­տի գի­տահե­տազօ­տական ինստի­տուտնե­րէն մէ­կուն, 1955 թո­ւակա­նէն՝ Երե­ւանի էլեկտրա­տեխ­նի­կական գոր­ծա­րանի մէջ՝ տեխ­նո­լոգ, ար­տադրա­մասի աւագ վար­պետ, պետ, կուսկո­միտէի քար­տուղար, գլխա­ւոր ճար­տա­րագէտ, տնօ­րէն։ 1966-1972թթ. եղած է ՀԿԿ Երե­ւանի քաղ­կո­մի քար­տուղար, երկրորդ քար­տուղար, 1972-1974թթ.՝ ՀԿԿ կենտկո­մի քար­տուղար, 1974-1988թթ.՝ առա­ջին քար­տուղար, 1991-1999թթ.՝ «Հա­յէլեկտրա­մեքե­նա» բաժ­նե­տիրա­կան ըն­կե­րու­թեան նա­խագահ, գոր­ծա­դիր տնօ­րէն։

1988 թո­ւակա­նին կը սկսի Ղա­րաբա­ղեան շար­ժումը, որու լուծման հար­ցին կեդ­րո­նի հետ ու­նե­ցած տա­րաձայ­նութիւննե­րը պատ­ճառ դար­ձան Տէ­միր­ճեանի պաշ­տօ­նաթո­ղու­թեան։ Տա­րիներ շա­րու­նակ ան հե­ռու կը մնայ ակ­տիվ քա­ղաքա­կանու­թե­նէն՝ մինչ ժա­մանա­կը կը բե­րէ նոր մար­տահրա­ւէր­ներ։ Այս առ­թիւ տե­ղին է յի­շել Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի խոս­տո­վանու­թիւնը. «Երբ 1988թ. ժո­ղովուրդը չհաս­կա­ցաւ ինձ ու հե­ռացաւ ինձմէ, ես որո­շեցի, որ այ­լեւս պէտք չէ մնամ քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ եւ հե­ռացայ։ 1998թ. ես հասկցայ, որ պէտք եմ իմ ժո­ղովուրդին, որ ան յոյ­սեր կը կա­պէ ինձ հետ, սպա­սումներ, եւ ես վե­րադար­ձայ»։ Շռնդա­լից էր 1998թ. Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի վե­րադար­ձը մեծ քա­ղաքա­կանու­թիւն։ Ժո­ղովուրդը ցնծու­թեամբ ըն­դունեց անոր առա­ջադ­րումը նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րուն։ Սպա­սումնե­րուն հա­կառակ՝ ընտրա­խախ­տումնե­րու ար­դիւնքին Տէ­միր­ճեանը չընտրուեց հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ։ Եւ երկրի մէջ ան­կա­յուն իրա­վիճակ չստեղ­ծե­լու պատ­ճա­ռով՝ չբո­ղոքար­կեց ընտրու­թիւննե­րու ար­դիւնքնե­րուն, այլ՝ ընտրեց սահ­մա­նադ­րա­կան պայ­քա­րի ճա­նապար­հը։ Ստեղ­ծեց եւ ղե­կավա­րեց Հա­յաս­տա­նի Ժո­ղովրդա­կան կու­սակցու­թիւնը։1999թ. Վազ­գէն Սարգսեանը դի­մեց Կա­րէն Տէ­միր­ճեանին Ազ­գա­յին ժո­ղովի յա­ջորդ ընտրու­թիւննե­րուն միասին մաս­նակցե­լու խնդրան­քով։ Եւ ձե­ւաւո­րուե­ցաւ «Միաս­նութիւն» դա­շին­քը, որ ընտրու­թիւննե­րուն ստա­ցաւ ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րու բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութիւ­նը։ Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը ընտրո­ւեցաւ Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ, իսկ Վազ­գէն Սարգսեանը նշա­նակո­ւեցաւ ՀՀ վար­չա­պետ։ Սա­կայն նոյն տա­րուայ Հոկ­տեմբե­րի 27-ին կտրուեցաւ միաս­նութեան այդ ճա­նապար­հը։ Ազ­գա­յին ժո­ղովի դահ­լիճ ներ­խուժած զի­նուած ահա­բեկիչ­նե­րու ձեռ­քով սպա­նուե­ցան թէ՚ Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը, թէ՚ Վազ­գէն Սարգսեանը եւ անոնց հետ վեց գոր­ծիչներ։

«Թե­րեւս մեծ խոր­հուրդ կայ այն իրո­ղու­թեան մէջ, որ դա­րավեր­ջին եկան ու միախառ­նո­ւեցան փորձն ու իմաս­տութիւ­նը, քա­ջու­թիւնն ու կո­րովը եւ դար­ձան Կա­րէն Տե­միր­ճեան ու Վազ­գէն Սարգսեան «Միաս­նութիւն»։ Եր­բե­ւիցէ այդքան չէին ներ­դաշնա­կուած պատ­մա­կան պա­հի գի­տակ­ցումը, քա­ղաքա­կան կամքն ու պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը, պե­տու­թեան ապա­գան երաշ­խա­ւորե­լու կա­րողու­նա­կու­թիւնը։ Այդ «Միաս­նութեան» ծնունդը Հա­յաս­տա­նի վե­րածննդի առ­հա­ւատ­չեան էր եւ այնքան յստակ ու տե­սանե­լի, որ թշնա­մին մեզ­մէ շուտ նկա­տեց։ Իսկ ապ­րողնե­րուս ժա­ռան­գո­ւեցաւ պե­տական մտա­ծողու­թեան նոր գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը, որ ծնաւ մեր կեան­քի խրա­մատ­նե­րուն, իմաս­տա­ւորո­ւեցաւ Վազ­գէն Զօ­րավա­րի տա­ռապան­քի փոր­ձով, ամ­բողջա­կանա­ցաւ Կա­րէն Տէ­միր­ճեան առաջ­նորդի խո­րաթա­փան­ցութեամբ ու… չհասցրեց դառ­նալ ամեն­քիս կեն­սա­կեր­պը», (Գա­գիկ Յա­րու­թիւնեան, 17.04.2002թ.)։

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի
ժա­ռան­գութիւ­նը՝ չա­փելի ու
ան­չա­փելի

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի՝ Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի ղե­կավար­ման 14 տա­րինե­րը յա­ճախ կը բնու­թագրո­ւին որ­պէս կա­յուն զար­գացման, ար­դիւնա­բերա­կան վե­րել­քի եւ սո­ցիալա­կան բա­րելաւ­ման ժա­մանա­կաշրջան։ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը կա­ռու­ցո­ւէր ար­դիւնա­բերա­կան խո­շոր ձեռ­նարկու­թիւններ, կ՚ընդլայ­նո­ւէր գի­տահե­տազօ­տական նե­րու­ժը, կը ստեղ­ծո­ւէր մշա­կու­թա­յին նոր հաս­տա­տու­թիւններ։ Շա­հագործման կը յանձնո­ւէր Երե­ւանի «Զո­ւարթնոց», Կիւմրիի «Շի­րակ» եւ սահ­մա­նամերձ շրջան­նե­րու օդա­նաւա­կայան­նե­րը, Երե­ւանի Մետ­րո­պոլի­տենը, Մե­ծամօ­րի աթո­մակա­յանը, Մար­զա­համեր­գա­յին հա­մալի­րը, կը կա­ռու­ցո­ւին Ար­փա-Սե­ւան ջրա­տարը, գրա­պալա­տը, Մա­սիս-Նուռնուս ու Աղստա­ֆա-Իջե­ւան-Հրազ­դան-Սե­ւան-Մար­տունի եր­կա­թու­ղա­յին մայ­րուղի­ները, Մեղ­րի-Քա­ջարան ավ­տո­ճանա­պար­հը եւ այլն։ Անոր ջան­քե­րով 1978թ. ՀԽՍՀ նոր սահ­մա­նադ­րութեան մէջ կը վե­րահաս­տա­տուի հա­յերէ­նը պե­տական լե­զու ամ­րագրող յօ­դուա­ծը։ Տե­ղին է յի­շել Գա­րեգին Ա Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոսի գրա­ռու­մը. «Դուք ձեր հայ­րե­նասի­րու­թիւնը ապա­ցու­ցե­ցիք ձեր հայ­րե­նաշէ­նու­թեամբ»։ Եւ իզուր չէ, որ ժո­ղովուրդը անոր տո­ւած է «Կա­րէն Շի­նարար» պա­տուա­նու­նը։

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի անու­նը
այ­սօր դա­ջուած է Հա­յաս­տա­նի դէմ­քին

Տէ­միր­ճեանի անու­նով կո­չուած են Երե­ւանի մետ­րո­պոլի­տենը, Մար­զա­համեր­գա­յին հա­մալի­րը, Երե­ւանի թիւ 139 դպրո­ցը, փո­ղոց­ներ՝ մայ­րա­քաղա­քի եւ ՀՀ այլ քա­ղաք­նե­րուն։ 2001թ. Երե­ւանի մէջ հիմ­նադրո­ւած, 2007թ. Բա­ցուած է Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի թան­գա­րանը, ուր կա­րելի է ծա­նօթա­նալ անոր կեան­քի եւ գոր­ծունէու­թեան հետ, տես­նել լու­սանկար­ներ, տե­սաֆիլ­մեր, փաս­տաթղթեր կա­պուած Տէ­միր­ճեանի կեան­քի հետ, ինչպէս նաեւ անձնա­կան իրե­րէն, անոր կա­ռավա­րական պար­գեւնե­րը, յու­շա­նուէր­նե­րը, արո­ւես­տի գոր­ծե­րը։ 2023թ. Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի անու­նը կրող Երե­ւանի մար­զա­համեր­գա­յին հա­մալի­րի դի­մաց տե­ղադ­րո­ւած է անոր յու­շարձա­նը։

Մե­ծերու հա­յեաց­քը մե­ծին

Գե­ղան­կա­րիչ Գրի­գոր Խան­ջեանը կը պատ­մէ, որ Տէ­միր­ճեանը արո­ւես­տի մարդկանց յա­ճախ կը հան­դի­պէր. «Նա չէր սի­րում, որ ասէին՝ դուք էք վե­րեւում։ Ասում էր՝ եթէ պե­տու­թիւնը վե­րեւում է, ապա ժո­ղովուրդն էլ է այնտեղ»։ Ակա­դէմի­կոս Գրի­գոր Գուրզա­դեան. «Նա իրա­դար­ձութիւն էր, երե­ւոյթ, եւ յայտնի չէ, թէ մէկ էլ երբ եւ ինչպէս կը յայտնո­ւի, կ՚երե­ւայ, եւս մի այսպի­սի շող­շողուն աստղ հա­զարա­մեակ­նե­րի հե­ռաւո­րու­թիւնից եկող մեր այս բազ­մա­չար­չար ժո­ղովրդի երկնա­կամա­րում…»։ «Չէ՞ որ Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը աւե­լին էր, քան ժո­ղովրդի սի­րեցեալ զա­ւակը, աւե­լին էր, քան կու­սակցու­թեան առա­ջին քար­տուղա­րը, քան Կա­րէն Շի­նարա­րը, քան Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագա­հը։ Նա աւե­լին էր, քան ին­քը։ Նա առա­քեալ էր…». Ըսած էր Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան։

***

Հար­ցազրոյց Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի որ­դի՝ Հա­յաս­տա­նի Ժո­ղովրդա­կան կու­սակցու­թեան նա­խագահ Ստե­փան Տէ­միրճեանի հետ։

Տիար Տէ­միր­ճեան, որ­պէս որ­դի՝ ո՞րն է այն յատ­կա­նիշը, որ ամե­նաշատ կը գնա­հատէիք ձեր հօր մէջ ոչ թէ որ­պէս պե­տական գործչ, այլ որ­պէս մարդ։

Թէ՚ որ­պէս մարդ, թէ՚ որ­պէս պե­տական գոր­ծիչ՝ ես կ՚ընդգծէի անոր պա­տաս­խա­նատ­ւութեան, ար­ժա­նապատ­ւութեան զգա­ցու­մը, լայ­նա­խոհու­թիւնը, ազնւու­թիւնը։ Անոր գրա­ռումնե­րու մէջ կրնաք կար­դալ հե­տեւեալ միտ­քը. «Մեր ժո­ղովուրդը շատ դիւ­րա­հաւատ է, անոր շատ խա­բած են, բայց ես եր­բեք չեմ խա­բեր իմ ժո­ղովրդին»։ Եւ իս­կա­պէս՝ միշտ ազ­նիւ էր ժո­ղովուրդի նկատ­մամբ։ Ան խստա­պահանջ էր, բայց առա­ջին հեր­թին իր նկատ­մաբ։ Էու­թեամբ շատ մե­ծահո­գի, բա­րի մարդ էր։

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը յա­ճախ կը յի­շուի որ­պէս պե­տակա­նու­թեան խորհրդա­նիշ։ Ըստ ձեզ՝ ո՞րն էր անոր գլխա­ւոր սկզբունքը, որ կրնար ծա­ռայել օրի­նակ այ­սօ­րուայ քա­ղաքա­կան մշա­կոյ­թի հա­մար։

Գլխա­ւոր սկզբունքը ես կ՚ըսէի նախ սկզբունքներ ու­նե­նալն է, պե­տական շա­հերով առաջ­նորդո­ւիլը եւ պա­տաս­խա­նատ­ւութեան զգա­ցու­մը ստանձնած գոր­ծի նկատ­մամբ։ Անոր պա­կասը մենք շատ տե­սած ենք եւ կը տես­նենք։ Պե­տական գոր­ծի­չը պէտք է պա­տաս­խա­նատ­ւութիւն զգայ իր ըսած ամէն խօս­քի հա­մար եւ պէտք չէ ըսէ միայն այնպի­սի բա­ներ, որ տո­ւեալ պա­հուն շա­հեկան են իր հա­մար եւ ա­կանջա­հաճոյ՝ ժո­ղովուրդի հա­մար։

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը կ՚ըսէր, որ ղե­կավա­րը պէտք է իրա­տեսա­կան նպա­տակ­ներ դնէ իր առաջ եւ հաս­նի անոնց կա­տար­մա­նը, ին­չը եւ ին­քը կ՚ընէր, սա­կայն հնա­րաւո­րու­թիւննե­րով չամ­րապնդո­ւած նպա­տակ­նե­րու առաջ­քա­շու­մը կը դառ­նայ բախ­տախնդրու­թիւն։

Ըն­տա­նեկան ի՞նչ աւան­դոյթներ կը պահ­պա­նէր Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը, որոնք դուք կը շա­րու­նա­կէք մինչ այ­սօր։

Եթէ կարճ՝ ըսեմ հե­տեւեալը՝ այդ ըն­տա­նիքը սի­րելու, ըն­տա­նեկան ջեր­մութիւ­նը պահ­պա­նելու աւան­դոյթն է։ Չնա­յած իր զբա­ղուա­ծու­թեան՝ ան ժա­մանակ կը գտնէր, կը շփո­ւէր մեր հետ։ Անոնք ան­մո­ռանա­լի պա­հեր էին։ Միասին մենք կը նշէինք տօ­նական օրե­րը։ Իր ար­ձա­կուրդնե­րը կ՚անցկաց­նէր ըն­տա­նիքի հետ, շատ կը սի­րէր ժա­մանակ անցկաց­նել նաեւ թոռ­նուհի­ներու հետ։ Եւ եթէ ան այ­սօր կեն­դա­նի ըլ­լար՝ կը հպար­տա­նար իր թոռ­նուհի­ներով, որոնք շատ բարձր կը պա­հեն իր անունն ու պա­տիւը։

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի կեր­պա­րը յա­ճախ կ՚ըն­կա­լուի որ­պէս «ժո­ղովրդի առաջ­նորդ» կամ «ժո­ղովրդի մարդ»։ Ըստ ձեզ՝ այդպի­սի կեր­պարնե­րը կը ծնո­ւի՞ն, թէ ձե­ւաւո­րուին ժա­մանա­կի պա­հան­ջով։

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը օժ­տո­ւած էր առաջ­նորդի որակ­նե­րով, եւ ան իր գոր­ծունէու­թեամբ ցոյց տո­ւաւ, թէ որ­քան կա­րեւոր է ան­ձի դե­րը պատ­մութեան մէջ։ Ան պա­հան­ջո­ւած էր եւ կը վա­յելէր ժո­ղովուրդի սէրն ու յար­գանքը թէ՚ Խորհրդա­յին տար­ինե­րուն, թէ՚ նո­րան­կախ Հա­յաս­տան։ Ժո­ղովուրդի այդ վե­րաբեր­մունքը ան վաս­տա­կած էր իր ազ­գա­նուէր գոր­ծե­րով։ Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը ար­ժա­նապա­տուօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէր մեր եր­կի­րը։ Անոր կը յար­գէին նաեւ Հա­յաս­տա­նէն դուրս։ Կը յի­շեմ, թէ ինչ ջեր­մութեամբ անոր կ՚ըն­դունէին հա­րեւան Վրաս­տա­նի մէջ։ Կ՚ըսէր, որ իր գոր­ծունէու­թեան ժա­մանակ միշտ յե­նուած է ժո­ղովուրդի վրայ։ Անոր պէտք էր, որ ժո­ղովուրդը հասկնայ եւ հա­ւատայ իրեն։ Եւ ի հար­կէ՝ այդ հան­դի­պումնե­րը ուժ կու տա­յին իրեն։

Եթէ այ­սօր հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­նայիք՝ ապա ի՞նչ կը զրու­ցէիք Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի հետ։

Կա­րէն Տէ­միր­ճեանը բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցած մարդ էր եւ շատ հե­տաքրքիր զրու­ցա­կից։ Ես կրնամ ըսել, որ իմ եւ եղ­բօրս հա­մար ոչ միայն հայր էր, այլ նաեւ աւագ ըն­կեր։ Եւ մենք կը զրու­ցէինք ամե­նատար­բեր թե­մանե­րէն՝ երաժշտու­թիւն, արո­ւեստ, քա­ղաքա­կանու­թիւն, պատ­մութիւն։ Ես կը յի­շեմ այդ զրոյցնե­րը եւ շատ կը կա­րօտ­նամ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ