ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Մազ, մարմին եւ տիրապետութիւն

Երկար, հիւսուած մազերով հայ կանանց լուսանկարներ կը տեսնենք առաւելաբար 1915 թուականէն առաջ առնուածներու մէջ։ 1915-էն ետք, Հալէպի, ՊԷյրութի, Երուսաղէմի, Ալեքսանտրիայի, Կիպրոսի, Սիրոսի, Աթէնքի, Բիրէայի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ առնուած լուսանկարներու մէջ որբ եւ այրի վերապրող հայ կանայք եւ աղջիկներ կ՚երեւին կարճ կամ բոլորովին խուզուած մազերով, իսկ փոքրեր՝ յատուկ կերպով ածիլուած։ Կանանց եւ երիտասարդուհիներուն մազերը կտրելը միջոց մըն էր թաքցնելու անոնց կանացիութիւնը:

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ԵՒ ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Երկար, հիւսուած մազերով հայ կանանց լուսանկարներ կը տեսնենք առաւելաբար 1915 թուականէն առաջ առնուածներու մէջ։ 1915-էն ետք, Հալէպի, ՊԷյրութի, Երուսաղէմի, Ալեքսանտրիայի, Կիպրոսի, Սիրոսի, Աթէնքի, Բիրէայի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ առնուած լուսանկարներու մէջ որբ եւ այրի վերապրող հայ կանայք եւ աղջիկներ կ՚երեւին կարճ կամ բոլորովին խուզուած մազերով, իսկ փոքրեր՝ յատուկ կերպով ածիլուած։ Կանանց եւ երիտասարդուհիներուն մազերը կտրելը միջոց մըն էր թաքցնելու անոնց կանացիութիւնը՝ նպատակ ունենալով փրկել զանոնք առեւանգուելու եւ գերեվարուելու վտանգէն։ Այլ խօսքով, կնոջ մազը լուրջ ապահովական խնդիր կը նկատուէր, եւ այս իսկ պատճառով ալ 1915-էն ետք երկար մազերով կին տեսնելը չափազանց հազուադէպ էր։

Ապահովական սպառնալիքը սակայն միայն արտաքին հայեացքներէն չէր գար։ Երբ անհատը անկարող կը դառնար պաշտպանելու իր անեղծութիւնն ու սահմանները, մարմինը ինքնին կը հակազդէր այդ դրութեան՝ մանաւանդ ոջիլներու առատ տարածումով։ Մազերու խուզումը նաեւ այս վիճակին տիրապետելու կը ծառայէր։ Անապահովութեան, մահուան ու կորուստին վերջը չերեւցող աքսորի անվերջ ճամբաներուն վրայ ողջ մնալու ամէնէն հասարակ եւ ծանօթ գինը ոջլոտութիւնն էր։

Դպրոցական մեր տարիներուն, ոջլոտիլը մեզ կ՚ահաբեկէր (Թալին)։ Կ՚արծես չէր բաւեր մակաբոյծին՝ գլուխնուս վրայ սողալն ու քերուըտուք յառաջացնելը, պէտք էր նաեւ մեղադրուէինք եւ մեկուսացուէինք ոջլոտած ըլլալնուս համար՝ երբեմն ալ ենթարկուելով «ստեղծագործական» մանկավարժական մեթոտներու, ինչպէս՝ ստիպուելով թափանցիկ տուփերու մէջ ցուցադրել մեր ոջիլները. այս բոլորը երկար մազ ունենալը կը դարձնէր հազուազիւտ առանձնաշնորհում կամ անէծք։ Մինչդեռ, ամէնէն զարգացած առողջապահական պայմաններու մէջ գտնուող երկիրներու դպրոցներուն մէջ իսկ կը պատահին ոջլոտելու պարգաներ, բայց անոնց աշակերտներուն մազերը անպայմանօրէն կարճ կտրուելու կամ խուզուելու չեն ենթարկուիր։ 

Նկարազարդ. Թամար Կիւրճեան

Ոջլոտելուն՝ խտրականութեան խնդրի մը կամ ուղղակիօրէն մազերուն միջամտութեան դաշտի մը վերածուիլը Միացեալ Նահանգներուն մէջ ալ տարբեր կերպերով կը դրսեւորուի։ Օրինակ, ուսանողութեանս երիտասարդ տարիներուս (Այլին), երբ Թուրքիայէն Միացեալ Նահանգներ գացած էի, նկատեցի ոջլոտած ըլլալս եւ ուղղուեցայ համալսարանիս դարմանատումը։ Սպիտակամորթ այր բժիշկը զիս թելադրեց, որ «երթամ Հարլեմի դեղարանը»։ Այս բժիշկին լեզուով, ոջիլը առողջապահական խնդիր չէր, այլ՝ ցեղային, եւ անոր համար ալ «սեւամորթներու» հիւանդութիւն էր։  

Զաւէն Պիպեռեան, իր «Դատապարտեալներու Այգաբացը» (Mahkumların Şafağı) ինքնակենսագրականին մէջ կը նկարագրէ աւելի քան երեք տարուան պարտադիր զինծառայութիւնը՝ «Նաֆիա»-ն, որուն ընթացքին ոջիլները կը համարէ ոչ թէ մաքրութեան խնդիր, այլ՝ գոյութենական փլուզման պահ։ «Եթէ հարց տրուէր ինծի, թէ բանակային կեանքին ամէնէն սարսափելի բանը ի՞նչ էր, առանց երկմտանքի պիտի ըսէի՝ «ոջիլները»։ Անոնց դէմ անօգնական էի. կարծես անտեսանելի, անպարտելի թշնամիի մը կը դիմադրէի. բառիս բուն իմաստով սարսափահար կ՚ըլլայի։ Ամբողջ գիշերը արթուն կը մնայի, քերուելով, զգալով անոնց սողալը մորթիս ամէն մէկ թիզին վրայ. գիտէի, որ ձեռքէս բան մը չէր գար։ Հիւծած էի գերյոգնութենէն եւ անքնութենէն, բայց չէի կրնար քնանալ։ Ջիղերս քայքայուած էին այս փոքրիկ, աննշան արարածներուն պատճառով, որոնց կրնայի դիւրութեամբ բռնել եւ սատկեցնել։

Պեպեռեան վերոնշեալը ապրած է ոչ թէ Պոլսոյ, այլ գաւառներուն մէջ։ Դժուարին պայմաններու տակ, անծանօթ աւաններու մէջ, հազար ու մէկ տեսակ հիւանդութիւններու, զրկանքներու եւ անարդարութիւններու դէմ պայքարելու ընթացքին, ան ոջիլներով եւ միջատներով վարակուած էր։ Ֆիզիքական եւ մտային անեղծութիւնը կը քայքայուէր։ Այս արշաւանքը ոչ միայն արտաքին դժուարին պայմաններու արտացոլացումն էր, այլ նաեւ կը բացայայտէր մարմնին թափանցելիութիւնն ու անոր սահմաններուն դիւրափշրութիւնը։ Դուրսը պատահող հիւանդութիւնը, տառապանքն ու նուաստացումը կը թափանցէ դէպի ներս։ Մարմինը այլեւս չի կրնար պահպանել իր ամբողջականութիւնը՝ կը կորսնցնէ սահմաններ գծելու իր կարողութիւնը եւ կը դառնայ ցաւի, ստորնութեան եւ հոգեխոցի կենդանի արխիւ։
Թէեւ կանանց եւ երիտասարդուհիներուն մազերը կարճ կտրելը կամ խուզելը «նախզգուշական քայլ» կրնայ համարուիլ անտեսանելի սպառնալիքներու դէմ, բայց խորքին մէջ անոնց հոգեկան եւ մարմնային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած լուրջ պղծում է այդ։ Այս բռնարարք է անհատի արժանապատուութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշներուն դէմ։ Այս իմաստով, ան շատ նման է Ամերիկայի բնիկներու զաւակներուն գիշերօթիկներու մէջ ենթարկուած բռնարարքներուն. անոնց հարկադրուած էր կտրել իրենց մազերը, չխօսիլ իրենց մայրենի լեզուն եւ չհագնիլ իրենց աւանդական զգեստը։ 

Բոլոր օրինակներուն ընդհանուր գիծը այն է, որ տիրապետող ուժը կ՚ուզէ արմատախիլ ընել երկար, փայլուն եւ խիտ մազերը, քանի որ անոնք, շատ հաւանաբար, առողջ «ես»-ի ցուցանիշ են։ Երկար, խիտ եւ կենսունակ մազերը լոկ գեղագիտական յատկանիշ մը չեն ներկայացներ. անոնք կենսունակութեան, դիմադրութեան եւ արմատաւորուածութեան խորհրդանիշ են։ Առողջ անհատակազմութիւն մը, որ չի նուաստանար, չի բռնաբանուիր, չի ճզմուիր եւ չ՚ոչնչացուիր։  

(Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան)