Մեկնարկեց Օրբելի ֆորում 2025-ը

Ֆո­­րու­­մը կը կա­­յանայ Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սի տա­­րած­­քին ձե­­ւաւո­­րուած նոր իրա­­վիճա­­կի պայ­­մաննե­­րուն՝ հա­­շուի առ­­նե­­­լով Օգոս­­տո­­­սի 8-ին ստո­­րագ­­րո­­­ւած Հա­­յաս­­տան–ԱՄՆ–Ատրպէյ­­ճան խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մա­­­նագ­­րի նա­­խաս­­տո­­­րագ­­րումը։

ՀՀ վարչա­պետի աշ­­խա­­­տակազ­­մի Հան­­րա­­­յին կա­­պերու եւ տե­­ղեկատ­­ւութեան գրա­­սենեակի՝ Օր­­բե­­­լի վեր­­լուծա­­կան կեդ­­րո­­­նի կող­­մէ կազմա­­­կեր­­պո­­­ւած «Օր­­բե­­­լի ֆո­­րում 2025» եր­­կօ­­­րեայ հա­­մաժո­­ղովը մեկ­­նարկած է։

Ֆո­­րու­­մը կը կա­­յանայ Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սի տա­­րած­­քին ձե­­ւաւո­­րուած նոր իրա­­վիճա­­կի պայ­­մաննե­­րուն՝ հա­­շուի առ­­նե­­­լով Օգոս­­տո­­­սի 8-ին ստո­­րագ­­րո­­­ւած Հա­­յաս­­տան–ԱՄՆ–Ատրպէյ­­ճան խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մա­­­նագ­­րի նա­­խաս­­տո­­­րագ­­րումը։

Մի­­ջոցառ­­ման հիմ­­նա­­­կան նպա­­տակը տա­­րածաշրջա­­նին հաս­­տա­­­տուած խա­­ղաղու­­թեան ամ­­րապնդումն է, հա­­ղոր­­դակցման ու­­ղի­­­ներու եւ են­­թա­­­կառու­­ցուածքնե­­րու զար­­գացման խթա­­նու­­մը, ինչպէս նաեւ նոր հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան ձե­­­ւաչա­­­փերու ձե­­­ւաւո­­­րու­­­մը։

Բաց­­­ման խօս­­­քով հան­­­դէս եկաւ ՀՀ վար­­­չա­­­­­­­պետի աշ­­­խա­­­­­­­տակազ­­­մի ղե­­­կավար Արա­­­յիկ Յա­­­րու­­­թիւնեանը: Վեր­­­ջինս ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեամբ փաստած է, խա­­­ղաղու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցը ոչ միայն գա­­­ղափա­­­րական է, այ­­­լեւ ար­­­դէն ձեռք բե­­­րուած է գործնա­­­կան ար­­­դիւնքներ:

Հիմ­­­նա­­­­­­­կան բա­­­նախօ­­­սու­­­թեամբ հան­­­դէս եկած է ՀՀ վար­­­չա­­­­­­­պետ Նի­­­կոլ Փա­­­շինեան՝ նշե­­­լով, որ խո­­­րագիրն ամ­­­բողջու­­­թեամբ կ՚ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Կա­­ռավա­­րու­­թեան եւ կա­­ռավա­­րող մե­­ծամաս­­նութեան աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին օրա­­կար­­գը: Վար­­չա­­­պետը խօ­­սած է 2024 թո­ւակա­­նին Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ ստո­­րագ­­րո­­­ւած սահ­­մա­­­նազատ­­ման յանձնաժողովնե­­­րու հա­­մատեղ գոր­­ծունէու­­թեան կա­­նոնա­­կար­­գի մա­­սին եւ ար­­ձա­­­նագ­­րած, որ ըստ էու­­թեան, այն եր­­կու երկրնե­­րու մի­­ջեւ ստորագրո­­­ւած առա­­ջին երկկողմ մի­­ջազ­­գա­­­յին փաս­­տա­­­թուղթն է, որ դէ յու­­րէ իրա­­վական ուժ ու­նի Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի համար:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ