ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Նոր կեանքի մէջ ամբողջականութեան ձգտումով. սահմաններ եւ նուրբ գիծեր

ԼԵՌՆԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Անգլիոյ փոքրիկ գիւղի մը մէջ նոր կեանք մը կը սկսիմ եւ նոր-նոր կը սկսիմ հասկնալ, թէ հոս տեղափոխուած եմ՝ ամուսնոյս հետ հիւսած մեր կեանքով։ Յաճախ երախտագիտութեամբ կը դիտեմ դուրսի անդադրում տեղատարափ անձրեւը, իսկ երբեմն ալ անձրեւուն տակ կը քալեմ,– ջուրի տարրերուն հետ շփումի մէջ մտնելս միտքս կը հանգստացնէ։ Կը դիտեմ հաւաքուած ու անսպասելի տեղերէ վազող ջրուղիները, ումպ մը առնելու համար յանկարծ ջրափոսիկին մօտեցող կարմրալանջիկը եւ ճամբուն թացին մէջ արտացոլացող ամպերուն շարժումը։ Այս դիտարկումներու ընթացքին, կը հանգստանամ՝ նկատելով ջուրի հոսանքին թրթռացումները եւ իմ ներքին «ջուրերուս» մարմինիս մէջ հոսիլը. մկաններուս պրկուածութիւնը տեղի կու տայ աւելի փափուկ հիւսուածքներու։ Ապա լոյսը կը բացուի ու ես կը զննեմ փոփոխուող լոյսին ստեղծած զգացումները բնապատկերին եւ իմ վրաս, կեանքը ընկալելու ձեւիս փոփոխութիւնը եւ տարբեր արարածներու՝ ջուրին նման լոյսին ունեցած յարափոփոխ յարաբերութիւնները։ Երբեմն մարմինս կը յանձնեմ ծառերուն, ճիւղերուն, թուփերուն շարժումին՝ ազատօրէն օրօրուելով եւ նետուելով բնութեան մէջ։ Զգալս, թէ մարմինիս եւ զգացումներուս ընդմէջէն գոյութիւն ունիմ իբրեւ բնութեան հաւասար մաս մը, կ՚ամրապնդէ ինքնավստահութիւնս եւ ամբողջականութիւնս։ Աւելին, այս տարածքին մէջ, ուր չկան իւրութեան եւ իշխանութեան հասկացութիւններ, այլ էակներու հետ հաւասար կեանք մը բաժնելը կը զարգացնէ մարտահրաւէրներու դիմաց դիմադրողականութիւնս։ 


Առաջին յատկութիւնը, որ զիս բլուրներու միջեւ հանգչած այս փոքրիկ գիւղը տարաւ, Լոնտոնի նման հանրածանօթ մայրաքաղաքին փոխարէն, դպրոցն էր, ուրկէ ստացած էի մագիստրոսականս։ Ան բնապահպանական առեւելումով հիմնարկ մըն է։ Հոն է, որ ես բնամարմնական (ecosomatic) կիրառութիւններու եւ անոր վերաբերեալ գրականութեան ծանօթացայ։ Բնամարմնական ուսումնասիրութիւնները կը միտին վերականգնել մարդու մարմնին եւ բնութեան միջեւ գիտակից կապը։ Ի տարբերութիւն բնութեան մէջ կատարուած աւանդական աշխատանքներուն, բնամարմնական աշխատանքը մարմինն ու բնութիւնը չ՚օգտագործեր որպէս ստեղծագործութիւնը զարգացնելու կամ բարօրութեան հասնելու գործիք, այլ առաջնահերթութիւն կու տայ համատեղ կեանքի փորձառութեան զգացումին՝ յիշեցնելով մեզ մեր ներքին եւ էական փոխկապակցութիւնը։ Անշուշտ, կարելի է նաեւ զարգացնել մեր ստեղծագործականութիւնը եւ լաւ զգալ մեր յայտնաբերած նոր հեռանկարներու միջոցով։

Բնամարմնական աշխատանքները, որ նաեւ փորձառական ուսուցման աշխատանքներ են, սկսած են մեծապէս օգտագործուիլ աշխարհի չորս դին, պարի մարզին կողքին զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս՝ հոգեբանութեան, կրթութեան, արուեստի միջոցով բուժման, ճարտարապետական գծագրութեամբ բուժման եւ կլիմայական գործունէութեան։ Բնամարմնական աշխատանքները կը զարգացնեն տարբեր հմտութիւններ, ինչպէս՝ զգայական իրազեկութիւն եւ կարեկցանք, ու կրնան օգնել «միւս»-ին հետ կորսուած կապը վերականգնել։ 

Այս սորված հմտութիւններս տարիէ մը ի վեր ներառած եմ 2015-ին Պոլսոյ մէջ հիմնած «Ստեղծագործ պարուսոյցներու վերապատրաստման աշխատանոց» ծրագիրիս մէջ։ Միաժամանակ առցանց եւ անձամբ կատարած դասապահերէս մէկուն ընթացքին, երբ ցոյց կու տայի ջրային արջին յամրաքայլերը, աշակերտներէս մին սկսաւ լալ. ան ըսաւ, որ խոր զղջում զգացած է ջրային արջին հանդէպ ունեցած նախապաշարումներուն համար՝ պարզապէս քանի որ չէր հաւնիր անասունին արտաքինը։ Այս առճակատումը առիթ ստեղծեց, որ ան իսկապէս զգայ առօրեայի եռուզեռի մէջ իրար հանդէպ մեր ունեցած նախապաշարումները եւ իրերամերժումները՝ անհատական թէ՛ ընկերային մեր կեանքերուն մէջ։ Այս աշակերտուհիս՝ նուրբ եւ ուժեղ կին մը, հաւանաբար իր մէջ կուտակած էր նաեւ ուրիշներու դատողական կարծիքները։ Դասապահը աւարտեցաւ իր՝ ջրային արջին նուիրուած բանաստեղծութեան ընթերցումով, մինչ մեր բոլորին աչքերը թաց էին, այս անգամ՝ կարեկցանքով։

Կարեկցանքը լոկ զգացում չէ, այլեւ ներգործութեան վիճակ մը, որ դրականօրէն կը փոխակերպէ մեր կեանքը: Այնուամենայնիւ, կարեկցանքի վրայ հիմնուած բնամարմնային աշխատանքները նոր յայտնաբերումներ չեն մարդկութեան համար: Մեկնելով ժողովուրդներու գոյատեւած արտադրութիւններէն, արուեստի գործերէն, կենցաղակերպերէն եւ ծէսերէն, գիտենք, որ վայրի մը մէջ հաստատուած ժողովուրդներ պատմութեան տարբեր հանգրուաններու ընթացքին՝ յատկապէս նախքան գաղութատիրոջ կողմէ իրենց հողերու եւ մշակոյթներու գրաւումն ու ոչնչացումը, ունէին ամբողջական յարաբերութիւն իրենց մարմիններու եւ միջավայրին հետ՝ հիմնուած կենսունակութեան, գիտակցութեան եւ փոխզգացութեան վրայ։ Այս ժողովուրդներու կողմէն մարմնի օգտագործումը բուժման, արտադրութեան, բերգահաւաքի, սուգի, փոփոխութեան եւ տօնակատարութեան արարողութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ պարի, շարժումի, կշռոյթի եւ երգի մէջ, ոչ միայն նպաստած է սեփական մարմիններու հետ իրենց յարաբերութիւններու ամբողջական առողջութեան, այլեւ վերականգնած է հասարակութեան մէջ թէ՛ մարդկային թէ՛ ոչ մարդկային մարմիններու միջեւ կապերը։ 

Ժամանակի ընթացքին, երբ մարդիկ գաղթեցին կամ տեղափոխուեցան եւ իրենց սնուցած հողերէն հեռացան, որոշ ծէսեր անհետացան, ուրիշներ ալ ձեւափոխուեցան, իսկ անհատի՝ իր մարմինին եւ շրջապատին հետ յարաբերելու ձեւը փոխուեցաւ։ Այս փոխակերպումներուն եւ կորուստներուն արձագանգները նաեւ հասարակական կեանքին մէջ արտայայտուեցան։ Գաղութատիրական-դրամատիրական կարգը, որ կ՚ոչնչացնէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցողը ու կը պարտադրէ իր սեփական համակարգն ու գոյութեան հայրիշխանական վիճակը, տարածք մը կը ստեղծէ տնտեսութեան ու մշակոյթին մէջ իր սեփական գոյութեան համար՝ մէկ խօսքով, կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ եւ միայն այն անհատներու եւ գործելակերպերու համար, որոնց գաղութատէրը կը համաձայնի։ Երբեմն այս ճնշումը կը գերազանցէ ազգային սահմանները՝ թոյլ տալով, որ այլ երկիրներ ներխուժեն իրենց սեփական մշակոյթներով՝ մեկնելով իրենց ունեցած տնտեսական եւ ռազմական ուժէն եւ առկայ ուժային յարաբերութիւններէն։ Սակայն, դուրս մնացածներուն տրուած իրաւունքները, յաճախ իբրեւ բարիք, կրնան հասնիլ սահմանափակ փոքրամասնութեան։

Եզրափակելով յօդուածս, կ՚ուզեմ նաեւ հակիրճ կերպով պատմել իմ անձնական փորձառութիւնս «միւս»-ին հետ իմ երկրորդ եւ նոր հայրենիքիս մէջ։ Նոր երկիր հասայ հետս բերելով 30 տարուան վրայ տարածուող ասպարէզս, որ հիմնականօրէն կեդրոնացած է պարի վրայ։ Այս աշնան, երբ կամաց-կամաց սկսայ տեղաւորուած զգալ, ամէն բան նոր կը սկսիմ գիւղի մը մէջ, ուր ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Քանի որ մանուկներու պարի դասապահերը եւ ծնողք-զաւակ դասապահերը,-- որոնք տասը տարիէ ի վեր արդէն դադրեցուցած էի Թուրքիոյ մէջ՝ զգալով անոնց հետ կապակցութիւն զգալուս ձեւս փոխելու անհրաժեշտութիւնը,-- իմ ամէնէն շատ գիտցած գործերէս են. առաջին քայլերս անոնց հետ սկսայ առնել այս նոր վայրին մէջ։ Թէեւ տակաւին նոր կը սկսիմ աշխատանքիս, հետաքրքրութիւն մը ստեղծուած է գործին շուրջ։

Օրեր առաջ մասնակցեցայ պարի վերաբերեալ գիրքի շնորհահանդէսի մը, որմէ ետք ծանօթացայ անգլիացի կնոջ մը, որ շրջանին մէջ առաջատար պարի դպրոցի տէրն է։ Կարճ զրուցեցինք միասին։ Յանկարծ նշեց իմ տուած դասապահերուս մասին, առաջարկելով, որ դասապահերուս ծանուցման գրքոյկը զետեղեմ նաեւ իրենց պարի դպրոցներուն մէջ՝ ըսելով, որ անոնք կրնան օգտակար դառնալ իր քով ներկայացող եւ տեղ չունենալուն համար դուրս մնացող շատ մը թեկնածուներու։ Ան այս ըսաւ ծիծաղի եւ բացագանչումի միջեւ։ Այս զրոյցը, տարբեր տեղերու մէջ տարբեր շեշտադրումներով, մնաց գիշերային խաւարին մէջ. արդեօք զգայուն եւ կարեկցող հրաւէ՞ր էր, թէ՞ յիշեցում, որ ես շրջանի պարի ոլորտին մէջ կը մտնեմ այնքան որքան այդ կինը կ՚արտօնէր զիս։ Երբ այս մտածումներս յայտնեցի փորձառու եւ վստահելի գործընկերոջս, որ հետ այդ գիշեր զիս տուն հասցուց, ան ըսաւ, որ մարդիկ կրնան տարբեր կերպարներ բերել իրենց աշխատանքին մէջ։ Կարծես նախապէս Թուրքիոյ մէջ ալ հանդիպած այս վերաբերմունքին Անգլիոյ մէջ հանդիպեցայ այս անգամ վայելուչ եւ խելացի քօղի տակ ։ Փաստօրէն, բոլոր անոնք որոնք մարմնի հետ կ՚աշխատին նոյն կարեկցանքը չունին։ 

Յաջորդ օրը արթնցայ եւ որոշեցի աւելի բարձրացնել ձայնս։ Այս որոշումը մրցակցութիւն կամ ապացոյց չէր, այլ ինքզինքիս ուղղուած աղօթք մը. հաւատքս՝ որ չվախնար, չամչնար գոյութեանս համար ու շարունակեմ ուղիս իմ ամէնէն ուժեղ, ամէնէն մարմնաւորուած տեսքով՝ վստահելով գիտելիքներուս եւ ստեղծագործականութեանս վրայ։ Յոյսով եմ, որ այս աղօթքը կը հասնի բոլոր անոնց որոնք պէտք ունին անոր, որոնք համակարգէն դուրս կը քշուին, որոնց գոյութիւնն ու ստեղծագործութիւնը անտեսուած եւ «միւս»-ի վերածուած է։ 

Թարգմանեց Արազ Գոճայեան