Հռոմի Պապը այցելեց հայոց եկեղեցին

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի 1700-ամեակի նշման առթիւ քաղաքս այցելած է, 30 Նոյեմբեր 2025, Կիրակի առաւօտ այցելեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար։

Սրբազան Քահանայապետը ժամը 09.15-ին, Մայր Տաճարի զանգակներու ղօղանջին ներքեւ դիմաւորուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ, որու կողքին էին Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան եւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

Այստեղ աւանդական զգեստներով երկու մանուկներ աղ ու հաց մատուցին Նորին Սրբութեան, որ օրհնելով կերաւ։

Օրուան երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան եւ Արմաշ Դպրաց Դասերու միացեալ կազմին կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Մայր Տաճարի մուտքին եպիսկոպոսներ, վեղարաւոր միաբաններ, քահանայից ու սարկաւագաց դասերը թափոր կազմեցին եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ խորան առաջնորդեցին Սրբազան Քահանայապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:

Նորին Սրբութիւնն ու Նորին Ամենապատուութիւնը խորան բարձրացան, ուր աղօթեցին Ս. Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:


Երկու Հոգեւոր Պետերու աղօթքներէ ետք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց ողջոյնի խօսքը՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ողջոյնի խօսքէ դրուագներ

«…Սրտագին ուրախութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով Ի Քրիստոս կը հիւրընկալենք Ձերդ Սրբութիւնը Հայ Առաքելական մեր այս Սուրբ Մայր Տաճարին մէջ։ Որպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք, յանուն մեր Կրօնական Ժողովի անդամներուն, մեր եկեղեցական դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մեծ գոհունակութեամբ կ’ողջունեմ Ձեզ որպէս մեր եղբայրը ի Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս։ Բարի եկա՜ք:

Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ այսօ՛ր ոչ միայն պատիւ մըն է, այլ նաեւ օրհնութիւն՝, մեր համայնքին, Թուրքիոյ մէջ գործող եկեղեցիներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք քրիստոնեաներու միութեան համար ջանք կը թափեն։ Այս պահը, Ձերդ Սրբութիւն, պիտի մնայ մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ արձանագրուած։

Ձեր այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող տարուան մը ընթացքին, զուգադիպելով՝ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակին: Նիկիան եպիսկոպոսական հաւաք մը ըլլալէն աւելին եղաւ. Ան եղաւ հոգեւոր անկիւնադարձ մը քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ, յիշեցնելով մեզի, որ միութիւնը էական է, ճշմարտութիւնը պէտք է քաջութեամբ հռչակուի եւ Քրիստոսի նկատմամբ մեր ունեցած միասնական հաւատքը կը գերազանցէ ազգային, տոհմային կամ ժամանակի բոլոր սահմանաւորումները: Հայ Եկեղեցին, որ անսասան հաւատարմութեամբ ընկալեց Նիկիոյ Հանգանակը, այս տարեդարձը կը նկատէ սրբազան: Եւ այսօր, Ձերդ Սրբութիւն, ձեզ կը դիմաւորենք ոչ միայն իբրեւ պատուարժան հիւր մը, այլ իբրեւ եղբայր՝ Նիկիական հաւատամքի համախոհ ու պահապան։

…Թուրքիոյ Հայ համայնքը փոքր է, բայց տոկուն ու վճռակամ։ Մեր եկեղեցիները, վարժարանները եւ հիմնարկները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը ամբողջական նուիրումով եւ սիրով։ Որպէս հնաւուրց Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներ հաւատարիմ քաղաքացիներն ենք այս երկրի, վայելելով կրօնական ազատութիւն եւ պետական աջակցութիւն՝ ըլլալով խնամուած փոքրամասնութիւն մը։ Դժուարութեան պահերը դարձած են նաեւ յոյսի պահերուն երբ զգացած ենք մեր քրիստոնեայ հաւատակիցներուն Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Բողոքական զօրակցութիւնը: Ձեր ներկայութիւնը այսօր նաեւ յոյժ իմաստալից ցուցանիշ մըն է այս զօրակցութեան:

Ցաւ ի սիրտ, այս տաք հակամարտութիւններու օրերուն կը տեսնենք ժողովուրդներու խոր տառապանքը։ Մանաւանդ կը մտաբերենք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուղեալ շարունակուող անասելի դաժանութիւնները եւ համատարած հալածանքներէն իրենց ինկած ծանր բաժինը։ Աղօթք կը բարձրացնենք, որ Տէրը՝ գործածէ Պապականութեան բարոյական վիթխարի ազդեցութիւնը Ձերդ Սրբութեան միջոցով, ապահովութիւն բերելով այն բխրուն Քրիստոնեայ համայնքներուն, որոնց շրջանը պիտի այցելէք այսօր։ Թող բարին Աստուած ձեզ դարձնէ խաղաղութեան հրեշտակ մը արիւնահոս այդ հողերուն վրայ, աւետելու բարի լուրը՝ որ է մնայուն խաղաղութեան մը բերկրանքը ռազմամաշ ժողովուրդներու միջեւ:

…Ձերդ Սրբութիւն, յանուն Թուրքիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ այստեղ հաւաքուած բոլոր ներկաներուն, կը յայտնենք մեր խոր երախտիքը այս պատմական այցելութեան համար։ Այս զգացումներով կ'ողջունենք Ձեզ եւ Ձեր պատուական պատուիրակութեան հոգեւոր եղբայրները։ Հոս, Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնին ընծայուած այս Սուրբ Տաճարին մէջ, կը հայցենք բոլոր սրբոց բարեխօսութիւնը՝ յատկապէս Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, Ս. Պետրոսի, Ս. Պօղոսի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի։ Անոնց աղօթքներու բարեխօսութեամբ թո՜ղ Տէրը օրհնէ մեր սրտերու փափաքները։

Թող Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհը, սէրը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը ըլլայ մեզի հետ։ Ամէն։

Բարի եկաք, Ձերդ Սրբութիւն Պապ Լեւոն։ Թող մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, օրհնէ ձեր առաքելութիւնը եւ խաղաղութիւն պարգեւէ ամբողջ աշխարհին»։

Ապա Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց իր շնորհակալութեան խօսքը։

Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ.Քահանայապետի ուղերձը

«Սիրելի՛ եղբայր ի Քրիստոս,

Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար այցելել Ձերդ Ամենապատուութեան, եւ յատկապէս այցելել իմ նախորդներուս այս սրբազան վայրին մէջ, ուր անոնք հիւրընկալուած են երանաշնորհ Շնորհք եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքներու կողմէ, որոնց թանկագին յիշատակը կենդանի է մեր սիրտերուն մէջ: Ողջունելով ձեզ՝ կը ցանկամ եղբայրական ողջոյններս յղել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ վերջերս պատուեց զիս իր այցելութեամբ, ինչպէս նաեւ Ստանպուլի եւ Թուրքիոյ ողջ Հայ Առաքելական համայնքին, եպիսկոպոսներուն եւ հոգեւոր հայրերուն:

Այս այցը հնարաւորութիւն կու տայ փառք տալու Աստուծոյ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին յաճախ ողբերգական հանգամանքներու ներքեւ տուած քրիստոնէական քաջարի վկայութեան համար։ Միեւնոյն ժամանակ, ես կը ցանկամ իմ խորին երախտագիտութիւնը յայտնել Տիրոջը այն եղբայրական յարաբերութիւններուն համար, որոնք աւելի ու աւելի միաւորած են Հայ Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները։ Վատիկանի Բ. ժողովէ անմիջապէս ետք՝ Մայիս 1967-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսը դարձաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիի առաջին հայրապետը, որ այցելեց Հռոմի Եպիսկոպոսին՝ խաղաղութեան ողջոյն փոխանակելու համար։ Կը յիշեմ նաեւ, որ Մայիս 1970-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս, Պօղոս Զ. Պապի հետ միասին, գրի առաւ Հռոմի Պապի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Հայրապետի միջեւ ստորագրուած առաջին համատեղ հռչակագիրը՝ հրաւիրելով հաւատացեալները վերագտնել իրենց եղբայրութիւնը Քրիստոսի մէջ՝ միասնութիւնը խթանելու նպատակով։ Այդ ժամանակէն ի վեր, Աստուծոյ շնորհքով, մեր եկեղեցիներու միջեւ «սիրոյ երկխօսութիւն»ը ծաղկում կ’ապրի։

Հայոց սուրբերու շարքին ես յատկապէս կը փափաքիմ յիշել Ներսէս Դ. (Շնորհնլի)ին՝ ԺԲ. դարու մեծանուն կաթողիկոսին եւ բանաստեղծին, որու մահուան 850-ամեակը վերջերս նշեցինք։ Ան անխոնջ աշխատանք տարած է եկեղեցիները հաշտեցնելու գործին մէջ եւ ձգտած է կատարել Քրիստոսի աղօթքը, որ «բոլորը մէկ թող ըլլան» (Յովհ. 17.21): Սուրբ Ներսէսի օրինակը թող ոգեշնչէ մեզ եւ անոր աղօթքը լիակատար միասնութեան ճանապարհին թող զօրացնէ մեզ ։

Շնորհակալութիւն Ձերդ Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար եւ կը վստահեցնեմ, որ ես կը շարունակեմ ամբողջ սրտով աշխատիլ քրիստոնէական միասնութեան սրբազան գործի համար: Եկէք ընդունինք այս երկնային պարգեւը բաց սրտով, որպէսզի դառնանք Աւետարանի ճշմարտութեան աւելի համոզիչ վկաներ եւ Քրիստոսի մէկ եկեղեցիին առաքելութեան աւելի լաւ կառավարիչներ:

Ուղերձներէ ետք տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Մեր Հոգեւոր Պետը Հռոմի Քահանայապետին նուիրեց արծաթեայ սկիհ մը: Իսկ Սրբազան Պապը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց խճաքարով պատրաստուած խաչ մը:

Արարողութեան վերջին օրհնութիւնը տուաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը:

Խաչքարի վերաբացում

Տաճարի գաւիթին մէջ թափորը կանգ առաւ, ուր Սրբազան Քահանայապետն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ելան ձախակողմեան գաւիթ, ուր կատարուեցաւ խաչքարի վերաբացում: Երանաշնորհ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի այցելութեան ընթացքին, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ դրուած էր խաչքար մը ի յիշատակ Մայր Տաճար այցելող Հռոմի պապերուն: Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ.-ի այցելութեան առթիւ այդ խաչքարին ներքեւ արձանագրութիւն դրուած էր, որուն բացումը կատարուեցաւ Սրբազան Պապին կողմէ:

Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց հոգեւորականները եւ Գողթան ու Արմաշ Դպրաց Դասերը, որմէ ետք դուրս առաջնորդուեցաւ: