Յակոբ Գարաքայայի յիշատակին

Այս աշխարհէն անշշուկ հեռացած բայց լաւագոյն հետքեր թողած սիրելի ընկերս Յակոբ Գ արաքայայի յիշատակին։

ՅՈՎՍԷՓ ՀԱՅՐԵՆԻ

Անցեալ շաբաթ (Նոյեմբերի 20-ին) Յակոբն իր մահկանացուն կնքեց։ Ճանաչման ու յարգանքի շատ արժանի մարդ էր։ Չգիտցողներուն քիչ մը պատմել կ՛ուզեմ զայն այս տխուր առիթով։

Ինքս ալ շատ ուշ ճանչցած էի իրեն՝ բայց շուտով երկու եղբայրի նման մօտիկ դարձած էինք: Յակոբը Ֆրանսայի Լիօն քաղաքը կ՛ապրէր։ Հեռաւոր կապով յաճախ կը տեսակցէինք իրար հետ վերջին վեց տարիներու ընթացքին։ Մեր ծանօթութեան սկիզբին իր հօր յուշերը գրի կ՚առնէր, ով՝ ականատեսն էր 1938-ի Տէրսիմի ցեղասպանութեան։ Հայրը թէեւ չկրցաւ գիրքը տեսնել՝ բայց գիտէր հրատարակչութեան տրուած ըլլալը եւ աչքերը բաց չգնաց։

Յակոբը թուրքերէն լեզուով գրած “Minas Dede’nin Değirmeni (Dersim 38 Mağduru Murat Karakaya’nın Anıları)” անունով գիրքը աւելի ուշ թարգմանեց ֆրանսերէնի։ Միաժամանակ իր ծերունի եւ հիւանդ մօրը խնամեց երեխայի պէս։ Հօրմէ չորս տարի յետոյ մայրն ալ կորսնցուց։ Ամէն ինչ հերթի դրուած էր կարծես՝ մօրմէ ետք ինքը հիւանդ ինկաւ եւ սկսեց ոսկրածուծի քաղցկեղի դժուարին բուժումը։ Անոր տոկունութիւնն ու դիմացկունութիւնը անսասան էին, բուժման արդիւնքները նոյնպէս յուսադրիչ։ Սակայն ոսկրածուծի փոխպատուաստումէն յետոյ, երբ մենք կը հաւատայինք որ ամեն ինչ կբարելաւուի՝ յանկարծ մեզ ցնցող լուրը ստացանք։ Յակոբը թեւեր առնելով գնաց՝ յետին միայնակ թողնելով միակ եղբայրն Աւետիսը։ Անոր խոր վիշտը սրտանց կիսուելով կը մաղթեմ իրեն համբերութեան ուժ, առողջութիւն ու երկար կեանք։

Յակոբը բազմաշնորհ մտաւորական անձնաւորութիւն մըն էր։ Բանաստեղծ հոգի եւ փիլիսոփայական խորութիւն ունէր։ Իր գիտցած երեք լեզուներով բանաստեղծութիւններ գրած եւ հրատարակած էր։ Այլ կարեւոր հետաքրքրութեան ասպարէզներն էին պատմութիւնն ու քաղաքականութիւնը։ Դրամատիրական աշխարհի տգեղութիւններուն հանդէպ ցասումով լի, սոցիալիստ մտքերով օժտուած եւ քիչ մըն ալ անարխիստ հակում ունեցող ազատութեան սիրահար մըն էր։ Անիրաւութեան ու անարդարութեան դէմ ըմբոստութիւնը երբեմն պոռթկումի կը հասնէր։ Այս ոգին շատ յատկանշական է իր քերթուածներուն մէջ։ Ոչնչացման թիրախ դարձուած ինքնութիւնը պաշտպանելու հարցով նմանապէս անզիջելի կեցուածք ունէր։ 1915-ի եւ 1938-ի արհաւիրքները ետեւ ետեւի ապրող ընտանիքէ մը սերած ըլլալով ցեղասպանութեան ժխտումի դէմ իր տարած պայքարը օրինակելի լրջութիւն եւ վճռակամութիւն կը ցոլացնէր։

90-ական թուականներէն սկսեալ հայերէն եւ ֆրանսերէն պարբերաթերթերու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցին վերաբերեալ բազում յօդուածներ գրեց։ Ֆրանսական կառավարութեան դիրքորոշման վրայ ազդելու համար այդ տարիներէն ի վեր եւ վերջին պատերազմէն այս կողմ յատուկ նամակներ գրի առաւ։ Ամէն ժամանակաշրջանի նախագահէն սկսած մինչեւ նախարարներ, պատգամաւորներէն մինչեւ քաղաքապետերուն անձնապէս դիմելը, հարցումներ ուղղելը, լրջութեան հրաւիրել եւ ցնցելը որպէս պարտականութիւն ինքն իր վրայ յանձն առաւ։ Անցած ամառ իր տունը այցելութեան ժամանակ այս նամակներով եւ պատասխաններով լեցուն թղթածրարները տեսնելով զարմացած եւ «Այսպիսի արխիւ մը հազիւ կարելի է տեսնել նման հարցերով համատեղ աշխատող հիմնարկի մը մէջ, այդքան շատ քաղաքական գործիչներու հետ միայնակ թղթակից դառնալ եւ զբաղուելդ հսկայական գործ մըն է» ըսած էի։ Կ՛ուզեմ ընդգծել որ ան ամբողջ այս տանջալի աշխատանքները կը տանէր բոլորովին իր գիտակցութեամբ ու անձնական կամքով՝առանց որեւէ տեղէ մը հրահանգ ստանալու եւ առանց մէկ ղրուշ օժանդակութիւն տեսնելու։

Յակոբի կարճ կենսագրականը լաւ կըլլայ մէջբերել իր բանաստեղծութեան գիրքէն։

«Յակոբ Գարաքայա ծնած է 1956 թ.-ին Իսթանպուլ։ Որդին է Տէրսիմցի (Խոզաթ) հայու մը, որը վերապրած եւ աքսորուած է 1938-ի Տէրսիմի ցեղասպանութենէն։ Իր ուսումը ստացած է Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Այնուհետեւ կ՛աւարտէ Իսթանպուլի Ճարտարագիտութեան եւ Ճարտարապետութեան Պետական Ակադեմիան, ստանալով Շինութեան Բարձր Ճարտարագէտի վկայականը։

1981-ին կը հաստատուի Ֆրանսա, ուր Լիօնի Institut National des Sciences Appliquées-ին մէջ պաշտպանելով թէզ մը կ՛արժանանայ Ճարտարագիտութեան Տոքթորի տիտղոսին, 1985-ին։Անդամ է Ֆրանսացի Բանաստեղծներու Միութեան (Société des Poètes Français)։

Ուսանողական տարիներուն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ՝ նախ թրքերէն, յետոյ մայրենի լեզուով։ Իր յօդուածներն ու քերթուածները լոյս կը տեսնեն սփիւռքի այլ թերթերուն մէջ։ Իր քերթուածները կ՛արտասանուին նաեւ հայկական ձայնասփիւռէն՝ Լեւոնին «Ժպիտ Հայրենիք» գրական յայտագիրին մէջ։

Յակոբ Գարաքայա ֆրանսերէնով հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երեք հաւաքածոյ եւ չորրորդ մը թրքերէնով։ Գրած է նաեւ ֆրանսերէնով գիտաֆանտաստիկ վէպ մը՝ La Métalienne, ուր կը հետազօտէ մարդուն ապագան եւ իր տիեզերականութիւնը։

Ազատութեան Երգիչը կ՛ամփոփէ իր 1982-1991 տարիներուն հայերէնով գրած քերթուածները։ Անոնց մէջ իր ազատ եւ ապստամբ հոգին կը յիշատակէ եւ կը մշակէ տարբեր նիւթեր՝ մարդն ու սէրը, կեանքն ու յոյսը, ծննդավայրն ու հայրենիքը, կարօտն ու տառապանքը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ու ցրուածութեան այդ «Փոթորկալից Օրեր»ը։» (Ազատութեան Երգիչ բանաստեղծութեան գիրքէն։

Յակոբի ֆրանսերէն բանաստեղծութիւնները Արեւմտահայերէնով վերլուծող Գէորգ Գապառաճեանը զայն կը բնութագրէ «Հեռատես, ըմբոստ եւ իմաստուն բանաստեղծ» վերնագիրով։ «Որքա՜ն պեղես, որքա՜ն կարդաս այնքան կը հրապուրուիս իր անկաշկանդ եւ մասմաքուր զգացումներուն, որոնց հաղորդակից ըլլալով կ՛անդրադառնաս բնութեան թաքուն տղմուտ իրականութեան, որ սէրը անգամ վրիժառու պայքարով կ՛երգէ։» Յակոբի հրատարակուած ֆրանսերէն բանաստեղծութեան գիրքերն են՝“Loin, au-delà de l’horizon”, “Les passagers du temps”, “Futur Cosmogénique” եւ վերջինը “La neige est une noisette”։ Ինչպէս կը նշէ վերլուծաբանը՝ ասոնք օտարերկրացի գրիչի իւրայատուկ եւ ինքնատիպ ստեղծագործութիւններ են, որոնք իսկական ներդրում են Ֆրանսական գրականութեան մէջ։ Յիրաւի Պր. Գապառաճեանի գրական վերլուծութիւնը այնքան լաւ կը ներկայացնէ Յակոբի խորիմաստ քերթուածները, որ կ՛արժէ ամբողջութեամբ կարդալ ստորեւ կցուած թեքստի մէջ։

Սիրելի Յակոբ Գարաքայան դեռ շատ արդիւնաւէտ տարիքին՝ 70-ը չտեսած եւ տակաւին բազում ծրագիրներ գլխին մէջ պահած ըլլալով գնաց։ Վերջին տարիներին ինչքա՜ն արժէքաւոր ընկերներ այսպէս կանուխ շտապեցին հեռանալ կեանքէն։ Եւ մենք առանց իրենց՝ քիչ մը եւս միայնակ, քիչ մը եւս տրտմագին կ՛զգանք մեզի։

Սիրելի Յակոբ, կեանքի մէջ ոչ մէկ ջանքդ, ոչ մէկ չարչարանքդ անտեղի եւ ի զուր չէր։ Դուն առանց նայելու թէ ինչքան գործի կը ծառայեն՝ կատարեալ իրագործեցիր քու ճիշտ գտածներդ եւ իմաստալի կեանք մը ապրեցար։ Անմոռանալի գեղեցիկ յիշատակ մը եւ յաւերժական ժառանգութիւն մը թողեցիր։

Յարգանքով կը խոնարհուիմ յիշատակիդ առջեւ։ Խաղաղութեամբ ննջէ սիրելի ընկերս։

Յակոբ Գարաքայայի «Ազատութեան Երգիչ» գիրքէն քանի մը քերթուածով յիշատակենք զինքը։

ՀԷՔԵԱԹ ՄԸ

Պիտի ուզէի մի քանի տողով

Բացատրել ու լուսաբանել հայերը,

Բայց խեղճ բառերը երբե՛ք

Պիտի չըլլան բաւարար։

Նախադասութիւններն երկար ու կարճ

Պիտի վազէին ետեւէ ետեւ

Ողջ հայերու պէս անդադար

Ուր չկայ մահէ զատ կայան

Կայաններ լեցուն դիւցազն։

Պիտի ուզէի մի քանի տողով

Թուել ու յիշատակել հայ մշակոյթը

Որ դարերէ ի վեր վազած տոհմ

Անջինջ ճառագայթի պէս փայլուն

Այբուբենն է մեր առաջնորդը։

Արտայայտութիւններն հերոսներու յատուկ

Պիտի անձայն մնան զոհերու առջեւ,

Արթնցի՛ր ու արթնցու՛ր քունի մէջի խեղճերը։

Խեղճերը, որոնք քաղքենի ամպի մը

Ետին պահուած կ՛ապրին շէն։

ՅԱՐԳԱՆՔ ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆԻ

Ինծի կ՛ըսեն.-Ինչո՞ւ դուն ալ Դուրեանի պէս լուռ ես։

Կ՛ըսեմ.-Կը սիրեմ զինքը՝ անծայրածիր մ՛ովկէանի նման,

Իր լռութիւնը, իր խաղաղութիւնը, իր տանջանքը.

Կը սիրեմ Պետրոս Դուրեանը։

Ինծի կ՛ըսեն.-Ինչո՞ւ դուն ալ Դուրեանի պէս միշտ տխուր ես։

Կ՛ըսեմ.-Կը սիրեմ զինքը՝ գիշերները փալփլող աստղերու նման,

Իր տխրութիւնը, իր տաղանդը, իր տառապանքը.

Կը սիրեմ Պետրոս Դուրեանը։

Ինծի կ՛ըսեն.-Ինչո՞ւ դուն ալ Դուրեանի պէս մարած ես։

Կ՛ըսեմ.-Կը սիրեմ զինքը՝ ձմեռ օրով փայլող արեւի նման,

Իր տաքութիւնը, իր մեղմութիւնը, իր տրտմութիւնը.

Կը սիրեմ Պետրոս Դուրեանը։

Ես ինձ կ՛ըսեմ.-Քու ալ Դուրեանի պէս ժամդ է հասեր։

Գնա իր քով՝ սպիտակ ամպերու մօտ շողշողուն,

Կեանքը ոչ մի բան՝ այլ վարդեր, թրթռում-թռիչ աստղեր.

Կը սիրեմ Պետրոս Դուրեանը։

Տէ՛ հիմա գացեր է մեր սիրելի Յակոբը իր շատ սիրած բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի քով։ Թող երկուքին ալ հոգիները լուսաւոր ըլլան յաւիտեանս։