Յունուար
Կը յիշէ՞ք այն հին-հին օրերը, սիրելի ընթերցող, երբ հայը Օգոստոս 11-ին, Արածանի գետի ափին, Նաւասարդ ամիսն էր, ջերմ արեւու շողերու մէջ կը տօնէր իր նոր տարին։ Ի՞նչ եղաւ, որ մենք ձմրան կէսին, ձիւնին, ցուրտին սկսանք նոր տարին տօնել։ Այսօր, երբ նոր տարուայ, - ամանորի, կամ կաղանդի, ինչպէս որ կը նախընտրէք, - ոգեւորութեան մէջ ենք, փափաքեցայ «յունուար» բառի մասին խօսիլ եւ հասկնալ, թէ արդեօք այդ օտարամուտը հայացեր եւ ճաճանչափայլ գրական էջեր շնորհե՞ր է մեզի։ Թէ, այդեօք լատիններու Յունուարը, իր 31 օրերու նման մնացեր է ձիւնածածկ եւ նիրհող։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, զոյգ մը ձեռնոց առած, վիզին վզնոց փաթթած, կաշի մոյկեր հագած՝ բանանք տան դուռը, ելլենք դուրս, - զգուշանալով, որ մեր ոտքը յանկարծ չսահի, - որոնենք «յունուար» բառի թէ՚ նոր եւ թէ՝ հին պատմութիւնը։
Նաւասարդի առաւօտը
Ի՞նչ գեղեցիկ էր Նաւասարդի առաւօտը հայոց լեռնաշխարհի վրայ… Դուք, յարգելի ընթերցող, այդ օր կրնայիք ծխանի ծուխը շնչել, հիացիկ դիտել եղնիկներու վազքը եւ եղջերուներու վարգը։ Դուք նաեւ կը լսէիք փողի եւ թմբուկի ուրախ հարուածը՝ լեռնէ լեռ, ձորէ ձոր։ Գրական ի՜նչ գեղեցիկ պատկեր։ Սակայն, պէտք է որ խոստովանիմ, թէ ան ինծի չի պատկանիր։ Այս ջերմ նկարագրութեան հեղինակն է Մովսէս Խորէնացին։ Հայերս 4200 տարի վայելեցինք այդ բնապատկերը, մինչեւ… 18-րդ դար։ Ապա, «յունուար» բառը հայկական լեռնաշխարհ մտաւ, եւ ան դարձաւ օրացոյցի գլխաւոր ամիսը։
Կաղ օրերու օրացոյցը
18-րդ դարուն լատինածին լեզուներ խօսող եւրոպացիներու հետ առեւտրական եւ մշակութային յարաբերութիւններ պահելու համար մեր հոգեւոր մեծերը որոշեցին արեւմուտքի օրացոյցը որդեգրել։ Մենք, մեր կամքով, հրաժարեցանք Հայկեան տոմարէն։ Այդ օր, Նաւասարդին փոխարինեց 1 Յունուարը։ Տարօրինակ եւ անհանգստացնող զգացում էր օրացոյց փոխելը։ Օտար էին ամսանունները։ Կաղ էին նաեւ ամիսներու օրերը, 30, 31, 30, 31, անոնցմէ մէկն ալ 28, 29 օր։ Մինչդեռ ինչ կանոնաւոր էին մեր տոհմիկ ամիսները, 30 օր՝ 12 ամիս, իսկ տարեվերջին Յաւելեաց կոչուած ամիսիկ մը՝ որ ունէր 5 օր։ Նախ սկսիմ լատիններու «Յունուար» ամիսով, որ կը կոչուի նաեւ «երկդիմի»։
«Երկդիմի» Յանուսը
Յունուար բառը հռովմէացիներու «Յանուս» աստուծոյ անունէն կու գայ։ Յանուսը դուռերու, դարպասներու, ելքերու, մուտքերու, ճամբաներու, ուղեւորներու եւ անցումներու պահապան աստուածն էր։ Անոր տաճարը Հռոմի մէջ, Ֆորում կոչուած հրապարակի վրայ կը գտնուէր։ Արշաւանքներու ժամանակ հռովմէական լեգէոնները կ’անցնէին անոր դարպասէն։ Քրիստոսէ առաջ առաջին դարուն Յուլիոս կայսրը տոմարական բարեգործումներ կատարեց եւ Յանուսի ամիսը յայտարարեց որպէս տարուան առաջին ամիսը։

Հռովմէացիներու համար տրամաբանական էր այդ որոշումը, քանզի Յանուսը կ’օրհնէր բոլոր նոր ձեռնարները եւ կը հովանաւորէր անոնց բարեյաջողութիւնը։ Աւելին՝ բարեկեցիկ հռովմէացիները Յանուսի կիսանդրիով կը զարդարէին իրենց ապարանքի մուտքը։ Ապա Յանուսը, 1800-ներու ձիւն ու բուքին Հայաստան եկաւ, Էջմիածինի, Մշոյ Սուրբ Կարապետի, Ախթամարի, եւ Կ. Պոլսոյ Գումգաբուի Պատրիարքանիստ թաղամասի Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ դարպասէն սպրդեցաւ, բազմեցաւ մեր տոմարի գահի վրայ եւ դարձաւ հայոց նոր տարեմուտը։
Բանալի աստուածը
Յանուսը երկդիմի է։ Հին, բայց մշտանորոգ։ Նորածին, բայց իմաստուն։ Պատճառը այն է, որ Յանուսի պատկերը «երկդիմի» է, գլուխ մը, որուն մէկ դէմքը կը նայի ձախ, միւսը՝ աջ։ Դէպի ձախ դարձած երեսը ծերն է, հին տարին, անցեալը, որ ունի երկար մորուք, խորշոմներ եւ գիծեր։ Աջ կողմը երիտասարդն է, նոր տարին, ապագան։ Յանուսը իր ձախ ձեռքին ունի բանալի, իսկ աջին՝ գաւազան։ Ան իր բանալիով դուռեր կը բանայ, իսկ գաւազանով ուղեւորներ կ’առաջնորդէ։ Մեր հին գրականութեան մէջ անոր անունը եղեր է «յունուարիոս», «յունուվար», «յանվար» եւ «յանուար»։
Անուն չունիմ, թիւ մը տուէք
Հայկեան տոմարի ամսանունները, յարգելի ընթերցող, հարազատ էին մեր հողին եւ անոր բնութեան։ Մարգաց ամիսը մարգերունն էր, խոտհնձի, խոտհարքի ամիսը, Հրոտիցը հուր կը թափէր, տարուայ ամենաշոգ ամիսն էր։ Հռովմէացիները, մինչդեռ, թուարկած էին իրենց ամիսները. Սեպտեմբեր, 7-րդ, Հոկտեմբեր, 8-րդ, Նոյեմբեր, 9-րդ, Դեկտեմբեր, 10-րդ։ Զարմացա՞ք… Դեկտեմբերը, դուք մտածեցիք, 12-րդ ամիսն է, Նոյեմբերը 11-րդը։ Իրաւունք ունիք։ Ամիսներու թիւերը դէպի աջ երկու աստիճան սահած կ’երեւին։ Պատճառն այն է, որ Յունուարի եւ Փետրուարի յաւելումով հռովմէական ամիսները տեղափոխուեցան երկու քայլ աջ, բայց անոնց անունները մնացին անփոփոխ։ Իսկ մենք դեռ կը յիշենք Նաւասարդին յաջորդող մեր սիրելի, երկրորդ ամիսը, Հոռին՝ հաւաքուած ցորենը, գարին, գինին հորերու մէջ ամբարելու ամիսը։
Լոյսի փունջ մը՝ Յունուար
Յունուարի երկրորդ Կիրակին է։ Մեր հայկեան տոմարի 4518-րդ տարին, Քաղոց ամսոյն Ահրանք օրուայ Լուսափայլ ժամը, այսինքն՝ 14 Յունուար։ Օդը ցուրտ է, երկինքը մոխրագոյն, մարգերը դալուկ, ծառերը տերեւաթափ։ Բայց, տօնական ոգեւորութիւն մը կը պատէ զիս։ Յունուարը, կը մտածեմ, մեզի սիրելի, յարգելի, պաշտելի բազմաթիւ հայերու ծննդեան ամիսն է։ Ձեռքս հին օրացոյց մը բռնած կը քալեմ հայկական գրականութեան եւ պատմութեան արահետներու վրայ։ Կը փնտռեմ լոյսի ջերմ փունջ մը։ Կը զգամ նաեւ, որ Յանուսը, այդ մօրուսաւոր ծերուկը, երկու քայլ ետեւս, իր գաւազանով կ’ուղեկցի ինծի։ Հովանաւորելո՞ւ համար։ Չեմ գիտեր։ Օրհնելո՞ւ համար։ Յուսամ։ Ահա քանի մը մեծանուն հայեր, որոնք ծնած են Յունուարին։
Տարեդարձդ շնորհաւոր
Կարկանդակ մը դնենք սեղանի վրայ։ Շնորհաւոր տարեդարձ։ Վառենք գոյնզգոյն մոմեր։ Շնորհաւոր տարեդարձ։ Պատանի տղան կամ աղջիկը ուռեցնէ իր կայտառ թուշը եւ մարէ մոմերը։ Շնորհաւոր տարեդարձ։ Նկարենք այդ պահը։ Ապա անցնի 100, կամ 200 տարի եւ մենք երանութեամբ նայինք այդ նկարին։ Ո՜վ չէ ծնած Յունուարին։ Յիշենք. Մատթէոս Զարիֆեան, Սերգէյ Փարաջանով, Աւետիս Ահարոնեան, Գրիգոր Զոհրապի սիրելի դուստրը Տոլորէս Զոհրապ, Մեսրոպ Թաղիադեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Պոլոզ Մուկուչ, հայ պատմաբան, հայագէտ, բիւզանդագէտ եւ բանասէր Նիկողաիոս Ադոնց, լատիներէնի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի, թրքերէնի, արաբերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, պարսկերէնի, յունարէնի եւ սանսկրիտ լեզուներու քաջատեղեակ բանասէր՝ «Վիեննական» կոչուած հայկական 10 դասական տառատեսակներու ձեւաւորող, աշխարհաբար լեզուիս առաջին քերականներէն՝ «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար լեզուի» աշխատասիրութեան հեղինակ Մխիթարեան միաբան Հ. Արսէն Այտընեան, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Առնօ Բաբաջանեան, «Քու յիշատակդ այս գիշեր զիս լալու չափ կը յուզի…, Ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՚յն մնաց» տողերու հեղինակ՝ հայկական հնչեակի իշխան Վահան Թեքէեան, Պարոյր Սեւակ, Տիգրան Մանսուրեան, Վահան Տէրեան, Մարմարա ծովու ասիական ափի Պանտրմա քաղաքի մէջ ծնած, Պարտիզակի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Պոլսոյ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ ուսում ստացած՝ «Բժիշկ», «Մանզումէ-ի Էֆքար», «Բիւրակն» թերթերու աշխատակից, պատկառելի բժիշկ Սարգիս Չիլինկիրեան, Արմէն Տորեան, Վահրամ Փափազեան, Ատրպետ, գրագէտ եւ դերասանուհի Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան,, հայկական գեղանկարչութեան յայտնի դէմք՝ «Բիւզանդական գերեզմանատունը», «Սկիւտարի սեմին վրայ», «Պոլսի փողոցներէն մէկը», «Արեւելեան բնանկար» յայտնի նկարներու հեղինակ, Զապէլ Եսայեանի ամուսինը Տիգրան Եսայեան, Ռուբէն Զարդարեանի որդին՝ Խարբերդ ծնած, Կարնոյ, Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի վարժարաններու մէջ հասակ նետած, Սորպոնի համալսարանի մէջ ուսում ստացած, «Մեր կեանքը» եւ «Որբացող Մարդիկ» գիրքերու հեղինակ Հրաչ Զարդարեան։ Մտաւորականներու այս հոյլին դուք, եթէ փափաքիք, աւելցուցէք դերասանուհի Մարիամ Աւետեանը, բանաստեղծուհի, թարգմանիչ Փառանձեմ Սահակեանը, Գարեգին Նժդեհը, կամ՝ Մեսրոպ արք. Աշճեանը եւ 10 Յունուար 1283 թուականին Դրազարկի մէջ ծնած Կիլիկիոյ հայոց թագաւոր Օշին Ա.ը։
«Քեզ տալ կ’ուզէի բերքը պարտէզիս»
Հայ գրողը ի՞նչ կ’ընէր Յունուարի առաջին օրը։ Պատասխանեմ. որպէս իր գրիչին հաւատարիմ երկրպագու՝ ան կը հեղինակէր քնարական ընտիր տողեր։ 1 Յունուար 1915-ին Դանիէլը կը գրէր «Գեղօն Ալիսին» քերթուածը. «Դուն կոկոն մ՛էիր, / Մայրիկդ ճաճանչ, / Իր համբոյրին տակ / Բացուեցար կակաչ»։ Միսաքը, 17 տարեկան պատանի, Պոսֆորի ափին կ’երազէր գիշերը. «Աղջամուղջին մէջ գիշերը կ՛երազէ / Պայծառ այգուն վառ շրթները կեռասէ. / Ու ցնծութեան լոյս աստղերը կը ժպտին / Հրաշափառ գոգն հրճուանքի կապոյտին»։ Ոսկեղջիւրի ափին, Խասգիւղ հայկական թաղամասի մէջ Եղիան, 1908 Յունուարին, իր մահուընէ եօթը ամիս առաջ, կը նկարագրէր ժայռի մը դիմացկուն կուրծքը. «Օրն ի բուն կուրծքին, կողին ու ճակտին / Ժայռն ընդունեցաւ հարուած կոհակէն»։ Իսկ Ռուբէնը, 1910-ի 1 Յունուարին, գերմանական համալսարանական քաղաք Էրֆուրտի մէջ գրի կ’առնէր «Նուէր Ամանորի» ոտանաւորը եւ իր կապուտաչեայ գերմանուհի սիրածին շռայլ նուէրներ շնորհել կը փափաքէր.
Քեզ տալ կ’ուզէի բերքը պարտէզիս…
Քեզ տալ կ’ուզէի ինչ որ լայնօրէն
Տուիր ինձ՝ փուշէ պսակ անօրէն,
Աչեր որ կ’այրին, ցայգեր որ կ’այրեն…։
… Քեզմով տանջանքը քա՜ղցր է այնքան։
Յանուսը օրհնէ ձեր դուռը
Յունուարը սկիզբներու ամիս է։ Քանի որ մենք մեր նոր տարին եւ անոր բարեյաջողութիւնը այլեւս վստահած ենք հռովմէացի Յանուսին, թող այդ երկդիմին իր բանալիով ձեզի համար բանայ նոր դուռեր, իսկ իր գաւազանով առաջնորդէ ձեզ դէպի լաւը եւ բարին։ Թող Յանուսը օրհնէ մեր երկրի բոլոր դուռերը եւ մեր ազգը նայի դէպի աջ՝ դէպի նորը եւ պայծառը։

