10 բան որ պէտք է գիտնալ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մասին
ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Այս տարի հարիւրամեակն է Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին։ Նաեւ հարիւրամեակն է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան։ Շատ գրուեցաւ այս առթիւ, նոր արխիւները բացուեցան զանազան պատերազմի մասնակից երկիրներու կողմէ, վէճեր եղան, բացայայտումներ իրականացան եւ յիշատակութիւններ կատարուեցան։ Հարիւր տարի ետք տակաւին ի՞նչ իմաստ ունի այս դէպքերու մանրամասնութիւններուն մասին խօսիլ։ Տակաւին չլուծուած խնդիրներ, անվերջ վէճեր եւ դեռ շրջանային ու միջազգային պայքարներ։ Այստեղ ներկայացուած տեղեկութիւնները բնականաբար կը մնան մակերեսային եւ ենթակայական, սակայն անոնց ի մի գալը, թերեւս ընթերցողին մտքին մէջ արթնցնէ նոր հարցադրումներ, հեռու ազգայնական ու խեղաթիւրուած պատմագրութենէն։
1. Հայաստանի անկախութիւնը Ռուսական, Օսմանեան եւ կամ Պարսկական կայսրութիւններէն չէր, այլ պետութենէ մը, որ կը կոչուէր Անդրկովկասի Դեմոկրատական Դաշնային Հանրապետութիւն։
Անդրկովկասի Դեմոկրատական Դաշնային Հանրապետութիւնը իսկապէս կարճակեաց երկիր մըն էր (Ապրիլէն Մայիս 1918), որ տարածուած էր գլխաւորապէս այսօրուան Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Հայաստան երկիրներուն վրայ։ Դրօշակը դեղին-սեւ-կարմիր էր։ Ճիշդ է, որ կարճակեաց էր, սակայն ճակատագրական էր աշխարհի այս մոռցուած անկիւնի ազգերուն համար։ Անդրկովկասի համաշխարհային հարթակ վերադառնալուն պատճառներն էին Պաքուի քարիւղը, բոցերու մէջ եղող միջագետքին իր մօտիկութիւնը եւ Անատոլիայի գաղթականական իրավիճակը։ 1828 թուականէն ի վեր ռուսական հակակշռի տակ գտնուող շրջանին համար իրողութիւնները պիտի փոխուէին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին։
2. Անկախութեան ճամբան բացուած էր Պրեսթ-Լիթովսկի պայմանագիրին, Ռուսիոյ դէմ Գերման-թրքական յաղթանակին շնորհիւ։
Պրեսթ-Լիթովսկի պայմանագրէն ետք, ռուսական բանակները սկսան լքել ոչ միայն իրենց նոր գրաւած հողերը Անատոլիայի մէջ, բայց ընդհանրապէս ամբողջ Անդրկովկասը։ Այդպիսով արագ ընթացքը սկսած էր դէպի Հայաստանի անկախացում։ Պայմանագիրը ստորագրուած էր 3 Մարտ 1918-ին, առանց յստակ պայմանաւորուածութեան Անդրկովկասի շուրջ։
3. Անդրկովկասեան գործընկերներու շարքին, Հայաստանը վերջինն էր, որ յայտարարած էր իր անկախութիւնը, այլ խօսքով, մնացած էր անկախ։
26 Մայիս 1918-ին Վրաստանը առաջինն էր որ հռչակեց իր անկախութիւնը։ Բան մը, որ կը նշանակէ թէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ամբողջ երկու օր շարունակ մէկ երկիր էին)։ Ապա Ատրպէյճան հռչակեց իր անկախութիւնը եւ Հայաստան մնաց անկախ։ Անշուշտ յայտարարութիւն կատարուած էր։ Հայ Ազգային Իշխանութիւնը - գլխաւորապէս կազմուած դաշնակցականներէ - չէր ուզեր անկախութիւնը, չէր ուզեր հեռանալ Ռուսիայէն, քանի որ գիտէր թրքական վտանգին մասին։ Բայց ռուսերուն հոգը չէր, եւ կամ անոնցմէ շատին հոգը չէր, ճիշդ չենք գիտեր։ Կարեւոր է, որ այս թուականը նաեւ այն օրն է, որ Դաշնակցութիւնը իր հայեացքը ուղղեց դէպի յաջորդ օգնականը՝ Պրիտանիան, որ Միջագետքէն դէպի հիւսիս կ՚արշաւէր։
4. Տակաւին Համաշխարհային Ա պատերազմն էր, անգլիացիները, գերմանացիները, օսմանցիները եւ ռուսերը, բոլորն ալ Հարաւային Կովկասի մէջ էին։
Մինչ գերմանացիները իրենց ճամբան դէպի Պաքու բացած էին Վրաստանի վրայով, Պրիտանական Տանսթըրֆօրսը, որը անուանած էր իր հրամանատար գնդապետ Լիոնէլ Տանսթըրվիլի անունով, պարտականութիւն ստանձնած էր Պաքուի խոցելի քարիւղի հանքերը ապահովութեան տակ առնել։ Ինչպէս նաեւ պէտք էր ռազմավարական Կովկասեան երկաթ գիծը անհասանելի դարձնել օսմանցիներէն եւ պոլշեւիկներէն, որը վտանգուած էր ռուսական նահանջէն ետք։ Անգլիացիները այս բոլորը կը յաջողեցնէին կազմակերպելով մէկ անկանոն բանակի մէջ տեղական հայ, ասորի, վրացի եւ հակա-պոլշեւիկեան ուժերը։ Տանսթըրվիլ նոյնիսկ իրաւասութիւնը ունէր Պրիտանիոյ բարեկամական պետութիւններու հիմնադրութիւնը եւ շարունակութիւնը ապահովել, օրինակ հայերունը եւ վրացիներունը։ Նպատակն էր կայունացնել Կովկասը, այդպիսով դէպի Պրիտանական Հնդկաստան յառաջացող օսմանցիներուն դէմը առնել։
5. Թուրքիոյ ուզածը Հարաւ-Կովկասեան երկաթ գիծն էր, Գերմանիոյ դէմ դէպի Պաքու իր մրցումին համար։
Թուրքօ-Գերմանական ուխտը վտանգի մէջ էր։ Գերմանիան իր Պաքու ճանապարհը ապահոված էր Հիւսիս-Կովկասեան երկաթգիծով, որը Վրաստանէն կ՚անցնէր, անգլիացիները հասած էին Պաքու, Իրանի եւ Կասպից Ծովի վրայով, օսմանցիները կը մրցէին հասնելու համար Պաքու, բայց Հարաւ-Կովկասեան երկաթ գիծէն բացի այլընտրանք չունէին։ Վերջինս հայկական շրջաններէն կ՚անցնէր, Կարս, Ալեքսանտրապոլ (Կիւմրի), Նախիջեւան եւ Էլիզավեթպոլ (Ղարաբաղ)։ Այս նոյն գիծն է, որ այսօր Երեւանէն կը հասնի Գիւմրի։ Օսմանեան երրորդ բանակը, որը Էրզինճանէն հասած էր Կարս, պարտականութիւն ունէր հասնելու Պաքու, եւ ապահովութեան տակ առնել երկաթ գիծի ճանապարհը։ Փաստօրէն հայերը պատրաստ չէին ազատ անցք տալու օսմանեան բանակին։ Կռիւները սկսան անկախութենէն առաջ եւ վերջացան անկէ ետք։
(Տասը կէտերուն երկրորդ հնգեակը յաջորդիւ)

