Աղօթքով կը բացուի՞
Հայաստանի պատմական հողերուն վրայ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգը ի դէմ վերջին տարիներուն հետզհետէ աւելի գերզգայուն անհատներու, ամբողջականութեան մէջ կը մնայ իր մտահոգիչ վիճակին մէջ։ Տարիներ առաջ Էլազըղցի պատմութեան ուսուցիչ Մուսթաֆա Պալապան ահանզանգ հնչեցուցած էր Խուլվենքի եկեղեցւոյ դէմ հանդիման մնացած փլուզման վտանգին մասին։ Ան եղելութենէն տեղեակ պահած էր «Ակօս»ի խմբագրութիւնը իր բարեկամ Սարգիս Սերովբեանի միջոցով։ Լուսանկարներ ղրկած էր, որոնք յստակօրէն կ՚ապացուցէին եկեղեցւոյ մատնուած վնասը։ Ան այսքանով ալ չէր գոհացած եւ դիմում կատարած էր պատմական յուշարձաններու պահպանման խորհուրդին։ Իր ջանքերով Խուլվենքի եկեղեցին գրանցուեցաւ պատմական արժէք ներկայացնող յուշարձաններու ցանկին։ Սակայն այդ գրանցումը արգելք չեղաւ շարունակուող աւերին։ Մինչ այդ Պոլսահայ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու Միութիւնը՝ ՀայՃար ստուգումներ կատարեց եւ չափագրեց եկեղեցին։ Այժմ Ֆրանսայի մէջ հիմնուած «Երկիր եւ Մշակոյթ» միութիւնը եւ «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութիւնը միասնաբար կ՚աշխատին վերանորոգման ծրագիր մը մշակելու համար։
Նման ճակատագիրի մը մատնուած էր Էսքիշէհիրի մօտակայ Սիվրիհիսար գաւառի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին։ 1650 թուականին կառուցուած եկեղեցին ծանրօրէն վնասուած էր 1876-ին ծագած հրդեհով։ 1881 թուականին ի հիմանէ վերաշինուած այս տաճարը Տիյարպէքիրի Սուրբ Կիրակոսէ ետք Թուրքիոյ տարածքի երկրորդ մեծագոյն եկեղեցին է։ 1915 թուի ցեղասպանութենէն ետք երկար ժամանակ անտէր մնացած շէնքը աւելի ետք օգտագործուեցաւ իբրեւ աղբանոց ու ապա քաղաքի լուսաւորումը ապահովող կեներաթէօր։
2010-ին սկսաւ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, որ այսօր գրեթէ հասած է աւարտին։ Սիվրիհիսարի քաղաքապետ Եաշար Եուրթթաշ «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ շուրջ չորս ամիս տեւելիք շրջապատի յարդարումէն եւ արտաքին լուսաւորումէն ետք, եթէ քաղաքական արգելք մը չըլլայ պիտի բացուի եկեղեցական արարողութիւնով, որուն համար պիտի հրաւիրուի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի ներկայացուցիչը։

