Ճիզրէ Պօթան ականատեսներու վկայութիւնով
ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
Պետական զինեալ ուժերու կողմէ նախորդ ինը օրերու ընթացքին Ճիզրէ Պօթանի մէջ կատարուածները հետզհետէ կը պարզուին հասարակութեան առջեւ։ 4 Սեպտեմբերին հռչակուած փողոց ելլելու արգելքը վերացաւ ինը օր ետք, իր ետին թողելով 23 մեռեալներ։ Տեղացիներու վկայութեամբ անոնցմէ 15-ը դիպուկահարներու զոհը դարձած են։ Շրջափակման օրերուն արգիլուած էր նաեւ շտապօգնութեան ինքնաշարժերու երթեւեկութիւնը։ Քաղաքի պետական հիւանդանոցի մասնագէտներ կը յայտնեն թէ 16 հիւանդներ որոշ հերթականութեամբ կ՚այցելէին զիրենք տիյալիզի դրութեան համար։ Ուրեմն այդ ինը օրերուն այս երիկամի հիւանդներն ալ չեն կրցած դարմանուիլ։ Միւս կողմէ թնդանօթաձգութեան եւ կրակոցներու պատճառած սարսափին մէջ երեք տարեց անձեր սրտի ինֆարկտի հետեւանքով մահացած են։
Իրողութիւն է որ այդ ինը օրերու ընթացքին քաղաքի կարգ մը թաղերուն մէջ նկատուեցաւ հասարակական անհնազանդութեան վառ ապրումներ։ Օրինակի համար կրակոցներու դժոխային աղմուկի դէմ ժողովուրդն ալ կը դիմէր զըլկըթներու եւ աման-չամանի աղմկոցի, որ իր կարգին կը սպառնար ոստիկաններու հոգեբանութեան։
Ճիզրէ Պօթանի բնակիչներէն սպանուած Էշրէֆ Էրտինի եղբօր դուստրը Եասէմին Էրտին կը պատմէ իր հօրեղբօր մահուան դէպքը։ «Մեր տան դիրքը խիստ անապահով էր։ Նախ ապաստանեցանք հարեւանի մը տուն, ու ապա հոնկէ ալ անցանք հօրեղբօրս տունը։ Հօրեղբայրս վիրաւորուեցաւ վերի յարկը։ Սողալով զինք կրցանք ներքեւ իջեցնել։ Նախ դիմեցինք շտապօգնութեան, որոնք մերժեցին գալ պատրուակելով հօրեղբօրս կրակող ոստիկաններու գոյութիւնը։ Ապա դիմեցինք ոստիկանութեան 155 հեռախօսահամարին։ Պարզեցինք մեր ինքնաշարժի համարը, որով զինք պիտի փոխադրէինք հիւանդանոց։ Սակայն ինքնաշարժին ալ կրակեցին եւ մենք վերադարձանք տուն։ Հօրեղբայրս արիւնահոսութեան պատճառաւ կեանքը կորսուցուց։ Դիակը ամբողջ օր մը եւ ամբողջ գիշեր մը տունը պահեցինք։ Արտօնեցին դիակը դուրս հանել, պայման դնելով որ երեք հոգիով փոխադրենք։ Դժուարացանք եւ մինչեւ որ ինքնաշարժ տարինք երկու անգամ ձեռքերնէս ինկաւ դիակը։ Վայրագութիւն մըն էր, որ կարատուեցաւ մեզի հանդէպ։ Մեր պատմածները ուրացողները թող գան ու իրենց աչքով տեսնեն»։
Մեհտի Ասլանի վկայութիւններն ալ տարբեր չեն։ «Ընտանիքի 22 անդամներով բանտարկուեցանք տան մէջ։ Մեր մէջ կար սրտի, շաքարախտի, երիկամի հիւանդներ եւ յղի կանայք։ Տան սննդամթերքը անբաւարար էր։ 9 Սեպտեմբերի գիշերը գնդակաձգութեան ամենաուժգին օրն էր։ Տան սենեակներէն դուրս իսկ չկրցանք ելլել։ Ալ աւելի ցաւալի է մեր ապրածներուն վարչապետի եւ կառավարութեան այլ անդամներու կողմէ ուրացումը»։

