Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 1-Առաջին ուսուցիչս Ռաֆֆին էր
ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Միջնակարգի եօթներորդ դասարանիս առաջին անգամ հանդիպեցայ հայ մեծանուն վիպագիր Ռաֆֆիի անուան, շնորհիւ այն օրերուն նորակոչ հայերէնի ուսուցիչ Վարդան Կոմիկեանի, որուն յիշատակին կ՚ուզեմ ձօնել այս յօդուածաշարքը։
Օրին մէկը, Էսաեանի անմոռանալի տնօրէնուհին՝ Օրիորդ Հ. Գալուստեան դասարան բերած ու ծանօթացուցած էր մեզի հետեւեալ խօսքերով։ «Ծանօթացէ՛ք այս երիտասարդ ատամնաբոյժ Վարդան Կոմիկեանի հետ, որ ասկէ վերջ Պարոն Հաճեանին (Մկրտիչ) հետ ձեր հայերէն դասերուն պիտի մտնէ»։
Մենք՝ 14-16 տարեկան համբակ պատանիներ այսպէս անցանք Պարոն Կոմիկեանին ձեռքը, որ կարճ ատենէն դարձաւ դասարանին սիրելին։ Պր. Հաճեան երբ կը ծանրանար յատկապէս ուղղագրութեան ու ապա դիցաբանութեան եւ տառադարձութեան կանոններուն վրայ, Պարոն Կոմիկեան աւելի կարեւորութիւն կու տար ընթերցանութեան ու շարադրութեան դասերուն։ Ինձ համար անմոռանալի կը մնան անոր Շաբաթ օրուան (այն ժամանակ Շաբաթները աշխատանքի օր էին) ընթերցանութեան միժամեայ դասերուն, տունէն բերած գիրքերէն կարդացած «Չարենցները», «Բակունցներն» ու «Ռաֆֆիները»։
Մինչ այդ, եթէ հայ վարժարանի մէջ, թրքերէնով մեզի դասաւանդուած գրականութեան կմախքը կը հանդիսանար թուրք ազգայնական գրողներու գործերը, իսկ հայրենագիտութիւնն ալ կը նշանակէր ճանչնալ Թուրքիան, յատկապէս՝ Անատոլուի Արեւմտեան, Կեդրոնական կամ Հարաւային շրջանները։ Գալով Արեւելեան Անատոլուի, այն կողմերը այցելելու մասին մտածելն անգամ վտանգաւոր էր թուրք ազգայնական գաղափարապաշտութեան կողմէ դրուած անգիր օրէնքներու պատճառաւ, մինչեւ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդող յիսունական տարիները, երբ մասամբ թեթեւցաւ Թուրք Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութեան միահեծան իշխանութեան շրջանին փոքրամասնութեանց վրայի անտանելի ճնշումները։
Արեւելք այցելել որ ըսինք, պարտիմ յիշատակել ճարտարապետ Յովհ. Մարզպանեան անուն պրպտողը, որ պատմական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան քօղին տակ Արեւելք կ՚երթար ու պտըտէր։ Կարծես նոյն տարիներուն, լուսահոգի Կարպիս Սրկ. Սէմէրճեան եւ իր մէկ բարեկամը դէպի Վան ու Աղթամար կղզի կատարած էին արկածախնդրական պտոյտ մը, որոնց գլխուն եկածները եթէ ուրիշի մը պատահած ըլլար, կ՚երեւի այլեւս Սկիւտարէն Արեւելք չէին անցներ։
Բայց աւելի ետք, տեղական իշխանութինները, թողէք Արեւելեան Անատոլուն, Հայաստան երթալն անգամ արտօնեցին, այսուհանդերձ այս առաջին «խենդ»երը տեղ մը դարձան մեր ուղեցոյցները եւ անոնցմէ բաւական վերջ, 70-ականներուն միայն, մենք՝ քանի մը «խենդեր» յանդգնութիւնը ունեցանք մեր ինքնաշարժով Արեւելք երթալ «պտըտելու» նպատակավ։ Բայց մեր առաջին ուղեցոյցը, ինչպէս որ ըսինք, Ռաֆֆին էր եւ ապա մեր պտըտիլ սիրող գրիչները՝ Գարեգին Վրդ. Սրուանձտեանցէն մինչեւ Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեան եւ դեռ ուրիշներ, որոնցմէ սորվեցանք որ սիրելու համար նախ պէտք էր ճանչնալ հայրենիքը, մայրենի հողը, քարը, ջուրը, մեր նախնիներու ձեռակերտ յուշարձանները։
Այժմ վերադառնանք մեր հայրենագիտութեան (կամ հայրենասիրութեան) առաջին դասին, որ Ռաֆֆի կու տայ իր երկհատոր «Կայծեր» անուն վէպին մէջ, էջ՝ 400, գրքի հերոսներէն «Ասլան»ը խօսեցնելով.-
— Ո՛վ որ չի ճանչնար հայրենիքը, չի կրնար ճշմարտապէս սիրել զայն
Այստեղ խօսքը կու տանք Ռաֆֆիին.-
— Եւ Ասլան տարաւ Ֆարհատին այն տեղերը, որոնք նուիրականացած էին Հայկի եւ Բէլի յիշատակներով։ Ցոյց տուաւ այն վայրը, ուր տապալեցաւ Հայկի հզօր բազկէն նետահար եղած Բէլը։ Այդ բլուրը, ուր պաշտպանուած էին ու ինկած Բէլն ու իր քաջերը կոչուեցաւ Գերեզմանք։ Իսկ այն տեղը, ուր հսկաները առաջին անգամ իրար հանդիպեցան ու ճակատամարտեցան, կոչուեցաւ Հայկ, որ ժողովուրդի լեզուին մէջ աղճատուելով վերածուեցաւ «Խէք»ի։ Ասլան ցոյց տուաւ նաեւ մեր Դիւցազնի եւ Նահապետի հիմնած առաջին աւանը, որ մինչեւ այսօր մնացեր էր շէն ու պաշտպաներ էր իր անունը։ «Աստուածաշէն»ի բնակիչը միշտ պարծանքով կը յիշէ, որ ան մեր նախահօր՝ Հայկ Դիւցազնի անունը կը կրէ, որովհետեւ հսկաներու հայրը, որ աստուածներու հետ կը պատերազմէր, ինք եւս կը պաշտուէր իբրեւ Աստուած։
Այստեղ մէջբերենք, որ վերեւ յիշուած հին «Հայք» եւ ապա Խէք անուանուած տեղը, մինչեւ այսօր կայ ու կը մնայ նոյն անունով գիւղ մը՝ Խէք։ Գալով Աստուածաշէնին, աղաւաղուելով վերածուեր է «Ասպաշըն»ի աւելի վերջ ալ քիչ մը եւս թրքացուելով դարձեր է Չավուշթէփէ, այս վայրերը հայերու ներկայութիւնը ուրացումի ջատագովներու կողմէ։
Հայկաբերդ- Չավուշթէփէ
— Վերջապէս մենք հասանք մեր բաղձանքի տեղը։ Աստուածաշէն գիւղի մօտ, արեւելեան կողմը, ընդարձակ դաշտի մէջէն կը բարձրանայ երկայնաձեւ լեռ մը, որ իր ահաւոր գագաթէն կ՚իշխէ շրջակայ տափարակներուն։ Ահա այդ սարի բարձրութեան վրայ մինչեւ այսօր կը մնան հայոց հսկաներու մեծագործ շինուածքներու փշրանքները, որ ժողովրդի մէջ յայտնի են «Հայկաբերդ» անունով։
— Ի՞նչպէս է այդ սարի անունը,-հարցուցի Ասլանին։
— Պօզ-տաղ, որ կը նշանակէ մոխրագոյն սար, թուրքաց անուն է,- պատասխանեց ան, յետոյ աւելցուց.- Թուրքերը, տիրելով մեր երկրին, աշխատեցան բոլորը, ամէն ինչ որ մեզի համար սուրբ էր եւ նուիրական, ջնջել եւ ոչնչացնել։ Աշխատեցան, այն բոլորը, որ հայուն յատուկ էր, որ ազգային էր, օտարացնել, խորթացնել։ Անոնք փոխեցին մեր լեռներու, մեր գետերու, մեր հովիտներու եւ մեր գիւղերու անունները։ Այդ երկիրը, որ մեր ազգի նախկին օրօրոցն է եղեր, եւ մինչեւ այսօր բնակեցուած է հայերով, անոնք Քուրդիստան կոչեցին։
Պահ մը անտես առնելով թրքական ազգայնականացումի մարմաջով Չավուշթէփէ ծանծաղիմաստ անուանումը, շեշտենք որ Կայծերու այս բաժնին մէջ յիշուած Հայկաբերդը դեռ հողաթումբի չէր վերածուած, քանի որ Ֆարհատը մագլցելով սարը, ճանապարհին կը հանդիպէր արհեստական այրերու, որոնց ծայրը կը կորսուէր լերան խորքերուն, կը հանդիպէր վիմափոր ջրամբարներու, մթերանոցներու, իսկ աւելի վեր, տափարակին վրայ կ՚երեւէին բազմաթիւ բնակութեան հետքեր, իսկ գագաթին վրայ կը մնային միջնաբերդի փլատակներն ու կուտակուած ահագին սրբատաշ քարերը։ Այս բոլորը աւելի վերջ, լքուելու պատճառաւ, ժամանակի ընթացքին ծածկուած էր հողով, զոր մեր օրերուն պեղեցին հնագէտներ ու Երեւան հանեցին ուրարտական Սարդուրիխինլի քաղաքը։
Պահ մը կը տարուինք մեր խոհերով։ Այս աշխարհագրութեան բնակիչներէն ո՞րն էր աւելի հին։ Սարդուրը թէ Հայկը։ Բայց մենք յստակ գիտենք, որ «Ուրարտու»ին այդ կողմերը գալով պետութիւն հիմնած ժամանակ, տեղացի հայերը եւ Հայասա երկիրը արդէն Խեթերու հարեւանութեամբ հոս կ՚ապրէին իրենց նախահօր՝ Հայկի անունով։ Ուրարտուի թագաւոր Սարդուրն է եկուորը, եւ Հայկաբերդին վրայ իր անունով բերդաքաղաք կառուցողը։

