Հանրապետութիւնը յանցագործութեան վրայ հիմնուեցաւ
ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ
Հայոց ցեղասպանութեան նման մեծ յանցագործութեան մը առիթ ընծայող դրութիւնները յայտնաբերելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն ալ ցեղասպանութեան գործադրման եղանակները գիտնալ է։ ԱՄՆ-ի Քլէրք համալսարանի պատմութեան բաժնի մէջ տոքթորական պատրաստող Իւմիտ Քուրթ ալ այդ ուղղութեամբ աշխատող ակադեմական մըն է։ Ան անցեալները Պատմութեան Հիմնարկի Իսթանպուլ Էմինէօնիւի կեդրոնին մէջ կայացած բանախօսութիւններու շարքէն այս նիւթով ելոյթ մը ունեցաւ։ «1915-ին Այնթապի հայոց տարագրութիւնը եւ հայկական հարստութեան թալանումը» խորագրեալ բանախօսութենէն ետք հարցումներ ուղղեցինք երիտասարդ ակադեմականին։
Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու.- Նախքան 1915, Այնթապի հայոց եւ միւս խմբակցութիւններու միջեւ լարուածութիւն մը կը նկատէ՞ք։
Իւմիտ Քուրթ.- Գոնէ մինչեւ ԺԹ. դարու վերջին քառորդը Այնթապի հայերու եւ քաղաքի իսլամ խմբակներու միջեւ որոշ համերաշխութեան մը մասին խօսիլ կարելի է։ Սակայն այդ նոյն շրջանին հայերը յատկապէս տնտեսական եւ կրթական համակարգներէ ներս մեծ զարգացում արձանագրեցին, իսկ իսլամները տեւական տեղքայլ ըրին։ Քաղաքի հայ համայնքը տնտեսական այս զարգացումը փորձեց նաեւ փոխադրել քաղաքական դաշտ։ Գործատէր դասակարգը, բժիշկները, դեղագործները արհեստաւորները ամբողջովին հայերէ կը բաղկանային։ Աւելի քան քսան վարժարաններէ զատ կը գործէին հինգ եկեղեցիներ, որոնցմէ մին հայ առաքելականներու, մին հայ կաթողիկէներու եւ երեքն ալ հայ բողոքականներու կը պատկանէին։ Այս համայնապատկերը նախանձ կը յառաջացնէր իսլամներու մօտ եւ այդ նախանձով ալ կը խանգարուէր համերաշխութիւնը։
Է.Ճ.Տ.- Համերաշխութիւնը ե՞րբ սկսաւ խանգարուիլ։
Իւ.Ք.- Նախանձին պատճառած լարուածութիւնը առաջին անգամ 1895 թուի Նոյեմբերին բախումներու տեղի տուաւ։ Նշենք որ բախումները Այնթապի տնտեսական անցուդարձի կեդրոնը համարուած շուկային մէջ պատահեցան։ Իմաստալից երեւոյթ է այս, քանի որ կ՚ապացուցէ նիւթի տնտեսական նշանակութիւնը։ Զանգուածային բռնութեան այս փորձէն ետք հայերը սահմանադրութեան հետ միասին սկսան զինուիլ եւ մանաւանդ դաշնակցութեան շուրջ կազմակերպուելով քաղաքական ուժ մը գոյացուցին։ Այդ պատճառաւ ալ 1909-ի Ապրիլին Ատանայէն սկսելով Տէօրթեօլ, Օսմանիյէ, Տիւզճէ եւ մինչեւ Քիլիս ծաւալող հայկական կոտորածները Այնթապի մէջ չեն ապրուած։
Է.Ճ.Տ.- Իսկ ե՞րբ սկսաւ Այնթապի տեղահանութիւնը։
Իւ.Ք.- Այնթապի հայոց աքսորումը բաղդատմամբ ուրիշ քաղաքներու, բաւական ուշ թուականի մը՝ 30 Յուլիս-1 Օգոստոս 1915-ին կատարուեցաւ։ Սակայն Այնթապը մինչ այդ թուականը Զէյթուն, Մարաշ, Սեբաստիա, Էլպիսթան, Կիւրիւն եւ Ֆուռնուզի նման վայրերէ աքսորուած հայերու համար անցման կէտ մըն էր։ Կարաւանները Աքճաքոյուն եւ Քաթմայի կայարաններէն դէպի Հալէպ կ՚ուղարկուէին։ Հետեւաբար Այնթապի հայերը գիտէին թէ ինչեր կը պատահէին։ 3 Մայիս 1915-ին 300 հայերէ բաղկացած աքսորի կարաւան մը հասած էր Այնթապ։ Ամբողջովին կիներէ եւ երախաներէ բաղկացած այդ խումբին յաջորդեցին ուրիշներ ալ, որոնք ընդմիշտ յարձակումներու կ՚ենթարկուէին յատուկ ծառայութեան աստիճանաւոր անդամներէն հրոսապետ Ալի Պէյի կարգադրութեամբ։
Այնթապի տարագրութեան ուշացումը կարելի է վերագրել մութասարրըֆ Շիւքրիւ Պէյի եւ քաղաքի հրամանատար Հիլմի Պէյի դիմադրութեան։ Հակառակ քաղաքի վարիչներուն այս դիրքին, Այնթապի անուանի անձնաւորութիւններէն Ալի Ճէնանի եւ Ֆատըլ Պէյ հակահայ քարոզչութիւններ կ՚ընէին հայոց տեղահանութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Այս ջանքերը արդիւնք տուին եւ 29 Յուլիսին Իսթանպուլի կեդրոնէն հրաման եկաւ հայերը տեղահանելու համար։ Այս զարգացումէն ետք մութասարրուֆ Շիւքրիւ Պէյ եւ Հրամանատար Հիլմի Պէյ հրաժարեցան իրենց պաշտօններէն։ 1,4,8,11,13 Օգոստոս թուկանաններուն մեծաւ մասամբ ուղղափառ հայերէ բաղկացած 6 կարաւաններ տեղահանուեցան։ Անոնց տարագրութեան յաջորդեց Սեպտեմբեր 1915-ին կաթողիկէ հայերուն եւ Դեկտեմբեր 1915-ին ալ բողոքական հայերու աքսորը։
Այս գործընթացի մէջ կը տեսնենք որ Այնթապի վարչական, քաղաքական եւ հասարակական դերակատարները հայոց աքսորուելուն համար մեծ ջանք կը վատնեն։
Է.Ճ.Տ.- Տարագրուած հայերէն Այնթապ վերադարձողներ եղա՞ն։
Իւ.Ք.- 1919-ի սկիզբներուն վերապրածներէն ետ եկողներ կան։ Բայց չվերադարձողներն ալ շատ են։ Այս եկողներու մէջ կը հանդիպինք սեբաստացի, կեսարացի կամ էրզրումցի հայերու, որոնք Այնթապը աւելի ապահով գտնելով որոշած են հոս հաստատուիլ։ Անգիլացիներ 1918-ի 17 Դեկտեմբերին կը գրաւեն քաղաքը։ Անգլիական բանակի ղեկավարներէն Զօրավար Մէք Էնտրիու հայոց տարագրութիւնը ապահովելու եւ ինչքերը թալանելու մեղադրանքով կը ձերբակալէ խումբ մը Այնթապցիներ, որոնք իսկոյն կ՚աքսորուին դէպի Եգիպտոս։ Անգլիացիներ ետ եկող հայերուն կը վերադարձնեն նաեւ անոնց կալուածները։ Հայերէն թալանած հարստութիւնը յափշտակողները «ներկայացուցչական խորհուրդ» եւ «իսլամ համայնք» անուններով երկու միութիւն կը կազմակերպեն, գրաւիչներու դէմ պայքարելու համար։ Այս միութիւնները այդքան ալ ազդեցիկ չէին անգիլական գրաւումի օրերուն, բայց երբ 1919 Նոյեմբերին ֆրանսացիները ստանձնեցին քաղաքի գրաւումը, դիմադրութիւնը ծաւալեցաւ։ Ֆրանսական զինեալ ուժերու մէջ կար նաեւ հայկական գումարտակ մը, որոնց գոյութիւնը քաղաքի դիմադրութիւնն ալ սրեց։ Ուրեմն կարելի է ըսել, որ պաշտօնական պատմագրութեան կողմէ այնթապցիներու ֆրանսական գրաւումի որպէս դիմադրութիւն ներկայացուածը իրականութեան մէջ հայերէ թալանուածին տիրանալու միտումով եւ հայոց դէմ մղուած պայքար մըն էր։ Այնթապի հայոց տեղահանութիւնը ապահովողները քաղաքի հարուստներն էին, որոնք հանրապետութեն շրջանին ալ յաջողեցան իրենց դիրքը պահել եւ նոյնիսկ աւելի բարգաւաճիլ։ Այս զուլումներու հեղինակները հանրապետութեան շրջանին ալ խորհրդարանի անդամ ընտրուեցան, նախարար դարձան եւ ալ աւելի հարստացան։
Է.Ճ.Տ.- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք հանրապետական վարչութեան ցեղասպանութեան տէր կանգնիլը։
Իւ.Ք.- Ինչպէս նախորդ հարցումին ալ ըսած էի, գործընթացը բացայայտ աւազակութիւն մըն է։ Թուրքիա այս պարզ իրողութեան համար է որ այսքան աղմուկ կը հանէ 1915-ի մասին։ Բացի սպանութիւնները եւ ոչնչացումը, պետութիւնը կը գիտակցի որ յափշտակած է հայոց հարստութիւնն ալ եւ տածած աղմուկով կ՚ուզէ այս իրողութիւնը քօղարկել։ Օսմանցին եւ հանրապետութիւնը քրիստոնեաներու գոյութիւնը իր ապագային ուղղեալ սպառնալիք մը համարած եւ ամբողջ ռազմավարութիւնն ալ քրիստոնեաներու երկրէն վերանալուն վրայ հիմնած են։ Այս մասին պատրաստուած բոլոր օրէնքները եւ կանոնները հայոց այս երկրի մէջ հետքերը ոչնչացնելու, վերակազմութիւնը արգիլելու նպատակ կը հետապնդեն։

