Մարտի 8 պայքարի տրամադրութիւնով
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Թերեւս երկար տարիներէ ետք առաջին անգամն է որ Մարտի 8-ին առթիւ գրելու մեր ցանկութիւնը կը բախի Զաքարիայի պապանձումին։ Կիներու սեփական իրաւունքներուն համար մղած պայքարին ձօնուած օրը մեզի համար ընդմիշտ ողջունելի էր եւ մենք միշտ այս մասին արտայայտուելու պապակով լցուած կ՚ըլլայինք։ Եթէ այսօր կը դժուարանանք այդ նոյն տրամադրութիւնով արտայայտուելու, պատճառը բոլորովին յստակ է՝ երկրի ճգնաժամը չի թոյլատրեր որ արդար հպարտութեամբ խօսինք կիներու ձեռքբերումներուն մասին։ Ընդ հակառակը պահը այդ ձեռքբերումները պաշտպանելու համար մղուած պայքարով պիտի արդարանայ։ Իրաւ ալ կիներու կամքով արձանագրուած ինչ ինչ յաջողութիւններ այսօր մատնուած են ծանր սպառնալիքի։ Այս պահուն 8 Մարտը տօնելու ամենաարժանի կիները կրկին անգամ խրամատներու մէջ կը մարտնչին դեռ մօտ անցեալին ի գին իրենց կեանքի ազատագրած երկիրը պահելու համար։ Երկիր որ ըսենք դուք հասկցէք ժողովուրդ, դուք հասկցէք հայրենիք։ Այսօր չար միտքը անգամ մը եւս խուժած է Ռոժաւայի այնքան սուղ փրկագինով ազատագրուած տարածքին եւ կ՚ուզէ իր գործակցին ՏԱԻՇ-ի ահաբեկիչներուն տարիներ առաջ պարտուած տարածքը վերստին արշաւել։ Մենք այս պատերազմին մէջ կը տեսնենք Սարտարապատի ոգին։ Կիները ճակատի առաջին գծի վրայ կռուած էին ձայն տալով անդադար հնչող զանգերու ղօղանջին։ Երբ շփման առաջին գծին վրայ արաբփունարցի ութսունամեայ հայ պապիկը զէնքն ի ձեռին կը կռուի Պողազիչի համալսարանի տոքթորականի աշակերտ 28-ամեայ երիտասարդին, Արկենդինայէն փութացած 26-ամեայ լուսանկարչի եւ անոր տարեկից պելկիացի ուսուցիչի հետ կողք կողքի, մենք այս պատկերին մէջ կը տեսնենք Սպանիոյ քաղաքական պատերազմի ցոլացումը։ Եւ ամէն տեղ, ամէն ժամ առաջին գծի վրայ է ԵՓԺ-ի կին մարտիկները։
Ուրեմն այսօր տուեալ պայմաններու տակ փոխանակ յաղթանակի, անգամ մը եւս ստիպուած ենք նախապէս ձեռքբերուած ազատութիւնը վերականգնելու համար մարտնչելու։ Այս պահուն դեռ ի՛նչ շնորհաւորանք։ Կանայք կը փութան խրամատներ պաշտպանելու համար արեան ի գին ձեռքբերուածները։
Մերօրեայ բռնակալութիւնը շատ լաւ գիտէ կանանց դիմադրութեան ուժն ու կարողութիւնը։ Բոլորէն աւելի կը գիտակցի թէ այդ ուժը եթէ յաղթանակ կամենայ, իր հակառակորդին պարտութիւնը անխուսափելի է։ Պատճառը պարզ է, միայն յիմարներու միտքով «տկար», «անճարակ», «անզօր» կամ «անկարող» կարծուածներն են որ աշխարհը ի հիմանէ փոխելու այդ հսկայ ուժը կը պահեն իրենց ձեռքերուն մէջ։ Այս գիտակցութիւնով անոնք կը յարձակին կիներու ձեռքբերումներուն։ Ուրեմն բնաւ պատահական չէ որ քրտաբնակ քաղաքներու համար նշանակուած տեղապահները որպէս առաջին գործ կը լծուին կանացի կազմակերպութիւններուն աշխատութիւնները խափանելու։ Սխալ պիտի չըլլայ պնդել թէ այժմու յետադիմական մտքի առաջնակարգ թշնամին առհասարակ կիներն են։ Մինչեւ մօտ անցեալ արհամարհուած այդ ուժը այլեւս յստակօրէն փաստեց, թէ պիտի չհանդուրժէ համաշխարհային այրիշխան համակարգին։ Վերջապէս եթէ մարդկութեան առումով դիտենք յստակօրէն անյաջող է այդ այրիշխան դրութիւնը եւ գլխաւոր պատասխանատուն ապրուած բոլոր չարիքներու։ Այս պայմաններու մէջ մարտնչող կնոջ կերպարը փրկութիւն է ոչ միայն իգական սեռի համար, այլ առհասարակ համաշխարհային մարդկութեան համար։ Փորձառութեամբ ձեռքբերուած գիտակցութիւն մըն է այս, որ հետզհետէ անհերքելի կը դառնայ ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Ուրեմն այս բոլորը դիտելով կրնանք համոզուիլ որ վհատելու պատճառ մը չկայ եւ ամէն ինչ դէպի լաւ կ՚ընդանայ։ Բայց ինչպէ՞ս չվհատիլ, երբ կը տեսնենք թէ այդ դէպի լաւին հասնելու համար որքան սուղ կը հատուցենք։ Սո՛ւղ է մարդկային կեանքը, սո՛ւղ է անմեղներու իզուր թափած արիւնը եւ այդքան սուղ արժանիքներու դիմաց բնականաբար պիտի խրտչինք տօնական ուրախութենէ։ Սակայն այդ խրտչելով չըլլայ որ ընթացք տանք չարագործերուն, չըլլայ որ խոնարհինք անոնց դաժանութեան դիմաց։ Մենք ենք որ նոր կեանք պիտի կերտենք եւ այդ նորը պիտի բարձրանայ նախնեաց ձեռքբերումներու աւանդին վրայ դիզուելով։ Ուրեմն անգամ մը եւս կրնանք հաստատել մեր հաւատքը։ Վաղը աւելի արդար պիտի ըլլայ, քան այսօր։ Այս գիտակցութիւնը կը շնորհէ նոր եռանդ, չարիքի դէմ մաքառելու նոր կորով ու վերջապէս կ՚ողջունենք ապագայի պայծառ օրերը։

