Միտքը բարի, գործը բարի, հապա արդի՞ւնքը...
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Բառին բուն իմաստով բարի մտքի մը, բարի աշխատանքով ներկայացման օրինակ մըն էր Մերամեթճեան վարժարանի «Համաշխարհային մայրենի լեզուի օր» ներկայացումը։
Տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչակազմը բծախնդիր աշխատանքով ծաղկաքաղ մը պատրաստած էին հայոց բանաստեղծութեան պարտէզէն, ընտրելով մայրենին փառաբանող քառեակներ։
Այսպէս տողանցեցին Ռոպէր Հատտէճեան, Զարեհ Խրախունի, Մկրտիչ Մարկոսեան, Նայիրի Զարեան, Վահան Թէքէեան, Խորէն Մանաւեան, Վարդ Շիկահեր, Զահրատ, Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Խաչատուր Աբովեան, Զանգու, Մուշեղ Իշխան, Սիլվա Կապուտիկեան, Ժագ Յակոբեան, Դանիէլ Վարուժան, Պարոյր Սեւակ, Իգնա Սարըասլանի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ։
Կարելի է պատկերացնել թէ ինչպիսի քրտնաջան աշխատանք վատնուած է աշակերտները այս ներկայացման պատրաստելու համար։ Նշենք նաեւ թէ ներկայացումը ունէր գրական, թատերական ու երաժշտական պատկերներ։ Խիստ տպաւորիչ էր երկու ծնողներու, Մարալ Չաղլըչուպուքճուի որդւոյն՝ Պարէտի եւ Օննիկ Սիւզմէի դստեր՝ Լիօնայի հետ կատարած զուգերգները։ Սիրուած երգիչ Պարթեւ ներկայացուց Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խօսքերուն վրայ Ռոպէր Տողանայի յօրինած «Իմ լեզուս» երգը։
Եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահը ամբողջովին լեցուն էր ծնողներով ու նման միջոցառումներու նկատմամբ հետաքրքիր զանգուածով։ Ներկայ էին ՀՀ ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Արամ Արք. Աթէշեան, Հայր Վարդան Գազանճեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ խորհուրդի անդամներ։ Աւարտին հանդիսավար Ժագլին Էրմէն ներկայացուց բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանը, խնդրելով որ ան իր կարգին արտայատուի պահու տրամադրութիւնով։ Իգնա Սարըասլան գովերգեց կատար-
ւած ներկայացումը, զայն բնութագրելով «ովասիս» մը, մեր անապատացած իրողութեան մէջ։
Արամ Արք. Աթէշեան եւս անդրադարձաւ անապատի պատկերին, նշելով մայրենիի նահանջը մեր ամէնօրեայ ապրումներու մէջ։ Սրբազանի ելոյթը բողոքի պոռթկումի մը վերածուեցաւ պոլսահայութ- եան մայրենիի եւ առհասարակ ազգային բառրքերու նկատմամբ համատարած անտարբերութեան դիմաց։ Ան նշեց համայնքային դպրոցներ յաճախող աշակերտութեան թիւը, որուն նուազագոյն կրկնապատիկը կը յաճախեն ոչ հայ դպրոցներ։ «Մայրենին՝ որ մօր լեզուն է, ինչպէ՞ս կրնայ փոխանցուիլ եթէ մայրը իր զաւկին հետ չխօսի հայերէնով» հարց տուաւ ու յաւելեց թէ կը հանդիպի երեւոյթներու, ուր հայ դպրոցի ուսուցիչն ալ աշակերտին հետ կը խօսի տեղական լեզուով։ Անշուշտ Արամ Սրբազան այդ պահուն բացթողում մը ըրաւ ու չանդրադարձաւ քարոզիչ քահանային, վարդապետին կամ եպիսկոպոսին ալ, եկեղեցւոյ մէջ նույն ախտին մատնուած ըլլալուն։
Հանդէսը աւարտեցաւ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի շնորհակալութեան խօսքով։
Ի վերջոյ այս բարի մտքի, ազնիւ աշխատանքի պտուղը հանդիսացող ողջունելի նախաձեռնութիւնը ակամայ ծնունդ կու տայ նոր հարցումներու։ Դարձեալ Արամ Արք.ի հաստատումով երկրագունդի վրայ կը շարունակեն խօսուիլ աւելի քան 7000 լեզուներ։ Իսկ այդ բազմահազարի կողքին կայ միայն 28 տառատեսակ, որոնցմէ մէկն է Մեսրոպեան գիրերը։ Ո՞րն է ՈՒՆԵՍՔՕ-ի տեղեկագրին մէջ «կորստեան դատապարտուած լեզուներ»ու շարքին նշուող արեւմտահայերէնի փրկութիւնը։ Արդեօք աւելի շատ բանաստեղծութիւն, որ հիւսենք մեր մայրենիի մասին, մի գուցէ կրնա՞նք մայրենին փրկել մոռացումէ։ Կամ եթէ աւելի բարձրաձայն փառաբանենք Մաշտոցի հանճարը, արդեօք մեր նորահաս սերունդը աւելի ամուր կը կառչի՞ իր մայրենիին։
Իրողութիւնը այն է թէ հայերս դարեր շարունակ փորձած ենք այս բոլորը։ Ալ աւելի թափ տուած ենք երբ տեսած ենք թէ կը հեռանանք անկէ։ Աւելի կուռ ձայնով ողբացած ենք մայրենիի կորուստին դէմ, բայց ապարդիւն մնացած են մեր այդ ջանքերը։
Մէկ բան որ կայ, կը հաւատամ, վստահ եմ որ խիստ խոտոր պիտի թուի թէ ուսուցիչներուն եւ թէ հոգեւորականաց։ Պիտի մխիթարուիմ երբ հանդիպիմ երկու անչափահասներու, որոնք կռուի բռնուած են իրարու հետ եւ կը հայհոյեն հայերէնով։ Այդ ամօթալի բառապաշարը, որ բարկութեան մէջ կը թափի իրենց բերաններէն, պիտի մխիթարէ զիս։ Պիտի հաւատամ թէ հայերէնը վերագըտած է իր կենդանութիւնը։ Ձերբազատւած է թանգարանային արժէք մը ըլլալէ։ Սրբազան մասունք մը չէ ան, այլ մեր հարազատ խօսակցական լեզուն, որուն հետ կը պարզենք կեանքի իւրաքանչիւր դրուագ, կռուի թէ սիրաբա-
նութեան պահուն։

