Դռները բացէ՛ք, Գարուն է գալիս…
Մանկութեան յիշատակներուս մէջ տպաւորուած է Մայիսի առաջին օրերուն որպէս գարնանամուտ, մէկ ալ Համբարձման Հինգշաբթիի նախաճաշին կաթ խմելու սովորութիւնը։ Կովեր կ՚արածին, խոտ կը ճարակեն, կաթը իւղոտ եւ սննդարար կ՚ըլլայ կ՚ըսէին մեծերը։ Կ՚երեւի այդ է պատճառը, որ Համբարձումը կ՚անուանեն նաեւ «Կաթնապուրի տօն»։
Մանկութեան յիշատակներուս մէջ տպաւորուած է Մայիսի առաջին օրերուն որպէս գարնանամուտ, մէկ ալ Համբարձման Հինգշաբթիի նախաճաշին կաթ խմելու սովորութիւնը։ Կովեր կ՚արածին, խոտ կը ճարակեն, կաթը իւղոտ եւ սննդարար կ՚ըլլայ կ՚ըսէին մեծերը։ Կ՚երեւի այդ է պատճառը, որ Համբարձումը կ՚անուանեն նաեւ «Կաթնապուրի տօն»։
Պահ մը սակայն եթէ վերադառնանք գաւառական աւանդութիւններուն, կը նկատենք որ բոլոր հայ տուներուն մէջ առաւօտուն կանուխ կաթնապուր կ՚եփուէր։ Որոշ տեղեր կաթնապուրը կ՚եփէին խմբովին, արտերու մօտ, քանի մը շերեփ ալ կը թափէին արտերուն շուրջ, նախ հունձքի առատութիւն ապահովելու նպատակով, ապա արտը մորեխէ եւ կարկուտէ պահպանելու համար։ Այսպէս կամ այնպէս, այդ օրուայ կաթնապուրը մատաղի հաւասար էր եւ կը բաժնուէր առնուազն եօթը տեղ։ Շատ ընտանիքներ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփեր, որ կովերուն կաթը չպակսի եւ Համբարձումին առաջին անգամ եփուող կաթնապուրը կ՚ուտուէր յատուկ հանդիսութեամբ։
Համբարձման դաշտահանդէսներու աւարտին, երեկոյեան տունդարձի երգը սակայն կը վկայէր տօնական շրջանին աւարտիլը եւ աշխատանքի օրերուն սկսիլը.-
Համբարձման Երկուշաբթին
Առէք բահն ու գերանդին։
Յամենայնդէպս Համբարձումէն վերջ, մինչեւ Վարդավառ մարդիկ ուխտատեղիներ ալ չէին երթար, համարելով որ սուրբերն ալ համբարձած են, եւ սակայն կը պահէին Ս. Կարապետի պահքը, որ ուտինք կը համարէր Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, միայն թէ առանց մսեղէն ուտելու…։
Համբարձման տօնն ու
Պայրամփաշայի կանկառը
Իսկապէս ալ համեղ կ՚ըլլար Մայիսին մեր մանկութեան օրերուն խմած կաթը կամ կաթնավաճառին նոյն օրը կթած ու բերած թարմ կաթով եփուած կաթնապուրը։
Մեր մանկութեան օրերէն կը յիշենք նաեւ Ազգային Հիւանդանոցի խոհարարապետ Հաճընցի Գրիգոր վարպետին հիւանդանոցին դիմացի դաշտին մէջ արածող կովերէն կթած կաթով եփած կաթնապուրը, կամ ալ մակրդած մածունով պատրաստած թանին համը։
Այս առթիւ յատկապէս յիշեցինք մեր Ազգային Հիւանդանոցը, քանի որ այս դարաւոր հաստատաութիւնը հինէն ի վեր Համբարձումին կը տօնէ իր տարեդարձը, բայց միւս կողմէ չենք յիշեր թէ ո՞ւրկէ կու գայ այն սովորութիւնը, ըստ որու, Համբարձման օրուայ սիրոյ սեղանին անփոխարինելի զարդը դարձած է պոլսահայ խոհանոցին գոհարներէն ձէթով կանկառը։
Հաւանաբար տեղական կոչուած եւ մօտակայ Պայրամփաշայի բանջարանոցներուն մէջ հասած կանկառով պատրաստուելուն համար աւանդական ճաշ դարձած ըլլալու է կանկառը Ս. Փրկիչի մէջ։
Նոյն առիթով կը վերյիշենք նաեւ այն երանելի օրերը, երբ հիւանդանոցին մուտքի դրան անմիջապէս դիմացի տարածութիւնը, որ այժմ օթօփարքի վերածուած է, հազարի (մառուլ) բանջարանոց եղած էր երկար տարիներ, եւ Համբարձման սիրոյ սեղանին հրաւիրեալ ազգայիններէն դուրս, հասարակ ժողովուրդը կը փութար այդ պարտէզը՝ հազար ուտելու։ Կատակի հանգամանք կը կրէր այս կացութիւնը կածես… Ունեւորները ներսը կանկառ կը ճաշակէին, չունեւորները դուրսը՝ աղի թաթխուած հազար…
Այսօր, հազարի բանջարանոցը, ինչպէս նաեւ անոր տասնապատիկ, չըսելու համար հարիւրապատիկ, հողամասերը պետութեան կողմէ գրաւուած եւ բաժնուած, այլ խօսքով՝ «փէշքէշ» քաշուած են քանի-քանի հաստատաութիւններուն։
Դարձեալ այսօր, երբ յոյս կը ծագի որ պետութեան դէմ դատ բացուելու պարագային ետ պիտի վերադարձուին այլեւայլ առիթներով գրաւումի ենթարկուած ազգապատկան կալուածները, մենք ալ կ՚ուզենք յուսալ որ մեր ազգի յարգարժան ղեկավարները չեն բաւարարուիր «վերադարձուած» մի քանի կտոր կալուածով, ետ կը պահանջեն, զոր օրինակ՝ Սուլթան Մահմուտի կողմէ Գազազ Արթին Ամիրային ծառայութիւններուն փոխարէն շնորհուած Ետիգուլէի եւ Զէյթինպուրնուի միջեւ տարածուած ընդարձակ հողերը…։

